«ՀՐԱՒԷՐ ԱՂՕԹՔԻ»
Ըսուած խօսք է, թէ ընթերցումը շարժում, հոգեշարժ, սրտաշարժ, կեանք, հաղորդութիւն է. երբեմն յուզում, երբեմն վերթեւում, երբեմն վերասլաց ձգտում, երբեմն խաղաղ վայելում, երբեմն բողոք ու ընդվզում, երբեմն խոկում ու որոնում, երբեմն գիւտ ու երջանկութիւն է։
Ո՞ւր է հայ մարդը, հայ երիտասարը այսօր՝ հայ գիրքին դիմաց։ Անտե՞ս, հանդիսատե՞ս, անփո՞յթ, անհաղո՞րդ, թէ՞ սիրախոյզ ու հետախոյզ, ընթերցող ու որոնող, սպասարկու եւ տարածող։
Հարցադրումներ, որոնք պէտք է քրիստոնեայ հայորդին կատարէ իր կենսընթացի երթուղիներուն մէջ։ Հարցումներ, որոնք ուղղուած են իւրաքանչիւր հայու, որ իր հայութիւնը եւ քրիստոնէութիւնը կ՚ուզէ ապրիլ վաւերականօրէն, ճշմարտօրէն եւ լիօրէն։ «Ով որ հայ գիրք կը կարդայ՝ աւելի հարազատօրէն հայ կը զգայ, նման այն մարդուն որ ջուրը ակէն կը խմէ, զով ու զուլալ։ Ընթերցո՛ւմն է միակ ճամբան դէպի «Աղբիւրը Լոյսին» (Գարեգին Ա. Կաթողիկոս)։
Հայ մշակոյթին, հայ գիրին ու հայ գիրքին նկատմամբ բուռն սէր տածող անձնաւորութիւններէն մին կը հանդիսանայ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը։ Սրբազան Հայրը ունի բազմաթիւ աղօթաշունչ եւ ուսուցողական գիրքեր, որոնք հարստացուցած են Հայ Եկեղեցւոյ գանձարանը։ Նախանձախնդիր առաքելութեամբ ծառայող Սրբազանը, իր ողջ էութեամբ ինքզինք նուիրաբերած է հայ գիրին ու Աստուծոյ խօսքին՝ պապակ հոգիները աստուածպաշտութեան խորհուրդով յագեցնելու համար։ Իր գրիչով ցայսօր կը հերկէ շատերու հողերը՝ անոնց սրտերուն մէջ ցանելով քրիստոնէական եւ բարոյական արժէքներու բարի սերմերը։ Իր խորիմաստ տողերով մարդոց բարոյական ենթահողը հաւատաբոյր խրատականներով կը մշակէ՝ զանոնք հեռու պահելով օտարածին բարքերէ եւ օտարընկալ երեւոյթներէ։ Իր աղօթամրմունջ մտածումներով առողջ հաւատքի հոգիները կը պատուաստէ՝ ի խնդիր ուղիղ դաւանութեան եւ աստուածգիտութեան լոյսի տարածման։
«Հրաւէր Աղօթքի» հայերէն եւ անգլերէն երկլեզու գրքոյկը աղօթքի փունջ մըն է, ուր Սրբազան Հայրը հայախօս եւ անգլիախօս ընթերցասէր հաւատաւորները կը հրաւիրէ հոգեպէս ու մտապէս նաւարկելու խորհրդածութեան ովկիանին մէջ եւ ըմբոշխնելու քրիստոնէական հոգեմտաւոր գանձերը։ Յովնան Սրբազանը սոյն գրքոյկի միջոցաւ եւ աղօթքի ընդմէջէն կը խօսի երկնաւոր Հօր Աստուծոյ հետ, խնդրելով, որ Ամենակալը իր հոգիին ծալքերուն մէջ սերմանէ աստուածային սիրոյ կրակն ու ճառագայթները՝ մարդոց կեանքին մէջ կարեկցանք, սէր ու գութ բերելու համար։
Երբ ընթեռնունք 81 էջերէ բաղկացած սոյն գրքոյկը, պիտի հասկնանք, որ Գերաշնորհ Սրբազանը ցոյց տուած է, թէ աղօթքը առանձնաշնորհեալ այն անխոչընդոտ ճանապարհն ու միակ միջոցն է, որ մարդ արարածս իր Արարիչին հետ ուղղակի եւ յարատեւ յարաբերութեան մէջ կը դնէ, երկրայինը երկնայինին հաղորդակից կը դարձնէ, մարմնեղէնը հոգեղէնին կը բարձրացնէ, հունաւորը Անհունին կը մօտեցնէ։ «Աղօթքը՝ մեր հոգեւոր կեանքին մէջ խմորում մըն է, որ մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի Աստուած եւ փոխադարձաբար կը զգանք նաեւ Աստուծոյ այցը մեզի», դիտել տուած է Սրբազանը իր յառաջաբանին մէջ։
Բանանք գրքոյկը եւ սկսինք Սրբազան Հօր մտքի ու հաւատքի կութքէն պատառիկներ կարդալ.
