ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ՎԱԽՃԱՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներէն՝ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի «Հայերը եւ վախճանաբանութիւնը» գիրքէն հատուածներ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։

*

Այս գիրքը ուղղուած է հայ քրիստոնեայ հաւատացեալին:

Իւրաքանչիւր մարդ, իւրաքանչիւր ազգ իւր առանձնայատուկ առաքելութիւնը ունի այս աշխարհին մէջ: Իւրաքանչիւր ազգ, որ կը կամենայ հասու դառնալ իր առաքելութեան, նախ եւ առաջ, պէտք է ընկալէ իր էութիւնը: Ահաւասիկ, այս հարցին մէջ մեզի կ՚օգնէ Ծննդոց գիրքը:

Աստուած Ադամի մօտ բերաւ թռչունները, սողունները, կենդանիները, որոնց մեր նախահայրը տուաւ անուններ, քանզի ան ունէր արարածներու էութեան մէջ ներթափանցելու կարողութիւն: Անունը կը բխի էութենէն, իսկ էութենէն ալ կը բխի անոր առաքելութիւնը: Կրնայ հարց ծագիլ՝ Ադամը ուրկէ՞ գիտէր արարածներու էութիւնը:

Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը: Երկինքը վերին՝ անտեսանելի հոգեւոր աշխարհն է, ուր կը բնակին հրեշտակները՝ հոգեղէն էակները: Այնուհետեւ Աստուած ստեղծեց երկիրը՝ նիւթեղէն աշխարհը, ներկայի ընկալումով՝ տիեզերքը: Ամենավերջին՝ վեցերորդ օրը, Աստուած ստեղծեց մարդ արարածը, որ, ի տարբերութիւն հրեշտակներուն, ունէր թէ՛ նիւթեղէն եւ թէ հոգեղէն բնութիւն:

Մարդ արարածը Աստուծոյ արարչագործութեան թագն ու պսակն է:

Արարչագործութեան աւարտէն վերջ՝ եօթներորդ օրը, Աստուած հանգստացաւ: Նոյն բանն ալ պատգամեց մարդուն՝ վեց օր կ՚աշխատիս, եօթներորդ օրը կը հանգստանաս, եւ այդ օրը կը տրամադրես քու Տէր Աստուծոյդ: Հանգիստի այդ օրը քրիստոնեաներուս համար կիրակի օրն է, երբ մենք պատարագի ընթացքին Ս. Հաղորդութեան միջոցաւ կը հաղորդուինք մեր Տիրոջ հետ:

Հրեշտակները կոչուած էին ծառայելու Աստուծոյ, դառնալու անոր դեսպանները, ինչպէս նաեւ մնայուն կերպով փառաբանելու զԱստուած։

Մարդ արարածը, որ ստեղծուած էր կարողութեամբ անմահ, Աստուծոյ նմանութեամբ ու պատկերով, ունէր ազատ կամք եւ հրեշտակներուն նմանութեամբ կոչուած էր ծառայելու եւ փառաբանելու զԱստուած։ Աստուած մարդուն տէր եւ իշխան կարգելով իր ստեղծագործութեան, կ՚ուզէր, որ մարդը գիտակցելով իր պատասխանատուութեան ճիշդ կերպով խնամէր իրեն յանձնուած աշխարհը։

Ի տարբերութիւն հրեշտակներու՝ Ադամը երկակի խնդիր պիտի լուծէր թէ՛ նիւթեղէն, թէ՛ ոգեղէն ոլորտներու մէջ, այդ իսկ պատճառաւ ան կոչուեցաւ պսակ արարչագործութեան:

Սակայն, աւա՜ղ, արարչագործութեան յաջորդեց առաջին ողբերգութիւնը: Անդրանիկ հրեշտակը, առաջնորդ էր հրեշտակներու եւ հոգեւոր աշխարհի ու կը բազմէր երկնային գահին վրայ՝ վար ինկաւ: Պատճառը այն էր, որ փոխանակ ան զննէր զԱստուած ու ամրագրէր իր յառաջադիմութիւնը աստուածանալու ճանապարհին, պահ մը Աստուծոյ փոխարէն սկսաւ զննելու զինքը, ինքնահմայուեցաւ եւ սկսաւ նախանձիլ Աստուծոյ, խորհելով, թէ ինչո՞ւ հրեշտակները կ՚երկրպագեն Տիրոջ ու կը փառաբանեն զԻնք, ոչ թէ իրեն, քանզի հրեշտակներուն պարագլուխն էր: Ըստ երեւոյթին՝ ան չէր ուզեր յիշել, որ ամէն բանի արարիչը Աստուած է: Եւ նախկին անդրանիկ հրեշտակը  իր ետեւէն տարաւ հրեշտակներու մէկ երրորդ մասը: Ինքնահմայուածութիւնը, նախանձը, այնուհետեւ հպարտութիւնը դարձան պատճառ, որ ան ու հրեշտակներու մէկ երրորդ մասը, փոխանակ յառաջադիմեն աստուածանալու ճանապարհին, սկսան յետընթաց ապրիլ, կոպտանալ, այլանդակուիլ: Այս վիճակին մէջ ան չէր կրնար մնալ առաջնորդ երկնքի ու հրեշտակներու, որոնք կը շարունակէին ծառայել ու փառաբանել զԱստուած եւ արձանագրել յառաջադիմութեան արդիւնքները:  Այսպիսով, անդրանիկ հրեշտակը վռնտուեցաւ երկինքէն ու զրկուեցաւ իր գահէն: Սակայն ան տեսաւ, որ կայ գահ մը եւս, որուն բազմած էր Ադամը: Ան որոշեց գրաւել այդ գահը:

Խաբէութեան միջոցաւ ստիպեց Եւային ու Ադամին կրկնել իր անցած ճանապարհը, փորձել աստուածանալ առանց Աստուծոյ: Եւան ու Ադամը ընդամէնը խախտեցին օրէնք մը, որով իսկ ապացուցեցին, որ ունին ազատ կամք: Այնուհետեւ օրինազանցութեան պատճառաւ դարձան մարմնապէս մահկանացու, որու պատճառաւ մեղքը, մահը ու տառապանքը մտան նիւթեղէն աշխարհ: Այս ալ արարչագործութեան աւարտէն վերջ դարձաւ երկրորդ ողբերգութիւնը: Մեր նախահօր գահը գրաւեց նախկին անդրանիկ հրեշտակը, որ կոչուեցաւ սատանայ, ինչ որ կը թարգմանուի հակառակորդ՝ հակառակ Աստուծոյ կամքին:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի

Երեւան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022