ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՏՕՆ ԿԱԹՈՒՂԻԿԷ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ

Վաղը, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի տօնախմբէ Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը: Արդարեւ, շատերուս ծանօթ են պատմական մանրամասնութիւնները Սուրբ Էջմիածնի հիմնադրութեան, երբ Միածինը՝ մեր Տէրն ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս ոսկիէ մուրճով մը հարուածելով գետնին, ցոյց տուաւ մեր երկրորդ Լուսաւորիչին՝ Սուրբ Գրիգորին այն վայրը, ուր այսօր կանգնած է Միածնաէջ Սուրբ Տաճարը, համայն Հայութեան հոգեւոր ծննդարանը:

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.

Առակաց գիրքէն 9.1-6:
Զաքարիայի մարագարէութենէն 3.7-4.9:
Պօղոս առաքեալին Եբրայեցիներուն ուղղած նամակէն 9.1-10:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 10.22-30:

Այսօր մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք փունջ մը խորհրդածութիւններ տարբեր եկեղեցական գրողներէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին կապակցութեամբ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը կը գրէ.

- Աստուած մեզի պարգեւեց Սուրբ Էջմիածինը, որպէսզի Հայ հոգիին ծննդավայրը ըլլայ, քրիստոնէական մեր հաւատքի անշարժ վէմը եւ Հայոց Հայրապետութեան Մայր Աթոռը: Աստուած մեզի պարգեւեց Հայոց փրկութեան տապանը՝ տապանակիր Արարատի դիմաց: Սուրբ Էջմիածինէն ճառագող լոյսով, փրկութեան յոյսով ու հաւատքով ապրեցաւ ու ստեղծագործեց մեր ժողովուրդը, պաշտպանեց իր ազատութիւնը, մոխիրներէն յառնեց եւ աշխարհասփիւռ տարածուած՝ մնաց մէկ ժողովուրդ, մէկ հոգի ու ներաշխարհ:

- Աստուած մեզի պարգեւեց Սուրբ Էջմիածինը, ուր մեր ժողովուրդը միշտ տեսաւ էջքը-Քրիստոսի, Աստուծոյ սէրը՝ Իր անսպառ զօրութեամբ, որով Սուրբ էջմիածինը դարձաւ Հայոց աշխարհի ու աշխարհասփիւռ Հայութեան համար համազգային նուիրական տուն, հոգեւոր կեանքի լոյսի խորան:

- Սուրբ Էջմիածինը հայութեան սիրտն է: Էջմիածինը Ամերիկա հասած-ծուարած հայո՛ւ հոգիին մէջ է, Պէրութի եւ Հալէպի մէջ փրկուած, աշխարհի տարբեր ծագերուն մէջ դեգերող հայու կարօտներուն մէջ է:

- Սուրբ Էջմիածինը առաքելութիւն է, ինչպէս բնորոշած են մեր Հայրապետները. Խաւարէն դէպի լոյս, մահէն դէպի կեանք առաջնորդող առաքելութիւն:

- Այստեղ՝ Արարատի դիմաց, ի տես Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին իջաւ Աստուածորդին եւ հաստատեց Հայոց Բեթղեհէմը, որպէսզի իջման Սուրբ Սեղանէն ամբողջ Հայ կեանքին վրայ սփռուին Բեթղեհէմեան Լոյսին սիրոյ շողերը: Իջաւ՝ ոսկէ մուրճի կնիքով դրուագելով համազգային մեր դարձի խորհուրդը, որպէսզի Սուրբ Էջմիածինով յարատեւէ մեր ժողովուրդը ու միաւորեալ մնայ՝ թէկուզ մասնատուած ու աշխարհասփիւռ: Իջաւ՝ «դիր զիս իբրեւ կնիք քու սիրտին վրայ եւ իբրեւ մատանի՝ քու ձեռքին, որովհետեւ սէրը մահէն աւելի զօրեղ է» պատգամով: Եւ դրինք սիրոյ կնիքը մեր սիրտերուն ու կապեցինք որպէս բազպան մեր աջին: Առ Քրիստոս սէրը 301 թուականին ընտրեալ դարձուց Հայոց ազգը, հաւատքով ու յոյսով լեցուց Հայ կեանքը, նոյնացաւ Հայ ինքնութեան հետ, դարձաւ ազգը միաւորող Եկեղեցւոյ, ազգը պահող Հայրենիքի սէր, անձնազոհ նուիրումի ու հաւատարմութեան՝ ընտանիքի սէր: Զօրացուց մեր հոգիին մէջ արդարի, ճշմարիտի ու կեանքի սէրը՝ չարը մերժելու, մահերու յաղթելու: Երկունքով լեցուց Հայ հոգիի անդաստանները, որ առատօրէն պտղաբերեցին՝ միշտ հաղորդ քաղաքակրթութեան առաջընթացին:

