Կ.ՊՈԼՍՈՅ ՀՄԱՅԻԼՆԵՐՈՒՆ ՀՄԱՅՔԸ
Մաշտոցեան մատենադարանի հմայիլներուն ցանկը համալրուեցաւ եւս երկուքով: Անուանի քարտէսագէտ Ռուբէն Գալչեան (Գալիչեան) օրերս Մատենադարանին նուիրեց երկու ժապաւէնաձեւ հմայիլ՝ մէկը ձեռագիր, միւսը՝ հնատիպ: Նուիրաբերուած ձեռագիր հմայիլը կը թուագրուի 18-րդ դարուն, հնատիպը՝ 1717 թուականին: Վերջինս տպագրուած է Կ. Պոլիս, Աստուածատուր Կոստանդնուպոլսեցի տպարանին մէջ եւ զարդարուած է հայ առաջին փորագրանկարիչ Գրիգոր Մարզուանեցիի ստեղծագործութիւններով:
Կ.Պոլսոյ մէջ տպագրուած եւ հեռաւոր 18-րդ դարէն մեր օրեր հասած հմայիլները այսօր ալ կը շարունակեն հետաքրքրել գիտնականները, ուսումնասիրողները, եւ անոնք իրենց բովանդակութեամբ տակաւին խորհրդապաշտական կը մնան:
Այսպէսով, հմայիլներու ամենամեծ պահոցը՝ Մաշտոցեան մատենադարանը հարստացաւ հայ մշակութային ժառանգութեան եւս երկու ինքնատիպ նմոյշով: Նուիրատուն՝ հայոց պատմութեան, մշակոյթի գործիչ Ռուբէն Գալչեան բրիտանա-իրանցի աշխարհագրագէտ եւ քարտէսագէտ-քարտէսաբան է, գրած է բազմաթիւ գիրքեր՝ Կովկասի պատմութեան ու քարտէսագրութեան մասին, հեղինակած է քարտէսագրական յօդուածներ, որոնք տպագրուած են աշխարհի զանազան ամսագիրներու մէջ, դասախօսած է Եւրոպա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Իրան, Հայաստան եւ այլուր։
Հայկական պատմական քարտէսագրութեան մատուցած ծառայութիւններու համար Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ կողմէ ստացած է պատուաւոր տոքթորի կոչում։ 2009 թուականին ալ ստացած է «Վազգէն Ա.» մշակութային նուաճումներու շքանշան։
ԱՄԵՆԱՄԵԾ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ
Մաշտոցեան մատենադարանէն ներս կը պահուի մօտաւորապէս 600 միաւոր հմայիլ, որոնց մէջ ամենէն հնագոյնը ստեղծուած է 1428 թուականին՝ Մուֆարղինի մէջ (Տիարպաքըրի նահանգ), Սիմէոն դպիրի կողմէ: Հայկական հմայիլներու խոշոր հաւաքածոյ կը գտնուի նաեւ Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքէն ներս, ուր կը պահուին 57 ժապաւէնաձեւ հմայիլներ: Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ նոյնպէս հմայիլներու արժէքաւոր հաւաքածոյ կայ: Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ՝ Մխիթարեաններու միաբանութեան մէջ, կը կայ 44 ձեռագիր հմայիլ, հմայիլներ ունի նաեւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւնը: Հմայիլներ կան Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին, Հայաստանի Ազգային գրադարանին, աշխարհի զանազան գրադարաններու եւ թանգարաններու հաւաքածոներու մէջ, ինչպէս՝ Լոնտոնի Բրիտանական գրադարանին, Փարիզի ազգային գրադարանին եւ այլ մշակութային կեդրոններու մէջ: Մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ ալ իրենց կարեւոր տեղն ունին այս շատ ինքնատիպ մշակութային արժէքները՝ հմայիլները (համայիլ): Անոնք իրենց նշանակութեամբ աղօթքներու, աղերսներու, մաղթանքներու հնամենի նշանագրեր են, ունին պահպանիչ-բուժիչ նշանակութիւն, եւ ըստ աւանդութեան, հեռու կը պահեն փորձանքներէ։ Հմայիլները որպէս կանոն պահուած են կտորէ կարուած կամ կաշիէ պատեաններու մէջ, երբեմն նաեւ փայտեայ կամ մետաղեայ տուփերու մէջ, որոնք կոչուած են կշտապանակներ։
Հմայիլներ ստեղծուած են տակաւին հեթանոսական ժամանակներուն։ Հին ժամանակ ատոնք եղած են մագաղաթներու, զարդերու, հմայական խորհրդանիշներով փորագրուած կիսաթանկարժէք քարերու ու փայտեայ չարխափաններու տեսքով:
Հեթանոսական հաւատալիքներու համաձայն, հմայիլները պատրաստուած են յատուկ ծէսով՝ լռութեան մէջ, կամ մոգական աղօթքներով, պատրաստող վարպետը իր խօսքով պէտք չէ խափանէր թալիսմանի կախարդական ուժը։ Մարդիկ հաւատացած եղած են, որ ատոնք պահպանած են չարիքէ եւ յաջողութիւն ու բարօրութիւն պարգեւած են: Առարկային մոգական ուժ հաղորդելու հիմքին մէջ, առհասարակ, մարդկային վախը եւ նախապաշարումներն են: Հմայիլները, ինչպէս նաեւ հուռութքները, չարխափանները, աչքաուլունքները հնագոյն ժամանակներէն լայն տարածում ունեցած են աշխարհի գրեթէ բոլոր ազգերու եւ ժողովուրդներու մօտ, ինչպիսիք են՝ հին եգիպտացիները, հին բաբելացիները եւ ասորեստանցիները, սամարացիները, ղպտիները, եթովպացիները, փիւնիկեցիները, հրեաները, արաբները, պարսիկները, չինացիները եւ այլն: Իբրեւ բառ ան նոյնպէս հնագոյն ծագում ունի. ծագած է պահլաւերէն humav (միջին պարսկերէն՝ humav թարգմանաբար՝ օրհնեալ) բառէն:
Հմայիլներուն առաջին օրինակները երեւան եկած են հին Եգիպտոսի մէջ, անոնք պատրաստուած են եգիպտացիներու համար սրբազան համարուող կոյաբզէզի ձեւով:
Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւն ընդունելէ ետք հմայական թալիսմանները պահպանած են իրենց նշանակութիւնը եւ փոխարինուած են քրիստոնէական հմայագիր աղօթքներով։ Միջնադարեան հմայիլները ոլորուած մագաղաթներ են, որոնց վրայ գրուած են բուժիչ պահպանիչ աղօթքներ եւ զարդարուած են մանրանկարչական նախշերով ու քրիստոնէական սուրբերու պատկերներով։ Փաթեթը կամ գալարը իր արմատներով կը հարէ հնագոյն մոգական փորձին, ըստ ատոր, այդ ձեւով փաթթուած աղօթքը կամ անէծքը արտաքին անբարենպաստ ազդեցութիւններու ենթակայ չէ եւ այդ իսկ պատճառով մեծ ուժ ձեռք կը բերէ:
ԺԱՊԱՒԷՆԱՁԵՒ ՀՄԱՅԻԼՆԵՐԸ
Մատենադարանին մէջ պահուող ժապաւէնաձեւ հմայիլներու ամենամեծ հաւաքածոն կազմուած է թէ՛ ձեռագիր, թէ՛ տպագիր նմոյշներէ: Ձեռագիր հմայիլները, որպէս կանոն, զարդարուած են մանրանկարներով, իսկ տպագիրները՝ փորագրանկարներով։ Գալարաձեւ փաթթուող հմայիլները կազմուած են իրարու սոսնձուած, որոշ պարագաներու՝ կարուած, թուղթերէ կամ մագաղաթէ։ Յատկանշական է, որ ատոնց երկարութիւնը կը տատանուի մի քանի մեթրէն մինչեւ շուրջ 3 տասնեակ մեթր: Հմայիլները, որպէս կանոն, գրուած են միասիւն: Որոշ օրինակներու մէջ առկայ է հատուած մը, որ կը գրուի աջէն ձախ եւ ձախէն աջ թեք-խաչուող տողերով: Հմայիլներու մէջ կը հանդիպին հայ գիրի բոլոր տեսակները՝ երկաթագիր (հազուադէպ), բոլորգիր, նօտրգիր եւ շեղագիր:
Ձեռագիր, նաեւ տպագիր հմայիլներու մէջ, ձեւաւորուած աւանդոյթի համաձայն, հիմնականը՝ աղօթքներու աւարտին լրացուած է պատուիրատուին անունը, վերջինիս բացակայութեան պարագային ազատ ձգուած է՝ յետագային լրացնելու համար, ինչ որ առաւել բնորոշ է տպագիր հմայիլներուն։ Հայ հնատիպ գիրքի պատմութեան մէջ եւս, ինչպէս ձեռագիր մատեաններու պարագային, իրենց ձեւով եւ բովանդակութեամբ առանձնացուած են հմայիլները, որոնց հիմքին մէջ գրչագիր օրինակներն են։ Նախնական ձեւի՝ գալարի կամ փաթեթի ազդեցութիւնը ակնյայտ է նաեւ տպագիր օրինակներուն մէջ. հայ տպագրութեան պատմութեան վաղ շրջանին, ըստ տուեալներու, հայերը չեն ունեցած ոչ մէկ գրքաձեւ հմայիլ։
Ուսումնասիրող, Մատենադարանի աշխատակից Դաւիթ Ղազարեան պարզած է, որ ձեռագիր եւ հնատիպ հմայիլները առհասարակ բոլոր առումներով փոխկապակցուած են. եթէ հնատիպ հմայիլներուն համար հիմք ծառայած են ձեռագիր օրինակները, ապա 17-րդ դարու երկրորդ կէսէն ի վեր տարածում գտած տպագիր հմայիլները օրինակ դարձած են բազմաթիւ ձեռագիր հմայիլներու համար։ Այս փոխազդեցութիւնը բնորոշ է ձեռագիր մատեաններու եւ տպագիր գիրքերու բոլոր տեսակներուն, քանի որ տպագրութիւնը թէեւ ապահոված է «քանակ» (տպաքանակ), սակայն հայկական տպարաններու կարճատեւ գործունէութիւնը, այն ալ հիմնականը՝ հայրենիքի սահմաններէն հեռու, գիրքերուն պահանջարկը, ցանկութիւնը՝ ունենալ սեփական օրինակը, ստիպած են տպագիր օրինակներէն արտագրել, ստեղծելով ձեռագիր օրինակներ, որոնց մէջ երբեմն նշուած է տպագիրէն արտագրուած ըլլալու փաստը։
Ըստ Դաւիթ Ղազարեանի, հայերէն հնատիպ հմայիլներու մէջ տեղ գտած են հիմնականը միեւնոյն աղօթքները, որոնք ունին գրեթէ միեւնոյն դասաւորուածութիւնը. որպէս կանոն՝ հմայիլները կը սկսին Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»էն հատուածով մը եւ ունին Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աշխատութենէն հատուածներ՝ մասնաւորապէս Բան Ժ.Բ.-էն եւ Բան Խ.Ա.-էն։ Հմայիլներ կան, որոնց մէջ չորս Աւետարաններէ քաղուած հատուածները՝ Քրիստոսի բժշկութեան տեսարանները, սկիզբի մասն են, իսկ միւսներու մէջ՝ աստուածաշնչեան հատուածները վերջին մասի վրայ են։ Աղօթքներու ընդհանուր թիւը մէկ հմայիլի մէջ կը հասնի մօտ երեք տասնեակի:
Հմայիլներու նկարազարդումները եւս հիմնականը պայմանաւորուած են բովանդակութեամբ, քանի որ ձեռագիր նախօրինակներու նմանողութեամբ կը նախորդեն թեքստերուն, որոնք կապուած են տպագրանկարին մէջ առկայ կերպարի կամ յօրինուածքի հետ (օրինակ՝ Ներսէս Շնորհալին կը պատկերուի իր գրչին պատկանած ստեղծագործութիւններէն առաջ, Սուրբ Սարգիսը կամ Սուրբ Գէորգը՝ իրենց ուղղուած աղօթքներէն առաջ, Եզեկիէլ մարգարէն՝ վերջինիս մարգարէութենէն կատարուած մէջբերումէն առաջ եւ այլն)։ Սուրբերու պատկերներուն համար յաճախ գործածուած է միեւնոյն տպագրատախտակը, եւ սուրբերը կը տարբերուին միայն կա՛մ ըստ բացատրագրերու, կա՛մ նկարէն յետոյ սկսուող աղօթքի խորագրէն։ Հնատիպ հմայիլները զարդարուած են նաեւ սուրբգրային թեմաներով ստեղծուած պատկերներով՝ «Սուրբ Երրորդութիւն», «Աւետում», «Ծնունդ», «Մոգերու երկրպագութիւն», «Ընծայումն տաճարին», «Մկրտութիւն», «Խաչելութիւն», «Թաղում», «ԺԲ. առաքեալք» եւ այլն։ Մէկ հմայիլի մէջ, զուտ նոյն թեմայով նկարներու քանակը կարող է գերազանցել երեք տասնեակը։ Կան նաեւ վարպետ մանրանկարիչներու՝ Նաղաշ Էօլպեկ Պողտացու, Թէոդորոս ծաղկարար Արզրումցու եւ այլոց ձեռքով ծաղկած հմայիլներ:
ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ՀՄԱՅԻԼՆԵՐԸ
Հմայիլներու մեծ մասը զարդարած են առաջին հայ փորագրանկարիչ Գրիգոր Մարզուանեցիի ստեղծագործութիւնները։ Այս մէկը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ Մարզուանեցին նախապէս համագործակցած է Աստուածատուր Կոստանդնուպոլսեցիի հետ, որուն պատկանած տպարանէն լոյս տեսած են աւելի քան մէկ տասնեակ հմայիլներ։
Գրիգոր Մարզուանեցիի ձեւաւորումներու հիմքին մէջ ինկած է հայ տպագրութեան պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցող Սուրբ Էջմիածնի եւ Սուրբ Սարգսի անունը կրող կամ Ոսկանեան տպարանը: Գրիգոր Մարզուանեցին նախ իւրացուցած է Ոսկանեան տպարանի յարդարանքի աւանդոյթները՝ ընդօրինակելով գրեթէ ամէն մէկ տարր՝ պատկերի կառուցուածքը, գործող անձանց քանակը, անոնց տեղաբաշխուածութիւնը տեսարանի տարածական յօրինուածքին մէջ, կերպարներու շարժումները եւ մարմիններու դիրքերը, ճարտարապետական շինութիւնները եւ բնանկարային մանրամասները։ Աբգար Թոխաթեցիէն ետք Մարզուանեցին կը նկատուի երկրորդ խոշոր տպագրիչը՝ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ. անոր տպարանը գործած է շուրջ 45 տարի, մինչեւ՝ 1734 թուականը եւ հրատարակած է բազմաթիւ գիրքեր: Գրիգոր Մարզուանեցին իր գործակից Աստուածատուր Կոստանդնուպոլսեցիի հետ 18-րդ դարուն հայ տպագրութիւնը հասցուցած է բարձր մակարդակի։
ՆՈՒԻՐԱԲԵՐՈՒՄՆԵՐ
Օրերս կատարուած նուիրաբերումէն առաջ ալ Մատենադարանը միշտ հմայիլներ ստացած է թէ՛ անհատներէ, թէ՛ կազմակերպութիւններէ:
Անցեալին Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքի մշակութային կեդրոնը Մատենադարանին նուիրաբերած էր 19-րդ դարու «Հմայիլ» ձեռագիրը։ Նուիրատուն Վարուժան Արթինն էր՝ Մարսէյլի «Արամ» միութեան նախագահը։ «Հմայիլ» անունով ձեռագիրը զարդարուած է ձեռագրերուն բնորոշ իւրայատուկ մանրանկարներով՝ կատարուած գծանկարի ժանրով: Այն ամբողջական չէ, որու պատճառով ալ անյայտ մնացած են գրչի, տեղանուան եւ այլ կարեւոր տուեալներ։ Տարիներ առաջ Մատենադարանին հմայիլ նուիրած է նաեւ լիբանանահայ Արպաճեան ընտանիքը՝ հայրենիք բերելով իրենց տանը պահուող եւ 1725 թուականին Կ.Պոլսոյ մէջ, Աստուածատուր Կոստանդնոպոլսեցիի տպարանին մէջ տպուած հմայիլ մը, ինչպէս նաեւ՝ «Մուխթասար խրիսթիան թաալիմաթ» անուանումով կրօնական բովանդակութեամբ հայատառ թուրքերէն գիրք մը: Մատենադարանին անհատի կողմէ նուիրաբերուած է նաեւ հարուստ մանրանկարչութեամբ հմայիլ մը՝ գրուած 1682 թուականին: Ձեռագիրը փրկած է էրզրումցի ընտանիք մը եւ տեղափոխած Ախալցխա: Տոհմական այդ սրբութիւնը նուիրաբերած է գերդաստանի շառաւիղներէն Յովհաննէս Չիթչեան՝ անուանի շինարար, որ մեծ աւանդ ունի Մատենադարանի նոր շէնքի կառուցապատման եւ հնի վերանորոգման աշխատանքներու մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան