ԻՐՄՈ՛Վ ՃԱՆՉՆԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ
Երեւանի թանգարաններու մէջ իր ուրոյն տեղը ունի մեծ երաժշտահան, մանկավարժ, աշխարհահռչակ արուեստագէտ Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանը: Երեւանի սիրտին մէջ՝ Մարշալ Բաղրամեան եւ Զարուբեան փողոցներու հատման կէտին վրայ, Սահմանադրական դատարանի քով գտնուող այդ կեդրոնը միայն թանգարան չէ. ան դարձած է մշակութային օճախ մը, ուր գրեթէ ամէն շաբաթ մշակութային ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, համերգներ տեղի կ՚ունենան։ Կը կազմակերպուին գիտաժողովներ, արուեստի ու երաժշտութեան առընչուող հանդիպումներ:
Տուն-թանգարանի տնօրէնուհին՝ երաժիշտ, դաշնակահար Արմինէ Գրիգորեան բոլոր հիւրերը կը դիմաւորէ ժպիտով եւ ուրախութեամբ, հպարտ է բոլոր այցելուներուն ներկայացնելով մշակութային այդ շէն օճախը, որ հիմնադրման օրուընէ (1978 թ.) առ այսօր երբեք չէ գոցած իր դռները: Երբ այցելուն ներս մտնէ, թանգարանի նախասրահին մէջ կը թեւածէ մեծ երաժշտահանի, համաշխարհային մեծութեամբ արուեստագէտի՝ Արամ Խաչատրեանի երաժշտութիւնը:
Երաժշտութեան ուղեկցութեամբ ալ կը շրջինք թանգարանի միւս սրահները, կը ծանօթանանք բացառիկ ու հազուագիւտ ցուցանմոյշներուն, որոնք կ՚առընչուին Արամ Խաչատրեանին եւ առհասարակ, դասական երաժշտութեան: Ցուցանմոյշներուն մէջ ակնառու է Արամ Խաչատրեանի անձնական դաշնամուրը, որուն վրայ ան ստեղծած է իր նշանաւոր գործերը եւ որոնք այսօր ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ՝ համաշխարհային դասական արուեստի մաս կը կազմեն: Այդ դաշնամուրը թանգարան տեղափոխուած է Արամ Խաչատրեանի Մոսկուա գտնուող բնակարանէն: Այցելուները պահ մը կանգ կ՚առնեն մէկ այլ դաշնամուրի քով, որ ընկուզենիի փայտէ պատրաստուած իւրայատուկ գործիք մըն է, իսկ կափարիչի վրայ կարելի է տեսնել տպաւորապաշտ հանրաճանաչ նկարիչ Պոնիսի մէկ գործը: Այդ գործիքը թանգարանին նուիրած է Պուէնոս Այրէսէն հայ մը, որու տան մէջ գտնուած ժամանակ ալ գործիքի վրայ նուագած է Արամ Խաչատրեան:
Թանգարանին մէջ ցուցադրուած է անձնական իրերու, լուսանկարներու, ձեռագրերու, նօթագրութիւններու, նամակներու, մեծ երաժշտահանին առընչուող իրերու եւ փաստաթուղթերու մեծ հաւաքածոյ մը, որ ժամանակ առ ժամանակ փոփոխութեան կ՚ենթարկուի, ցուցադրութիւնները կը յաջորդեն մէկը միւսին:
Հայաստանի երաժշտական թանգարաններու կարգին ամենէն նշանաւոր այս թանգարանը յարգանքի եւ յիշատակի տուրք կը մատուցէ նաեւ հայ երաժշտութեան այլ մեծերու: Թանգարան մեր այցելութեան օրը կը պատրաստուէր ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած միջազգային ճանաչման արժանացած առաջին հայ ջութակահարուհիի՝ Անահիտ Ցիցիկեանի ծննդեան 90-ամեակին:
Աւելի ուշ, իր աշխատասենեակին մէջ ընդունելով ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, տնօրէնուհին՝ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, Երեւանի Պետական երաժշտանոցի դասախօս Արմինէ Գրիգորեան հանգամանալից ներկայացուց թանգարանի այսօրուան կեանքը, ձեռքբերումները եւ այն աշխատանքները, որոնց լծուած է մեծ երաժիշտի ժառանգութեան անմնացորդ նուիրուած իր աշխատակազմը: Ինք՝ Արմինէ Գրիգորեան, բացի տնօրէն ըլլալէ, նաեւ «Խաչատրեան եռեակ»ի դաշնակահարուհին է, յաճախ կը ճամբորդէ զանազան երկիրներ, ուր եռեակ-նուագախումբը կը ներկայացնէ Արամ Խաչատրեանի եւ հայ մեծերու գործերը: Մեր զրոյցի օրն ալ ան պիտի մեկնէր Մոսկուա, ուր Խաչատրեան եռեակը պիտի մասնակցէր Առնօ Բաբաջանեանի 95-ամեակի համերգին: Ամբողջովին երաժշտութեան աշխարհին նուիրուած արուեստագիտուհիի ընտանիքին մէջ երաժիշտներ են նաեւ անոր զաւակները՝ Սօնա Բարսեղեան եւ Պօղոս Բարսեղեան:
-Տիկին Գրիգորեան, ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօր Հայաստանի թանգարանային կեանքը:
-Վերջին տարիներուն կտրուկ փոփոխութիւն եղած է թանգարանային գործունէութեան դաշտին մէջ: Թանգարանները արդէն այս վերջին տարիներուն, ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ առհասարակ, չեն ներկայանար լոկ որպէս թանգարաններ, այլ աւելի շատ կը ջանան դառնալ մշակութային կեդրոններ, ուր համատեղ գործունէութիւն կը տարուի թէ՛ արխիւներու մէջ եւ թէ զանազան մշակութային ծրագրեր կ՚իրականացուին, եթէ հնարաւորութիւն կայ համերգասրահի (ինչպէս օրինակ, մեր թանգարանին մէջ), նաեւ համերգային գործունէութիւն կը ծաւալուի ժամանակակից թանգարաններէն ներս: Թանգարանները այսօր նաեւ կրթական ծրագրեր կ՚իրականացնեն: Մենք նոյնպէս կրթական աշխոյժ ծրագրեր ունինք: Որդեգրած ենք շուրջ տասը կրթական ծրագրեր, որոնցմէ մէկը երկու տարի առաջ Թանգարաններու միջազգային խորհուրդին (ICOM) կողմէ արժանացաւ մեզի համար շատ կարեւոր մրցանքի մը՝ ընդգրկուեցաւ աշխարհի տասը լաւագոյն կրթական ծրագրերու մէջ: Այդ մէկը «Թանգարանը դպրոցին հիւր» ծրագիրն է:
-Այսինքն, դատելով ծրագրի անուանումէն, թանգարանը ի՞նքը կ՚այցելէ դպրոցներ:
-Առաջին կարգին, այո, մենք կ՚երթանք դէպի դպրոց: Դպրոցի մը հետ նախնական պայմանաւորուծութեան արդիւնքին մէկ դասաժամ կը տրամադրուի մեր թանգարանի աշխատակիցներուն, որոնք կ՚այցելեն դպրոց, տեսանիւթերու, սահիկներու եւ այլ միջոցներով կը ներկայացնեն, թէ ո՞վ է Խաչատրեան, ի՞նչ կը ներկայացնէ անոր տուն-թանգարանը, այնուհետեւ երկրորդ քայլը արդէն երախաները կ՚ընեն՝ իրենք կու գան թանգարան, արդէն տեղեկացուած, պատրաստուած եւ շատ աւելի հետաքրքրուած: Առաջին հանդիպումի ընթացքին երախաներու մօտ կը յառաջանան հարցեր, որոնք արդէն տեղւոյն վրայ կը բացայայտուին:
