ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ…

Այս տարի կը նշուի Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի հիմնադրման 100-ամեակը: Ճիշդ է, որ ան միայն երկու տարի գոյութիւն ունեցած է, սակայն պատմական դեր կատարած է Առաջին հանրապետութեան կեանքէն ներս եւ ինչպէս Առաջին հանրապետութեան դերը, նոյնպէս նաեւ խորհրդարանին դերը անգնահատելի եղած է պետականութիւնը վերագտնելու գործին մէջ:

28 Մայիս 1918 թուականին, անկախութեան հռչակումէն երկու ամիս ետք, ձեւաւորուած է առաջին օրէնսդիր մարմինը, որուն առաջին նիստը տեղի ունեցած է 1 Օգոստոսին:

Ըստ վերլուծաբաններու, այս խորհրդարանը Հայաստանի պատմութեան մէջ, միակ օրէնսդիր մարմինն է, որ ձեւաւորուած է ոչ թէ ընտրութիւններու արդիւնքին, այլ քաղաքական պայմանաւորուածութեան հետեւանքով: Ան նախ կոչուած է Խորհուրդ, ապա՝ Խորհրդարան: Առաջին գումարման առաջին նիստին ներկայ եղած են ականաւոր կրօնական ու ռազմական գործիչներ, միւսիւլմանական ու ռուսական համայնքներու ներկայացուցիչներ, պաշտօնեաներ՝ Օսմանեան կայսրութենէն, Պարսկաստանէն, Ուքրայնայէն, Աւստրա-Հունքարիայէն ու Գերմանիայէն։

Հայաստանի անդրանիկ օրէնսդիր մարմնի առաջին նիստին բացման պատիւը տրուած է դաշնակցական Աւետիք Սահակեանին: Պատմական վկայութիւններուն մէջ կը յիշատակուի, որ խորին լռութեան մէջ բեմ ելած է Աւետիք Սահակեաը եւ արտասանած է բացման ճառը, որ տեղւոյն վրայ թարգմանուած է ռուսերէնի եւ թրքերէնի: Այդ մասին գրուած վկայութիւններ ունի Առաջին հանրապետութեան վարչապետներէն Սիմոն Վրացեան:

«Այս օրը մեզի համար պատմական կը դառնայ եւ կը բանայ լուսաւոր դարաշրջան մը մեր երիտասարդ պետութեան կեանքին մէջ: Այս օրը կը մնայ միշտ յիշատակելի եւ ա՛յն պատճառով, որ առաջին անգամ իրականացած կը տեսնենք, մեր նեղ հորիզոնի սահմաններուն մէջ, գեղեցիկ երազանքն ու ինքնորոշման նուիրական տենչը, թէեւ դժուար պայմաններու մէջ», յայտարարած է Սահակեան:

Խորհուրդի անդամներուն՝ պատգամաւորներուն, անունները ընթերցուելէն ետք առաջին խորհրդարանի նախագահ ընտրուած է նոյնինք՝ Աւետիք Սահակեան, որ պատմութեան մէջ ծանօթ է նաեւ Հայր Աբրահամ անունով:

Յատկանշական եւ եզակի յիշատակութեան արժանի փաստ մըն է, թէ Հայաստանի կիները ընտրելու եւ նաեւ ընտրուելու իրաւունք ստացան Առաջին հանրապետութեան ժամանակ, երբ Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներու մէջ կիները կը պայքարէին այդ իրաւունքին համար: Ֆրանսան, օրինակ, այդ իրաւունքը կիներուն տուաւ 1945 թուականին: 1919 թուականին կայացած առաջին խորհրդարանի ընտրութիւններուն արդիւնքով 80 պատգամաւորական տեղերէն երեքը յատկացուեցան կիներուն: Երեքն ալ Հայ յեղափոխական չաշնակցութեան անդամ էին: Անոնց անունները կը յիշատակուին իբրեւ ազգային-ազատագրական շարժումի նուիրեալներ՝ Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան, Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան եւ Վարվառա Ռոտինեան-Սահակեան: Երեք կին գործիչներն ալ մասնակցած են ոչ միայն խորհըր-դարանական աշխատանքին, այլ նաեւ ներգրաւուած են համաճարակներու դէմ պայքարի մէջ, որբերու խնամքի, նպաստամատոյցի, առողջապահութեան, կրթութեան աշխատանքներուն մէջ:

Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան եղած է Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանի կինը: Անոնք ամուսնացած են 1917 թուականին, երբ Արամ Մանուկեան Երեւանի մէջ Հայոց ազգային խորհուրդի լիազօր-ներկայացուցիչն էր, իսկ Կատարինէն որբանոցին մէջ իբրեւ բժշկուհի կ՚աշխատէր: Այս նշանաւոր զոյգին ամուսնական կեանքը տեւած է երկու տարիէն պակաս, քանի որ 1919 թուականին Արամ Մանուկեան, ինչպէս ծանօթ է, մահացած է բծաւոր տենդէ: Անոր մահէն երկու ամիս անց կինը ընտրուած է Խորհրդարանի անդամ: Կատարինէ, իբրեւ բժշկուհի, նուիրուած է նաեւ որբերու ու գաղթականներու օգնութեան գործին: Ունեցած են մէկ դուստր՝ Սեդա Մանուկեան, եւ երբ Հայաստանը խորհրդայնացած է, Կատարինէ Մանուկեան հետապնդուած է իշխանութեան եկած քաղաքական նոր համակարգին կողմէ, վտարուած է իր տունէն, մանկահասակ դստեր հետ ապաստանած է նախ իր քրոջ բնակարանին մէջ, ապա մեկնած է ռուսական Կրասնոտար քաղաքը՝ Արամ Մանուկեանի ազգականներուն քով: Ան վտարուած է այն տունէն, ուր 1917-1919 թուականներուն ապրած է Արամ Մանուկեանին հետ: Այդ տունը Արամ Մանուկեան նուէր ստացած էր, երբ 1917 թուականին եկած է Երեւան, եւ զինք դիմաւորած են մեծ ցնծութեամբ, իբրեւ 1915-ի Վանի ինքնավար հայկական նահանգի փառապանծ նահանգապետի, իսկ այդ ժամանակ արդէն Արեւելեան Հայաստանի փաստացի ղեկավարի: Երեւանի պատուարժան քաղաքացիներէն մէկը՝ Ֆատէյ Քալանթարեան Արամ Մանուկեանին նուիրած է իր երկյարկանի տունը: Սեւ քարով կառուցուած այդ տունը կանգուն է մինչ օրս՝ Արամի անունը կրող փողոցին վրայ: Երկար տարիներ անտէրութեան մատնուելէ եւ վնասներ կրելէ ետք, այսօր ան ընդգրկուած է «Հին Երեւան» նախագիծին մէջ, եւ նախատեսուած է պահպանել, նորոգել, դարձնել թանգարան, վերականգնել այն միջավայրը, որ եղած է Արամ Մանուկեանի ապրած տարիներուն:

Ինչ կը վերաբերի Արամ Մանուկեանի կնոջ, ապա ան հնարաւորութիւն ունեցած է վերադառնալ Երեւան 1927 թուականին, երբ Հայաստանը բժիշկներու խիստ կարիք ունէր, եւ ինքզինք կրկին նուիրած բժկութեան: Սակայն հետապնդումներու, աքսորի եւ հալածանքներու չարաբաստիկ 1937 թուականին Կատարինէ Զալեան Մանուկեանը դարձեալ կը հեռացնեն աշխատանքէն՝ որպէս արտասահմանի հետ կապ ունեցող «կասկածելի անձնաւորութիւն»: Ճիշդ է, որ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն ան կրկին աշխատած է, սակայն անոր առողջութիւնը հիմնովին քայքայուած էր:

Յետագային դուստրը՝ Սեդա Մանուկեան իր մօրը մասին գրած է.

«Մայրս կրթուած, ազնիւ, իր գործին, իր մասնագիտութեան նուիրուած անձնաւորութիւն մըն էր: Առաւօտեան կ՚երթար աշխատանքի, ճաշին կու գար, զիս կը կերակրէր, ապա նորէն դուռը իմ վրաս կը գոցէր, կ՚երթար ուրիշ աշխատանքի: Այդ էր անոր ամբողջ կեանքը»:

Իր յուշերուն մէջ Սեդա Մանուկեան, որ շատ պզտիկ եղած է, երբ հայրը մահացած է, նաեւ գրած է. «Ծանր տարիներ, դժուար աշխատանք, ամբողջ օրը մայրս մանկատան մէջ կ՚անցընէր, հայրս ալ՝ հասարակական, քաղաքական գործունէութեան մէջ թաղուած, բնականոն ամուսնական ընտանեկան կեանք չունեցան, ինչպէս կ՚ունենան ուրիշներ»:

Ապրելով դժուար, նուիրեալ կեանք մը, Կատարինէ Մանուկեան իր կեանքը վտանգի տակ դրած է բազմաթիւ առումներով, շարունակած է աշխատիլ երկրի մը մէջ, ուր կարգերը փոխուած են, նաեւ՝ իր ամուսինին աճիւնը տեղափոխած է ուրիշ վայր մը:

1919 թուականի Յունուարին մահացած է Արամ Մանուկեան եւ պետութեան ծախսերով ու կաթողիկոսական արարողակարգով յուղարկաւորուած է այժմեան Կոմիտասի անուան հայոց մեծերու դամբարանին տեղը գտնուող Երեւանի քաղաքային գերեզմանատան մէջ։ 1920-ականներու վերջաւորութեան, գերեզմանատան վերացման պատճառով, Կատարինէն մեծ դժուարութեամբ կրցած է իր ամուսինին աճիւը տեղափոխել Կոզեռնի հին գերեզմանոցը (ներկայիս Սիրահարներու այգիին տեղը): Բայց այդ ալ վերջնական վայր մը չէր. Երեւանի նոր նախագիծով վերացուած է նաեւ Կոզեռնի գերեզմանտունը, եւ 1930-ականներու երկրորդ կէսին Կատարինէն, կրկին աներեւակայելի դժուարութիւններով ու գաղտնութեան պայմաններու տակ, կազմակերպած է Արամի աճիւնին վերաթաղումը՝ այս անգամ Թոխմախի գերեզմանոցին մէջ (ներկայիս՝ Քաղաքային պանթէոն), ուր հիմա կը գտնուի Արամ Մանուկեանի գերեզմանը եւ որ դարձած է ուխտատեղի՝ բազում հայորդիներու համար:

Կատարինէ Մանուկեան մահացած է 1965 թուականին: Իր մահէն առաջ իր դստեր ըսած է. «Ես չտեսայ, բայց դուն, ուշ թէ կանուխ, անպայման կը տեսնես այն օրը, երբ մարդիկ կը յիշեն ու կը գնահատեն քու հերոս հայրիկդ: Չի կրնար ըլլալ, որ հայ ժողովուրդը մոռնայ զայն ու անոր ազգանուէր գործերը՝ ես վստահ եմ»:

Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան նոյնպէս յուղարկաւորուած է Երեւան՝ Արամ Մանուկեանին քով, իսկ յետագային ընտանեկան այդ դամբարանին մէջ տեղ գտած է նաեւ անոնց դստեր շիրմաքարը:

Արամ եւ Կատարինէ Մանուկեաններու դուստրը՝ Սեդա Մանուկեան, մինչեւ 1976 թուականը բնակած է Երեւան, ապա տեղափոխուած է Մոսկուա, ուր մահացած է 2005 թուականին՝ 86 տարեկանին: 1998 թուականին ան այցելած է Երեւան եւ Սարդարապատի յուշահամալիրի թանգարանին նուիրաբերած է իր նշանաւոր հօր իրերը եւ լուսանկարները: Այդ իրերը տեղ պիտի գտնեն Արամի հասցէին վրայ բաց-ւելիք թանգարանին մէջ:

Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ եղած միւս կին երեսփոխանը՝ Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանն է:

Ան ծնած է 1886 թուականին՝ Էտիրնէ: Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Ֆիլպէի մէջ (ներկայիս Փլովտիւ): Աշակերտած է Ռոստոմին: Այս դպրոցին մէջ ան գործօն աշխատանք տարած է իր քրոջ՝ Սաթենիկին հետ, եւ անոնք շրջանին մէջ ծանօթ էին իբրեւ Պարտիզպանեան քոյրեր:

Ընդամէնը 16 տարեկանին, երբ եռանդով լեցուն եւ հայրենիքին ծառայելու գաղափարներով ներշնչուած աղջնակ մըն էր, իր ճանապարհին հանդիպած է ապագայ ամուսինին՝ յեղափոխական, ռազմական գործիչ Սարգիս Բարսեղեանին (ծանօթ Վանայ Սարգիս անունով): Սարգիս Բարսեղեանի թելադրանքով Պերճուհին ստեղծած է օրիորդներու խմբակ մը, որ ունէր լուսաւորութիւն եւ յեղափոխական գաղափարներ տարածելու նպատակ: Այնուհետեւ մեկնած է Ժընեւ, գրականութիւն եւ մանկավարժութիւն ուսանելու: Այս շրջանին սկսած է ստեղծագործել՝ Էտնա կեղծանունով: Յետագային անոր պատմուածքները լոյս տեսած են առանձին գիրքով՝ «Փոթորիկէն վերջ» խորագրով, իսկ երկու տարի առաջ Յակոբ Պալեանի խմբագրութեամբ Պէյրութի մէջ տպագրուած է Պերճուհի Բարսեղեանի «Խանձուած օրեր» յուշագրութիւնը:

Ուսումը աւարտելէ ետք Պերճուհի ուսուցչութիւն ըրած է Կիրասունի եւ Վանի մէջ: Անոր եւ Սարգիսին ամուսնական կեանքը կարճ տեւած է: Անոնք ամուսնացած են 1909 թուականին, իսկ Սարգիսը, որ կը վարէր Պոլսոյ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պիւրոյի գործավարութիւնը, 1915 թուականին նահատակուած է: Իր յետագայ կեանքը Պերճուհին նուիրած է զաւկին ու նաեւ՝ մարդոց ծառայելու: Տեղափոխուած է Պուլկարիա, ապա՝ Թիֆլիզ, իսկ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հռչակումէն ետք անցած է Երեւան եւ ընտրուած է խորհրդարանի անդամ: Ան ընդգրկուած է Ամերիկեան խնամատարութեան կոմիտէին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք, Պերճուհի Բարսեղեանն ալ, բազմաթիւներու նման բռնած է գաղթի ճամբան: Որոշ ժամանակ Սոֆիա բնակելէ ետք վերջնականապէս հաստատուած է Փարիզ, ուր պաշտօնավարած է Նանսենեան գրասենեակէն ներս եւ շարունակած է գրական գործունէութիւնը: Մահացած է երկարատեւ հիւանդութենէ ետք՝ 1940 թուականին:

Վարվառա (Վարիա) Սահակեան, որ երրորդ կին անդամն էր Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան խորհրդարանին, Աւետիք Սահակեանի կինն էր: Խորհրդարանի աշխատանքներուն մէջ ան ընդգրկուած է կրթական ծրագիրներու մէջ: Այդ շրջանին ան ծանր կորուստ մը ապրած է՝ անհրաժեշտ դեղերու պակասէն մահացած է իր զաւակը:

Ատոր յաջորդած է Հայաստանի խորհրդայնացումը, ամուսինին բանտարկութիւնը: Փետրուարեան յեղափոխութեան ժամանակ Վարվառան, ամուսինը եւ երկու զաւակները հետիոտն փախած են Թաւրիզ: Այստեղ վեց տարի ապրելէ ետք Սահակեանները փոխադրուած են հարաւային Իրան, յետագային՝ Իրաք: Սակայն կլիման չափազանց վատ անդրադարձած է Վարվառայի առողջութեան վրայ եւ ընտանիքը ստիպուած է տեղափոխուիլ Լիբանան:

Պէյրութի մէջ Վարվառան կըր-կին ներգրաւուած է հասարակական գործունէութեան մէջ՝ մասնակցելով Օգնութեան խաչ կազմակերպութեան աշխատանքներուն: 1932 թուականին ճակատագիրը նոր հարուած մը հասցուցած է այս կնոջ. ան կորսնցուցած է միւս զաւակը, մէկ տարի անց՝ ամուսինը: Այս հարուածները վերջնականապէս հիւծած են Վարվառան եւ շատ չանցած ան կնքած է իր մահկանացուն: Ամուսինն ու ինք յուղարկաւորուած են Պէյրութի մէջ:

Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ կիներու մասին որոշ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել Երեւանի մէջ գործող ՀՅԴ-ի պատմութեան թանգարանին մէջ: Մհեր Մկրտչեանի փողոցին վրայ գործող այս թանգարանը 2007 թուականին բացուած է, սակայն ՀՅԴ-ի պատմութեան թանգարան կազմակերպելու առաջին քայլերը կատարուած են տակաւին 1915 թուականին՝ Ժընեւի մէջ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պիւրոյի որոշմամբ: Երեւանի մէջ գործող այս թանգարանի տնօրէն Անուշ Ամսէեան այցելուները կ՚առաջնորդէ սրահներ, ուր նաեւ կը պահուին Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադիրներու իրերը, լուսանկարները, փաստաթուղթեր, Արամ Մանուկեանի շապիկը, Առաջին հանրապետութեան միւս ականաւոր գործիչներ Ալեքսանտր Խատիսեանի, Համազասպ Օհանճանեանի, Սիմոն Վրացեանի, Արամ Մանուկեանի, Յովհաննէս Քաջազնունիի, Անդրանիկ Օզանեանի անձնական իրերէն: Տնօրէնը կ՚ըսէ, որ թանգարանով ու մանաւանդ՝ Առաջին հանրապետութեան պատմութեամբ հետաքրքրուողները այնքան ալ շատ չեն: Թանգարանի այցելուները կա՛մ կուսակցութեան պատմութեամբ հետաքրքրուողներ են, կա՛մ ալ դպրոցականներու խումբեր:

Թանգարանին մէջ կան նաեւ լուսանկարները Առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ կիներուն, որոնց կեանքն ու գործունէութիւնը առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն միւս գործիչներու կեանքին քով: Ճիշդ է՝ անոնք եղած են կուսակցական գործիչներու կիներ, սակայն կրցած են իրենց անունը ձգել պատմութեան մէջ:

Ի դէպ, այդ նոյն տարիներուն աշխարհի մէջ առաջին կին դեսպանը նոյնպէս հայ եղած է Ճաբոնի մօտ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան դեսպան Տիանա Աբգարը (Անահիտ Աղաբէկեան-Աբգարեան), որու ջանքերով ալ 1920 թուականին Ճաբոնը ճանչցած է Հայաստանի անկախութիւնը:

Ի տարբերութիւն Առաջին խորհրդարանի անդամ միւս կիներու, Պերճուհի Բարսեղեան ձգած է գրական մեծ ժառանգութիւն, որմէ կը տեղեկանանք անոր ապրած ժամանակաշրջանի եւ իր կրած տառապանքներու մասին: Անոր հեղինակած «Խանձուած օրեր» յուշագրութիւնը լոյս կը սփռէ դէպքերու եւ իրադարձութիւններու վրայ, որուն անմիջական մասնակից եղած է ինք՝ Պերճուհին, պոլսահայ հարուստ ընտանիքի զաւակը, որ գաղտնի կը ներշնչուի յեղափոխական գաղափարներով եւ իր կեանքը կը նուիրէ ազգին: Եւ իր վէպ-յուշագրութեան մէջ ալ կը նկարագրէ այն օրերու քաղաքական մտածողութիւնը, ընթերցողին առջեւ կը բանայ պատկերներ սիրոյ, յեղափոխութեան, տեղահանութեան, յոյսի, սպասումի…

Առաջին հանրապետութեան պատմութեան մէջ դեր ունեցած այս կիները, ինչպէս նաեւ նոյն տարիներուն գործած աշխարհի մէջ առաջին կին հայ դեսպանը իրենց գործունէութեամբ ճամբայ բացած են Հայաստանի յետագայ պատմութեան մէջ աւանդ ունեցած կիներու համար: Հայաստանի նորանկախ խորհրդարանի մէջ կիներ նոյնպէս առանձնակի տեղ ունէին:

Առաջին հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն 100 տարի անց Հայաստանի Հանրապետութեան մերօրեայ Ազգային ժողովին մէջ այսօր 105 երեսփոխաններէն 15-ը կիներ են: Հայաստանը կիներ ունի նաեւ կառավարութեան մէջ, կին դեսպաններ՝ աշխարհի չորս կողմը:

Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններէն առաջ եւ տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, անցեալի պատմութիւնը կրկին ոգեկոչելու անհրաժեշտութիւն կայ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 10, 2018