ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՀԱՅ
Զարմանալի հա՜յ...
Զարմանալի՛ հայ։
Պապդ թուրքահայ,
Հայրդ ռուսահայ,
Դուն ֆրանսահայ,
...Զարմանալի հա՜յ...
Սասունում ծնուած,
Պէյրութում ապրած,
Էջմիածնում մեռած…
ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ
Հայ մեծանուն բանաստեղծներու աստղաբոյլ մը, իրենց հրաշակերտ ստեղծագործութիւններուն մէջ բազմիցս տուած են հայու բնութագիրը։ Այդ ստեղծագործութիւններէն ինծի հոգեհարազատ է Գէորգ Էմինի «Զարմանալի հայ» բանաստեղծութիւնը, թերեւս անոր համար, որ ես եւս՝ ներկայիս «Զարմանալի հայ»ու մը ապրելակերպ կը վարեմ՝ ծնած՝ Արցախ, Երեւան ուսանած, միտքս ու հոգիս բանտարկած հայրենեայց հողին մէջ՝ այժմ կը բնակիմ Պոլիս։
Յաճախ ինքզինքիս հարց կու տամ. ո՞վ ենք մենք, ուրկէ՞ կու գանք եւ դէպի ո՞ւր կ՚երթանք. սակայն պատասխանը չեմ կրնար գտնել։ Թէպէտ հայու մասին շատ կարդացած ու լսած եմ, սակայն օր ըստ օրէ կը բացայայտեմ նորանոր հայեր, որոնք կու գան լրացնելու իմ հիացումը մեր ազնուաբարոյ ազգի բնորոշումին՝ առթելով վեհ զգացումներ։ Ոմանք ալ կը մրոտեն, սեւ բիծ մը կը ձգեն սիրասուն ազգիս անունին վրայ։
Կը զարմանամ, թէ ինչպէ՞ս երկու հայ՝ մետայլի երեսակներուն պէս կրնան տարբեր ըլլալ։ Զոր օրինակ՝ մէկը կառչած է իր լեզուին, մշակոյթին ու աւանդոյթներուն, իսկ միւսին համար գայթակղեցուցիչ է օտարացումը, օտար բարքերը։ Հարկաւ, պէտք չէ կառչած մնալ մեր լեզուին ու մշակոյթին, Հայաստանէն զատ աշխարհ չճանչնալ։ Ընդհակառակը՝ պէտք է մեր ունեցած ազգային անգին արժէքներն ու մշակոյթը յղկել, անոնց թարմութիւն հաղորդել։ Մեր ոսկեղնիկի փայլքը չխամրեցնել, անոր նոր շունչ հաղորդելով գործածե՛լ ու սերունդներուն ժառանգել։ Այժմու դարուն մէջ լեզուներ սորվիլը, գիտնալը պայման է։ Չէ՞ որ որքան լեզու գիտնաս, այնքան մարդ ես։ Սակայն, մի՛տքդ մայրենիով պիտի խորհի, երեխա՛դ մայրենիով պիտի սիրես, սէ՛րդ ու բարկութի՛ւնդ մայրենիով պիտի արտայայտես։ Բաց աստի, հաւատարիմ մնալով ազգայինի տարրերուն, հարեւան ու աշխարհի յառաջադէմ երկիրներէն պիտի քաղենք, պիտի զտենք լաւագոյնը՝ զարկ տալով արդիական ու իւրատիպ արժեհամակարգի մը ստեղծման։
Այո՛, այո, այդ մե՛նք ենք, որ արհաւիրքներու մէջէն ճողոպրելով, դարերու խորքէն եկող Հայկ Նահապետի, Քաջ Վարդանի սերունդներն ենք, որ իրարու միշտ թեւ ու թիկունք եղած ենք, պայքարի միջոցաւ մեր գոյութիւնը պաշտպանած ենք։
Մեր ազգային առանձնայատկութիւնները լաւագոյնս շեշտուեցան վտանգի, կորուստի պահուն, երբ ամէն անգամ ոսոխներու դէմ բռունցք մը դարձանք ու անհրաժեշտութեան պարագային, վստահ եմ, թէ նորէն պիտի դառնանք։ Կորուստի վտանգը մեզ կը համախմբէ, վախի զգացումը ի չիք կը դառնայ։ Մենք այն ազգն ենք, որ յանուն հայրենիքի պատրաստ է կեանքը զոհելու։ Յայտնի է, թէ այսօր բազմաթիւ հզօր, աշխարհակալ ազգեր ու տէրութիւններ լոկ պատմութիւն դարձած են, անոնց անդամները ներկայիս կ՚ապրին զանազան պետութիւններու կազմին մէջ, կորսնցնելով լեզուն, աւանդոյթը, կրօնն ու մշակոյթը գրեթէ միաձուլուած են տեղացիներու հետ։ Իսկ մենք՝ հայերս, որ բազմիցս կորսնցացած ենք մեր պետականութիւնը, տասնամեակներ, նոյնիսկ դարեր շարունակ գտնուած ենք օտարի լուծի տակ՝ արիւնոտ դարերու սարսուռի մէջէն անցնելով ու անսասան մնալով, կեանքի գնով հաւատարիմ մնալով Աստծուն, պահպանելով մեր անգին գոհարներն ու մշակոյթը, այսօր նորէն մեր հողերուն տէրն ենք։ Ունինք գրեթէ երեք հայկական պետութիւն՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք։
Սփիւռքը չակերտեալ պետութիւն կ՚ընկալեմ, քանզի ան մեր երկու հայկական հանրապետութիւններուն նեցուկն է՝ զօրավիգը։ Շնորհիւ Սփիւռքի տարած անխոնջ աշխատանքին, մեր երկիրը աւելի ու աւելի կը բարգաւաճի։ Հայաստանի պայծառ ապագան՝ իւրաքանչիւր հայու երազն է։
Երբեւէ խորհած էք, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ի՞նչ ըրած է, կամ ի՞նչ կ՚ընէ իր ազգին ու Հայաստան աշխարհին համար, ինչպիսի՞ երկիր պիտի փոխանցէ գալիք սերունդներուն։ Ամէն հայ կ՚երազէ հզօր, հարուստ ու զարգացած Հայաստանի մասին։ Նման Հայաստան ունենալու համար, պէտք չէ որ մեր յոյսը կապենք սփիւռքին հետ, կամ այս ծանրութիւնը պարտինք երկրի նախագահին, բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, ազգի երեւելիներուն… ենք, որ անաղարտ պիտի պահենք մեր լեզուն, մշակոյթը, վարքն ու բարքերը։ Հեռու պիտի մնանք կաշառակերութենէ, բանսարկութիւններէ, շինծու գայթակղութիւններէ։ Մեր հանապազօրեայ հացը սեփական ճակտի քրտինքով պիտի վաստակինք։ Չէ՞ որ աշխատաւորի գործը, մաքրութիւն ընելը, փողոց աւլելն ու նմանատիպ աշխատանքները ամօթալի չեն։ Ամօթը՝ գողութիւն, ժուժկալութիւն ընելն է, ինչ-ինչ պատճառներով շիտակ ուղիէն շեղուիլը, մարդոց վստահութիւնը չարաշահելը։ Թո՛ղ այս տեսակ արատները վերանան մեր ազգամիջէն։
Սիրելիներս, եկէ՛ք, հայու անունը աշխարհի զանազան հարթութիւններու վրայ բարձր պահենք, որպէսզի օտարը յարգանքէ դրդուած մեր առջեւ գլուխ խոնարհէ։ Եկէ՛ք, մեր օրինակով վարակիչ ըլլանք աշխարհի համար։ Թո՛ղ ազգերը մեզմէ ընդօրինակեն մեր ազգային արժէքները, անոնց համար օրինակելի ըլլայ մեր մարդկային տեսակը. որպէսզի մենք ո՛չ թէ զէնքով ու սպառազինութեամբ սաստենք աշխարհը, այլեւ՝ մեր բարոյական բարձր նկարագիրով։ Որպէսզի նոյն վերտառութեամբ դարձեալ գրուի Գէորգ Էմինի հայը բնութագրող ցաւալի ու գեղեցիկ բանաստեղծութիւնը, ուր այս անգամ աշխարհը պիտի զարմանայ ու հպարտանայ հայու ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ տեսակին վրայ։
Սիրելիներս, եկէ՛ք, սկսինք մենք՝ մեր անձերէն…
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