- Սուրբ Էջմիածինի անունին հետ կապուած են Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման եւ Հայ ժողովուրդի համազգային մկրտութեան նուիրական յիշատակները: «Էջմիածին», որ այս սրբարանին անունն է, կը նշանակէ Աստուծոյ Միածին Որդիին Իջման վայր: 301-ին, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը, այստեղ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին յայտնուեցաւ, ուր մեր նորադարձ ժողովուրդը կառուցեց իր Մայր Տաճարը՝ իբրեւ Մայր Աթոռ՝ Կաթողիկոսանիստ կեդրոն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ: Հաստատուած աստուածային էջքով, եւ կրելով Հայ կեանքի մեծագոյն իրադարձութեան՝ Հայոց Մեծ Դարձի խորհուրդը, Սուրբ Էջմիածինը Սրբութիւն Սրբոցն է աշխարհասփիւռ Հայ ժողովուրդին՝ նոյնիսկ այն ժամանակներուն, երբ Կաթողիկոսական Աթոռը թշնամիներու յարձակումներու պայմաններուն մէջ, հանգամանքներու դժբախտ բերումով, ստիպուած եղած է տեղափոխուիլ այլ բնակավայրեր՝ պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ Հայոց թագաւորութեան: Սուրբ Էջմիածինէն հեռու, Հայոց Հայրապետները իրենք զիրենք զգացած են տարագիր ու վշտաբեկ: 1441-ին, Ամենայն Հայոց Հայրապետական Աթոռը վերադարձած է աստուածակառոյց Սուրբ Էջմիածին, եւ այստեղ է այդ ժամանակէն ի վեր:

Առաքելահաստատ Հայ Եկեղեցիէն եւ անոր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն ճառագող աստուածաճանաչ լոյսով եւ ինքնութեան խորհուրդով կերտուած է քրիստոնէական հարուստ Հայ մշակոյթը: Դարերու ընթացքին, այսօր ալ, Հայ Եկեղեցին եւ անոր Մայր Աթոռը, ազգահաւաք դերակատարութիւն ունին Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

- Մեր պատմութեան ամենէն մռայլ ժամանակաշրջաններուն, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, գոյատեւած է իբրեւ լուսատու ջահ՝ պահպանելով Աստուծոյ վառած անաղարտ հոգեւոր կրակը: Իրեն՝ Բարձրեալ Աստուծոյ եւ Անոր ուխտին մենք յաւիտեան հաւատարիմ ենք: Իրապէս. «Ո՞վ կրնայ մեզ բաժնել Քրիստոսի սէրէն, նեղութի՞ւնը, անձկութի՞ւնը, հալածա՞նքը, սո՞վը, մերկութի՞ւնը, վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը։ Ինչպէս Սաղմոսներուն մէջ գրուած է. “Քեզի համար՝ մարդիկ մեզ կը սպաննեն ամէն օր. ոչխարի պէս սպանդանոց կը տանին”։ Բայց այս բոլորէն շա՜տ աւելի յաղթական դուրս կու գանք շնորհիւ անոր՝ որ մեզ սիրեց։» (Հռ 8.35-37):

- Ըլլալ Էջմիածինի հետ, ապրիլ Էջմիածինով՝ կը նշանակէ ապրիլ Հայոց սրբութիւններով, մեր պատմութեամբ, մեր Հայրենիքով: Ապրիլ Էջմիածինով կը նշանակէ հաւատարիմ ըլլալ մեր դարաւոր իղձերուն ու երազներուն, որոնք ուղեկից են մեզի թէ՛ Հայրենիքին մէջ եւ թէ՛ ի սփիւռս աշխարհի:

- Այս սրբավայրը (իմա՛ Սուրբ Էջմիածինը), որպէս Աստուծոյ եւ աղօթքի տուն, դարեր շարունակ իր շնորհաբաշխ դռները պիտի բանայ հաւատաւոր մեր զաւակներուն առջեւ՝ աստուածային օրհնութիւն սփռելով նուիրական մեր հողին:

- Պատմութեամբ վկայուած է, թէ ով որ կը հեռանայ Սուրբ Էջմիածինէն, կը հեռանայ ազգէն. ով կ՚ուրանայ Սուրբ Էջմիածինը, կ՚ուրանայ մեր հայրերուն աստուածաշնորհ դարաւոր Սուրբ հաւատքը, որովհետեւ էջմիածնադրոշմ է Հայ ինքնութիւնը եւ էջմիածնակերտ՝ Հայոց հաւատքը, որովհետեւ Սուրբ Էջմիածինով նոյնացած է Աստուծոյ Կամքը եւ Հայոց կամքը:

Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը կը գրէ.

