ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐ, ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՄԸ

Ճեք Լանտըն կը համարուի այն բացառիկ հեղինակներէն, որոնք դուրս եկած են «բնականոն»է եւ դարձած՝ յառաջատար, անփոխարինելի անհատականութիւններէն մին։ Լանտընի իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւնը կը հետաքրքրէ բոլոր մարդիկ՝ անկախ իրենց մորթի գոյնէն, ցեղէն, ազգութենէն, տարիքէն կամ կրթութեան աստիճանէն։ Իր գիրքերու հերոսները՝ հասարակութեան իրողութիւնները ցոլացնող կերպարները կը հմայեն իրենց անկեղծութեամբ, քաջութեամբ, համարձակութեամբ ու ազնուութեամբ։

Լանտըն դրամատիրական «դժոխք»էն փրկուելու միակ ճանապարհը կը տեսնէր ընկերվարական յեղափոխութեան մէջ։ Այս պատճառով, ան եղած է իր ժամանակաշրջանի միակ գրողը, որ բարձրաձայնած է հասարակական օրէնքներու բարեկարգման եւ զարգացման մասին։ Թէեւ Ճեք Լանտըն խոշորացոյցի տակ դրած է հասարակական բազմաթիւ հարցեր, սակայն իր երկերու հասարակաց նիւթը կարելի է համարել տառապող մարդիկ։ Ան միշտ երեւակայական սահմանները անդրանցելով նկարագրած է «փոքր», ճնշուած մարդու կերպարը, անոր բաղձանքներն ու երազանքները, նաեւ հոգեկան եւ ֆիզիքական նեղութիւնները։ 

Լանտընի կեանքն ալ եղած է բաւական հետաքրքրական, ինչպէս են իր բոլոր ստեղծագործութիւնները։ Անոր մանկութիւնը անցած է ծանր պայմաններու ներքեւ։ Վաղ տարիքին ստիպուած մուտք գործած էր աշխատանքային ասպարէզ, որպէսզի կարենայ անհրաժեշտ միջոցներ ապահովել իր ընտանիքին։ Դեռ դպրոցական տարիներուն ան միշտ կ՚արթննար առաւօտեան կանուխ ժամերուն, քաղաք իջնելով կը վաճառէր օրուայ թերթը, կը կարդար իւրաքանչիւր լուրը, իսկ յետոյ կ՚ուղղուէր դէպի դպրոց։ Օր ըստ օրէ ծանրացած նիւթական պայմաններու բեռը կը կուտակուէին երիտասարդ Ճեքի ուսերուն վրայ։ Հետեւաբար ան ստիպուեցաւ դպրոցը լքել եւ աշխատիլ օրուայ մէջ գրեթէ 18-20 ժամ։ 

Լանտըն թրծուեցաւ «կեանքի համալսարան»ին մէջ, ինչ որ յետագային օգնեց մարդոց ներկայացնել զանազան բնագաւառներու իրողութիւնները, պայմանները, նաեւ կեր-տել տարբեր խաւերէ մարդոց կերպարներ։

Տանհինգ տարեկան հասակին գնած նաւակով կը սկսի որսալ ոստրէներ արգիլուած տեղերու մէջ։ Ան գիտէր բանտարկութեան վտանգը, սակայն օրուայ մեծ մասը կ՚անցընէր իր սեփական լողացող բնակարանի մէջ։ Նոր զբաղմունքը օգնեց գոնէ մասամբ թեթեւցնելու իր պարտքերը։ 

Լանտըն միշտ հետաքրքրուած է ընթերցանութեամբ։ Անոր գրական մտահորիզոնի ձեւաւորման ճանապարհին մեծ դեր ունեցած է գրադարանապետուհի, բանաստեղծուհի Ինա Քուլպրիթ։ Երիտասարդ Ճեքը կը հրապուրէին այնպիսի գիրքեր, որոնց մէջ պատկերուած էին քաջ, աննկուն եւ խիզախ կերպարներ։ Բաց աստի, ան կը սիրէր նաեւ ընթերցել ովկիանոսի ու անդրովկիանոսեան հեռաւոր ու անյայտ երկիրներու մասին գիրքեր։ 

