ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՆԴ ԲԱԺԱԿԸ ԹՈՂ ՉՅՈՐԴԻ

Համբերութեամբ եւ խաղաղ ապրելու ձգտումը շատերու կողմէ ցանկալի երեւոյթ մըն է։ Մարդկային յարաբերական եւ ընկերային կեանքին մէջ իրարու նկատմամբ հանդուրժողութիւնը, փոխհասկացողութիւնն ու զիջողութիւնը իրենց իբրեւ արմատ ունին համբերութիւնը, զոր նկատուած է կորիզը ընկերութեան։ Համբերութիւն՝ խօսակցութեանդ ու յարաբերակցութեանդ մէջ։ Համբերութիւն՝ դժուարալից կեանքիդ գնացքին մէջ։ Համբերութիւն՝ որեւէ գործի սկսելէ առաջ՝ զայն յաջողապէս իր աւարտին հասցնելու համար։ Համբերութիւն՝ զաւակներուդ դաստիարակութեան եւ զանոնք իմացապէս ու հոգեպէս թրծելու գործընթացին մէջ։ Համբերութիւն՝ պատասխանատուութեանցդ ու պարտաւորութիւններուդ մէջ։

Ժողովրդային լեզուին մէջ «վեց ամսո՞ւ ծնած ես» հարցադրումն ու կատակերգական արտայայտութիւնը երբեմն ամէն տեսակի եւ տարիքի մարդոց բերնէն կ՚արտաբերուի։ Չկայ երիտասարդ մը, որ չուզէ իր արագաշարժութեամբ «անրջական բարձունքներ» նուաճել, շուտով հարստանալ եւ մեծ ոստումներով ընթանալ իր կեանքի խաչմերուկներէն, այն մտավախութեամբ, թէ ժամանակը արագացած է ու իր քայլերը՝ դանդաղ են այսօրուան յարափոփոխ աշխարհին դիմաց։ Ընկերային կեանքին մէջ արագօրէն որոշում կայացնելու սովորոյթը, հարցադրումի մը իսկոյն պատասխանելը, վիճաբանութեան տուն տուող դըր-դապատճառներն ու վիճայարոյց երեւոյթները եւս այսօրուան երիտասարդ-երիտասարդուհիին նկարագրին ներկայ մասնիկն են դարձած։

Ջղագրգռութենէ կամ անինքնավստահութենէ տառապողներ, յաճախ յամառութեամբ կ՚ուզեն իրենց տեսածը ընդհուպ իրականացնել, «անլուծելի» հարցերը եզրայանգել եւ կամ հապճեպօրէն ձեռք բերել «անհասանելի» բաղձանքներ՝ պարզապէս իրենց անհամբերութիւնը փարատելու համար։ Անբարբա՛ռ երախայի վիճակ։

Համբերատարութեան եւ լայնախոհութեան զուգահեռականներ կատարելով, շատեր զանոնք նկատած են որպէս իրերանման, իրերալրացուցիչ երեւոյթներ, մին՝ լռութեամբ յաղթելու, հոգ չէ թէ պտուղը քիչ մը աւելի ուշ քաղելու պայմանադրութեամբ, իսկ միւսը՝ շրջահայեցողութեամբ ու տուեալ կացութիւնները լայնօրէն եւ տրամախոհութեամբ մօտենալու դատողութեամբ բնորոշուած։ Քրիստոնէական բարոյականին համաձայն, հակառակորդին ձայնը լսել՝ բայց լռութեամբ յաղթելը եւ կամ ձայնը չլսել ձեւացնելը, քամահրանքի փոխարէն լուռ կենալու դիրքորոշումը՝ շատ աւելի նուիրական ու յաղթութիւն բերող արարք են, քան՝ ջղայնութեան մէկ պահուն զուր տեղ անհեթեթ խօսքեր արձակելը։     

Համբերութիւնը շատերու կողմէ սահմանուած է որպէս տկարութիւնը շըր-ջանցող ու յուսալքութենէ դէպի յուսադրում առաջնորդող խթանիչ ուժ մը։ Ոմանց համար համբերութիւնը կրաւորական, սահմանափակ վիճակ մը չէ, այլ անհուն ովկիանոս մը, ուր կան բազմադիմի դժուարութիւններ, երփներանգ դառնութիւններ, այլոց կողմէ արհամարհանքներ, կուտակուած կնճռոտ հարցեր։ Շատեր ալ մարդկային կեանքը երկու բառերու մէջ ամփոփած են՝ սպասում եւ համբերութիւն, զանոնք նկատելով մարդկային յարաբերական կեանքի առհաւատչեան։

Մանկավարժ-հոգեբան մը համբերութիւն հասկացողութիւնը շատ հետաքրքրականօրէն սահմանած էր ըսելով, թէ կեանքի եւ կամ որեւէ մէկ գործի ու ասպարէզի մէջ յաջողելու համար՝ երեք տեսակ գաղտնիք կայ: Առաջին գաղտնիքն է համբերութիւն ունենալը, երկրորդը՝ համբերատար ըլլալը, իսկ երրորդը եւ ամենաէականը՝ ծո՜վ համբերութիւնը: Թերեւս նոյնանման եւ նոյնարմատ բառեր են, բայց իմաստային առումով անոնք կը տարբերին։ Կրնաս համբերութիւն ունենալ, սակայն հաւանաբար այլ դէպքէ մը դրդուած ու հրահրուած ըլլալուդ պատճառաւ, համբերութեանդ բաժակը կրնայ յորդիլ։ Կրնաս համբերատար ըլլալ, սակայն որոշ սահմանի կամ ժամանակի մը համար կարենաս համբերել։ Ամենակարեւորը ծով համբերութիւն ունենալն է, որ սահմանափակ եւ ժամանակաւոր չէ, այլ անծայրածիր ու անսահման է։ Յոբ իր ժամանակաշրջանին եւ բոլոր ժամանակներուն համար ծով համբերութեան գերագոյն օրինակը կը հանդիսանայ։ Նոյնիսկ երբ իր բոլոր զաւակներն ու ինչքերը կորսնցուց, երբե՛ք չտրտնջաց ու յուսաբեկ վիճակի չմատնուեցաւ, այլ իր համբերութեամբ դիմակալեց իր բոլոր դժուարութիւններն ու փորձութիւնները։ Եթէ Յոբի նման ծով համբերութիւն ունենաս, կրնաս յաղթահարել բոլոր նեղութիւններդ, որոշումներդ աւելի տրամաբանուած ու սահմանուած կ՚ըլլան, խաղաղութիւն կրնաս հաստատել շրջապատիդ մէջ եւ հաւասարակշռուած կեանք մը ապրիլ՝ ուրիշներուն օրինակ դառնալով։

Համբերութիւնը առհասարակ երիտասարդութեան համար «թշնամի» նկատուած է։ Այսօրուան երիտասարդը կ՚որոնէ այն ինչ որ կը հանդարտեցնէ իր ալեկոծող սիրտը, փոթորկալից հոգին, անյստակ պատկերափոխուող մտքերը։ Ահա այդ պատճառով անհամբերութեան ովկիանոսին մէջ կը տարուբերի ու ինքզինք կը մտատանջէ։ Երիտասարդութեան տարիքային շրջանները հոգեբանական տեսանկիւնէն ճգնաժամային կը համարուին։ Երբ երիտասարդը կը ծրագրէ իր ապագան, կը գծէ անոր պատկերները, այնտեղ կը նշէ իր կատարելիք մէջբերումները, երբեմն անոր երեւակայութեան թռիչքները անսանձելիութենէն օգտուելով՝ հեռուները կը սաւառնին ու անեզր երկինքներու մէջ փառքի ու պատիւի ապարանքներ կը կառուցեն։ Անհամբերատարութիւնը երբեմն այդ դղեակներու իրական աշխարհ փոխադրելու գործը կը խոչընդոտէ ու կ՚արգելակէ, եւ նոյնիսկ՝ նպատակներու դուռդ առյաւէտ կը փակէ։

Անհամբերատարութիւնը շատ յաճախ երիտասարդը կը հեռացնէ ու կը դատարկէ բարոյական արժէքներէն՝ զայն դարձնելով իր զգացումներուն եւ ժամանակաւոր պոռթկումներու գերին։ Երիտասարդի բարոյական տիպարի, հաստատունակութիւնը խաթարող ազդակներու քննարկման փորձերը յաջողութեամբ կը պսակուին, երբ խորքային վերլուծումի զգացական ովկիանոսէն կ՚անցնինք մտածողական ափ ու բարոյական ցանկացած սկզբունքները կը քանդակենք այդ ափի ժայռերուն վրայ։ Զգացական ովկիանոսը, ի տարբերութիւն իմացողական ափին, յեղյեղուկ է ու անկանխատեսելի, իսկ իմացական ափը՝ հաստատուն եւ կայուն։ Առաջինը կը ծառայէ որպէս հիմք երկրորդի արմատներու կայունացման ու հզօրացման համար։ Այստեղ կը կայանայ համբերութեան գաղտնիքը. զգացականով չշարժիլ, այլ կամքը զսպել, որովհետեւ համբերութիւնը կամքին լռութիւնն է։ Կամքը եւ համբերութիւնը ներդաշնակ ու համընթաց գործունէութեամբ երիտասարդին ամրակուռ նկարագիր, մտաւոր կատարելութիւն եւ հոգեկան հասունութիւն կը պարգեւեն։

Բնութիւնը մարդու մեծագոյն ուսուցիչն է։ Այս երկնակամարին վրայ ամէն ինչ իր ժամանակը ունի, իսկ ամէն եղանակ՝ իր ժամանակահատուածը։ Ամէն ինչի ծնունդը ժամանակի մէջ է, որ կը գոյաւորուի եւ տեղի կ՚ունենայ։  Բնութիւնը ինք ցոյց կու տայ ու կը սորվեցնէ մեզի, որ մարդ պէտք է համբերատար ըլլայ ու հասկնայ, թէ մարդկային կեանքին մէջ ամէն ինչ պէտք է ժամանակի համաձայն կատարուի։ Հետեւաբար, ժամանակէն առաջ մի՛ վազեր։ Ինչպէս որ ջուրը իր հոսքը եւ ուղխը կը գտնէ ժամանակի ընթացքին, նոյնպէս ալ ժամանակը կը համակարգէ կեանքիդ բոլոր գործընթացները եւ երեւոյթները։ Պօղոս Պատրիարք Ադրիանապոլսեցի բնութագրելով համբերութեան ինչութիւնը՝ կ՚ըսէ. «Խոհեմութիւնը կատարելի ու խորշելի բաները ընտրելն է, արիութիւնը՝ ի գործ դնելը, իսկ այն զօրութիւնը, զոր կը դիմադրէ ու կը խանգարէ կատարել խոհեմութեան կողմէ արգիլուածը՝ համբերութիւն կը կոչուի: Ուստի, համբերողը բուռն կիրքերու վրայ տիրողն է, իսկ անհամբերը՝ կիրքերէն յաղթահարուած ու տկար»:

Մերօրեայ ընտանեկան կեանքին մէջ իսկ զոյգերու միջեւ համբերութիւնը դժբախտաբար վերացած է եւ տեղի տուած անհասկացողութեան, անհամբերութեան, վիճաբանութեան, իրերամերժութեան, անտարբերութեան, ուրիշին աչքին քաղցր թուելու յաւակնոտութեան, տան ու զաւակներուն նկատմամբ անփոյթ կեցուածքի երեւոյթներուն…։ Նմանատիպ չարախինդ մոլորութիւններ երբ սկսին արմատ նետել ամուսնական կեանքէդ ներս, կրնան ընտանեկան սրբութեանդ քայքայման, պառակտումին եւ ամուսնալուծմանդ պատճառ դառնալ։ Ընտանեկան կեանքը մինչեւ ճշմարիտ երջանկութեան ու խաղաղութեան բարձրանալը, ունի վերիվայրումներու գետին, տեսակ-տեսակ խոչընդոտներ, ոլորապտոյտ բլուրներ եւ անհարթ տափաստաններ, որոնք միջոց են կեանքին տիրանալու, համբերութեամբ տոկալու եւ մեր նկարագիրը կոփելու ու կերտելու։

Տեսնելով իրենց նմանակիցներու վատաբարոյ արարքները, երբեմն կրելով անոնց տխուր ազդեցութիւններն ու հետեւանքները, մարդիկ չեն կրնար համբերատարութեամբ տանիլ իրենց կեանքին մէջ պատահած փորձութիւնները, դառնութիւններն ու դժուարութիւնները։  Պօղոս առաքեալ Հռոմէացիներուն յղած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Տակաւին կը պարծենանք նաեւ մեր նեղութեանց մէջ, գիտնալով որ նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս» (Հռ 5.3-5)։ Աստուած երբեք մեզի չխոստացաւ հանգստաւէտ կեանք մը, այլ ընդհակառակը, ան կը ձգէ որ ցորենն ու որոմը միասնաբար աճին մինչեւ հունձքի ժամանակ (Հմմտ. Մտ 13.24-30)։ Աստուած աւելի կը փառաւորուի փորձութեանց մէջ մեր ցուցաբերած համբերութեամբ, քան հանգիստի մէջ մեր ցուցաբերած հաւատքով։ Աստուած աւելի հպարտացաւ եւ ուրախացաւ Յոբով իր կրած բոլոր նեղութիւններուն մէջ իր յայտնաբերած համբերատարութեան եւ հաւատքին համար, քան անոր հանգիստ կեանք մը վարած ատենը։ Յոբ իր յօժարակամ համբերութեամբ փաստեց, որ ինք Աստուծոյ ծառան էր եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ պարգեւած հանգիստին ծառան։ Յոբ իր հանգիստին հետ միասին իր հաւատքն ալ չկորսնցուց, որովհետեւ իր հաւատքը իր հանգիստով չէր պայմանաւորուած, այլ պայմանաւորուած էր այն ջերմ սիրով, որ ունէր Աստուծոյ հանդէպ։

«Անառակ որդի»ին առակը Աստուածաշունչ մատեանի սրտագրաւ պատմութիւններէն է, որտեղ Քրիստոս ցոյց կու տայ Աստուծոյ հայրութիւնը, համբերութիւնը եւ սէրը մեզի՝ մեղաւորներուս նկատմամբ։ Աւետարանը կը պատմէ, թէ մարդ մը երկու զաւակ ունէր։ Կրտսեր որդին Հօրը կ՚ըսէ. «Հա՛յր, քու ստացուածքէդ ինծի ինկած բաժինը հիմա՛ տուր ինծի»։ Հայրը տեսնելով իր զաւկի յամառութիւնը՝ իր զաւակներուն միջեւ կը բաժնէ իր ունեցածը։ Քանի մը օր ետք, կրտսեր զաւակը իր ամբողջ հարստութիւնը կ՚առնէ եւ հեռու երկիր մը կ՚երթայ։ Հոն անառակ եւ «տարփալի» կեանք մը ապրելով՝ կը մսխէ հարստութիւնը եւ կը սպառէ իր ամբողջ ունեցածը։

Երբ արդէն սկսած էր աղքատանալ, երկրին մէջ մեծ սով մը կը տիրէ։ Ուստի, այդ երկրի քաղաքացիներէն մէկուն ագարակին մէջ խոզ կ՚արածէ։ Ան այնքան անօթի էր, որ նոյնիսկ պատրաստ էր խոզերուն կերած եղջիւրներէն իր փորը լեցնելու, սակայն ոչ ոք իրեն կերակուր կու տար։ Երբ կ՚անդրադառնայ իր վիճակին՝ իւրովի կը մտածէ, թէ իր հօր տան մէջ գտնուող գործաւորները իրենց պէտք եղած կերակուրէն աւելին ունին, մինչ ինք ագարակին մէջ անօթութենէ կը մեռնէր։ Հետեւաբար, կ՚որոշէ իր հօրը քով երթալ։

Տունէն բաւական հեռու էր, երբ հայրը կը տեսնէ զինք ու կը գթայ։ Վազելով կը դիմաւորէ զինք, վիզին կը փաթթուի եւ կը համբուրէ։ Որդին հօրը կ՚ըսէ. «Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու»։ Հայրը իր ծառաներուն կը հրամայէ. «Անմիջապէս բերէք լաւագոյն պատմուճանը եւ հագցուցէք իրեն. մատանի անցուցէք իր մատին եւ կօշիկ տուէք իրեն։ Բերէ՛ք պարարտ հորթը, մորթեցէք, ուտենք եւ ուրախանանք։ Որովհետեւ իմ այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ» (Հմմտ. Ղկ 15.11-32)։

Անառակ Որդին ինքզինք մեղքի տիղմին մէջ խրեց ու գերի դարձուց, սնամէջ ու հաճոյաձիգ կեանք մը ապրեցաւ, իր համակ էութիւնը բարոյալլկող հաճոյքներով շրջապատեց, սակայն վերջաւորութեան անդրադարձաւ իր սխալին։ Ան գիտակցեցաւ, որ դաւաճանած էր իր հօրը սիրոյն եւ սպառած անոր ամբողջ ունեցուածքը, կոտրած ու տրտմեցուցած էր անոր սիրտը, այլեւս արժանի չէր «որդի» անունը կրելու։ Անառակ որդին ի՛նքն էր, որ ինքնիրեն «որդի» անունը տալու կը քաշուէր եւ ո՛չ թէ հայրը։ Հայրը համբերութեամբ սպասեց իր կորուսեալ զաւկի տուն դարձին եւ զինք գրկաբաց ու խանդաղալիր սիրով ընդունեց։ Ան ո՛չ միայն զայն «որդի» անուանեց, այլեւ ընդունեց զինք իբրեւ «որդի»։

Երկնաւոր մեր Հայրը համբերութեամբ կը սպասէ մեզի եւ մեր տուն դարձին։ Ինչքան ալ մեղք գործենք, ան կը սպասէ մեր անկեղծ բացագանչութեան՝ ազատագրելու մեզ մեր անկեալ բնութենէն, մեր տկարութիւններէն, թշուառութենէն, ապիկարութենէն, Իր հանդէպ մեր ցուցաբերած անհնազանդութենէն ու ապերախտութենէն եւ դժոխքի ահէն։ Իսկ մենք մեր բոլոր բարոյական անկումներուն մէջ անգամ կրնանք Աստուծոյ մերձենալ, իբրեւ սիրալիր եւ ներողամիտ հօր մը, հեռանալով արատաւոր մեր անցեալէն եւ նորոգ կեանքի մը վերստեղծումով սրբութեան խորան մը կանգնել մեր ներսիդին՝ մշտապէս յարաբերութեան մէջ մնալու համար Տիրոջ հետ, որպէսզի համարձակախօս բարբառով կարենանք Պօղոս առաքեալին հետ գոչել, թէ «Քրիստոս է որ կ՚ապրի իմ մէջս» (Գղ 2.20)։

Սիրելի՛ ընթերցող, համբերութիւնը յաճախ դառն կացութիւններ ու պահեր կը ստեղծէ, սակայն վստահ գիտցիր, որ անոր պտուղները միշտ քաղցրահամ են: Համբերութեանդ սահմանագիծը երբեք մի՛ անցնիր, որովհետեւ անգամ մը որ կտրես, այլոց համար քայլերդ անհասկնալի, կտրուկ եւ անկանխատեսելի կը դառնան, այդ պատճառով ալ՝ ներկայութիւնդ անոնց համար անախորժ ու տհաճ կը թուի, իսկ քու առջեւդ՝ բազմաթիւ նպատակներու եւ երազանքներու դռները միանգամընդմիշտ կը փակուին։

Համբերութիւնը առանց որեւէ սանձի բարկութեան անբան կիրքը բանականութեան հնազանդութեան տակ կը դնէ։ Համբերութեանդ ծառան եղիր, որպէսզի բարկութեան ծառայութեան կապանքներէն մշտապէս ազատ ըլլաս։ Իսկ համբերութեանդ բաժակը երբե՛ք իր կատարին թող չհասնի, որովհետեւ եթէ սկսի յորդիլ, լուտանքներու տարափը կրնայ բազում աւերներ գործել ու խրամատներ բանալ քու եւ նմանակիցիդ միջեւ։ Երբեմն անխօս ու լուռ վիճակդ կրնայ մեծ յաղթանակներ արձանագրել քու կեանքիդ ընթացքին։ Փորձէ՛ համբերել եւ ուշ կամ կանուխ պիտի քաղես անոր պտուղը։

​​Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017