ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐՈՒ ՄԷՋ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (Գ.)

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները ընկերային ցանցերու մէջ ձեւաւորուած անձնաւորութիւններու եւ կերպարներու մասին։

ԱՄԵՆԱԵՐՋԱՆԻԿ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՊԱՏԿԵՐ

Այս տեսակ հաշիւներ կը ցոլացնեն հիանալի ընտանեկան դիմանկար ընկերային ցանցերու մէջ: Գերիշխող ուղերձն է՝ «մենք միասին կը նախաճաշենք, երեխաները հիանալի են, կնոջս հետ իմ յարաբերութիւնները՝ հրաշալի»։

Այնուամենայնիւ, եթէ ամէն ինչ իսկապէս կատարեալ է, մարդ անընդհատ հաստատուելու կարիք չի զգար։ Հետեւաբար, մենք կրնանք ըսել, որ ընտանիքի պատկերը մշտապէս արտացոլելը կը վերաբերի արտաքինէն փորձել բաւարարել ինքնարժէքի զգացումը, որ չի կրնար լիովին բաւարարուիլ ներաշխարհէն ներս: Աւելին, այս իրավիճակը կը յանգեցնէ, որ որպէս սեփական հաստատութիւն՝ ընտանիքը կը դառնայ հանրային եւ ընտանիքէն բխող բաւարարուածութեան զգացումը արտաքինէն դուրս կու գայ եւ կը սկսի գոյութիւն ունենալ ընկերային ցանցերու հաւանութեան պայմանաւորմամբ: Սա դիմանկար մըն է, որ զիջած է իր անձնական երազանքները եւ կը թաքցնէ իր իրական խնդիրները, որոնք սովորաբար գոյութիւն կ՚ունենան այս դիմակի տակ: Ոչ բոլոր պարագաներուն, բայց երջանիկ ընտանեկան լուսանկարները յաճախ ընկերային ցանցերու մէջ կը զետեղուին որպէս խորապէս արմատացած հիասթափութիւնները ճնշելու միջոց մը: Կը կարծեմ՝ այստեղ անգամ մը եւս կ՚իմաստաւորուի Թոլսթոյի խօսքը. «Բոլոր երջանիկ ընտանիքները նման են, իսկ իւրաքանչիւր տխուր ընտանիք ունի սեփական տխրութիւնը»:

ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՐԴ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ

Նման մարդիկ պէտք է ուռճացնեն իրենց հետաքրքրութիւնը արուեստի եւ մշակոյթի նկատմամբ, որպէսզի մտաւորական եւ բարդ ինքնութիւն պարզեն: Արուեստի ցուցասրահներ եւ թանգարաններ այցելութիւններ, համերգներէն կարճ հոլովակներ, տպաւորիչ գիրքերու մէջբերումներն ու արուեստական ստեղծագործութիւններու մասին գրառումները այս հաշիւներու գերիշխող տարրերն են: Օրինակ, անոնք կրնան լուսանկարուիլ շարժանկարի փառատօնի պաստառի առջեւ եւ գրել. «Այս ժապաւէնը կը բացայայտէ մեր ժամանակակից առանձնութիւնը, զայն անպայման պէտք է դիտել»։

Այնուամենայնիւ, եթէ բան մը իսկապէս գոյութիւն ունի, մեզմէ շատեր անոր մասին շարունակ բղաւելու կարիք չեն զգար։ Այս առումով, մարդիկ, որոնք կը ներկայանան որպէս մտաւորական եւ բարդ անձնաւորութիւն, յաճախ կը վախնան սովորական մարդ մը ըլլալէ եւ կը փորձեն քօղարկել այս վախը։ Անոնց գրառումները բանիմաց ու առանձնայատուկ ընկալուելու ցանկութեան արտացոլումն են։ Այսպէսով անոնք կը գերադասեն արուեստի եւ մշակոյթի առընչուող գրութիւնները՝ որպէս փառաբանուած առարկայ։ Այս առումով ցուցադրուող գեղագիտական ըմբռնումը իրականութեան մէջ գոյութիւն ունի ո՛չ թէ ինքնատիպ հետաքրքրութեան կամ կիրքի, այլ որպէս «նորաձեւ մտաւորական» ներկայանալու արդիւնքին։ Կարեւորը իրենց գիտելիքի ուրիշներու կողմէ հաստատուելու փափաքն է՝ քան ստեղծագործութիւններու էութիւնը։ Այնքան, որ անոնք կրնան նոյնիսկ մասնակցիլ այնպիսի գործողութիւններու, որոնք իրականութեան մէջ իրենց համար այդքան ալ հաճելի չեն: Այս իրավիճակը կարելի է դիտարկել որպէս փորձ՝ թաքցնելու համար մարդու մը ինքնութիւնը, որ չի կրնար ընդունիլ իր պարզ ու սովորական կողմերը։ Այս նիւթով Քարլ Կիւսթաւ Եունկ ըսած է. «Մշակոյթը երբեմն փախուստ մըն է իր իսկական էութեան հետ առերեսուելէ»:

«ՄԻՆԻՄԱԼԻՍՏ» ԿԵԱՆՔԻ ԿԱՏԱՐՈՒՄ

Պարզութիւնն ու հանգստութիւնը կ՚առաջնագծուին նման հաշիւներու մէջ: Այս մարդիկ կը փորձեն իրենց կեանքը ներկայացնել պարզ ու կանոնաւոր շրջանակի մը մէջ՝ զերծ մնալով աւելորդութիւններէն։ Անոնք յաճախ կը բաժնեն տեսանիւթեր այնպիսի բովանդակութեամբ, որոնցմով կը գերակշռեն սպիտակ երանգները, տան նուազագոյն ձեւաւորումը, հագուստի պարզ համադրութիւնը, բնական լոյսով լուսանկարուած տեսանիւթերը եւ այլն։ Նման հաշիւները հակուած են նախընտրելու «պարզութեան մէջ երջանկութիւն» ուղերձը։

Այնուամենայնիւ, պարզութեան այս շեշտադրումը կրնայ նաեւ դիտարկուիլ որպէս անձի՝ ինքզինք ծայրայեղ վերահսկելու եւ իր կեանքի յուզական քաոսի դէմ յանդիման գալէ խուսափելու արտայայտութիւն։ Այս պարագային մինիմալիստ վերաբերմունքը իրականութեան մէջ վերահսկողական գործօն մըն է, որ կը քօղարկէ նիւթական եւ յուզական քաոսը կամ կը յառաջանայ նման գործընթացէ յետոյ։ Այս առումով, մինիմալիզմի պնդումը կարելի է կարդալ որպէս վերաբերմունք, որով բարդութիւններն ու խնդիրները կը ծածկուին պարզեցման վարագոյրով:

ԱՆԼՈՒՐՋ ԿԵՐՊԱՐ

Նման հաշիւները անընդհատ կը գերադասեն կեանքի հետ ծաղրելը՝ զուարճալի, հեգնական ու անհոգ կեցուածքով։ Այս մարդիկ յաճախ առաջին կարգ կը մղեն ծաղրական բովանդակութեամբ տեսանիւթեր, որոնք կը թեթեւցնեն օրակարգը:

Ի հարկէ, միանգամայն բնականոն է, որ հիւմորը կեանքի մէկ մասն է, բայց եթէ հիւմորը ամբողջ կեանքն է, ապա հաւասարապէս կարելի է խօսիլ այստեղ թաքնուած ողբերգութեան մասին։ Այս առումով նման վերաբերմունքը իրականութեան մէջ կարելի է մեկնաբանել որպէս «չափազանց վախնալ առերեսուելէ սեփական զգացումներու հետ»: Կարելի է ըսել, որ այս անձի ստուերային կողմին կը գերակշռեն իրական զգացումները արտայայտելէ խուսափելու եւ առերեսուելէ վախենալու զգացումները։ Հիւմորը անոնց պաշտպանական գործօնն է, անոնք սա կ՚ընեն շրջակայ միջավայրի արձագանգներու դէմ դիմադրելու համար: Ֆրոյտ այս առումով ըսած է. «Հիւմորը ճնշուած զգացումներու ընկերն է»:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շարունակելի…

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2025