ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷ՞Ն, ԹԷ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ

-Արեւելահայերէ՞ն, թէ՞ արեւմտահայերէն։

-Միանշանակ արեւմտահայերէն։

-Բայց այսօր ո՞վ կը խօսի արեւմտահայերէն։ Արեւմտահայն անգամ չի գործածեր իր լեզուն։

-Գիտեմ, տեղեակ եմ։ Այդ իսկ պատճառաւ ես կը գերադասեմ իմ զաւկի հետ խօսիլ արեւմտահայերէն։

-Շատ հետաքրքրական ես։ Ներկայ ժամանակաշրջանին ամէն բան կախեալ է դրամէն։ Մարդիկ՝ նոյնիսկ լեզուի մը ընտրութիւնը կը կապեն ձեռքի կեղտ համարուող դրամի հետ։ Ո՛ր լեզուն առաւել շահութաբեր է՝ զայն կը գերադասեն։ Դուն ալ որոշած ես զաւկիդ սորվեցնել լեզու մը, որ բաւական ծեր է եւ մահամերձ. սակաւաթիւ խօսող ունի…

-Վայրկեան մը, եթէ ամէն մարդ առաջնորդուի այս տրամաբանութեամբ եւ դիւրութեամբ հրաժարի ժամանակակից հայերէնի երկու ճիւղերէն ալ, որ ձեւաւորուած է 19-րդ դարու սկիզբներուն՝ պոլսահայոց բարբառի հիման վրայ, ապա ո՞վ պիտի պահէ զայն։ Արեւմտահայերէնն է, որ կը բուրէ գրաբար։ Ան անաղարտ է։ Երբ տակաւին փոքր էի, խորախորհուրդ ու անմեկնելի կապ մը կար իմ ու սա անգին գոհարին միջեւ։ Երբ իմ ականջին կը հասնէր անոր հնչիւնները, ակնթարթօրէն ես կը յայտնուէի ժամանակի մեքենայի մէջ եւ թաղուելով անոր անյատակ խորութեան՝ ինքզինքս կը գտնէի դարերու խորքին մէջ։ Կը զգայի անասելի հանգստութիւն ու խաղաղութիւն։ Կ՚ըմբոշխնէի լեզուն իւր բոլոր հմայքներով։

Այժմ դուն կը պնդես, թէ այս երփներանգ ու բազմաստուեր լեզուն անպիտանելի՞ է…

-Անպիտանելի չէ՝ անգործածելի։ Անոր փոխարէն զաւկիդ անգլիերէն, ռուսերէն կամ ապագայի լեզու համարուող չինարէնը սորվեցուր։

-Յարգելիս, իմ զաւակը ո՛չ ռուս է, ոչ անգլիացի, առաւել եւս՝ չինացի։ Ան կը սերի Հայկ Նահապետի սերունդէն. հպարտ հայ մըն է եւ պարտաւոր է գիտնալ իր լեզուն ու պատմութիւնը։

Բաց աստի, մայրենին պարարտ հող մըն է օտար լեզուներու համար։ Մեր հայերէնն ալ աշխարհի հնագոյն ու հարուստ լեզուներէն մին է։ Մեսրոպեան երեսունութ գոհարները մեզի հնարաւորութիւն կու տան արտաբերելու բոլոր լեզուներու հնչիւնները։

Մենք կրնանք իւրաքանչիւր լեզուով խօսիլ նոյնիսկ առանց շեշտադրութեան, սակայն ոչ-բոլորը կրնան արտաբերել մեր հնչիւնները։ Յիրաւի հայոց լեզուն հազարագանձ է։

-Վերջապէս համակարծիք եմ քեզի հետ։ Բայց արեւմտահայերէ՞ն… գոնէ արեւելահայերէն խօսէ որդիիդ հետ։

-Որդիս կը բնակի Հայաստան։ Ամէնուր կ՚իմանայ արեւելահայերէնը՝ մանկապարտէզ, հեռատեսիլ, փողոց… Շփուելով մարդոց հետ ան կը ծանօթանայ արեւելահայերէնի զանազան շերտերուն՝ բառերու կրճատ եւ աղաւաղուած տարբերակներուն, «ժարկոն»ին, առօրեայ խօսակցականին։

Հայաստանի մէջ ամէն մարդ չի խօսիր մաքուր ու գրական հայերէնով, ինչ որ կը համարուի լեզուի մը գոյատեւման, զարգացման բնականոն ու անհրաժեշտ ընթացք մը։ Չէ՞ որ իւրաքանչիւր լեզու կը նմանի հոսող ջուրի։ Անդադար կը յառաջանայ ու կը յղկուի։ Իսկ եթէ յանկարծ պահ մը կենայ, կամ անոր հոսքը սկսի դանդաղիլ՝ կը ճահճանայ։ Լեզուները կը սնանին բարբառներէ, փոխառութիւններէ, «ժարկոն»ներէ, նոյնիսկ գռեհիկ ու փողոցային խօսակցականէ։ Բոլորովին այլ հարց է, թէ դուն ո՛ր շերտը կը նախընտրես։

Իմ փոքրիկը յաճախ կը ճամբորդէ դէպի Արցախ։ Քաջածանօթ է մեր իւրայատուկ բարբառին, վստահ եմ, թէ կը հասկնայ։ Ի դէպ՝ Արցախի բարբառը հայերէնի «ում» ճիւղի կենդանի բարբառներէն ամենամեծն է եւ ունի քանի մը տասնեակ ենթաբարբառներ։

Իսկ արեւմտահայերէ՞ն… եթէ ես ալ չխօսիմ իմ զաւակը ինչպէս պիտի սորվի սա սքանչագեղ ճիւղը։ Եթէ մենք չխօսինք, որմէ՞ կրնանք պահանջել խօսիլ եւ ապրեցնել մեր դարաւոր լեզուն։

Բաց աստի, ո՞վ ըսաւ, թէ արեւմտահայերէնը անշահաւէտ լեզու մըն է։ Արեւմտահայերէնով նոյնպէս կարելի է կեանք ապահովել։ Ահաւասիկ, իմ խօսքերու վառ օրինակը կեցած է քու դիմաց. այսօր ես իմ հանապազօրեայ հացը կ՚ապահովեմ ի շնորհիւ արեւմտահայերէնի իմացութեան…

Վերջին նախադասութիւնը հպարտութեամբ արտասանելու վերջին պահուն նշմարեցի, որ իմ խորհրդաւոր զրուցակիցը վայրկեաններ անց անէացաւ օդին մէջ։ Չորս կողմ դառնալով փորձեցի գտնել զայն, սակայն ապարդիւն։

Երազիս մէջ անծանօթ մը, իմ մօտ եկած էր հարցմունքի…

Աչքերս բացի։ Իմ տաքուկ անկողինի մէջ էի՝ Զաւէնիկի փոքրիկ թաթիկը մխրճուած իմ ափի մէջ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2020