ԲԱՌԵՐՈՒ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
«Որեւէ խօսք ըսելէ առաջ լաւ մտածէ: Բառերը կերտելու եւ կործանելու զօրութիւնը ունին: Այլապէս անոնք անջրպետի մէջ կ՚ոչնչանան» (Անծանօթ):
«Բերնէդ ելածը ականջդ թող լսէ» (ժողովրդային ասացուածք):
«Մարդ իր լեզուէն կը բռնուի» (ժողովրդային ասացուածք):
Բառերու հետ շփուելով, անոնց դրական եւ բացասական կողմերը ճանչնալով, մարդիկ վերոյիշեալ ասացուածքները եւ անոնց նման խօսքեր յօրիներ են: Բառը իր մէջ զօրութիւն կը պարփակէ: Պատերազմներու ընթացքին զօրավարը իր զինուորները կը խրախուսէ քաջալերական բառերով: Ցաւն ու տառապանքը կը նուազին մխիթարական բառերով: Ուրախութիւնը կը կրկնապատկուի դրական բառերով: Գիտութիւնը կ՚աճի ու կը զարգանայ բառերու յաւելումով: Տգիտութեան խաւարը կը թանձրանայ բառերու նուազումով: Այս ցանկի շարունակութիւնը կը թողում ձեզի, իսկ ես մի քանի պարզ գաղափարներով իմ միտքս կը շարունակեմ:
Ապրիլեան ամիսը հայերուս հաւաքականօրէն ամենաշատ բա-ռեր գործածած ամիսն է: Գործածուած բառերը ընդհանրապէս շինիչ գաղափարներ կերտող են: Սակայն դժբախտաբար կան նաեւ բառեր, որոնք կ՚արտասանուին պարզապէս անջըր-պետի ոչնչութեան մէջ տեղ մը գրաւելու համար: 100-ամեակի բնաբանը եղաւ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»՝ դրական բառերը: Այս բառերը եկան փոխարինելու «Չեմ մոռնար եւ չեմ ներեր» ոչ այնքան դրական բառեր: Ինքնին «չ» տառը ժխտական մասնիկ է: Եւ տրամաբանութիւնը կը սորվեցնէ, որ ժխտականէն դրական չի ծնիր: «Չեմ մոռնար եւ չեմ ներեր» բառերը ոչ մէկ ներգործական զօրութիւն ունին. անոնք պարզապէս կրաւորական դիրքորոշում մը կը ներկայացնեն: «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» բառերը աշխատանք կ՚ենթադրեն (խօսքիս շեշտը դրական բառեր գործածելու մասին է): Աղէտի օրերու վկայ հեղինակը՝ Աւետիս Ահարոնեան ըսած է. «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ կարդայ հայուն նախատինք»: Ի՞նչ կը նշաակէ «չմոռնալ»: Առաւել՝ ե՞րբ, ո՞ւր եւ ի՞նչ պարագաներու մէջ ըսուեցան այս բառերը: Կարելի՞ է ամէն ժամանակներու բնաբան դարձնել զայն:
«Չմոռնալ» բացասական բառը ունի իր «կը յիշեմ» դրական երեսը: «Յիշել» կը նշանակէ «գործել»: Այս իմաստով «գործ» կը նշանակէ արդարութիւն եւ փոխ-հատուցում հայ նահատակներու արեան ու վերադարձը հայկական հողերուն: Նոյն ճշմարտութիւնը կրնանք դրական բառերով արտայայտել: Բայց ինչո՞ւ համար կը նշեմ այս բոլորը: Եթէ հետեւեալ բառերը թարգմանաբար ներկայացնենք օտարներուն՝ վրէժ, արիւն, զէնք, կռիւ եւ այլն, ի՞նչ կ՚ըլլայ անոնց տպաւորութիւնը հայոց հանդէպ: Իսկ եթէ ըսենք արդարութիւն, փոխհատուցում, սրբադասուած նահատակներ եւ այլն, այս պարագային ի՞նչ կ՚ըլլայ անոնց կարծիքը: Մէկը կրնայ հայաբար մտածել եւ ըսել՝ որու հոգը, ինչ կ՚ուզեն թող մտածեն օտարները: Եթէ այդպէս է, ինչո՞ւ համար հապա բոլոր ջանքերը՝ որպէսզի հայկական հարցը օտարին լսցնենք եւ անոր հաւանութիւնը առնենք:
Հայը աշխարհի ամենահին ազգերէն է: Ան ունի հարուստ եւ փառապանծ պատմութիւն: Անզուգական եւ հոյասքանչ մշակոյթ: Ան ունի նաեւ ցաւ եւ վէրք: Ցաւին եւ վէրքին պէտք է դիտել, որպէս վերոյիշեալ պատմութեան եւ մշակոյթի տէր զաւակները: Մեծն Տիգրան իր կայսրութիւնը հիմնեց, որպէսզի քաղաքակրթութիւն սորվեցնէ խաւարի մէջ խարխափող ժողովուրդներու: Մենք այդ հզօր արքաներու շառաւիղէն ենք: Մենք քաջ Վարդանի թոռներն ենք: Մենք Բագրատունիներու 1001 եկեղեցիներու Անիի իսկական տէրերն ենք: Կիլիկեան աշխարհի Ռուբինեաններու արեւի շողերն ենք: Մենք աշխարհը իր աղօթքներով հմայած Նարեկի զաւակներն ենք: Մենք արի եւ արդար մարտիկներ ծնող ազգ մըն ենք: Որպէս այդպիսին «արդարութիւն» կը պահանջենք եւ ոչ «վրէժ»: «Կեանք» կ՚ընտրենք եւ ոչ «մահ»: Մեր պահանջքն է՝ արդարութիւն եւ փոխհատուցում մեր սրբադասուած նահատակներուն արեան եւ մեր ազգին ու Հայրենիքին բարօրութիւնը: Այս բոլորը մենք պիտի կատարենք հայօրէն եւ հայավայել դրական բառեր գործածելով:
Այս իմաստով մարդ նոյնիսկ իր անձնական կեանքին մէջ պէտք է դրական բառեր գործածէ: Օրինակի համար՝ կարելի՞ է զաւկիդ «դուն յիմար ես» ըսել եւ սպասել, որ իմաստուն ըլլայ: Կամ «ես չեմ կրնար յաջողիլ» ըսել եւ յաջողութիւն ակնկալել: Բառերը կը ստեղծեն այն աշխարհը, որու մէջ կ՚ապրինք:
Օմար Մըխթար իտալական զօրքերու դէմ լիպիական դիմադրութեան ղեկավարն էր 1912-1931-ին: Օր մը ճակատամարտէ մը ետք, անոր մարտիկներէն մէկը կը մօտենայ իրեն եւ կ՚ըսէ. «Իտալացի գերիներ բռնեցինք, ի՞նչ ընենք անոնց»: Ան կը պատասխանէ՝ «կերակրեցէք, ջուր տուէք եւ շուքին պահեցէք զիրենք»: «Բայց տէր»,- կը պատասխանէ մարտիկը,- «անոնք մեր գերիներուն հետ շատ վատ կը վարուին»: «Իսկ քեզի ո՞վ ըսաւ, որ իրենք մեր ուսուցիչներն են», կ՚ըլլայ ղեկավարին պատասխանը:
Մեկնութիւնը ձեզի կը թողում:
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