14-ՐԴ «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ը ՍԿՍԱՒ

Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը կատարուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի 14-րդ փառատօնի պաշտօնական բացումը։ Այս առթիւ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ զետեղուեցան Ֆրունզէ Տովլաթեանի, Եուրի Երզնկեանի եւ Սէրկէյ Իսրայէլեանի աստղերը։ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան եւ ոլորտի յայտնի անուններ մասնակցեցան այդ աստղերու զետեղման՝ պատշաճ յարգանք մատուցելով շարժանկարի այդ նուիրեալներուն նկատմամբ։

Առաւօտուն տեղի ունեցաւ աւանդական ծիրանօրհնէք, իսկ յետմիջօրէին «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճին մէջ սկսաւ 14-րդ փառատօնը։ Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն վերջ ցուցադրուեցաւ Համօ Բեկնազարեանի «Խասփուշ» ժապաւէնը։ Փառատօնի սկիզբին առթիւ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկաւ ճազի վարպետ Վահագն Հայրապետեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փառատօնի հիմնադիր-նախագահ, բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեան 14-րդ «Ոսկէ ծիրան»ի սկիզբին առթիւ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Իր հետ էր նաեւ փառատօնի վաղեմի գործընկեր «Վիվասել» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան։ Յարութիւն Խաչատրեան հաւաքոյթի ընթացքին ըսաւ. «Այս տարի չենք հրաւիրած համաշխարհային ճանաչման տէր գերաստղեր, սակայն փառատօնի շրջանակներէն ներս պիտի ցուցադրենք վերջին տարիներուն նկարահանուած լաւագոյն ժապաւէնները, որոնց մեծ մասը առաջին անգամ պիտի ներկայացուին Երեւանի մէջ։ Փառատօնի յաջողութեան գործին մէջ շատ կը կարեւորեմ նաեւ մեր քաղաքի՝ Երեւանի դերը։ Ան ունի հիանալի, ջերմ մթնոլորտ եւ շատ են շարժանկարի դահլիճները»։

Իր կարգին, Ռալֆ Եիրիկեանն ալ ընդգծեց, որ «Ոսկէ ծիրան»ը կ՚իրականացնէ կարեւոր առաքելութիւն։ Փառատօնը ամբողջ աշխարհի մէջ ճանաչելի կը դարձնէ Հայաստանը։ «Ան մեծ դեր ունի նաեւ հայ քաղաքակրթութեան զարգացման գործին մէջ եւ մենք սիրով կ՚աջակցինք անոր կայացման», ըսաւ Եիրիկեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017