ՁԱՅՆԸ, ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ… ԵՒ «ՄԱՐԱԼ»Ի ՆՇԱՁՈՂԸ (Բ.)
Երաժշտութեան եւ պարի գաղտնիքն է յոյզեր կամրջելու կարողութիւնը: Երաժշտութիւնը ուժ ունի հասնելու մարդոց հոգիներուն: Պարը, միւս կողմէ, իր կարգին, կը պարփակէ զգացումները կենդանի շարժման եւ արտայայտութեան միջոցով: Այն ինչին, որ մարդիկ Երեւանի մէջ «Մարալ»ի ելոյթներուն ժամանակ ականատես եղան, ներդաշնակ կատարումներու պատկառելի պատկեր մըն էր, որ թոյլ տուաւ համադրուած արուեստի, միաձուլուած վարպետութեան յուզումնական հզօր ազդեցութեան խորհուրդին ներթափանցելու։ Քնքոյշ մեղեդին կը զուգորդուէր նրբագեղ շարժումներով եւ երաժշտութիւնն ու պարը միասին կը լուսաւորէին հանդիսատեսի ներաշխարհը՝ ապահովելով աւելի խոր ըմբռնում ու գեղարուեստական հաղորդակցութիւն:
Այս համադրութիւնը հնարաւորութիւն մըն էր նաեւ պատմելու համար համահայկական արժէքները՝ ինքնուրոյն ու հրապուրիչ ձեւով: Երաժշտութիւն եւ պար… Փոխազդեցութիւններու, անոնցմով պատումներ հիւսելու պատուհան մը՝ մարդկային խօսքի սահմաններէն անդին: Պարը ինքնուրոյն լեզու մը չէ՞ առանձնապէս։ Մարդկային մարմինը չի՞ վերածեր հաղորդակցութեան միջոցի մը: Սա հնարաւորութիւն չի՞ տար նոյնանալու պատմութեան մը հետ՝ առանց բառերու բացակայութիւնը զգալու:
Համադրուած երաժշտութիւնն ու պարը կեանք կը հաղորդէին տուեալ պահուն ակամայ ծնունդ առած պատումներուն՝ բոլորին հնարաւորութիւն ընձեռելով վերադառնալու անմեղ մանկութեան, երբ հեքիաթներուն յուշածը միայն բառերով չէին ընկալուեր։
«Մարալ»ի Երեւանի վերջին ելոյթները նաեւ կատարելութեան ծափահարելի որոնումներ էին։ Բոլորը կը տարուբերէին. գէթ պարը երգ էր, մերթ երգը՝ պար։ Տակաւին չենք խօսիր տեսողական խնջոյքին մասին։ Շարժումի եւ ձայնի խաչմերուկին վրայ հանդիսատեսը դէմ յանդիման կը մնար հիանալի եւ անմոռանալի դրուագներու, որոնք դժուար թէ երկար ժամանակ յիշողութիւն չպայմանաւորեն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•շար. 2 եւ վերջ