ԵՐԵՍՆԱՄԵԱԿ

Ցատկ մը, ոստում մը հրճուանքով զարդարուն, զուարթ դէմքերով պարուրուած, տարիքը առած երիտասարդ ժպիտներով յագեցած: Պար մըն է ընդամէնը, պար մը խորհրդաւոր, նոյն պարը՝ երեսուն տարի առաջուան: Հաւատա՞լ, որ նոյներն են ցատկողները՝ ուսման հանգրուանի մը աւարտէն ետք յաղթական ոգեւորութեամբ խանդավառ երիտասարդները:

Այո՛, տասներկու տարիներու տքնանքէն ետք աւարտ մըն էր բարի, որ կեանքի նոր նուաճումներու դուռը բացաւ իւրաքանչիւր շրջանաւարտի առջեւ: Մին շարունակեց իր ուսումը, վկայուեցաւ ու ահա բժիշկ է, ուրիշ մը՝ ճարտարապետ, ուսուցիչ, վաճառական, տնտեսագէտ..., ուրիշներ իրենք զիրենք գտան կեանքի նոր հանգրուաններու մէջ ու ուսումէն չկշտացած մտան ընտանիքներու կազմութեան ուղին, բայց ահա հոս են անոնք, եթէ ոչ բոլորը, մէկ մասը միայն. մաս մը, որուն հնչիւնները կը սփռուին ու կը հասնին հեռուները գտնելու բացակաները երբեմն անուններով՝ Ռաֆֆին, Մարինան, Թալինը, Յովիկը..., երբեմն յիշարժան արարքներովը անոնց գրասեղաններուն ետին ծուարած մէկ պահուն՝ «հահահա, թուաբանութեան պահուն կը յիշէ՞ք ինչ ըսաւ ուսուցիչին» կամ՝ «Ինչե՜ր կ՚ընէր արաբերէնի պահերուն»...:

Նախադասութիւններ են, դէպքերու յուշումներ, որ կը կենդանացնեն պահեր, որոնք մոռցուած կը նկատուէին առ այսօր ոմանց յիշողութենէն, բայց ոչ, ահա անոնք մի առ մի կը յիշուին, ապրումներով երիտասարդ, ցատկերով ու պարերով համերաշխութիւն ու կարօտ թեւածող: Կարօտ, այո՛, անցեալի անմոռանալի պահերուն, կարօտ պատանութեան, կարօտ երիտասարդութեան, կարօտ անցեալ խանդավառութեան, անցեալի՜ն, որ անկրկնելի է, ինչպէս կոկոնի մը շլացուցիչ հմայքը, որ երկար չի տեւեր, բայց շա՜տ սիրելի է:

«Չէ՛, նկատելի է, որ երեսուն տարի անցած է», կ՚ըսէ անոնցմէ մէկը երիտասարդի պէս պարելու կարողութեան նուազումը նկատելով:

«Ո՛չ, քսանհինգ», կը շարունակէ ուրիշ մը, բայց քսանհինգն ու երեսունը բանի մը մէջ կը համաձայնին՝ գլորած տարիներ եւ կեանքէն յոգնած մարմիններ...:

Ու անցեալն ու ներկան կ՚ագուցուին, ամէն ոք կը սկսի պատմել իր ներկան՝ ապրած երկիրը, անոր բարքերուն ընտելացումը, անոր դժուարութիւնները, աշխատանքը, մաքառումը..., հալէպեան արմատները կը քրքրին ու՝ «Ճեմարանը կը տեսնեմ դասաւանդած դպրոցիս մէջ», կ՚ըսէ ներկայիս հայերէնաւանդ ուսուցչուհի մը գոհունակութեամբ, քանի պահած է արմատներուն տոկունութիւնը այսպիսով, հայութիւնը՝ օտարութեան մէջ...: «Սուրիահայերը կանչեցի եւ դէմս հաւաքուեցան բանակավայրի 1200 մասնակիցներուն գրեթէ մէկ երրորդը», կ՚ըսէ Ամերիկայի մէջ միութենական աշխատանքներով զբաղող ընկեր մը, որ արար աշխարհէն հարիւրամեակի առիթով հայրենիք ժամանած բանակողներուն այս տեսարանին ի տես պարծանք մը պատած էր զինք, եւ՝ «ամէն տեղ սուրիահայ կայ», կը շարունակէ իր խօսքը սուրիահայուն դրոշմը պարզելով: «Ճեմարանը մեզի շատ բան տուած է, հիմա է որ կը նկատենք օտարութեան մէջ», փայլուն աչքերով կը շարունակէ ուրիշ մը: Հանդիպումին ներկայ ուսուցչուհին մէկիկ-մէկիկ կը զննէ դէմքերը, կը համեմատէ կարծես զանոնք անցեալի դէմքերուն հետ ու զարմանալիօրէն յիշողութիւնը կը յուշէ իրեն, անուններուն հետ կը գտնէ իր աշակերտները բաժանումներու թիւերով ու մանրամասնօրէն:

Փորձառութիւններ կը պատմուին, հասունացում պարգեւող, աճեցնող փորձառութիւններ, որոնցմէ անմասն չի մնար հարկաւ պատերազմը: Հալէպի, Սուրիոյ մէջ թէ դուրս եղողներու ապրումներով կը յագենայ զրոյցը, որ դառն յիշողութիւններ կը գծէ, ներս եղողը՝ ականատեսը, կը պատմէ անմոռանալի ու ցաւոտ պահերը պատերազմին, դուրսինը՝ հեռուէն հետեւողը. «Ծորակը երբ բանայինք եւ ջուրը հոսէր, ելեկտրականութեան կոճակը երբ սեղմէինք եւ լոյսը տարածուէր, ձմրան ցուրտին երբ մեր տաքուկ տուները նստէինք այն օրերուն, կը ցաւէինք իսկապէս մեր հարազատներուն ապրած այդ պահերուն ի տես, ոչ միայն պահ, այլ ի՛նչ ըսել է ամիսներ առանց ջուրի ու լոյսի կրակներու տարափին տակ ապրիլ, մեր հանգիստը կորսնցուցած էինք եւ չէինք ուզեր հաւատալ, որ մեր Հալէպը կրնայ այս կացութեան մէջ գտնուիլ. որքան կ՚ափսոսայինք ու տակաւին կ՚ափսոսանք...»:

Հանդիպում մըն էր ընդամէնը, ուր հին երիտասարդներ էինք մենք կարծես: Անջնջելի կապ մը գոյ է հինին ու նորին միջեւ, հինը արմատն է նորին, իմաստը անոր գոյութեան, բայց նաեւ հինին շողն է որ ներկան կը լուսաւորէ ու պիտի շարունակէ լուսաւորել:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 10, 2018