ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ԿՈՄԻՏԷԷՆ ՆԵՐՍ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԱԾ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ ՄԱՅՐԵՆԻԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԷ

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան առընթեր Լեզուի կոմիտէի նորընտիր նախագահուհի Սիրանոյշ Դւոյեան հայագէտի, գրականագէտի հարուստ փորձառութիւն ունի եւ իր փորձն ու լեզուի հանդէպ սրտցաւութիւնը բերած է լեզուի քաղաքականութիւն իրականացնող պետական բարձրագոյն կառոյց:

Լեզուի կոմիտէն ստեղծուած է 1993 թուականին եւ ի սկզբանէ ունեցած է գրական հայերէնի կանոնարկման, անսխալ հայերէնի տարածման գլխաւոր նպատակ: Տարիներու ընթացքին աւելցած եւ փոփոխուած են լեզուական քաղաքականութեան հարցերը, եւ այսօր կառոյցը նոր ընելիքներով ներկայանալու անհրաժեշտութիւն ունի:

Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը ունեցանք Լեզուի կոմիտէի նորանշանակ նախագահուհի Սիրանոյշ Դւոյեանին հետ, զանազան հարցերու ընթացքին քննարկեցինք նաեւ արեւմտահայերէնի պահպանման, տարածման եւ գործածման հարցերը՝ թէ՛ պետական, թէ՛ հանրային մակարդակներու վրայ: Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր զրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Վերջերս դուք հանդիպում ունեցաք Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավարին հետ. սփիւռքին առընչուող ի՞նչ հարցեր քննարկուեցան:

-Մեր կառոյցի լիազօրութիւններու մէջ մտնող որոշ հարցեր կարծես կը համընկին Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակի գործունէութեան որոշ խնդիրներու հետ, մասնաւորապէս՝ սփիւռքի կրթական, սփիւռքահայ հայրենադարձներու ուսման եւ լեզուի հարցերը: Հանդիպման հիմնական նպատակն էր հասկնալ՝ ի՞նչ ուղղութեամբ հիմա Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակը կը նայի այդ հարցերուն, ո՞ւր հասած են սփիւռքահայերու, հայրենադարձներու լեզուի ուսուցման հարցերը:

-Լեզուի ուսուցում ըսելով հասկնալ արեւելահայերէ՞նը, թէ՞ արեւմտահայերէնը:

-Երկուքն ալ: Ես որքան կը հասկնամ՝ վերջին տարիներուն հայրենադարձներու լեզուական կրթութեան առումով երկու խնդիր ունինք. առաջինը այն է, որ հայրենադարձուածներէն ոչ բոլորն են, որ փափաք կ՚ունենան արեւմտահայերէնը լաւացնելու, շարունակելու, նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ եթէ հաստատուած են Հայաստանի մէջ, ուրեմն աւելի շատ գործածական կը դառնայ արեւելահայերէնը: Ասիկա նոր խնդիր մը չէ, այդ նոյն խնդրին ես բախուած եմ նաեւ համալսարանին մէջ դասաւանդելու ժամանակ: Ես բոլոր սփիւռքահայ ուսանողներուն՝ արեւմտահայերէնը կրողներուն խրախուսողներէն եմ, որ անպայման իրենց աշխատանքները կատարեն արեւմտահայերէնով եւ պահեն դասական ուղղագրութիւնը: Բայց ուսանողներու զգալի մասը (ոչ-բոլորը) կ՚ըսեն՝ վերադարձած ենք Հայաստան (մասնաւորապէս Սուրիայէն վերջին տարիներուն տեղափոխուածները) եւ եթէ մենք հոս հաստատուած ենք, կը նախընտրենք արեւելահայերէնը զարգացնել: Ամերիկեան համալսարանին մէջ նոյնիսկ հայոց եւ լեզու դասընթացքի ծիրէն ներս մտածած էինք յատուկ խումբ մը ունենալ, որու հիմնական նիւթերը արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութիւնը ըլլալու էին եւ սփիւռքահայ ուսանողներ պիտի փորձէին զարգացնել արեւմտահայերէնը: Այդ մէկը մասամբ միայն յաջողեցաւ: Ոչ-բոլոր սփիւռքահայերը կ՚ուզէին այդ դասընթացքը վերցնել, նոյն պատճառաբանութեամբ՝ ինչ որ ըսի, Հայաստան հաստատուած են եւ կը մտածեն, որ իրենց համար գործածական պիտի ըլլայ արեւելահայերէնը:

Սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակը կը շարունակէ արեւելահայերէնին հետ միասին արեւմտահայերէնը զանազան ձեւերով ուսուցանել՝ առցանց դասընթացքներու միջոցով, ամառնային դպրոց եւ այլն: Բայց իրենց դիտարկումներն ալ նոյնն են, ինչպէս՝ ես հասկցած եմ իմ փորձով: Նախընտրութիւնը սովորաբար արեւելահայերէնինն է, մանաւանդ այն սփիւռքահայ ուսանողներու կողմէ, որոնց հայերէնը շատ-շատ տկար վիճակի մէջ է, ծագումով հայեր են, բայց՝ օտարախօս, եւ անոնք մէկ անգամէն կը նախընտրեն արեւելահայերէնը:

-Բայց հակառակ ատոր՝ արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն աւելի տարածում ունի՞ կարծես:

-Այո, եւ ես այդ մէկը ուրախութեամբ կ՚ըսեմ: Ինքս ալ մասնակից եղած եմ շատ մը նախագիծերու եւ խրախուսողներէն եղած եմ, որ արեւմտահայ գրականութիւնը եւ արեւմտահայերէն միտքը Հայաստանի մէջ հրատարակուի եւ հրատարակուի ա՛յն ուղղագրութեամբ, որով որ զայն կը ստեղծուի եւ ոչ թէ փոխուի, ինչպէս խորհրդային տարիներուն: Խորհրդային տարիներուն կ՚ըսեմ, բայց վերջին տասնամեակներուն այդ մէկը նոյնպէս տեղի կ՚ունենար: Եւ հիմնաւորումները թէ ինչո՞ւ կը փոխեն, նոյնքան ընդունելի են, որքան՝ իմ հիմնաւորումներս, որ ատոնք անպայման պէտք է ըլլան դասական ուղղագրութեամբ: Բնագիրը չենք կարող աղաւաղել, փոխել, յարմարեցնել անոր, ինչը մեզի յարմար է առօրեայ գործածութեան մէջ: Եւ այս մօտեցումը գուցէ աւելի գիտական եւ շատ աւելի նեղ հետաքրքրուածութիւն ունեցող շրջանակի կարող է բաւարարել, թէեւ ես կը կարծեմ, որ այդպէս չէ: Նոյն իմ ուսանողներս, երբ դժուարութիւն կ՚ունենային դասական ուղղագրութեամբ կարդալու հարցին մէջ, ես կը փորձէի հասկնալ, թէ արդեօք դասական ուղղագրութի՞ւնն է խնդիրը, թէ՞ ուղղակի լեզուի ըմբռնման հարց կայ: Կարծես այս երկու մակարդակի վրայ ալ խնդիր կայ, բայց երբ փոքր-ինչ աշխատանք կը տանիս, հասկնալի կը դառնայ, որ մեծ մասամբ կարո՛ղ են ըմբռնել՝ հակառակ տարբերութիւններուն, որոնք երբեմն զաւեշտի կարող են վերածուիլ: Մէկ խօսքով՝ արեւմտահայերէնի պարագային բարդութիւնները այնպիսին չեն, ինչպէս օտար լեզուի մը պարագային: Այո՛, օտարութեան որոշակի սահման մը կայ, բայց ատանկ չէ:

Վերջին տասնամեակներուն ես կը նկատեմ դրական քայլ մը՝ Հայաստանի մէջ արեւմտահայ գրականութիւնը (գրականութիւնը՝ լայն իմաստով, ոչ միայն՝ գեղարուեստական) տպագրելու, շրջանառելու, նաեւ հանրային ներկայութիւն դարձնելու միտում մը: Բայց որքան ալ որ ցաւալի է խոստովանիլը՝ Հայաստանը դարձած էր սփիւռքահայ մտաւորականներու լսող լսարանը, որովհետեւ սփիւռքի մէջ հայերէն խօսքը շատ-շատ քիչցած է, այն լսարանը, որ պէտք է պատրաստ ըլլար հայերէն խօսք լսելու, պակսած է: Եւ այդ մտաւորականները Հայաստանի մէջ ներկայութիւն կը դառնային ո՛չ միայն այն պատճառով, այլեւ կար երկրորդ կարեւոր հարցը. ես զանազան առիթներով ալ խօսած եմ ասոր մասին, որ սփիւռքը ձեւով մը մեզի համար մշակութային առումով հանդէս կու գայ որպէս «մեր ուրիշը», այսինքն մէկը, որ մեզի միջանկեալ կը կապէ աշխարհի հետ: Եւ քանի որ այդ խօսքը հայերէն էր, այս կապը աւելի սահուն կը ստացուէր նաեւ Հայաստանի մէջ: Չէ՞ որ գիտենք, թէ այդ մարդիկ հոս կու գան միջազգային փորձէն, միջազգային միտքեր բերելու… Ուրեմն, այս առումով ինծի համար վերջին տարիներու՝ մօտաւորապէս մէկ, մէկուկէս տասնամեակի փորձը շատ-շատ հետաքրքրական էր նոյն այս տեսանկիւնէն:

-Ձեր ղեկավարած կառոյցը իր ծրագիրներուն մէջ ունի՞ նաեւ արեւմտահայերէնը գործածութեան մէջ դնելու նպատակ:

-Այս պահուս ինծի համար տակաւին անորոշ կը մնայ, թէ ի՞նչ կարելի է ընել արդէն պետականօրէն: Այն ինչ որ կը կատարուի հանրային, մտաւորական մակարդակներու վրայ՝ երեւելի է, բայց ատկէ աւելի, արդէն պետական կառոյցի միջոցով այս պահուն չեմ պատկերացներ: Յստակ է, որ հայերէնը որպէս պետական լեզու, այսօր միակ կարգավիճակ ունեցող լեզուն է Հայաստանի մէջ, բայց հայերէնը յարաբերութիւններ ունի Հայաստանի մէջ ուսուցանուող եւ ըստ անհրաժեշտութեան կիրառուող այլ լեզուներու հետ, խօսքը օտար լեզուներուն կը վերաբերի, եւ այս յարաբերութիւններու շրջանակը պարզ է: Արեւմտահայերէնի հարցը, անշուշտ այդ շրջանակի մէջ չէ, արեւմտահայերէնը չենք ըմբռներ իբրեւ օտար լեզու, որը պէտք է որոշակի յարաբերութեան մէջ ըլլայ: Ճիշդ ասոր մէջ է արեւմտահայերէնի բարդութիւնը. մէկ կողմէ կը հասկնանք, որ շատ առարկայական պատճառներով լայն տարածում չի գտներ, որովհետեւ կիրառողները քիչ են, ինչպէս նաեւ գործնական նպատակներէ ելլելով, ըսի, որ նոր եկող սերունդը շահագրգիռ ալ չէ կիրառելու, բայց միւս կողմէ այդ մէկը մեզի համար, պետականօրէն շատ կարեւոր հարց է՝ ինչպէ՞ս վարուիլ արեւմտահայերէնին հետ պահպանելու, զարգացնելու առումով: Հանրային ճանապարհով՝ ըսի ինչպէս տեսած եմ ճանապարհը, կապեր, փոխադարձ հրատարակութիւններ, քննարկումներ, բանախօսութիւններ, որոնց ընթացքին ներկայութիւն կ՚ըլլայ արեւմտահայերէնը: Պետականօրէն եւ քաղաքականօրէն շատ հեռու կը թուի, քանի որ տակաւին չեմ հասկցած, այն տեղը, որ ան պիտի գրաւէ: Բայց իմ ուշադրութեանս ներքոյ է, ես անընդհատ պիտի փորձեմ հասկնալ՝ ի՞նչ կարող ենք ընել: Այստեղ սփիւռքի հետ ալ քննարկումներու հարց ունինք: Սփիւռքը ի հարկէ, իր միջոցներով կը փորձէ ինչքան հնարաւոր է պահել կամ գոնէ փոխանցել, զանազան նախաձեռնութիւններ կան, բայց Հայաստանն ալ իր կարգին կը մտածէ՝ ի՞նչ կարող է ընել: Անձամբ ինծի համար այդ մէկը նաեւ անձնական կարեւորութիւն ունի:

-Դպրոցներու, համալսարաններու, գիտական կեդրոններու մէջ գործածութեան արգելք արդէն չկայ, այնպէս չէ՞:

-Այսօր արդէն արգելք չկայ. եթէ ոեւէ մէկը Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնով, դասական ուղղագրութեամբ դիմում կամ գրութիւն մը գրէ, արգելք մը չկայ: Ես, յամենայնդէպս, այս առումով մեծ խնդրի մասին չեմ լսած: Համալսարաններու, գիտական կեդրոններու մէջ ալ հետազօտողներ արեւմտահայերէնով, դասական ուղղագրութեամբ կը պաշտպանեն իրենց թեզերը: Հայաստանի եօթ համալսարաններու եւ երկու դպրոցներու մէջ ալ կը դասաւանդուի արեւմտահայերէնը:

-Վերջերս դուք պաշտօնապէս ազդարարած էք «Հայերէնը ոչ-հայախօսներու համար. հայերէնի ուսուցման, ստուգման եւ գնահատման համակարգ» նոր ծրագրի մեկնարկը։ Արդէն սկսա՞ծ են աշխատանքները եւ ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք այդ ծրագիրէն:

-Աշխատանքները կը տարուին եւ շատ շուտով արդէն կը սկսինք: Ծրագիրը պետական եւ ոչ-պետական միջոցներով նախատեսած ենք իրականացնել, իսկ ծրագրի անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած էր մասնաւորապէս վերջին քանի մը տարիներուն Հայաստանի մէջ շատցած աշխատանքային գաղթով, որ որոշակի ընկերային խնդիրներ յառաջացուցած էր եւ կը շարունակէ յառաջացնել: Պատճառն այն է, որ աշխատանքային ներգաղթեալները Հայաստանի մէջ հիմնականը սպասարկման ոլորտի մէջ կ՚աշխատին, եւ հայերէնի չիմացութիւնը լուրջ խոչընդոտ կը դառնայ թէ՛ իրենց, թէ՛ իրենց ընկերային համարկման եւ թէ ընդհանրապէս աշխատանքները բաւարար կազմակերպելու համար: Ոչ-հայախօսներուն հայերէնի ուսուցման եւ անոնց հայերէնը ստուգել-գնահատելու ծրագրի միտքը շատ վաղուց գոյութիւն ունեցած է՝ 2003, 2004 թուականներէն, 2005 թուականին ալ առաջին անգամ փորձ կատարուած է մշակել այդ շրջանակը: Ունինք հրատարակուած գիրք՝ «Լեզուներու իմացութեան, իրազեկման համաեւրոպական համակարգ, ուսումնառութիւն, դասաւանդում, գնահատում», եւ ասիկա որեւէ լեզուի՝ որպէս օտար լեզու ուսուցանելու այն միջազգային շրջանակն է, որուն մէջ փորձ կատարուած է առաջին անգամ հասկնալ հայերէնը ինչպէ՛ս կարող ենք դասաւանդել: Յետագայ տարիներուն քանի մը փորձ նորէն եղած է, բայց բոլորը կիսատ մնացած են, ի վերջոյ այդ համակարգը չէ ստեղծուած: Եւ հիմա այս վերջին զարգացումներով քանի որ անհրաժեշտութիւնը շատ աւելի սուր էր, գործընթացը արագացնելու կարիք եղաւ: Թուային հարթակ պիտի ստեղծուի, որու միջոցով կ՚իրականացուին ստուգումը, գնահատումը, նաեւ իմացութեան համապատասխան մակարդակը հաստատող վկայագիր մը կը տրուի: Ասոր հետ կապուած ուսումնառութիւնը կամ ուսուցումը կ՚աշխուժանայ ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ՝ Հայաստանէն դուրս, որովհետեւ համակարգը միայն Հայաստանի մէջ պիտի չգործէ: Ի հարկէ, անկախ այս ծրագիրէն, սորվողներ կան, շատ օտարախօսներ կը տիրապետեն հայերէնին, կրթական կեդրոններու միջոցով կը սորվին, ունինք լաւ փորձ ունեցող կառոյցներ, որոնք օտարախօսներուն հայերէն կը սորվեցնեն, բայց ամբողջ հարցն այն է, որ դժուար էր հասկնալ, թէ լեզուի ի՛նչ մակարդակի կը տիրապետեն եւ ո՛ւր կարող են այդ մակարդակի հայերէնով աշխատանք գտնել, նաեւ հանգիստ ապրիլ: Միասնական համակարգ ստեղծելու խնդիրը ատկէ եկաւ. լեզուական իմացութեան մակարդակները նշագրող վաւերագրերը ընդհանուր ըլլան, ոչ թէ ըլլան զանազան՝ կառոյցէ կառոյց պայմանաւորուած:

-Այս մէկը նաեւ հայերէնը պահպանելու, արժեւորելու ձեւ մը կը նկատէ՞ք:

-Կարող ենք նաեւ այդպէս նայիլ: Ես անձամբ կը մտածէի, թէ ի՜նչ հետաքրքրական է, որ նորարար միջոցները փաստօրէն բան մը կ՚ընեն, ինչ որ չէինք կրնար պատկերացնել՝ այսինքն հայերէնի ուսուցումը, ստուգումը դարձնել այնքան միասնական, որ կարող է Հայաստանի սահմաններէն դուրս գործել եւ այդ առումով, այո՛, կարող ենք ըսել, որ իր տարածման մակերեսը քիչ մը կը մեծնայ: Առաջ ալ կար, բայց աւելի պիտի դիւրանայ:

-Եթէ Հայաստանի մէջ արեւելահայերէնը պահելու ջանքը կայ, սփիւռքն ալ արեւմտահայերէնը պահելու հարցին առջեւն է: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք սփիւռքի ճիգերը:

-Վերջին շրջանին մտահոգիչ է մանաւանդ Մերձաւոր Արեւելքէն տեղի ունեցող ներհոսքը դէպի Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ: Փաստօրէն Մերձաւոր Արեւելքի համայնքներն էին, որ շատ աւելի նախանձախնդիր էին լեզուի պահպանութեան, նաեւ մշակոյթի շարունակութեան հարցին մէջ: Ցաւօք սրտի, հիմա կը տեսնենք, որ այդ միտումը կամաց-կամաց կը սկսի նուազիլ: Միւս կողմէ, զիս կ՚ուրախացնեն այն ծրագիրները, որոնք կը փորձեն ժամանակակից միջոցներով երթալ լեզուն ուսուցանելուն: Ժամանակակից երիտասարդութիւնը, եթէ լեզուն սորվողներու հիմնական խումբն է, եւ ինք է, որ պիտի փոխանցէ, պահպանէ, ուրեմն իրենք աւելի հակուած են արդի միջոցներով սորվելու: Չէ՞ որ իրենք միւս լեզուները կը սորվին ա՛յդ միջոցներով: Եւ երբ որ հայերէնը կու գայ ոչ-ժամանակակից միջոցներով, ան կը դառնայ առնուազն ոչ-հմայիչ (ուսուցման առումով): Ես շատ կը կարեւորեմ այն ջանքերը, որոնք կը փորձեն այդ եղանակներով ուսուցանելով լեզուն պահել: Մասնաւորապէս «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը, Համազգայինը ունին նման նախաձեռնութիւններ: Գնահատելի է այս երկու կառոյցներու ջանքը՝ արդի միջոցներով լեզուն փոխանցելու եւ այդ ընթացքին շատ աւելի ուշադիր չըլլալու նեղ գրագիտութեան հարցերուն, քանի որ նեղ գրագիտութեան հարցերը երբեմն կը խանգարեն լեզուի ուսուցումը: Նաեւ ողջունելի է արեւմտահայերէնով գիրքերու հրատարակութիւնը:

-Ձեր գիտական, դասախօսական աշխատանքը կը խանգարէ՞ Լեզուի կոմիտէի նախագահի բազմազբաղ պաշտօնը:

-Միայն ժամանակային առումով կարող է խանգարել, բայց բովանդակային առումով՝ ոչ: Ի վերջոյ, ինչո՞ւ համաձայնած եմ ստանձնել այս աշխատանքը, որովհետեւ իմ գիտական ուսումնասիրութիւններս եւ իմ փորձս է, որ բերած են անոր, որ գուցէ հետազօտութենէն այն կողմ եւ հանրայնօրէն այդ հարցերը հասկնալէ անդին աւելի լայն գործօններ ստեղծելու, քաղաքականութիւններ մշակելու կարիք կայ: Իրականութեան մէջ բովանդակային առումով պէտք չէ, որ խանգարէ, բայց ժամանակային առւմով բնականաբար, անհնարին է այդքան աշխատանք կատարել մէկ մարդու համար՝ մէկ օրուայ կտրուածքով: Կը շարունակեմ դասախօսական աշխատանքս, բայց՝ շատ քիչ, գիտական աշխատանքս տակաւին չեմ գիտեր ինչպէ՞ս կը շարունակեմ…

-Ինչպիսի՞ հիմնական խնդիրով ժառանգած էք կառոյցը:

-Կառոյցը ստեղծուած է 1990-ականներուն՝ անկախացող Հայաստանի առաջին կառոյցներէն մէկը եղած է, եւ ա՛յդ համատեքստին մէջ մշակուած թէ՛ օրէնքը, թէ՛ կոմիտէի կառուցուածքը, թէ՛ գործունէութեան եղանակը մտածուած եւ ըստ էութեան գործած են այդ ժամանակաշրջանի մէջ, այսինքն 1990-ականներէն մինչեւ վերջին քանի մը տարիները: Բայց ես այլեւս կը զգամ, որ աշխատանքի այն եղանակները, որոնցմով մենք կը փորձենք, օրինակ, հասկնալ լեզուական քաղաքականութիւնները կամ մտածել ի՛նչ լեզուական քաղաքականութիւններ հնարաւոր է իրականացնել Հայաստանի մէջ, համարժէք չեն: Իրական կեանքը զարգացած է այլ ուղղութեամբ եւ մեր աշխատանքներն ու մեր ըսենք նախատեսած շրջանակը նաեւ օրէնսդրութեամբ նախատեսուած շրջանակը քիչ մը աւելի ետ մնացած են ատկէ: Հոս կը տեսնեմ հիմնական խնդիրը, եւ մենք հիմա ալ կը փորձենք քայլ ընել (ինչպէս, օրինակ, այս նոր ծրագիրը), որ կառոյցը իրմով կարողանայ վերակազմակերպուիլ այնպէս, որ համահունչ ըլլայ այսօրուայ խնդիրներուն, արձագանգէ նոր խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ մշակէ քաղաքականութիւններ, որոնք ուղղորդուած են Հայաստանի մէջ իրական գոյութիւն ունեցող լեզուական խնդիրները կանոնակարգելուն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 10, 2024