«ԳԱԶԱՆԸ ԼՈՒՍՆԻ ՎՐԱՅ» ՀԱՏՈՐԸ՝ ԹՐՔԵՐԷՆՈՎ
Ամերիկացի թատերագիր եւ մանկավարժ Ռիչըրտ Քալինոսքիի կենսագրութեան մէջ շրջադարձ մը կը մատնանշէ «Գազանը լուսնի վրայ» թատերախաղը, զոր ան սկսած է գրել 1991-ին։ Այս ստեղծագործութիւնը անմիջապէս մեծ հետաքրքրութեան արժանացած է համաշխարհային հանրութեան կողմէ, բեմադրուած բազմաթիւ անգամներ եւ արժանացած բազմաթիւ մրցանակներու։ Խաղը կը պատմէ Առաջին աշխարհամարտի յառաջ բերած կործանման հետեւանքով Միացեալ Նահանգներու մէջ նոր կեանք մը ստեղծել փորձող երկու հայ երիտասարդի մասին։ Թատերախաղը պատմական եւ տարածքային ապրումները իւրայատուկ մակարդակներու վրայ ձեռք առնելէ անդին, ունի ընդհանրականութիւն մը եւ Սարոյեանատիպ ջերմութիւն մը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կը դառնանք, որ Մեծ եղեռնը վերապրած երկու երիտասարդին պատմութիւնը թատերականացնող «Գազանը լուսի վրայ» ստեղծագործութիւնը թարգմանուած է թրքերէնի եւ հրատարակուած՝ «Պողազիչի» տեսողական եւ բեմական արուեստներու խմբակին հրատարակչատան կողմէ։
Թրքական հրատարակութեան առթիւ գրած իր յառաջաբանին մէջ Քալինոսքի կը նշէ, թէ երբեք չէր երեւակայեր, որ իր գործը օր մը պիտի տպագրուէր նաեւ Թուրքիոյ մէջ։
100-րդ տարելիցին առթիւ հրատարակուած գրքին թարգմանիչն է Այշան Սէօնմէզ։