ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՆՔԸ՝ ԱՇԽՈՅԺ ԱՅՑԵԼԱՎԱՅՐ

Ուքրանական «AnalitikaUA.net» կայքէջը կը գրէ, որ Լվովի, Ուքրայնա, Հայկական տաճարը քաղաքի ամենայայտնի կրօնական շինութիւններու ցանկին մէջ է եւ իբրեւ այցելավայր քաջածանօթ է զբօսաշրջիկներուն: Տաճարին մէջ կը տիրէ անցեալի ու ներկայի ներդաշնակ համակեցութիւն, ճարտարապետութիւնն ու ներքին յարդարանքը առանձնակի կերպով կը գրաւեն այցելուները, իսկ այդ կրօնական հնագոյն կառոյցին պատմութիւնը, հայկական սփիւռքի պատմութեան մէկ հատուածը ըլլալէն զատ, նաեւ հին Լվովի քրիստոնէական անցեալի փաստացի վկայութիւնն է:

Նոյն նիւթին մէջ կը նշուի, որ առհասարակ Լվովի եկեղեցիները Ուքրայնայի միւս քաղաքներու եկեղեցիներու շարքին ակնյայտօրէն կը զատուին իրենց գեղեցկութեամբ եւ վեհութեամբ:

Լրատուամիջոցը կը յիշեցնէ, որ Լվովի Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման հայկական տաճարը քաղաքին ամենէն հին կրօնական ճարտարապետական յուշարձաններէն մին է՝ Լվովի պատմական կեդրոնի՝ Հին քաղաքի ճարտարապետութեան անբաժան մասը:

Հայկական տաճարը ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Ուքրանական լրատուամիջոցները առիթներու պարագային միշտ կը նշեն, որ եկեղեցիներուն կառուցումը, վերականգնումն ու պահպանումը Ուքրայնայի հայկական սփիւռքի հիմնական գործունէութեան առանցքն են։ Ուքրայնայի Հայերու միութեան նախագահ Վիլէն Շատուորեանի խօսքը մէջբերելով, վերոյիշեալ կայքէջը կը նշէ, որ հայկական աւանդութիւններով եկեղեցին ոչ միայն հոգեւոր, այլ նաեւ՝ մշակութային կեդրոն է:

ՀԻՄՆՈՒՄԸ

Հայկական տաճարին շինարարութիւնը սկսած է 1363 թուականին: Անոր կառուցումը կը կապուի հայ վաճառականներ՝ Յակոբի (Թէոդոսիոյ Քէֆէ առեւտրաւանէն) եւ Կեսարիոյ մարզէն Փանոսի անուններուն հետ: Անոնց միջոցներով ճենովացի ճարտարապետ Թորինկօ հին Լվովի մէջ եղած փայտաշէն եկեղեցւոյ տեղը կը կառուցէ այս հոյակերտ տաճարը:

Բազմաթիւ հետազօտողներ կը կարծեն, որ շինարարութեան մասնակցած են նաեւ հայ վարպետներ, քանի որ տաճարը նմանութիւններ ունի Անիի տաճարին հետ։ Տաճարը յետագային ընդարձակուած է, անոր տարածքին աւելցած են նոր շինութիւններ՝ աշտարակ-զանգակատունը, կուսանաց վանքը, դպրոցը, միաբանութեան անդամներուն եւ եպիսկոպոսին երկյարկ կացարանը, տպարանը, գերեզմանատունը եւ այլն։

17-րդ դարէն մինչեւ 20-րդ դարու առաջին կէսը վանքը եղած է Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Լվովի թեմի նստավայրը։ Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն տաճարը չէ գործած: 26 նոյեմբեր 1945 թուականին ձերբակալուած են տաճարի հայ հոգեւորականները, որոնց մէկ մասը մահացած է դաժան աքսորի ժամանակ: Թեմը լուծարուելէ ետք տաճարին մէջ տեղակայուած են Լվովի թանգարաններուն պահոցները: Հայերը ստիպուած էին տեղափոխուիլ Լեհաստան։

2001 թուականին տաճարը վերադարձուած է հայ համայնքին, բայց Հայ Առաքելական Եկեղեցիին, քանի որ Լվովի մէջ կաթոլիկ հայեր չէին մնացած: Նոյն թուականի յունուարի 6-ին՝ երկարատեւ ընդմիջումէ ետք, հայկական պատմական տաճարին մէջ մատուցուած է Ս. Պատարագ։

18 մայիս 2003 թուականին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը օծած է տաճարը, օծման, բազմաթիւ հիւրերու կարգին, ներկայ եղած է նաեւ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր:

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաճարը այն ինքնատիպ հայելին է, որ իր պատմութեամբ կ՚արտացոլէ 11-12-րդ դարերուն հայկական գաղթօճախին կեանքը՝ արեւելաեւրոպական երկիրներուն մէջ, այդ երկիրներուն հետ հոգեւոր ու մշակութային սերտ շփումներուն ու փոխազդեցութիւններուն իբրեւ հետեւանք ձեռք բերուած նոր ու ինքնատիպ դիմագիծը։

Իսկ տաճարի վերջին վերակառուցումն ու նկարազարդումը կատարուած է 20-րդ դարու սկիզբը՝ թեմի առաջնորդ արքեպիսկոպոս Յովսէփ Թէոդորովիչի (1864-1938) կողմէ, որուն մասնակցած են ժամանակի հանրաճանաչ լեհ արուեստագէտներ։

Տաճարի յարդարանքին հայկական նկարագիրը վերականգնելու նպատակով Աւագ խորանի սեղանին տեղադրուած է Ս. Աստուածածնի սրբապատկերը, որմնանկարները երիզուած են հայկական միջնադարեան մանրանկարչութեան մէջ տարածուած զարդանախշերով, ապակենկարներով պատուած պատուհաններուն քով կան գունագեղ խորանազարդեր, թռչուններու ու կենդանիներու պատկերներ, որոնք հետաքրքրական համադրութեան մէջ են ընդլայնուած հատուածի ճարտարապետական նոր լուծումներուն, որմնանկարներուն ու խճանկարներուն հետ։

Արհեստավարժ մօտեցման ու վերականգնման ժամանակակից եղանակներուն շնորհիւ կործանումէ փրկուած ինքնատիպ յարդարանքով հայկական տաճարը խօսուն վկան է քրիստոնէական արժէքներու վրայ խարսխուած լեհ, ուքրանացի եւ հայ ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան։

ՀԱՅԵՐԸ ԼՎՈՎԻ ՄԷՋ

Հարուստ անցեալ ունի պատմական Լվով քաղաքը, որուն նաեւ հայերը մաս կը կազմեն: Քաղաքը հիմնադրուած է 1256 թուականին՝ մինչ այդ գոյութիւն ունեցող Փոտզամչէ աւանին տեղը, ուր, ըստ լեհական սկզբնաղբիւրներուն, 1183 թուականին հայերը արդէն ունէին իրենց փայտաշէն եկեղեցին։ Հայերը քաղաքին առաջին բնակիչներէն էին։

1360-ական թուականներուն Լվովը կը դառնայ ամբողջ հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի հայութեան հոգեւոր կեդրոնը։ 1407 թուականին այստեղ ապրած է շուրջ 300, 1633-ին՝ 2000 հայ ընտանիք։ 1356 թուականին հայերը Լեհաստանի Քազիմեժ Գ. թագաւորէն ստացած են ներքին ինքնավարութեան իրաւունք։ Համայնքին մէջ կիրարկուած է ազգային դատաստանագիրք։ Հայկական միւս գաղութները յաճախ կը դիմէին Լվովի հայոց դատարանը:

16-րդ դարու վերջաւորութեան քաղաքի 38 հարուստ ու ընդարձակ խանութներէն 22-ը, իսկ 24 միջին կարողութեան խանութներէն 19-ը պատկանած են հայերուն։ Շնորհիւ հայ վաճառականներուն՝ Լվովը կապող օղակ դարձած է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ։

Հայկական առանձին տոհմեր (Պոկտան Տոնաւակովիչ, Քժիշտոֆ Աւետիք Պերնատովիչ եւ այլն) հռչակաւոր դարձած են ամբողջ Լեհաստանի տարածքին եւ եղած են լեհ թագաւորներուն վարկատուները։

Քաղաքին մէջ մեծ թիւ կազմած են հայ արհեստաւորները (ոսկերիչներ, կաշեգործներ, ջուլհակներ, վրանագործներ, ներկարարներ), որոնք միաւորուած էին համքարութիւններու (արհեստակիցներու միութիւններու) մէջ։ Հայերը ունէին նաեւ կալւածներ։ Վանքէն զատ կառուցած են եկեղեցիներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ։

Քաղաքին մէջ գործած է «Կտրիճւորաց եղբայրութիւն» երիտասարդական կազմակերպութիւնը։ Հայկական առաջին դպրոցը Լվովի մէջ կը յիշատակուի 1590 թուականին (որ 17-րդ դարու կէսին ունեցած է աւելի քան 80 աշակերտ)։

Պատմական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ հայկական եկեղեցիներուն կից գործած են տարրական դպրոցներ, 17-րդ դարու 60-ական թուականներուն գործած է մէկ հայկական եւ մէկ գիշերօթիկ հոգեւոր դպրոց (որբերու համար)։

Լեհահայերու մէջ կաթոլիկութիւն տարածելու եւ կաթոլիկ հոգեւորականներ պատրաստելու նպատակով 1665 թուականին հիմնուած է հայ հոգեւոր կաթոլիկ բարձրագոյն դպրանոցը, որ փակուած է 1784 թուականին։ Իսկ 19-րդ դարու սկիզբը հայկական կուսանոցին կից գործած է օրիորդաց դպրոց (1820-ին ունեցած է 400 աշակերտուհի)։ 1865 թուականին Յովսէփ Թորոսովիչի միջոցներով հիմնուած է հայ կաթոլիկ գիշերօթիկ դպրոցը (գործած է մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը)։

16-17-րդ դարերուն Լվովի հայերը մեծ դեր խաղացած են Լեհաստանի պետական-քաղաքական, դիւանագիտական կեանքին մէջ: Լվովի գաղթավայրը եղած է Ուքրայնայի եւ Լեհաստանի մէջ հայկական մշակոյթի մեծ կեդրոններէն, ուր ստեղծուած են իրաւագիտական, բժշկագիտական, բառարանագրութեան, մատենագրութեան (Ստեփանոս Լեհացի), պատմագրութեան (Յովհաննէս Աւագերէց, Բարթլոմէյ, Զիմորովիչ Սիմէոն Լեհացի, Սադոկ Բարոնչ), տաղասացութիւն (Մինաս Թոխատեցի, Պարսամ Տրապիզոնցի), ճարտարապետական, նկարչական (Փաւել եւ Շիմոն Պոկուշներ), մանրանկարչական (Գրիգոր Լվովցի, Ղազար Բաբերդացի), ոսկերչական արուեստի (Պետրոս Զախարիասեւիչ) աշխատանքներ։

18-րդ դարու վերջաւորութեան Լեհաստանի բաժանման, Լվովի տնտեսական անկման, հայերու նկատմամբ կիրարկուած տնտեսական եւ կրօնական անհանդուրժողականութեան պատճառով, ինչպէս նաեւ Լեհաստանի վերաբաժանման հետեւանքով Լվովի հայ համայնքը անկում ապրած է։ 1782 թուականին, ըստ վաւերագրութեան, Լվովի մէջ մնացած էր շուրջ 200 տուն հայ։ Լվովը գրաւած աւստրիացիները 1787 թուականին վերացուցած են հայկական ինքնավարութիւնը։ Շարունակած է գոյատեւել միայն հայ կաթոլիկ արքեպիսկոպոսութիւնը։ Պատմաբաններու տեսակէտով Լեհաստանի անկախութեան վերականգնումը (1918-ին) էական ազդեցութիւն չէ ունեցած Լվովի հայ համայնքին համար։ 1939 թուականին Լվովը միացուած է Խորհրդային Ուքրայնային։ 18-19-րդ դարերուն Լվովի մէջ գործած են հայ պատմաբաններ՝ Եան Տոմաշ Եուզէֆովիչ (1663-1729թթ.), Կղեմենս Խոդիկեւիչ (1715-1797թթ.), քանդակագործ Տ. Բարոնչ (1842-1905թթ.), արուեստաբան Եան Պոլոզ Անտոնեւիչ (1858-1922թթ.) եւ ուրիշներ։

1930-ական թուականներուն Լվովի հայերը հրատարակած են լեհերէն պարբերականներ։ Հայկական եկեղեցիներն ու այլ կազմակերպութիւններ իրենց գործունէութիւնը դադրեցուցած են Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍԸ

Լվովի հայկական թաղամասին մասին նոյնպէս պատմական յիշատակումներ կան: Ըստ պատմական աղբիւրներու, ան կը գտնուէր Հին քաղաքին հիւսիս-արեւելքը՝ Քրաքովեան դարպասներուն եւ կեդրոնին՝ Ռընեկ կոչուող հրապարակին միջեւ՝ ընդգրկուած Հայկական (Ներքին եւ Վերին), Սկարպկովեան (այժմ՝ Լէսիա Ուքրանիկայի), Քրաքովեան փողոցներով։

14-15-րդ դարերուն թաղամասին բնակելի տուները 3-4-յարկանի էին (երբեմն՝ միջնայարկով)։ Պատերազմներու եւ յաճախակի հրդեհներու պատճառով թաղամասը կը կառուցապատուի քարաշէն տուներով, որոնց վրայ կ՚երեւին հայկական ճարտարապետութեան տարրեր:

Լվովի գաղթավայրը եղած է Լեհաստանի եւ հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի հայութեան ճանչցուած հոգեւոր կեդրոնը:

Պատմական գաղութը, հակառակ թուաքանակի նուազումին, այսօր ալ, կը ջանայ վառ պահել անցեալի յիշատակները եւ ամուր կառչիլ այն ոգիին, որ Լվովին հաղորդած են նաեւ հայերը:

Անցեալ տարեվերջը Լվովի մէջ նշանաւորուեցաւ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսի գրասենեակի բացումով եւ տօնական ցուցահանդէսով մը:

ՏԱՃԱՐԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ 30-ԱՄԵԱԿ

Այսօր տաճարին մէջ կը գործէ անցեալ տարեվերջէն բացուած ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է տաճարի վերականգման 30-ամեակին:

Ներկայացուցած են եկեղեցական եւ կենցաղային իրեր, որոնց միջոցով կարելի է ծանօթանալ հայ համայնքի անցեալին ու նաեւ՝ ներկային: 30-ամեակին առթիւ մատուցուած հանդիսաւոր պատարագին օծուած են երեք սուրբերու մասունքներ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչի, անոր որդիի եւ Հռոմի Կղեմենտ պապի։ Ընդհանուր առմամբ հաւաքուած է աւելի քան քառասուն ցուցանմոյշ։ Իրերուն մեծ մասը պահուած եղած են զանազան վայրերու մէջ՝ փրկելու համար խորհրդային հետապնդումէն եւ այսօր դրուած են ցուցադրութեան:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022