ԱՇԽԱՐՀ՝ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԸ

Աշխարհի բնակիչ իւրաքանչիւր արարածի հասարակաց բնակավայրն է բնութիւնը։ Հակառակ բանականութեամբ օժտուած ըլլալուն՝ ալարկոտ, որկրամոլ ու ծոյլ բնաւորութեամբ մարդկութիւնը դարեր շարունակ իր հանգստութեան ու քմահաճոյքին համար գորշացուցած է բնութեան երանգապնակի փարթամ գոյները եւ արագօրէն ընթացած է դէպի կործանում։ Աչքը ծակ մարդը իր թէ՛ առօրեան դիւրացնելու եւ թէ ժամանակ խնայելու նպատակով կեղեքած ու լափած է բնութեան հրաշագեղ գոյները ու անտարբեր մնացած է անոր ահազանգին։

«Մարդ ինչո՞ւ կը կտրէ այն ճիւղը, որու վրայ նստած է»։ 

Այս հարցումը տարիներէ ի վեր կը զբաղեցնէ միտքս։ Մարդ ինչո՞ւ կ՚ոչնչացնէ իր կեանքի ակունքը հանդիսացող բնութեան պաշարները, ի՞նչ մտայնութեամբ… 

Իր իսկ շնչած օդի ապականման, խմած ջուրի կեղտոտման միակ մեղաւորը կը հանդիսանայ մարդկութիւնը եւ բնութեան վրայ իր ազդեցութիւնը պատճառ դարձած է բնական համակարգերու անդարձելի փոփոխութեան։ Կանաչապատ տարածքներ, անտառներ դարձած են անապատի։

Մարդաշէն գործարաններու, աթոմակայաններու տարրալուծական թափօնները շրջակայ միջավայրերը կ՚աղտոտեն եւ զանգուածաբար կ՚ոչնչանան բոյսեր, կենդանիներ, նոյնիսկ՝ մարդիկ։ Գետակներ կը հոսին թունաւոր ջուրերով, ծովափներ, ովկիանոսներ լի են կերպընկալէ թափօններով…

Մարդոց գործած անխնայ արարքներու թիրախը դարձած է ո՛չ միայն բնութիւնը, այլեւ երկրի միւս բնակիչները՝ անասունները։

Մարդիկ, որոնք կը սիրեն իրենց բնակարաններուն մէջ պահել ընտանի կենդանիներ՝ մանաւանդ շուն կամ կատու, շատ հոգատար կ՚ըլլան այդ կենդանիներուն նկատմամբ եւ զանոնք կը համարեն որպէս ընտանիքի մէկ անդամը։ Յատուկ խնամքի արժանացած կենդանիներ յաճախ լիուրախ եւ հանգիստ կեանք մը կ՚ունենան, սակայն սա ցաւալի իրողութիւն է, թէ աշխարհի միւս կենդանիները այսքան բախտաւոր չեն։

Մարդ բարձրաբերձ պանդոկներ, երկնաքերներ, գործարաններ, բնակարաններ, ճանապարհներ շինելու համար կործանած է անասուններու բնակավայրերը, նոյնիսկ ջարդելով զանոնք։ Բազում զբաղումներ ունենալով հանդերձ՝ մարդ որսացած է կենդանիները եւ այս մէկը անուանած՝ որպէս մարզական ճիւղ։ Այսքանով չէ յագեցած մարդ արարածը. կը զրկէ խեղճ անասունները իրենց բնական վայրերէն, զանոնք կ՚արգելափակէ ցուրտ տարրալուծարաններու մէջ, կ՚ենթարկէ ահռելի ցաւ ու վնաս պատճառող փորձերու, իսկ յետոյ արիւնլուայ անասունները մէկդի կը նետէ աղբի մը նման։ Կէս ժամ նուազ քալելու նպատակով կը հեծնէ խեղճ կենդանիները եւ սարսափելիօրէն կը պատժէ այն պարագային, երբ կենդանին մերժէ իրականացնել անոր փափաքը։

Դպրոցականներու անմոռանալի պահերը, յիշատակները անկասկած տեղի կ՚ունենան պտոյտներու ընթացքին։ Այդ պտոյտներէն մին է նաեւ կենդանաբանական այգիներ կատարուած այցելութիւնները։ Այս մէկը լաւ առիթ մը կը համարուի ծանօթանալու համար կենդանիներու կեանքին եւ յատկութիւններուն։ Իմ դասընկերներս եւս մեծ հետաքրքրութեամբ կը դիտէին կենդանիները եւ խանդավառուած կը վերադառնային դպրոց։ Կենդանաբանական պարտէզ կատարած իմ առաջին այցելութեան ընթացքին յիշողութեանս մէջ ամրացան հետեւեալ հարցումները.

Ինչո՞ւ խեղճ կենդանիներու բնականոն կեանքը խանգարած ու բերած են այստեղ։ Ինչպէ՞ս նորածին կենդանիները իրենց բնական կեանքէն հեռացնելով, զրկելով կը բանտարկեն «կենդանաբանական պարտէզ»ներու մէջ եւ զանոնք կը մատնեն սահմանափակ տարածքներու ներքեւ ընկճուած վիճակով ապրելու. ինչպէ՞ս զանոնք չարչարանքով կը դաստիարակեն, որպէսզի անոնք ըլլան «բարի»…

Իմ ներկայացուցած բոլոր փաստերը անշուշտ չեն վերաբերիր բոլոր մարդկանց։ Անշուշտ կան մարդիկ, որոնք զանազան կազմակերպութիւններու տակ կամաւորներ համախմբելով աշխատանք կը տանին բնապահպանական իրավիճակի բարելաւման ու խըն-դիրներու լուծման համար։ Անոնք յօդուածներ ու հետազօտութիւններ հրատարակելով, վաւերագրական շարժանկարներ նկարահանելով կը ջանան արձագանգել եւ զգուշացնել սպասուող աղէտներու, մարդոց բնութեան վրայ վնասակար ազդեցութիւններու, կատարած ապօրինի աշխատանքներու եւ այլ տագնապեցուցիչ փաստերու մասին։

Պէտք է հոգ տանիլ ու պաշտպանել, եթէ ոչ մեր, գոնէ ապագայ սերունդներու որակեալ ու առողջ կեանքի հնարաւորութիւնները։

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 10, 2020