- Էջմիածինը ամէն բանէ առաջ պատմական յուշարձան մը չէ, առաքելութիւն մըն է, որովհետեւ Քրիստոսի ներկայութիւնը եկեղեցիին եւ քրիստոնեային համար առաքելութիւն կը նշանակէ:

Դերենիկ Եպիսկոպոս Փոլատեան կը գրէ.

- Հայ ժողովուրդը թէ՛ Մայր Հայրենիքի մէջ եւ թէ Մայր Հայրենիքէն դուրս, ո՛ւր որ ալ գտնուեցաւ՝ շա՛րունակ կապուած մնաց երկնամերձ Արարատի հովանիին տակ բարձրացող երկնանուէր Կաթողիկէին՝ Սո՛ւրբ Էջմիածինի, ու միշտ հաւատարիմ անոր երկնահունչ պատգամներուն: Պատահեցան աննախընթացօրէն անակնկալ դէպքեր: Հայութիւնը բռնի արմատախիլ եղաւ իր երկիրէն. մարտիրոսութեանց ամենէն եղերականները ապրեցաւ, սակայն ամենեւին չմոռցաւ իր ազգային եւ կրօնական՝ մի եւ յաւերժական հոգւոյն միջնաբերդը՝ Սուրբ Էջմիածինը: Ու քանի՜ քանի՜ անգամներ նախընտրեց արիաբար թշնամի գրոհներու ալիքներուն կուրծք տալ, Էջմիածինի պարիսպներուն առջեւ մեռնիլ քան թէ լքել զայն յափշտակիչներուն ձեռքը: Էջմիածի՜ն… այդ միւռոնաբոյր անունն անգամ ո՜րքան թովչանք, հրապոյր կը ծրարէ իր մէջ: Այդ նուիրականացած սրբութեան հմայքովն է, որ Հայոց Եկեղեցին ամէն տեղ իր ծիսական, վարդապետական եւ հոգեւոր վարչութեան էական կազմաւորութեան մէջ գիտցած է պահել իր միութիւնը, իր անբաժանականութիւնը…:

Գնել Վարդապետ [ապա եպիսկոպոս/արքեպիսկոպոս] Ճէրէճեան կը գրէ.

- Դարեր անցան. երկա՜ր եւ արիւնոտ դարեր: Էջմիածին ամայացաւ: Հայոց Կաթողիկոսութիւնը քաղաքական իշխանութեան հետ տեղէ տեղ փոխադրուեցաւ, մէկէ աւելի կաթողիկոսական աթոռներ ստեղծուեցան, Շահապասներ իսկ գտնուեցան՝ որոնք հայուն սիրտն ու միտքը Պարսկաստանի ճակատագրին կապելու համար՝ Էջմիածինէն քարեր քակել ու հոն փոխադրել փորձեցին, եւ սակայն Էջմիածին մնաց անքակտելի:

Ինչպէ՞ս կարելի էր քանդել Էջմիածինը, երբ Հայուն հոգիով ու արիւնով շաղախուած էր անոր մէն մի քարը: Ինչպէ՞ս կարելի էր շարժել անոր հիմը, երբ Աստուծոյ ձեռքով նետուած էր ան: Աշխարհի վրայ չկայ եկեղեցի մը՝ որուն բարոյական հիման հետ՝ նիւթական հիմն ալ Աստուած հաճի դնել: Եւ գաղտնիքը հո՛ս է արդարեւ այն իրականութեան, երբ ժամանակի հոլովոյթներուն հետ՝ մեր հազար ու մէկ եկեղեցիները հիմնայատակ կը քանդուին ասիական գերող գերփող հորդաներու կողմէ, ու անոնցմէ հազիւ քանի մը փշրանքներ կը մնան ապագայ հնախոյզներու սեղանին առջեւ, իբրեւ նմոյշ, Էջմիածին կը մնայ անսասան՝ խորհրդանիշը ժայռի նման ամուր, Հայուն ադամանդեայ՝ լոյս հաւատքին:

Շաւարշ Վարդապետ Գույումճեան կը գրէ.