«Ձայնն ես խաղաղութեան խռովեալ բոլոր հոգիներուն, որոնք ուղեկորոյս Քեզ կը փնտռեն եւ Դուն կը դառնաս նաւահանգիստը փոթորկած ծովուն։ Ու երբ Քեզի հետ է միութիւնը մարդուն, Դուն կը շարունակես ըլլալ հոգիիս մագնիսը, որուն հետ հպում ունեցած մարդը կ՚ապրի լուսաւորումը իր հոգիին։ Ներքին ձայն մըն ալ իմ էութեանս մէջ կը ներբողէ փառքդ անհասանելի, բայց կը շարունակեմ վայրկեան առ վայրկեան քայլերս ուղղել դէպի Քեզ, որովհետեւ ինչքան կը մօտենամ Քեզի, այնքան յաւէտ կը կորչին խաւարի ճանապարհները մեր շուրջին տարածուած»։
Սրբազանը իր պայծառ իմացականութեամբ ու ողջամտութեամբ, հաւատքի ջերմեռանդութեամբ կը հաստատէ, թէ ապրումով մատուցուած ճշմարիտ աղօթքը մարդս բոլորովին կը կտրէ արտաքին աշխարհէն ու աշխարհայինէն, նիւթէն ու նիւթականէն եւ կը վերացնէ ու Աստուծոյ դէմ յանդիման կը հանէ։ Իսկ մարդ արարածը Աստուծոյ կատարելութեան եւ ամենազօրութեան դիմաց ինքզինք կը տեսնէ իր բոլոր թերութիւններով ու տկարութիւններով եւ Աստուծոյ լուսակաթ սրբութեան դիմաց ինքզինք կը ճանչնայ իր բովանդակ մեղանչականութեամբ ու մեղսածին աղտեղութիւններու մուրով։ Ահա թէ ի՛նչ Սրբազանը իր սրտի խորքէն կը բարբառի.
«Տեսողն ամենայնի, բարին սերմանող Աստուած իմ, Քեզի կ՚ուղղեմ սլաքն իմ աղօթքներուն, որպէսզի կեանքս մշտապէս կամրջուի Քեզի հետ։ Դուն կը կարդաս խորքը իմ հոգիին ու այնտեղ կը ցանես սերմերն Քրիստոսի աւետարանին։ Ու ես կ՚ուխտեմ պարարտ հողը Քու ոսկի պատգամներուն, որոնց սնունդը՝ անմահական ջուրն է իմ հոգեւոր կեանքին։ Բարեաց աղբիւրն ես Տէր Աստուած, ու ես անյագօրէն կ՚ուզեմ բանալ հոգիս, որպէսզի անդ տեսնեմ Քեզ, զի Դուն ես հայելին իմ էութեանը»։
Յովնան Սրբազանը ունի ինքնուրոյն ոճ, մատչելի ու դիւրահաղորդ լեզու, մաքուր եւ բարի սրտէ բխած խօսքեր։ Անոր աղօթքները թէեւ պարզ են, բայց իրենց բովանդակութեամբ բնորոշ, խոր ու տարողունակ են, իսկ փոխաբերութիւնները դիպուկ են, համեմատութիւնները՝ տեղին եւ հասանելի բոլոր քրիստոնեայ հայորդիներուն։ Երբ կարդանք աղօթասաց Սրբազան Հօր աղօթք-մտորումները, պիտի տեսնենք, թէ Առաջնորդ Սրբազանը հեծող սրտի կոծով ու հառաչանքով կը խնդրէ Աստուծոյ՝ ձեռք կարկառելու իրեն, թողութիւն շնորհելու իր մեղքերուն, լոյս տալու իր մտքին ու քայլերուն, յոյսով, հաւատքով ու առաքինութեան զէնքերով զինելու զինք ընդդէմ փորձութիւններուն ու փորձիչին, սէր հեղելու իր սրտին մէջ եւ իմաստութեամբ լեցնելու զինք։
Ուսուցողական եղանակով, հարազատ պատկերներով, տպաւորիչ համեմատութիւններով եւ աստուածաշնչեան հաստատումներով, Սրբազանը լոյս կը սփռէ մեր բանականութեան ու հոգիին վրայ՝ ընդգծելով լոյսի թագաւորութեան ուղին.
«Թագաւորն ես թագաւորաց Տէր իմ Աստուած, ու Քեզի կը բանամ հոգիիս առագաստները, որպէսզի ստուգապէս հասնիմ անհունին մէջ տարածուած մեծութեանդ։ Եւ հոգիիս առագաստները աղօթքներս են մշտարթուն հաւատքին, որուն մէջ է նաեւ կեանքս։ Դուն լոյսի աղբիւր, յոյսի փարոս, խաղաղութեան շունչն ես բոլորիս մէջ, երբ մութին մէջ թաւալգլոր է մարդկութիւնը։ Եւ երբ դէպի Քեզ կ՚ուղղէ հոգիս իր ձայնն աղօթքի, ահա այն ժամանակ լոյսը կը դառնայ ծովացում իմ էութեանը մէջ եւ յոյսի փարոս կը դարձնեմ կեանքս իմ նմանակիցներուն, ու կ՚ուզեմ անյագօրէն բաշխել բոլորին խաղաղութեան պատգամը»։
«Հրաւէր Աղօթքի» գրքոյկին մէջ Յովնան Սրբազանը շեշտած է նաեւ աստուածային խօսքի ճշմարտականութիւնը, փրկարար դերակատարութիւնը, հաստատութենականութիւնն ու յաւերժականութիւնը։ Քրիստոսաբոյր խաղաղութեան ձեռքբերման, քրիստոնէավայել կեանք մը ապրելու, Աստուծոյ ուղեկցութիւնը վայելելու եւ յաւիտենական ու գնայուն աստուածաշնորհ բարիքներ վայելելու համար՝ ճշմարիտ դեղագիրը Աստուծոյ խօսքն է, որ կ՚ուսուցանէ, կը յանդիմանէ եւ կ՚ուղղէ հաւատաւոր քրիստոնեան՝ պատրաստ գտնուելու ամէն տեսակի բարի գործերու։ Առաջնորդ Սրբազանը ապաւինելով Տիրոջ խօսքին՝ աղեխարշ կը խնդրէ Աստուծմէ.
«Յաւիտենականութիւնն ես Դուն, Աստուած իմ, եւ խոնարհումով աղօթք կը վերառաքեմ Քեզի, որպէսզի հոգիիս թռիչք պարգեւես բարձրանալու դէպի Քեզ եւ անհունութիւն։ Ինչքան իմ հոգու հայեացքը կ՚ուղղեմ դէպի Քեզ, այնքան իմ էութիւնս կը խորասուզուի իմ հոգուս խորերը, որպէսզի ապրիմ խոնարհ սրտով, բարին գործելով տենչով, ներողամտութեան զգացողութեամբ պարուրելու միտքս, մարդկանց մէջ տարածելու Քու կենարար խօսքդ, որ կը ճառագայթէ Աստուածաշունչ Մատեանէն, լոյս բերելու ու իմաստութիւն մատակարարելու մարդկանց մտքին»։
«Հրաւէր Աղօթքի» աղօթագիրքը գրուած, հասցէագրուած եւ նուիրուած է իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հայու։ «Հրաւէր Աղօթքի» գրքոյկը կը դառնայ իսկապէս աղօթք, երբ հայ երիտասարդը զայն իր հոգիի շուրթներով կարդայ եւ արտաբերէ։
Մաղթող ենք, որ Սրբազան Հօր գրիչը միշտ դալար մնայ եւ այսպիսի օգտաշատ գրքոյկներով հարստացնէ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ գանձարանն ու հայ երիտասարդին հոգեիմացական արժէքները։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024