ՁԱՅՆԱԼԱՐԵՐԸ, ԱՆՈՆՑ ԴԵՐԸ ԵՒ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ VOCAL CORDS, THEIR FUNCTIONS AND DISEASES
Ձայնալարերը կը գտնուին խռչափողին-խռչակին (larynx) մէջ: Անոնց մասին խօսելէ առաջ հարկ է, որ ամփոփ ձեւով խօսինք խռչափողի մասին:
Խռչափողը կը կազմէ շնչափողի (trachea) վերին բաժինը: Անիկա կը գտնուի շնչափողին եւ ըմբանին միջեւ եւ վիզին յառաջամասը: Անոր սահմաններն են՝ վերէն՝ ենթաըմբանը (hypopharynx), վարէն՝ շնչափողը, առջեւէն՝ վիզի երկու մկանները եւ վահանագեղձը (thyroid gland) ու ետեւէն՝ որկորի վերի բաժինը: Խռչափողը կազմուած է կմախքէ (skeletal) եւ մկանային մասերէ: Կմախքը բաղկացած է անզոյգ եւ զոյգ աճառներէ (cartilage): Անզոյգ աճառներն են՝ մակալեզուակը (epiglottis), վահանաճառը (thyroid bone) եւ մատանիաճառը (cricoid bone). Իսկ զոյգ աճառներն են՝ շերեփաճառները (arytenoid cartilages), եղջերաճառները (corniculate cartilages) եւ սեպաճառները (cuneiform cartilages): Մակալեզուակը կը գտնուի խռչափողի վերի մասը եւ կը ծառայէ որպէս կափարիչ՝ պէտք եղած պահուն գոցելու եւ պաշտպանելու համար խռչափողը: Մնացեալ աճառները իրարու կապուած են կապաններով (ligaments) եւ լորձնաթաղանթային ծալքերով: Խռչափողը իր շրջապատին կապուած է արտաքին մկաններով, որոնց միջոցով կը շարժի վեր եւ վար: Ան ունի նաեւ ներքին մկաններ: Խռչափողը ունի երկու իսկական ձայնալարեր (true vocal cords), որոնք կը գտնուին խռչափողին սկիզբը: Անոնք ունին հորիզոնական դիրք, կապուած են խռչափողի յառաջամասին եւ յետսամասին: Անոնք կը շարժին կամովին խռչափողի ներքին մկաններու պրկումներով ուղեղէն եկած հրահանգներուն համաձայն եւ կ՚արտադրեն զանազան ելեւէջներով եւ ուժգնութեամբ ձայներ: Տղամարդիկ եւ կիներ ունին տարբեր չափի ձայնալարեր: Անոնք աւելի մեծ են տղամարդոց մօտ, քան՝ կիներուն մօտ: Չափահաս տղոց մօտ անոնք կ՚ըլլան մօտաւորապէս 17-25 մմ. երկարութեամբ, իսկ չափահաս կիներուն մօտ՝ մօտաւորապէս 12.5-17.5 մմ.: Անոնք կազմուած են ճերմակ շարակցական (connective tissue) թելերէ եւ շրջապատուած են բարակ թաղանթային ծալքով: Իսկական ձայնալարերու միջեւ եղած բացութիւնը կը կոչուի ձայնաճեղք (glottis): Ներքին մկանները կը ծառայեն ձայնալարերու շարժման եւ ձայնաճեղքին լայնացումին ու նեղացումին: Իսկական ձայնալարերու վերեւ կը գտնուին ոչ-իսկական ձայնալարերը (false vocal cords), որոնք խլնաթաղանթային ծալքեր են: Անոնք ոչ մէկ դերակատարութիւն ունին ձայնի արտադրութեան հետ: Իսկական եւ ոչ-իսկական ձայնալարերուն միջեւ եղած փոսիկը կը կոչուի խռչափողային ծոց (laryngeal ventricle): Խռչափողի լորձնաթաղանթը (mucous membrane, epithelium) ըմբանի լորձնաթաղանթին շարունակութիւնն է:
Խռչափողը կը բաժնուի չորս մասերու՝
1. Խռչափողի նախադուռը, որ կը կազմէ մակալեզուակի եւ կեղծ ձայնալարերու միջեւ եղած տարածքը:
2. Խռչափողի խոռոչը, որ կը կազմէ կեղծ ձայնալարերու եւ իսկական ձայնալարերու միջեւ եղած տարածքը:
3. Հագագձայնարանը, այսինքն՝ ձայնալարերը եւ ձայնաճեղքը:
4. Ենթաձայնալարային տարածք, որ ձայնալարերուն անմիջապէս տակի տարածքն է:
Խռչափողը աջ եւ ձախ կողմերէն ունի հաւասարապէս երկու ջիղեր՝ վերին եւ ստորին ջիղեր: Իւրաքանչիւր վերին ջիղը կը բաժնուի երկու ճիւղերու, որոնցմէ առաջինը զգայական (sensory) ջիղ է եւ կը ջղաւորէ խռչափողին ներքին մակերեսը, իսկ երկրորդը շարժական (motor) ջիղ է եւ կը ջղաւորէ խռչափողի արտաքին մկանները: Ստորին ջիղը շարժական է եւ կը ջղաւորէ ներքին մկանները:
Խռչափողը ունի երեք բնախօսական (physologic) պաշտօններ՝
1. Շնչառական պաշտօն
Քիթէն եւ բերանէն ներշնչուած օդը անցնելով խռչափողէն՝ կը հասնի շնչափող եւ ապա թոքեր: Շնչառութեան ընթացքին երկու ձայնալարերը պրկուելով կը հեռանան իրարմէ եւ ձայնային ճեղքը կը մնայ բաց: Հետեւաբար օդի ներշնչումը կը կատարուի հանգիստ եւ ամբողջական: Ներշնչումի ընթացքին ձայնային ճեղքը կ՚ըլլայ եռանկիւնաձեւ:
2. Պաշտպանողական պաշտօն
Բերնին մէջ գտնուած կերակուրը կլլելու ընթացքին խռչափողը կը խցուի, որպէսզի կերակուրի պատառիկները խռչափող մտնելով՝ թոքերուն չհասնին: Այս գործողութիւնը կ՚իրականանայ հետեւեալ ձեւով. խռչափողը կը տեղափոխուի իր սովորական վայրէն եւ վեր կ՚ելլէ, մակալեզուակը կը ծածկէ խռչափողի անցքը եւ իսկական ու կեղծ ձայնալարերը պրկուելով՝ կը խցեն խռչափողին անցքը: Այս միջոցին ակնթարթի մը չափ շնչառութիւնը կը դադրի: Այս բոլորը տեղի կ՚ունենան ակամայ, անգիտակցաբար եւ անկախ մեր կամքէն: Կուլ տալու ընթացքին, եթէ խօսինք, իսկական եւ կեղծ ձայնալարերը անգիտակցաբար կը հեռանան իրարմէ, ձայնաճեղքը կը բացուի եւ ենթաըմբանին մէջ գտնուած կերակուրի կտորիկներ կը մտնեն խռչափող: Այս միջոցին խռչափողի վերի բաժնի խլնաթաղանթը կը գրգռուի, որուն պատճառով կը յառաջանայ հակադարձային (reflex) հազ:
3. Ձայնային պաշտօն
Ձայնը կը յառաջանայ իսկական ձայնալարերու պրկումներով եւ թրթռացումներով: Ձայնալարերը իրարու կը մօտենան եւ անոնց հասակն ու հաստութիւնը կը փոխուի, իսկ թոքերէն դէպի վեր մղուած օդը իր ուժով կը թրթռացնէ ձայնալարերը: Այս ձայնի արտադրութիւնը կը կոչուի ձայնատուութիւն (phonation):
Ձայնը ունի երեք յատկութիւններ՝
1. Ուժգնութիւն (intensity), որ կախեալ է արտաշնչուող օդի ճնշումէն եւ ձայնալարերու լարուածութենէն եւ թրթռացումէն:
2. Ձայնի բարձրութիւն-ձայնաստիճան (pitch). ան կախեալ է ձայնալարերու հասակէն, լարուածութենէն, թրթռացումի քանակէն եւ արտաշնչուող օդի ուժէն: Երախային ձայնը կ՚ըլլայ բարձր, որովհետեւ անոր ձայնալարերը կ՚ըլլան կարճ: Արբունքի շրջանին, աճումով տղամարդոց ձայնալարերը կպերկարին եւ, հետեւաբար, անոնց ձայնաստիճանը կը նուազի եւ ձայնը կ՚ըլլայ հաստ:
3. Արագութիւն (velocity). երգիչներու ձայնը ունի այլ յատկութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ ծաւալ, կշռոյթ (rhythm), ելեւէջ (intonation), ձայնեղանակ (tone), որակ (timbre), հնչողութիւն, գեղեցկութիւն, երանգ եւ ճկունութիւն:
Մեր արտադրած ձայնը կ՚ըլլայ՝
1. Կրծքային, երբ մեծ քանակութեամբ օդ կը կուտակուի թոքերուն մէջ:
2. Խռչափողային, երբ խռչափողը լարուած վիճակի մէջ կ՚ըլլայ եւ խռչափողի բոլոր մկանները կը գործեն կատարելապէս:
3. Գլխային: Ձայնալարերը մարմնի բոլոր օրկաններուն նման՝ կ՚ախտահարուին զանազան ձեւերով:
Ձայնալարերու հիւանդութիւններէն կարելի յիշել հետեւեալները.