- Սուրբ Էջմիածին, մանաւանդ, տեսիլք մըն է, յաւիտենական եւ ոգեւոր արժէքներու քաղցն ու ծարաւն ունեցող հոգիներու երազը, ինքն իսկ ըլլալով սուրբ տեսիլքի մը թանձրացումը, շօշափելի եւ նիւթական կերտումը: Միածնի իջման տեսիլքն է այն յաչս Լուսաւորիչին, որ Գիրերու Գիւտով յափշտակուած Սուրբ Մեսրոպի նման, արժանացաւ աստուածային յայտնութեան, որու շնորհիւ հրդեհեց Հայոց հոգիները, ինչպէս միւսը պիտի լուսաւորէր անոնց մտքերը:

Եւ այսպէս, Հայոց աշխարհի հոգւոյ եւ մտաց երկու տիտանները, աստուածային տեսութեան արժանացած տեսլապաշտ հոգիներ, հայ հոգիի եւ մտքի կամուրջը կոթողեցին միջոցին եւ տեւողութեան մէջ:

Տեսիլք… հայոց հոգիներու հրդեհման եւ ի լոյս աստուածգիտութեան բերելու հոգեբանական վիճակն է այն, ուր Սուրբը կը ճենճերի լուսոյ խորանին վրայ, իբր լուսաւորութեան կամաւոր զոհ եւ պատարագ, եւ անոր ողջակիզմամբ անուշահոտութիւնը կը բարձրանայ երկինք, անկէ Սուրբ Էջմիածնայ վայրին վրայ իջնելու համար շող առ շող, շիթ առ շիթ…:

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը գրէ.

- Սուրբ Էջմիածնի կաթողիկէ Մայր Տաճարի հիմնադրութեան յիշատակին առիթով Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ զաւակներս պէտք ունինք անպայմանօրէն խորհելու եւ քննելու, թէ մենք՝ որպէս մասնիկ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին եւ անդամներ Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցիին՝ ո՞րքանով կը մնանք հաւատարիմ մեր գլուխին՝ Քրիստոսի, Աստուծոյ Իմաստութեան, որ պատմութեան մէջ օր մը Հայաստան աշխարհ իջաւ՝ այնտեղ եւս Իր տունը շինելու: Պէտք ունինք խորհելու եւ քննելու, թէ ո՛րքանով Քրիստոսի եկեղեցին մեր մէջ կենդանի է ու կանգուն, հիմնուած հաւատքի եւ Ս. Հոգիի շնորհքներուն սիւներուն վրայ, առանց որոնց եկեղեցին հայկական կը դառնայ իր բուն ինքնութենէն պարպուած գոյութիւն, կը դադրի ըլլալէ «Ծննդավայրը մեր հոգւոյն», կը դադրի ըլլալէ «Մեր պապերուն բարձր բերդը հաւատքին», կը դադրի «Դէպի երկինք բարձրացող ճամբայ» մը ըլլալէ եւ ի վերջոյ կը դադրի «Հայ հոգիին եւ մարմնոյն զրահանդերձը փայլուն» ըլլալէ:

Միածնաէջ եւ աստուածահիմն Հայ Եկեղեցիին հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը այն ատեն միայն կ՚ըլլայ ճշմարիտ եւ ամբողջական՝ երբ քարէն ու շէնքէն անդին անիկա մեզի համար կը դառնայ Աստուծոյ հետ հանդիպման վայր, հաւատքի ներշնչարան, յոյսի վկայարան, սիրոյ վառարան, կամքի ջրդեղարան եւ ի վերջոյ կեանքի մատուցարան:

Այն ատեն միայն մենք ճշմարիտ հասկացողութեամբ կրնանք երգել շարականագիր հեղինակին հետ. «Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ, քանզի ի սմա ծագեաց մեզ լոյս ի Հայաստան աշխարհի»:

Աւարտենք Յովհաննէս Յովհաննէսեանի մէկ քերթուածով՝ ձօնուած Սուրբ Էջմիածինին.

Դարեր եկան, դարեր անցան Է՛ջմիածին,
Քո հիմն անշարժ ու անսասան Էջմիածին,
Չե՛ս ձեռակերտ դու մարդկեղէն առօրեայ,
Դու շողակաթ լուսոյ խորան, Էջմիածին:
Խաւարի մէջ Դու վառեցար որպէս կանթեղ,
Վա՛ռ պահեցիր մեր սրտերում կայծն երկնային,
Անփառունակ ստրուկ երկրի՝ Դու լուսագեղ
Անշէջ փարոս ազատութեան, Է՛ջմիածին:
Ցրուած հօտի Դու ժողովուրդ անքոյթ փարախ,
Հաստա՜տ լինի թող մեր վրայ քո հովանին.
Գըրիգորի սուրբ օրհնութեամբ ծաղկի՛ր խաղաղ,
Փա՜ռք, ապաւէն մեր աննըման Է՛ջմիածին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

4 յունիս 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունիս 10, 2023