Տասնութ տարեկան հասակին Ճեք սկսաւ աշխատիլ Սոֆի Սաթըրլենտ անունով նաւի մէջ, որ կը մեկնէր Ճաբոն։ Ճեք ոչ մէկ դըժ-ւարութենէ կը վախնար, կ՚աշխատէր փորձառու նաւաստիներու հետ հաւասար պայմաններով, երբեմն նոյնիսկ կ՚ընէր աւելին, քան կը պահանջուէր իրմէ։ Քանի մը ամիս վերջ նաւը վերադարձաւ Սան Ֆրանսիսքօ։ Ճեք տուն վերադարձած էր մեծ տպաւորութիւններով, ան այլեւս գիտէր իսկական ծովը, ծանօթացած էր նոր մարդոց հետ։ Լանտըն, իր ամիսներով աշխատութեան փոխարժէքը անմիջապէս յանձնեց մօրը, բայց ընտանիքի նիւթական դժուարութիւնները կը շարունակուէին։ 1893 թուականի ճգնաժամը մեծ ազդեցութիւն գործած էր երկրի տնտեսական կեանքին վրայ, գործարանները չէին շարունակեր իրենց գործունէութիւնը, բանուորները գործադուլ կ՚ընէին, խանութներ լեցուն էին ապրանքներով՝ որովհետեւ ժողովուրդը գնելու կարողութենէն զուրկ էր։ 

Մօրը յանձնարարութեամբ՝ իր «Ճաբոնի ափերու մօտ մրրիկ» պատմուածքով կը մասնակցի «Call» թերթի լաւագոյն պատմուածքի մրցոյթին։ Լանտընի այդ անդրանիկ պատմուածքը արժանացաւ առաջնութեան մրցանակի՝ 25 ամերիկեան տոլար, ինչ որ քաջալերեց երիտասարդ գրողը աւելի շատ ստեղծագործելու համար։ Լանտըն սկսաւ գրի առնել նորանոր պատմուածքներ։ Երկարատեւ տնտեսական ճգնաժամի ընթացքին բանուորներու հետ ունեցած իր շփումները անոր համար դպրոց հանդիսացան։ Ասյպէսով ան դարձաւ աւելի լրջամիտ եւ սկսաւ հետաքրքրութիւնը հակիլ դէպի ընկերվարական շարժումը։ 

1896 թուականին ինքնըստինքեան քննութիւններու պատրաստուեցաւ եւ յաջողութիւն արձանագրելով ընդունուեցաւ Գալիֆորնիոյ համալսարանը, սակայն երրորդ կիսամեակին ստիպուեցաւ լքել՝ անհրաժեշտ միջոցներու բացակայութեան պատճառով։  

1897 թուականին, երբ ոսկի յայտնաբերուած էր Ալասքայի մէջ, շատերու նման Լանտըն եւս մեկնեցաւ հիւսիս։ Այնտեղ ան չյաջողեցաւ հարստանալ, սակայն գրելու համար բազմաթիւ նիւթեր հաւաքեց։ 1899 թուականին հրատարակեց պատմուածքներ։ Սառցապատ, փայտէ տուներ, սարսափելի սառնամանիք, բեւեռային երկար գիշերներ, ամենաուժեղի յաղթական եկած վիճաբանութիւններ, մահացու վտանգներով լի կեանք… Այսպիսի պայմաններու մէջ կ՚ապրէին իր երկերու հերոսները՝ սպիտակամորթ ոսկեխոյզներն ու բնիկ ժողովուրդը։ Լանտընի հերոսները խիզախ են, որոնց բնաւորութիւնները կը ձեւաւորուին բնութեան արհաւիրքներու դէմ պայքարելու ընթացքին։ Լանտընի այդ շրջանի գործերու մայր գաղափարը ո՛չ թէ պայքարն է ոսկիի համար, այլ՝ մարդու մէջ մարդկայինը, կեանքի նկատմամբ սէրը պահելու ձգտումը։

Լանտընի ստեղծագործութիւններու մէջ կեանքի օրէնքները դաժան են, բայց՝ արդարացի։ Դժբախտութիւնը վրայ կը հասնի այն ժամանակ, երբ մարդիկ կ՚անտեսեն կեանքի օրէնքները, կը հարստանան, կը դառնան ագահ ու կը ձգտին ա՛լ աւելի հարստանալու՝ ոտնահարելով ամէն ինչ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2020