Ա. Ձայնալարերու անդամալուծութիւն (vocal cord paralysis): Ասիկա հետեւանք է խռչափողի շարժական ջիղերու անբնական գործունէութեան, որ կը յառաջանայ հետեւեալ ազդակներով.
ա. Խռչափողի շարժական ջիղի ուղղակի վիրաւորում-վնաս: Այս մէկը տեղի կ՚ունենայ՝
1. Վիզի վիրաբուժական գործողութիւններու ընթացքին եւ յատկապէս վահանագեղձի վիրահատման (thyroidectomy) ընթացքին։
2. Վիզի զանազան ուռերու ճնշումով.
բ. Վիզի արտաքին հարուած, վնաս վիրաւորում։
գ. Խռչափողի պրկում, կծկում (spasm), երբ տեղի կ՚ունենան ձայնալարերու զօրաւոր կծկումներ: Անիկա առաւելաբար կը պատահի մանուկներու մօտ նոպայական ձեւով եւ տարբեր ուժգնութեամբ:
դ. Ուղեղային եւ թոքային ուռեր, որոնք կը ճնշեն ձայնալարերու շարժուն ջիղերուն վրայ եւ պատճառ կը դառնան անոնց անգործութեան:
ե. Ոչ օրկանային պատճառներով ձայնալարերու անշարժութիւն:
Անիկա կը պատահի հետեւեալ ձեւերով.
1. Առողջ չափահաս անձ մը կամովին եւ ուզած ժամանակ իր հակակշռին տակ կը պահէ իր ձայնալարերը եւ կը յառաջացնէ ժամանակաւոր ձայնալարերու անդամալուծութիւն:
2. Ջղացնցային (hysterical) անդամալուծութիւն, որ կը յառաջանայ ակամայ ջղացունց անհատներու մօտ:
3. Հոգեբանական եւ հոգեկան այլ խանգարումներու պատճառով:
4. Անակնկալ սարսափ, ահ եւ վախ:
զ. Ձայնալարերու վատորակ ուռեր (malignant tumor, cancer):
Բ. Ձայնալարերու բորբոքումներ
Խռչափողի բորբոքումով կը բորբոքին նաեւ ձայնալարերը: Անոնց բորբոքումը հետեւանք է ընդհանրապէս ըմբանի բորբոքումին, սակայն անիկա կը պատահի նաեւ առանձնաբար: Ձայնալարերը կ՚ախտահարուին մանրէներով ու ժահրերով, եւ տեղի կ՚ունենան մանրէական եւ ժահրային խռչափողատապ (laryngitis): Ասոր ախտանշաններն են՝ խռպոտութիւն, ոչ-մաքուր հնչողականութիւն, չոր հազ, քերթուածութեան զգացում:
Ձայնալարերու յատուկ բորբոքում մըն է կեղծմաշկը (diphtheria)՝ մղձկահազը (croup):
Գ. Ձայնալարերու ջրուռեցք (edema). ասիկա կը կաշկանդէ ձայնալարերու ազատ շարժումները: Ջրուռեցքը կը յառաջանայ զանազան ձեւերով.
ա. Ձայնալարերու գրգռութիւն. ասիկա տեղի կ՚ունենայ մթնոլորտային փոփոխութիւններու եւ կլիմայի անկանոնութիւններու պատճառով. ապականած օդ, ծխախոտի գործածութիւն, թունաւոր կազեր, գործարաններու ծուխեր եւ խտացած շոգի:
բ. Խռչափողի գերզգայնութիւն (allergic laryngitis):
գ. Գերզգայնութեան հակադարձութիւն (anaphylaxis):
Դ. Ձայնալարերու անխնայ գործածութիւն, մասնաւորապէս՝ երգիչներու, կղերականներու, քարոզիչներու եւ ուսուցիչներու կողմէ: Անոնց ձայնալարերը կը կորսնցնեն իրենց բնական գործելակերպը եւ շրջան մը ետք կ՚ունենան ձայնալարային հանգոյցներ եւ խոցեր, որոնք առաւել կը վատթարացնեն կացութիւնը:
Ե. Ձայնալարերու այրուածք. ասիկա կը յառաջանայ ներշնչուած քիմիական կազերու, ստամոքսա-որկորային ետհոսքի (gastro-esophageal reflux) թթուային հեղուկի եւ այլ տեսակ թունաւոր հեղուկներու ներխժումով խռչափողէն ներս:
Զ. Ենթաձայնալարային տարածքի ջրուռեցք:
Է. Խռչափողի աճառներու յօդաբորբ, որ արգելք կը հանդիսանայ ձայնալարերու պրկումներուն:
Ը. Օտար մարմիններու ներխժումը խռչափողէն ներս:
Թ. Մանկական-պատանեկան ձայնալարային ցցօնային խմբաւորումներ (papilloma, polyposis):
Ժ. Ձայնալարերու լաւորակ ուռեր՝ սպիտակաբիծեր (leukoplakia), հանգոյցներ (nodes) եւ ցցօններ (polyps):
ԺԱ. Ձայնալարերու վատորակ ուռեր՝ քաղցկեղ։
ԺԲ. Ծերութեան ձայնալարերու տկարութիւն։
ԺԳ. Ընդոծին ձայնալարային թաղանթ (congenital web)։
Վերոյիշեալ ձայնալարային բոլոր հիւանդութիւններուն պատճառով տեղի կ՚ունենան՝ ձայնալարային ճեղքի նեղացում, որ կը յառաջացնէ մասնաւորապէս շունչի զանազան աստիճանի դժուարութիւն-շնչահեղձութիւն, կապտութիւն, շնչասլոց, չոր հազ, թեթեւ ցաւ, որ կը տարածուի դէպի ականջներ:
Ձայնալարերու քննութիւնը կը կատարուի խռչափողի ուղղակի կամ անուղղակի դիտումով (direct and indirect laryngoscopy): Խռչափողադիտակի (laryngoscope) միջոցով կը տեսնենք ձայնալարերուն շարժումները, թրթռացումները, անդամալուծութիւնը, խռչափողի խլնաթաղանթի իրավիճակը եւ խռչափողային լաւորակ ու վատորակ ուռերը:
Ձայնալարային հիւանդութիւններու դարմանումի պարագային կը թելադրուի՝
1. Կատարեալ ձայնի հանգիստ՝ չխօսիլ, չերգել, չպոռալ,
2. Շոգիի ներշնչում,
3. Հակագերզգայնութեան եւ հակամանրէական դեղեր,
4. Հեռու մնալ ծխախոտէ եւ ծխողներէ:
Իւրաքանչիւր հիւանդութեան պարագային կը կիրարկուի յատուկ դարմանամիջոց:
Հոս կ՚ուզեմ շատ հակիրճ ձեւով անդրադառնալ կեղծմաշկի եւ մղձկահազի մասին:
Կեղծմաշկը կը պատահի ընդհանրապէս մանուկներու: Ասիկա մանրէական բորբոքում մըն է: Անոր ախտանշաններն են՝ ձայնալարերու խիստ կարմրութիւն, մակերեսային փառ, այտուց, ձայնաճեղքի նեղացում, շնչասլոց եւ խզզոց, ձայնի խիստ խռպոտութիւն, հաչոցանման չոր հազ, դժուար-աղմուկով շնչառութիւն եւ ուժգին շնչահեղձութիւն ու կապտութիւն:
Մղձկահազը նոյնպէս մանկական մանրէական հիւանդութիւն մըն է: Անոր ախտանշաններն են՝ ժամանակաւոր կարճ տեւողութեամբ գիշերային յանկարծակի շնչարգելութիւն, շնչասլոց, որոնք բոլորը կ՚անհետանան ինքնաբերաբար: Ասոնց հետ միատեղ կը պատահին՝ գրգռուած չոր հաչոցանման հազ, վիզի եւ անրակի (clavicle) վերին եւ ստորին ու վերնափորի փոսիկներու խորացում:
Կեղծմաշկի եւ մղձկահազի դարմանումը կը կարօտի յատուկ հակամանրէական դեղերու, հիւանդանոցային խնամքի եւ երբեմն մեկուսացումի, թթուածինի ներարկումի: Յառաջացած պարագաներուն ստիպողաբար շնչահեղձութեան համար կը կատարուին՝ խռչափողային ներփողարկում (intubation) եւ յաճախ խռչափողածակում (laryngotomy) ու ներխռչափողային մետաղային կամ կերպընկալ խողովակի մը ներմուծումը: Այս խողովակը կազմուած է ներքին եւ արտաքին բաժիններէ: Արտաքին բաժինը կ՚ամրացուի մորթին, իսկ ներքին բաժինը կարելի է դուրս հանել ամէն օր մաքրութեան համար: Այս երկու միջոցառումները կը կատարուին բաւականաչափ օդ եւ թթուածին մատակարարելու համար թոքերուն:
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մոնրէալ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024