ԿԱՄՈՒՐՋ… -Ե-

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող կապերու եւ կամուրջներու մասին։

Մարդկութիւնը բացի կամուրջներ հաստատելէ՝ այլ ելք չունի։ Կամուրջը մեզ աշխարհին կապող օղակն է։ Մարդը իրականութեան մէջ բնութիւնն իսկ է։ Այս կապը ձեռք կը բերուի «միւսին» միանալու միջոցով: Մարդու նպատակներու հիմքին կը գտնուի մշակոյթի միջոցով ուրիշներու հետ կապ հաստատելը: Մարդը առանձին չէ. կառուցած է կամուրջներ, գոյատեւած է կամուրջներով եւ ան ողջ մնացած է՝ ուրիշի մը հետ կամուրջ կառուցելով։

Ինչպէս աւելի առաջ ալ նշած էինք, հաղորդակցութիւնը մարդկային խնդիրներու լուծման լաւագոյն ձեւերէն մին է: Մենք շեշտեցինք, որ մեր գոյութիւնը կախեալ է մեր հաստատած կապերէն, որոնք պէտք է ապահովենք՝ սկսելով մենք մեզմէ։ Մենք, իրականութեան մէջ, ամբողջութեան մը մաս կը կազմենք։ Երբեմն մենք մեզ կը սահմանափակենք որպէս ազգութիւն, երբեմն՝ որպէս մարզական ակումբ եւ այսպէս շարունակ…

Մենք կեանքի մէջ ոչ մէկ տեղ կը հասնինք՝ առաջնահերթութիւն տալով որոշ խումբին եւ անտեսելով այլ կապերը: Մեր հիմնական խնդիրները նոյնպէս կը բխին մենք մեզի հետ կապ չունենալէն: Կապ հաստատելը՝ վերացնելով սահմանները, անտեսելով մեր վատ կողմերն ու անցեալը՝ մեր զարգացման կը նպաստէ:

 Փիլիսոփայութեան պատմութեան մէջ հազուադէպ է պատմել մարդու բարութեան մասին: Մարդը նկարագրելու ժամանակ տեղ չի մնար լաւին։ Այս վիճակի հիմնական պատճառը այն յանցագործութիւններն են, որոնք մարդը կը կատարէ իր տեսակի եւ իր գոյութեան դէմ։ Մինչ մարդը միշտ սահմաններ գծած է բարութեան եւ իր միջեւ, չէ սահմանափակած չարութիւնը: Ամբողջ աշխարհի մէջ կը տուժեն անմեղ մարդիկ։ Ոմանք սոված են, ոմանք՝ ծարաւ, ոմանք ալ աղքատութեան մատնուած են։ Երբեմն մեզ կը հետաքրքրէ, երբ ուրիշը կը տառապի:

Նոյնիսկ եթէ մարդ չանդրադառնայ իր վարքերուն, ան որոշ արարքներ կը գործէ միայն այն պատճառով, որ խումբի մը մաս կը կազմէ: Իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն գոյութիւն ունեցած է՝ ենթարկուելով այլ հաւաքականութիւններու ազդեցութեան: Մենք անհատ կը դառնանք ուրիշները տեսնելով, յաճախ զանոնք ընդօրինակելով։ Մեր կեանքը կարեւոր է ուրիշի համար եւ այն ինչ, որ կ՚ընէ ուրիշը, կարեւոր է մեզի համար: Այս կապը նկատի ունենալով միայն կրնանք լուծել այն խնդիրները, որոնցմէ կը դժգոհինք։ Երբ կը մեկուսանանք մեր շրջապատէն, կը կորսնցնենք պատասխանները: Երբ կը կտրուինք կեանքէն եւ մենք մեզմէ, չենք կրնար կապուիլ մեր նմանի հետ։ Ինչպէս հնարաւոր չէ մերժել մարդկութիւնը, այնպէս ալ ամէն ինչ չենք կրնար հաստատել։ Սակայն լուծում գտնելը անհնար կը դառնայ, եթէ անտեսենք, որ մեզի դժուար թուացող խնդիրները կապուած են մեզի հետ։ Օրինակ, ինչո՞ւ չարութիւնը չի վերջանար։ Ինչո՞ւ մենք դեռ կը հետապնդենք ճնշողը։ Տարօրինակ կը թուի, որ մարդկութիւնը կը հետեւի ո՛չ թէ արժանիքին, այլ հետաքրքրականին։ Մենք պէտք է մտածենք, թէ որքա՞ն հետաքրքրական է չարութիւնը եւ ինչո՞ւ այսքան տարածուն է։

Չարիքի հիմնական պատճառը անջատումն է։ Մինչ անհատը չի կրնար կապ հաստատել, հասարակութիւնը չի կրնար հասնիլ անոր։ Այնուամենայնիւ, չարը երբեմն կրնայ պատահական ըլլալ: Սա կեանքի ընթացքէն կախեալ է։ Ուղիղ ընթացքի փոխարէն մենք ժամանակ կը յատկացնենք կեանքի քաոսային խառնաշփոթին: Այս պարագային մարդիկ կրնան կասկածիլ իրենց արժէքին կամ արժեզրկել իրենք զիրենք: Ըստ էութեան, պատճառ մը չկայ ուրիշները չարչարել զուտ հաճոյքի համար, բայց կեանքի թոհուբոհի մէջ բոլոր արժէքները ակամայ կը փոխուին։ Մենք կրնանք յարմարիլ հասարակաց կանոններու, իսկ միւս կողմէ նոյնիսկ ընթանալ մեր սեփական գոյութեան դէմ: Այս կէտին չարը ծայրայեղ հետաքրքրական կ՚ըլլայ։ Անհատականութիւնն ու տարբերակումը, որոնց մասին աւելի վաղ խօսած էինք, կը նախընտրեն հետաքրքրութիւնը՝ նոյնիսկ երբեմն չարութեան հետ ամուր կապեր հաստատելով։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շարունակելի…

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2023