ՄԻՆԱՍԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԸ
ԴԺՈՒԱՐԻՆ ՈՒ ԱԶՆԻՒ ԿԵԱՆՔ
Քառասուն տարի առաջ, 1975 թուականի Փետրուարին, Երեւանի մէջ, առեղծուածային արկածի հետեւանքով կեանքէն հեռացաւ 20-րդ դարու հայ հանճարեղ նկարիչներէն մէկը՝ Մինաս Աւետիսեան, որ հայ արուեստի պատմութեան մէջ մնաց Մինաս անունով: Իր ապրած կարճատեւ կեանքի ընթացքին, ան դարձաւ հայ կերպարուեստի նշանաւոր անուններէն մէկը եւ հռչակաւոր դէմքերէն 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ իրականութեան: Իր ապրած քառասունեօթ տարիներու ընթացքին ան ունեցած է արարման կարճատեւ կենսագրութիւն։ Ընդամէնը տասնհինգ տարի տեւած է նկարիչի ստեղծագործական շրջանը, բայց հաստատած է իր տեղը՝ սերունդներուն ձգելով անգնահատելի ժառանգութիւն՝ իր մեծաթիւ կտաւներն ու այլ գեղարուեստական գործեր: Իր անունով մեր գեղարուեստի տարեգրութիւնը ունեցած է Մինասեան տարիներ, իսկ իր մահէն ետք մնացած է Մինասի ժամանակը հասկացութիւնը:
Մինաս Աւետիսեան ծնած է 1928 թուականի 20 Յուլիսին՝ Ջաջուռ, որ Շիրակի մարզի գողտրիկ գիւղերէն մէկն է, եւ այսօր ալ ան նշանաւոր է իբրեւ Մինասի ծննդավայր: Մինասի հայրը՝ Կարապետը, մշեցի դարբին էր, իսկ մայրը՝ Սոֆոն, կարսեցի քահանայի մը դուստրը։ Ան համեմատաբար ուշ սկսած է զբաղիլ գեղանկարչութեամբ։ Պատերազմի տարիներուն պատանի Մինաս պատահականօրէն կը հանդիպի նկարիչ Յակոբ Անանիկեանի հետ, ինչ որ բախտորոշ կ՚ըլլայ իրեն համար, եւ կը տարուի նկարչութեամբ: Պատանի հասակին կը հրապուրուի Հայաստան տեղափոխուած եւ Հայաստանի մէջ արդէն հռչակ վայելող Մարտիրոս Սարեանի արուեստով։ Առաջին անգամ ան Մարտիրոս Սարեանին հանդիպած է տասնութ տարեկանին։ Այս հանդիպումը անդրադարձ ունեցած է իր հետագայ ստեղծագործական կեանքին վրայ:
Մինասի գեղագիտութիւնը ձեւաւորուած է իր մանկութեան գիւղական պատկերներու, հայ մարդու ապրած կեանքի, ազնիւ ու համեստ իր ընտանիքի չափանիշներով, որոնց վրայ հետագային ազդեցութիւն ունեցած են հայկական մանրանկարչութիւնն ու իտալական Վերածնունդի արուեստը, որոնց ծանօթացած է Լենինկրատ ուսանելու տարիներուն։ Իր ապրած գիւղի մասին Մինաս գրած է. «Կարեւոր չէ, ուր աշխարհ եկած ես՝ Լոնտո՞ն, թէ խուլ գիւղի մը մէջ: Կարեւորը այն է, որ այդ մէկը քու հայրենիքդ է, զոր դուն աչքերդ բանալով տեսած ես առաջին անգամ: Յետոյ դուն կը ճանչնաս տարբեր աշխարհներ, բայց այն ինչ որ տեսած ես մանուկ հասակին, կը մնայ քու ամբողջ կեանքիդ մէջ: Ամէն անգամ երբ կ՚երթամ գիւղ, ես կը փնտռեմ նախկին գիւղը, զոր տեսած եմ առաջին անգամ: Երբ ես փոքր էի, իմ գիւղի ցանկապատները ինծի կը թուային բարձր-բարձր: Իսկ այժմ ես այդ ցանկապատերէն բարձր եմ, բայց ես կը յուզուիմ անոնց մօտենալով: Եթէ քու մէջդ նման յուզմունք չկայ, չ՚ըլլար նաեւ արուեստ»:
Մինաս ստեղծած է հայկական գիւղաշխարհը լաւագոյնս արտացոլող գործեր, բնանկարներ, ինչպէս նաեւ անկրկնելի դիմանկարներ, որմնանկարներ, բեմանկարներ: Մինասի ստեղծագործութիւնները իւրայատուկ են իրենց գունային հակադրութիւններով, որոնք ցոյց կու տան իր միջավայրի թանձր թախիծը եւ հայ մարդու՝ հինէն եկող տառապանքը:
Իր գեղարուեստական առաջին կրթութիւնը Մինաս Աւետիսեան ստացած է Երեւանի մէջ, Փանոս Թերլեմեզեանի ան-ւան գեղարուեստի ուսումնարանը։ Այնուհետեւ ուսանած է Գեղարուեստի համալսարանին մէջ, որմէ ետք տեղափոխուած է Լենինկրատ, ուր ուսանած է Գեղարուեստի ակադեմիան: Աւարտելով՝ Հայաստան եկած է եւ սկսած է իր դժուարին ստեղծագործական կեանքին: Մինասի ազատութիւնը եւ միաժամանակ տաղանդը դիւրին չէին մարսուեր Խորհրդային Հայաստանի արուեստը տնօրինողներու կողմէ, մանաւանդ, երբ կը տեսնէին, որ չեն կրնար կաշկանդել նկարիչը: Մինաս կը ստեղծագործէր անհագօրէն, թարմութիւն եւ նորութիւն բերելով հայ կերպարուեստի աշխարհին: Տաղանդաւոր նկարչի արուեստին ու փառքին նախանձողները շատ էին: Ան 1968 թուականին կ՚արժանանայ Հայաստանի վաստակաւոր նկարչի կոչման, բայց քանի մը տարի ետք, 1972 թուականին, անյայտ պայմաններու ներքոյ մեծ հրդեհ մը կը ծագի անոր արուեստանոցին մէջ։ Կ՚այրին եւ կը մոխրանան արուեստանոցին մէջ հաւաքուած բոլոր գործերը, այդ կարգին՝ նաեւ Փարիզի մէջ կազմակերպուելիք անհատական ցուցահանդէսի համար հաւաքած աշխատանքները (հարիւրէ աւելի գեղանկարներ), նաեւ անձնական պահոցը՝ նամակներ, փաստաթուղթեր, գրառումներ եւ այլն:
Մինասի վրայ շատ ծանր կ՚ազդէ այս կորուստը, բայց, մտերիմներու, ընկերներու մխիթարութեամբ հետագային կրկին ուժ կը գտնէ՝ դարձեալ ստեղծագործելու:
Մինասի կինը նոյնպէս նկարչուհի էր՝ Գայիանէ Մամաջանեան, որուն հետ նկարիչը ամուսնացած էր 1964 թուականին։ Անոնց երկու որդիները՝ Արման Աւետիսեան ու նկարիչ Նարեկ Աւետիսեան այսօր կը տնօրինեն Մինասի ժառանգութիւնը եւ կը զբաղին նկարչի գործերու պահպանմամբ: Արման Աւետիսեան կը տնօրինէ «Մինաս Աւետիսեան» հիմնադրամը, որ մեծ աշխատանք կը տանի աշխարհով մէկ ցրուած մինասեան աշխատանքներու մասին տեղեկութիւններ հաւաքելով եւ Մինասի նկարներու կեղծումները յայտնաբերելով:
Մինասի ստեղծած շուրջ հինգ հարիւր գեղանկարներէն տասնեակներ ժամանակի ընթացքին արտասահման տարուած են Հայաստանէն: Հայաստանի մէջ չէ մնացած անոր նկարներէն, իսկ կեղծարարներն ալ իրենց կարգին կը կեղծեն Մինասի նկարներու բնօրինակները եւ մեծ գիներով կը վաճառեն իբրեւ բնօրինակներ՝ մոլորութեան մատնելով անոր արուեստի սիրահարները: Խարդախութիւնները այս ասպարէզին մէջ հետզհետէ աւելի մեծ թափ կ՚առնեն: Հիմնադրամը կը զբաղի նաեւ Մինասի որմնանկարներով, որոնց ճակատագիրը նոյնպէս վտանգուած էր:
ՄԻՆԱՍԻ ՈՐՄՆԱՆԿԱՐՆԵՐԸ
Իր բազմաթիւ գեղանկարներու, գծանկարներու եւ այլ գործերու կարգին Մինաս Աւետիսեան հեղինակած է նաեւ որմնանկարներ (գեղանկարներ՝ պատերու, առաստաղներու կամ շինութեան այլ մասերու վրայ): Անոր որմնանկարները նոյնպէս գեղարուեստական մեծ արժէք կը ներկայացնեն, որովհետեւ կատարուած են մեծ վարպետութեամբ եւ արուեստի շունչով: Նկարիչը միշտ երազած է մանաւանդ որմնանկարչութեան մասին, քանի որ կտաւային գեղանկարչութիւնը սահմանափակած է նկարիչին հնարաւորութիւնները, եւ ան իր կեանքի ընթացքին ստեղծագործած է տասնեակ որմնանկարներ, որոնք առաւել աշխատութեան կը կարօտին:
Ընդհանուր առմամբ, Մինաս Աւետիսեան տասներկու որմնանկար հեղինակած է, ամէնքն ալ՝ Շիրակի մարզին մէջ: Երկրաշարժի պատճառով անոնցմէ երկուքը աւերուած են, որովհետեւ փլած են այն շէնքերը, որոնց վրայ կատարուած էին աշխատանքները: Տասը որմնանկար պահպանուած է, վեցը այժմ կը գտնուի Շիրակի մարզին, չորսը՝ Երեւանի մէջ։ 2010-2012 թուականներուն «Մինաս Աւետիսեան» հիմնադրամի կողմէ, հայ եւ իտալացի մասնագէտներու ջանքերով ամրակայուած, վերականգնուած կամ տեղափոխուած են Մինաս Աւետիսեանի «Հանդիպում», «Խաչքարի մօտ», «Գորգ կը գործեն», «Երկանք», «Թել կը մանեն», «Հայկական հովուերգութիւն» եւ այլ որմնանկարները:
Շիրակի մարզի Վահրամաբերդ գիւղի (որ կը գտնուի Ախուրեան գետի ձախ ափին) մշակոյթի տան մէջ գտնուող Մինաս Աւետիսեանի «Հայաստան» որմնանկարը արուեստաբաններու կողմէ նկարիչի ստեղծած որմնանկարներու շարքի լաւագոյն գործը կը նկատուի: 1988 թուականին Վահրամաբերդի մշակոյթի պալատը փլած էր աւերիչ երկրաշարժէն, սակայն, բարեբախտաբար, կանգուն մնացած էր այն պատը, որուն վրայ մեծ նկարիչի կատարած որմնանկարը կար:
Ժամանակի ընթացքին պատը վնասուած էր, ճաքեր գոյացած էին, ինչ որ ալ ազդած էր որմնանկարին վրայ: 2012 թուականին Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ վերակառուցուած է Վահրամաբերդի մշակոյթի տունը՝ որմնանկարով պատը ձգելով շէնքին մէջ, իսկ 2013 թուականին «Մինաս Աւետիսեան» մշակութային բարեգործական հիմնադրամի կողմէ իրականացուած են որմնանկարի մաքրման, ամրակայման եւ վերականգնման աշխատանքներ: Աշխատանքներուն օժանդակած է կառավարութիւնը: Այսօր Մինասի ամենէն արժէքաւոր որմնանկարը Վահրամաբերդի սեփականութիւնն է. ժամանակին գիւղացիները, գիտակցելով անոր արժէքը, տէր կեցած են գործին եւ արգելք եղած են անոր երեւան տեղափոխման: Այսօր Վահրամաբերդ այցելութեան վայր դարձած է այն մարդոց համար, որոնք կ՚ուզեն տեսնել այն պատը, որ չէ փլած երկրաշարժէն եւ որու վրայ մեծ նկարչի ձեռական աշխատանքը կայ:
Կառավարութեան որոշման համաձայն, վարպետի երկու որմնանկար տրուած է «Արմենիա» միջազգային օդակայաններու ընկերութեան՝ անժամկէտ եւ անհատոյց օգտագործման իրաւունքով: «Երկանք» որմնանկարը ներկայացուած է օդակայանի նախագահական համալիրին մէջ, իսկ «Թել կը մանեն» որմնանկարը՝ նորակառոյց ուղեւորային համալիրի մեկնման սրահին մէջ:
Շիրակի մարզին մէջ Մինասի արուեստը ունի այցելութեան վայր մը եւս: Այդ մէկը իր հայրենի գիւղին՝ Ջաջուռին մէջ գտնող տուն-թանգարանն է, որ կառուցուած է 2005 թուականին: 1982 թուականին գիւղին մէջ կառուցուած էր Մինասի տուն-թանգարանը, սակայն 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժէն ան հիմնովին աւերուած էր։ Տասը տարի առաջ Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ գիւղին մէջ կառուցուեցաւ այլ թանգարան մը, որ այսօր հազարաւոր արուեստասէրներու այցելութեան վայրն է:
Ներկայիս թանգարանին մէջ կը ցուցադ-րըւին երեսունէ աւելի բնօրինակ կտաւ, որ Մինաս Աւետիսեանի ստեղծագործութիւններու ցուցադրուող ամենէն մեծ հաւաքածոն է։ Մինասի նկարները ցուցադրուած են նաեւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին, Մոսկուայի Արեւելքի երկիրներու արուեստի թանգարանին, Ռուսաստանի այլ պատկերասրահներու, Հայաստանի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մասնաւոր հաւաքածոներու եւ նկարիչի ընտանեկան հաւաքածոյին մէջ։
Իր ստեղծագործական կեանքի ընթացքին ու ապա Մինաս Աւետիսեանի ստեղծագործութիւնները այլեւայլ վնասումներու եւ կորուստներու ենթարկուած են:
1972 թուականի հրդեհէն ետք կտաւներ ոչնչացուած են նաեւ Պէյրութի ցուցահանդէսին՝ քաղաքի ռմբակոծութեան հետեւանքով: Ընդհանուր առմամբ անխաղաղ կեանք ունեցած է Մինասը՝ հալածանքներով, զգայուն արուեստագէտի բնորոշ թախիծով, բայց ապրած է ազնիւ կեանքով մը, իսկ անոր ողբերգական մահն ալ կարծես այդ տառապանքը ամբողջացուցած է՝ մինչեւ հիմա պահելով այն առեղծուածը, թէ ինչպէս ինքնաշարժը հարուածեց մայթի վրայով քալող նկարիչը:
Ան տուն կը վերադառնար Օփերայի եւ պալէի թատրոնէն, ուր ներկայ եղած է «Անտունի» պալէի յոբելենական 50-րդ ցուցադրութեան: Սայաթ-Նովա եւ Տէրեան փողոցներու խաչմերուկին, մայթի վրայ, ինքնաշարժը կը հարուածէ նկարչը, շաբաթ մը հիւանդանոցի մէջ մնալէ ետք Մինաս Աւետիսեան կը մահանայ: Անոր մահը կը ցնցնէ ողջ հայ հասարակութիւնը, Սփիւռքը: Մինաս արդէն աշխարհահռչակ նկարիչ մըն էր։ Անոր նկարները Հայաստանէն դուրս կը տարուէին, կը գրուէին յօդուածներ մինասեան արուեստի մասին:
Մինաս ներդրում ունեցած է նաեւ թատրոնի մէջ՝ Երեւանի Օփերայի եւ պալէի թատրոնէն ներս ձեւաւորած է պալէներ, ինչպէս նաեւ «Ալմաստ» օփերան։ Ան աշխատած է նաեւ շարժանկարի ասպարէզին մէջ, իբրեւ նկարիչ:
Իր մահէն ետք սկսած է Մինասի փառքի շրջանը։ Մեծ նկարիչի մահէն ետք անոր անունին շնորհուած են կոչումներ, կազմակերպուած են անոր նկարներու ցուցահանդէսները, նկարահանուած են ժապաւէններ եւ գրուած են գիրքեր՝ հայ մեծ նկարիչ Մինաս Աւետիսեանի մասին:
Իր մահէն քառասուն տարի ետք Մինաս անունը անմոռանալի է եւ իր անունին հմայքն ու արուեստին լոյսը կը փայլին հայ մարդու սրտին եւ մտքին մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