-Հետաքրքրական է թանգարանի մասնակցութիւնը՝ կրթական գործին, ուրիշ ի՞նչ կրթական ծրագրեր ունիք:
-Կրթական ծրագրերը զանազան են եւ ուղղուած են ոչ միայն երախաներուն, այլ նաեւ՝ մեծահասակներուն: Երախաներու համար նախատեսուած կրթական ծրագրերէն են «Ինչպէս կը ծնին երաժշտական գործիքները»: Մեր տուն-թանգարանին մէջ կը գտնուի եւ հոս կը պահպանուի հազուագիւտ աղեղնաւոր գործիքներու պետական հաւաքածոն: Մենք այդ հնարաւորութիւնը գործածելով, մեր հաւաքածոյի վարպետները կարճաժամկէտ վարպետութեան դաս կու տան երախաներու համար, կը պատմեն, կը ցուցադրեն, նոյնիսկ երախաներուն հնարաւորութիւն կը տրուի պզտիկ մաս մը պատրաստել գործիքներու համար, իրենք կը հասկնան, թէ ի՛նչ նիւթերէ կազմուած են գործիքները, կը կարողանան հասկնալ, թէ որքա՛ն դժուար է այդ ամէնը ընել, պատրաստել, ստեղծել: Կայ նաեւ այլ կրթական ծրագիր մը, որ կը կոչուի՝ «Ես խմբավար եմ»: Այդ մէկն ալ խմբավարական հմտութիւններուն ծանօթացնելու նպատակաւ ստեղծուած է: Կայ կրթական այլ ծրագիր մը՝ որ կը կոչուի «Երաժշտական ժանրեր»: Այս ամէն ինչը խաղարկային, մատչելի ձեւերով կը մատուցուի երախաներուն: Աւելի պզտիկներուն համար մենք ունինք նախագիծ մը, որ կը կոչուի «Դասական երաժշտութիւնը՝ մանկական պատկերային ժապաւէններու մէջ»: Մէկ խօսքով, բոլոր ծրագրերը ուղղուած են մանուկներու եւ մեծերու մէջ երաժշտական մատչելի գիտելիքներ տարածելու, անոնց մէջ դասական արուեստի հանդէպ սէր արթնցնելու:
-Հայաստանցի արուեստասէրները յաճախ կ՚այցելեն Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարան: Իսկ դուրսը ապրող հայ եւ օտար արուստասէրները հետաքրքրուա՞ծ են, կ՚այցելե՞ն թանգարան:
-Մեր այցելուներուն մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն թէ՛ օտարները եւ թէ սփիւռքահայերը: Մեր ցուցասրահներէն ամէն մէկը մէկ նիւթի նուիրուած է եւ մէկն ալ նուիրուած է Արամ Խաչատրեանի եւ սփիւռքահայութեան կապին: Այդ ցուցասրահին մէջ տեղադրուած է նաեւ իւրայատուկ գործիք մը՝ դաշնամուր, զոր մենք նուէր ստացած ենք Սան Փաուլէն՝ անոր արուեստի երկրպագու Տիրան Մոստիճեանէն, որու տան երդիքին տակ հիւրընկալուելով ալ վարպետը նուագած է դաշնամուրի վրայ: Դաշնամուրի վրայ Արամ Խաչատրեանի ստորագրութիւնը կայ, շատ հետաքրքրական ցուցանմոյշ մըն է, որ միշտ ուշադրութեան կ՚արժանանայ: Այդ ցուցասրահին մէջ ցուցադրուած են շատ այլ իրեր, որոնց կարգին նամակներ, որոնք կը վկայեն սփիւռքահայութեան հետ անոր կապին, հանդիպումներուն մասին: Ես ալ անձամբ, զանազան երկիրներու մէջ յաճախ շփուած եմ հայկական համայքի անդամներուն հետ, որոնց մօտ միշտ առաջին հերթին կը յառաջանայ այն հարցը, թէ ի՞նչ կապեր եղած են, յաճախ իրենք յիշողութիւններ կը ներկայացնեն եւ յաճախ իմ հետ պատմութիւններ կը բերեմ թանգարան, այն հանդիպումներու, միջոցառումներու, երեկոներու մասին, որոնց մասնակցած է Մաէսթրոն՝ այդ երկիրներուն մէջ:
Տասնչորս հազարէ աւելի նիւթեր կը պահպանուին թանգարանի մէջ, բայց դուրսէն նիւթերու հոսքը չի դադրիր երբեք, քանի որ Խաչատրեան ամէնուր, ուր որ եղած է, իր հետքը ձգած է:
-Տիկին Գրիգորեան, Դուք նաեւ դաշնակահարուհի էք, որ յաճախ համերգներ կը սարքէք: Համերգային գործունէութիւնը կ՚օգնէ՞ կամ կը խանգարէ թանգարանի ղեկավարի աշխատանքը:
-Հարց մըն է, որ յաճախ կ՚ուղղեն: Անշուշտ չի խանգարեր, միայն անձամբ զիս քիչ մը կը խանգարէ թերեւս ժամանակի պակասը, որովհետեւ ծրագրերը բազմազան են եւ ժամանակ կը պահանջեն: Այս ամէնը միաձուլուած են, եւ եթէ ես կը ծառայեմ Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին մէջ, ապա իմ գործունէութիւնս, իբրեւ դաշնակահար, շատ յաճախ կապուած է նոյնինքն Արամ Խաչատրեանի ժառանգութեան հետ: Եւ այն օրուընէ ի վեր, երբ ես եկայ տուն-թանգարան, շատ աւելի նուիրուեցայ իր ժառանգութեան, իր ստեղծագործութիւններուն եւ կը կարծեմ, որ իբրեւ դաշնակահար իմ առաքելութիւններէն մէկն ալ այն է, որ ես զանազան բեմերու վրայ հնչեցնեմ մեծ երաժիշտի ստեղծագործութիւնները:
-«Խաչատրեան եռեակ»ը հիմնականը Խաչատրեա՞ն կը կատարէ, թէ կան նաեւ այլ հեղինակներ:
-Մեր նուագացանկը շատ լայն է, բայց մանաւանդ Խաչատրեանի երաժշտութիւնը քարոզելը մեր կարեւորագոյն նպատակներէն է եւ այդ նպատակին ծառայելով, անցեալ տարի մենք ձայնագրեցինք երկու ձայնասկաւառակ, որոնք Խաչատրեանի սենեկային ստեղծագործութիւններն են, այսինքն այս մէկը Խաչատրեանի ժառանգութեան այն մասն է, որ շատ քիչ ուսումնասիրուած է, քիչ կը կատարուի, քիչ կը հնչէ: Մինչ այդ, ես ձայնագրած եմ միայն անոր դաշնամուրային ստեղծագործութիւններէն կազմուած ձայնասկաւառակ մը, որ կը կոչուի «Անյայտ Խաչատրեանը»: Խաչատրեան մէկ կողմէ շատ ճանչցուած եւ շատ նշանաւոր է աշխարհի մէջ, բայց միւս կողմէ ալ կան շատ չբացայայտուած էջեր: Իր ժառանգութիւնը շատ աւելի ծաւալուն եւ մեծ է, քան այսօր կը ներկայացուի: Շատ աշխատանք ունինքն այդ առումով կատարելիք:
-Ինչպէ՞ս կ՚ընդունուին անոր ստեղծագործութիւնները՝ օտար հանդիսականի կողմէ:
-Խաչատրեանի ժառանգութիւնը, իր ստեղծագործութիւնները այնքան անկեղծ եւ մեծ սիրտով գրուած են, որ մէկ անգամէն կը հասնին եւ կը դպչին որեւէ ազգութեամբ երաժշտասէրի հոգիի ամենէն նուրբ լարերուն: Շատ անգամ կատարումներէն ետք մեզի մը մօտենան ու կ՚ըսեն, որ զարմանալի է, թէ հայու ծինը կրող այսպիսի մեծութիւն մը կրցած է ստեղծել այնպիսի երաժշտութիւն մը, որ մատչելի եւ հասանելի է որեւէ ազգութիւն ներկայացնող մարդուն:
-Բազմաթիւ երկիրներու մէջ եղած էք, երբեք չէ՞ք գայթակղած՝ մնալ, աւելի մեծ լսարաններ ունենալու համար, իբրեւ երաժիշտ:
-Ո՛չ, գայթակղութիւն չեմ ունեցած, որովհետեւ այստեղ ինծի միշտ սպասած է իմ աշխատանքս, իմ ընտանիքս, որոնք առաջնային են ինծի համար: Եթէ հնարաւոր է այստեղ ապրիլ, ստեղծագործել, այստեղ աշխատիլ եւ մեր աւանդոյթները, մեր դասական երաժշտութեան ժառանգութիւնը ներկայացնել աշխարհի զանազան բեմերու վրայ, այդ մէկը ամենէն կատարեալ տարբերակն է:
Եթէ ստեղծագործողը կրնայ ապրիլ իր հայրենի հողին վրայ եւ նաեւ շրջագայիլ, ներկայացնել իր արուեստը շատ լաւ է, դժուար է այդ մէկը, բայց ճիշդը այդ է:
-Յաճախ եղա՞ծ է Ձեր հանդիպումներու ընթացքին, որ Հայաստանը Խաչատրեանով ճանչնան:
-Գրեթէ միշտ եւ այդ մէկը արդէն սովորական դարձած է: Հպարտութիւն է այդ եւ նաեւ՝ պարտաւորեցնող: Արամ Խաչատրեան անունը ոչ միայն մեր երաժշտութեան, այլ մեր արուեստի խորհրդանիշն է ամբողջ աշխարհի մէջ: Եւ Արամ Խաչատրեանով կը ճանչնան Հայաստանը, ինչպէս մեծ գրող Հեմինկուէյ ըսած է, Խաչատրեանը հիւրընկալելէ ետք, «իբրեւ կախարդական երկիր մը, որ այնքան գեղեցիկ է»: Այսինքն այդպէս կը ճանչնան Հայաստանը՝ Խաչատրեանի կախարդական հնչիւններու ներքոյ:
-Ի՞նչ կ՚ըսէք աշխարհասփիւռ հայութեան, որ կարօտով համակուած՝ Հայաստանէն միշտ խօսքի, քաջալերանքի կը սպասէ:
-Այդ կարօտը հիմնականը կը լրացուի մշակոյթի միջոցաւ եւ մշակոյթի մէջ ամենէն անմիջական լեզուն երաժշտութիւնն է, որ թարգմանութեան կարիք չունի: Այդ է պատճառը, որ համերգներու ժամանակ շատ գեղեցիկ եւ ամուր կապ կը հաստատուի ունկնդրի եւ լսարանի միջեւ: Մենք բոլորս միասին ենք, կարեւոր չէ, թէ մենք աշխարհի ո՛ր կեէտը կը գտնուինք, մեր երակներուն մէջ նոյն արիւնը կը հոսի, շատ նման ենք մեր մտածելակերպով, եւ մեր յոյսերն ու իղձերը նոյնպէս շատ նման են: Կայ նաեւ բացասական կողմը անոր, որ մենք կ՚ապրինք տարբեր երկիրներու մէջ, բայց ես այդ մէկը կը դիտեմ նաեւ իբրեւ մեզի տրուած դրական հնարաւորութիւն: Մենք կը ներկայացնենք մեր տեսակը զանազան երկիրներու մէջ եւ ամէն տեղ գրեթէ հայերը կը ճանչնան իբրեւ աշխատասէր, ստեղծարար, որպէս շնորհալի ազգի ներկայացուցիչներ: Անշուշտ, այդ մէկը մեծ պատասխանատուութիւն է, բայց միւս կողմէ նաեւ հպարտութիւն: Որեւէ երկրի մէջ հանդիպելով մեր հայրենակիցներուն, ես միշտ հպարտութեամբ լեցուած եմ, որ իրենք կրնան հայու տիպը ճիշդ պահել, մաքուր պահել եւ ներկայացնել օտար շրջանակներուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