ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Վերջին մէկ տարուայ հոլովոյթին տեւական կը տեսնամ նոյն երազը: Շրջանաւարտ ըլլալու շեմին եմ: Թերեւս ամիսներէն մայիս է: Շուտով պիտի սկսին աւարտական քննութիւնները: Իսկ ես պատրաստ չեմ: Դպրոց ալ յաւուր պատշաճի չեմ յաճախեր: Օր մը կ՚երթամ, օր մը չեմ երթար: Նոյնիսկ կը պատահի, որ երազիս մէջ օրերով կը մոռնամ դպրոցի ճամբու մասին:

Յունիսի սկզբին պէտք է յանձնենք քանի մը քննութիւն՝ հայոց լեզու եւ գրականութիւն, թուաբանութիւն, ռուսաց լեզու, անգլերէն, մարմնամարզութիւն, բնագիտութիւն կամ տարրաբանութիւն եւ հայոց պատմութիւն: Թուածներուս մէջ ինծի համար ամենասարսափելին հայոց պատմութեան քննութիւնն է: Ինչո՞ւ, քանզի բնաւ պատրաստ չեմ: Կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին պէտք է սերտեմ հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութիւնը՝ ծագումնաբանութենէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը: Աւելի քան եօթ հազար տարուայ պատմութիւն՝ երեք կամ երկու շաբաթուան մէջ: Պարզապէս անկարելի է:

Այլեւս ժամանակի սղութեան պատճառաւ կը մատնուիմ խուճապի, ոչ մէկ ընթերցածս կը հասկնամ: Տեւական անհանգիստ եմ ու լարուած: Իմ նախընտրելի առարկայէն պիտի չկարենամ յանձնել քննութիւն: Ուղեղս բնաւ չի հանգչիր, միտքս անդադար զբաղած է սին մտածումներով: Սա խառնաշփոթ իրավիճակին մէջ ժամերը կարծես ըլլային մրցավազքի մէջ: Օրը սովորականէն կանուխ կը բացուէր ու կը մթնէր: Որքան քննութեան օրը կը մօտենար, այնքան կը շատնային իմ անհանգստութիւնները:

Յանկարծ կ՚արթննամ: Ինքզինքս կը գտնեմ իմ անկողինի մէջ: Տակաւին գիշեր է: Դուրսը խաղաղ, իսկ իմ ներսը փոթորկած: Կը նշմարեմ, որ մարմինս ամբողջութեամբ թուլացած է: Հազիւ կը շարժեմ իմ ձեռքը: Գիշերային անդորրի մէջ կը զգամ, թէ ինչպէս արագ-արագ կը բաբախէ իմ սիրտը: Կարծես կը զգամ իմ մարմնի իւրաքանչիւր բջիջի կենդանութիւնն ու շարժը:

Ի սկզբանէ, ինծի կը թուէր, թէ ես նորէն պիպի դառնամ աշակերտ, ձեռք պիտի բերեմ երկրորդ մասնագիտութիւն: Եւ իմ երազը պզտիկ նշան մըն է: Թերեւս սխալեցայ: Երազս ուրիշ ենթաթեքստ մը ունէր: Իմ բոլոր անհանգստութիւնները արդարացուեցան։ Այսօր ես կ՚ապրիմ հայոց պատմութեան կարեւորագոյն ժամանակաշրջաններէն մին: Այսօր ես չեմ ապրիր իմ կեանքը: Չեմ վայելեր կեանքի հրաշալիքները: Չեմ երազեր զաւակի, տունի, ճամբորդութեան, թանկարժէք զարդերու ու զգեստներու մասին: Ես հրաժարած եմ իմ բոլոր անձնական երազներէն: Իմ նուիրական փափաքը մէկը դարձած է՝ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ, Արցախի եւ Հայաստանի կապոյտ երկինք: Այսօր երանի կու տամ իմ նախկին երազներուն, իմ հին օրերուն: Խաղաղութեան գինը, քաղցրութիւնը կը զգացուի միայն պատերազմի օրերուն: Դժուար թէ ռուսը, ամերիկացին կամ եւրոպացին զիս հասկնայ: Անոնք ունին ապահով, հանգիստ ու հզօր պետութիւններ: Անոնց հայրենիքներու տարածքային ամբողջականութեան քովէն ճանճն անգամ առանց թոյլտուութեան չի կրնար թռչիլ: Մինչդեռ իմ հայրենիքի ապիկար առաջնորդները՝ լայն ժպիտով, խաղաղասէրի ու մարդասէրի քօղի տակ, կարկանդակի կտորներու պէս կը բաժնեն մեր սուրբ հայրենիքը: Իսկ կտոր մը համեղ կարկանդակ ուտողը երկրորդն ալ կ՚ուզէ, երրորդն ալ: Իրաւունք ունի՝ չյագեցաւ, ընդհակառակը, ախորժակը գրգռեցաւ: Իսկ եթէ մերժես, չտաս՝ կը գողնայ:

Իմ պատանեկութեան տարիներուն ծայրէ ծայր՝ տամուկ աչքերով, կոտրած սրտով, քիչ մըն ալ բարկացած ընթերցած եմ ամբողջ հայոց պատմութիւնը: Մովսէս Խորենացի, Ղազար Փարպեցի, Ագաթանգեղոս, Փաւստոս Բիւզանդ, Եղիշէ, Կորիւն եւ ուրիշներ...

Իւրաքանչիւր գիրք ողողուած էր հայու ցաւով, տառապանքով ու կորուստերով: Ընթերցանութեան ընթացքին կը յառաջանային բազում հարցեր: Որպէս ընթերցող, գնահատական կու տայի այս կամ այն պատմական ընթացքին: Շատ յաճախ ալ կը քննադատէի, նոյնիսկ ցասումի կը մատնուէի: Այսպէս տարիներու հոլովոյթին գլուխիս մէջ կուտակեցան անթիւ ու անհամար հարցեր, որոնց պատասխանը կրնար տալ ոչ մէկ գիտակից մարդ: Մտքիս մէջ բազում մեղադրականներ կը հնչեցնէի տարբեր դարաշրջաններու հոլովոյթին ապրած մեր ժողովուրդի եւ առաջնորդներու հասցէին: Իսկ այսօր մենք կրկին կ՚ապրինք հայոց պատմութեան ամօթալի էջերէն մին: Հայու տականքը ինքնակամ կը վաճառէ մի ամբողջ հայրենիք, ատելութիւնը կը սերմանէ արցախահութեան հնդէպ, կը պառակտէ երկիրը, վտանգի ենթարկելով դարեր անց մեր ձեռք բերած այսքան թանկ ու բաղձալի պետականութիւնը: Իսկ մե՞նք... Մենք կը շարունակենք մեր ձեռքերը ծալած, արիւնոտ սրտով հետեւիլ դաւաճանի քայլերուն: Ոչ մէկը կը բռնէ ազգադաւի ձեռքը: Մինչդեռ կը մեղադրէինք մեր նախնիները, մեր տատիկ պապիկները, թէ ինչո՞ւ ժամանակին չպայքարեցան, չշէնաուցին մեր երկիրը:

Մեծ ուսուցիչը՝ դաժան պատերազմը տուած է իմ բոլոր հարցերու պատասխանները: Սակայն ես այդ պատասխաններէն ինքզինքս աւելի լաւ չեմ զգար, ընդհակառակը՝ ամօթէն գլուխս հետզհետէ կը խոնարհեմ: Վաղն ալ իմ սերունդները զիս պիտի մեղադրեն Հայաստանի ու Արցախի կործանմանը լուռ հետեւելու եւ ոչինչ չձեռնարկելու մէջ:

Արցախեան երրորդ պատերազմը մեր առջեւ բացաւ հայոց պատմութեան մութ ու ծածուկ էջերը: Այսօր ես պատրաստ եմ իմ սիրելի առարկայէն քննութեան: Աւելի՛ն. իմ կարծիքով՝ հայոց պատմութեան մեր դասագիրքերը ունին լուրջ փոփոխութիւններու կարիք:

Թող Աստուծոյ կամքը ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի ճակատագրերու մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 10, 2021