ԵՐԵԽԱՆ ԱՆԱՍՈՒՆ ՉԷ, ԿԵՆԴԱՆԻՆ ԶԱՒԱԿ ՉԷ
Ո՜հ, ինչ անուշիկ ճուտիկ է... գառնուկս... փիսիկս... մուկիկս... շունիկս.... թիթեռնիկս...
Այ կապիկ... բադիկ... կովուկ...
Անասունի մէկը... ոչխար... հորթ... եզ... աւանակ... գազան...
Յաճախ մենք այս անուններով կը դիմենք ոչ թէ տուեալ կենդանիին, այլեւ մեր սիրելիներուն, մասնաւորապէս մանուկներուն: Մէկընդմիշտ մոռնալով, մեր ուղեղէն սրբելով, որ մարդը անասուն չէ:
Յիրաւի, այդպիսով մենք կ՚արտայայտենք մեր սիրոյ դրսեւորումը մեր զաւակներու, մանուկներու նկատմամբ: Սակայն այս արդարացում մը չէ: Ամէն բան կախեալ է մեր ձայնի ելեւէջներէն. անունի մեղմ ու քնքոյշ արտաբերումը սիրոյ դրսեւորման միջոց մըն է, իսկ բիրտ ու կոպիտ սաստումը՝ վիրաւորանքի:
Երկնքի ու երկրի Արարիչը մարդը ստեղծեց Իր կերպարանքով: Կենդանական աշխարհի մէջ մարդը միակ շնչաւորն է, զոր Աստուած ստեղծած է Իր կերպարանքով՝ ամենաշատը սիրելով զայն: Իսկ մենք, աստուածային կերպարանքով ստեղծուած արարածին կը դիմենք զանազան կենդանական անուններով՝ թութակ, ծիտիկ, բզեզ, մոծակ, այծիկ, եւ այլն: Կարելի չէ՛: Այդպիսով մենք՝ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, խստագոյնս կը վիրաւորենք մեր Տէր Աստուածը: Ասիկա անարգալից վերաբերմունք մըն է Բարձրեալի նկատմամբ:
Եթէ փորձենք ընկղմիլ իմաստի մէջ, պիտի նշմարենք, թէ որքան անարդար ու անշնորհակալ է մեր վերաբերմունքը Աստուծոյ նկատմամբ: Ուրեմն Աստուած այնքան շատ սիրեց մարդը, որուն տուաւ իր կերպարանքը, իսկ մենք անտեսելով աստուածայինը, զայն կը համեմատենք երկրորդականի հետ:
Դիւրին չէ ձերբազատիլ մեր մէջ արմատացած որեւէ սովորութենէ, սակայն անհնարին ալ չէ: Մեծ ցանկութեան ու կամքի պարագային մենք կրնանք հասնիլ յաջողութեան: Ինծի համար նոյնպէս դիւրին չէր ու չէ: Յաճախ իմ զաւակներու նկատմամբ հիացումս կը պոռթկայ կենդանական անուանակոչումով: Սկսած եմ աշխատելու այդ ուղղութեամբ: Այլեւս ուշադրութիւն կը դարձնեմ իմ գործածած իւրաքանչիւր սիրոյ արտայայտութեան ածականին: Կը փորձեմ սանձել իմ լեզուն, որ երբեմն առաջ կ՚իյնայ իմ միտքէն:
Եւ այսպէս, ոչ մէկ պարագայի կարելի է Աստուծոյ կերպարանքով ստեղծուած արարածը նմանեցնել, կամ անոր տալ կենդանական անուն մը: Փոխարէնը մեր սիրոյ դրսեւորումը կրնանք արտայայտել հետեւեալ բառերով՝ իմ հրեշտակ, իմ անգին ու թանկագին, անուշիկս, քաղցրիկս, փոքրիկս...
Երկրորդ կոպտագոյն սխալը՝ կենդանին ընդունիլ մարդու, երեխայի փոխարէն: Սա սովորութիւնը կամաց-կամաց կը խարսխուի ոմանց մէջ: Կան մարդիկ, որոնք իրենց ընտանի կենդանիներուն՝ շունիկներուն, կատուներուն կը դիմեն՝ աղջիկս, տղաս: Ոմանք նոյնիսկ կը հրաժարին ընտանիք կազմելէ, զաւակ ունենալէ, եւ իրենց ամբողջ սէրը կը նուիրաբերեն կենդանիներուն: Իրենց կենդանին մարդացնելով, դիմացինը կը մատնեն շփոթութեան. «Տրամադրութիւն չունիմ, աղջիկս հիւանդացաւ», «Իմ տղան շատ խելացի է», «Պէտք է շուտ տուն հասնիմ, տղաս առտուընէ ի վեր ինծի կը սպասէ»: Վերջիններս կ՚ընդունին զաւակի փոխարէն: Կարելի չէ՛: Սա նոյնպէս կոպտագոյն վիրաւորանք մըն է Տիրոջ նկատմամբ: Թող ձեր սիրելի կենդանիները յաւուր պատշաճի զբաղեցնեն իրենց տեղը: Կոչեցէք զանոնք՝ իմ սիրելի շունիկ, համովիկ փիսիկ, չստիկ-պզտիկ, մեծիկ, քաղցրիկ եւ այլն:
Կենդանիները պէտք է սիրել: Անհրաժեշտ է անոնց մասին հոգ տանիլ, մեր սէրէն անոնց ալ բաժին հանել: Այո, պէտք է: Սակայն որպէս կենդանի: Դերերը, տեղերը, պէտք չէ փոխել: Բնութեան մէջ իւրաքանչիւրը ունի իր տեղն ու դերը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան