Արհեստագիտական Նորութիւններ

«ԿՈՒԿԸԼ»Ը ԿԸ ՆՇԷ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ

Ճարտարագիտական ասպարէզի ամենէն մեծ «խաղացողներէն» մէկը՝ ամերիկեան «Կուկըլ» ընկերութիւնը 4 սեպտեմբերին նշեց իր հիմնադրութեան 20-ամեակը:

«Կուկըլ»ը որպէս սեփական ընկերութիւն՝ արձանագրուած է սեպտեմբեր 1998-ին: Երկու տասնամեակի ընթացքին «Կուկըլ»ը ոչ այնքան մեծ ընկերութենէն վերածուեցաւ միջազգային կառոյցի:

«Կուկըլ» որոնողական համակարգին պատմութիւնը սկսած է 1996 թուականին, երբ Սթենֆորտի համալսարանի ուսանողներ Սերկէյ Պրին եւ Լարի Փէյճ նախաձեռնեցին գիտահետազօտական նախագիծը:

«Կուկըլ»ին անունը պաշտօնապէս արձանագրուած է 15 սեպտեմբեր 1997-ին: Յատկանշական է, որ ընկերութեան ծննդեան թուականին վերաբերեալ բազմաթիւ տարբեր կարծիքներ կան:

2015 թուականի հոկտեմբերին «Կուկըլ»ի մէջ լուրջ կառուցային փոփոխութիւններ տեղի ունեցան:

Ընկերութիւնը ներառուեցաւ տարեկան աւելի քան 110 միլիառ տոլար շրջանառութեամբ «Ալֆապեթ հոլտինկ»ի կազմին մէջ եւ Փէյճ դարձաւ «Ալֆապեթ»ի ընդհանուր տնօրէն, Պրին՝ հոլտինկի նախագահ, իսկ «Կուկըլ»ը գլխաւորեց Սունտար Փիչայ:

Այժմ ընկերութեան առաջնահերթ նպատակներէն է կեղծ լուրերու տարածման դէմ պայքարը:

«ԿՈՒԿԸԼ»Ը ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՓԻՔՍԵԼ ՈՒՈՉ ՍՄԱՐԹ ԺԱՄԱՑՈՅՑ Չ՚ԱՐՏԱԴՐԵՐ

«Կուկըլ» ընկերութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այս տարի չի նախատեսեր «Փիքսել ուոչ սմարթ» ժամացոյց արտադրել:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ «Կուկըլ»ի մասնագէտները կ՚աշխատին բանական ժամացոյցի ստեղծման ուղղութեամբ, եւ որ՝ ատիկա այս աշնան «Փիքսել 3» եւ «Փիքսել 3XL» եւ սմարթֆոններուն հետ պիտի ներկայացուի տարեկան շնորհահանդէսի ընթացքին:

Սակայն ընկերութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այս տարի «Փիքսել ուոչ» չ՚արտադրեր: Փոխարէնը՝ մասնագէտները կը կեդրոնանան այլ ժամացոյց արտադրողներու հետ գործընկերային համաձայնութիւններու վրայ:

«Կուկըլ»ը կը կատարելագործէ եւ կը բարելաւէ «Wear OS» համակարգը:

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ «ԿՈՒԿԸԼ»Ը ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑԱԾ Է, ՈՐ ՉՄԻՋԱՄՏԷ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ. «ԿՈՒԿԸԼ» ԱՐՁԱԳԱՆԳԱԾ Է

Ռուսաստանի դատախազութիւնը, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը եւ «Ռոսքոմնատզոր»ը զգուշացուցած են «Կուկըլ» ընկերութիւնը՝ Ռուսաստանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն միջամտելու անթոյլատրելիութեան մասին:

«Ռոսքոմնատզոր»ի փոխ-նախագահ Վատիմ Սուպոթին ըսած է, որ «տասնեակ մասնագիտացած եութուպեան ալիքներ» զանգուածաբար կոչ կ՚ընեն խախտել ռուսական օրէնսդրութիւնը: Պաշտօնատարը նշած է, որ «Կուկըլ»ին արդէն համապատասխան նամակ ուղարկուած է:

«Մենք կ՚ուզենք զգուշացնել արտասահմանեան ընկերութիւնները, որոնց շարքին՝ նաեւ «Կուկըլ»ը, Ռուսաստանի մէջ ապօրինի գործունէութեան համար իրենց աղբիւրներու տրամադրման անթոյլատրելիութեան մասին», ըսած է Սուպոթին:

Մինչ «Կուկըլ»էն յայտնած են, որ կ՚ուսումնասիրեն ռուսական իշխանութիւններէն ստացուած բոլոր հիմնաւոր դիմումները:

ՃԿՈՒՆ ՍՄԱՐԹՖՈՆ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ Է

Գանատացի գիտնականները ցուցադրեցին, թէ ի՛նչ տեսք պիտի ունենայ ապագայի սմարթֆոնը՝ ներկայացնելով «ՄաճիքՍքրոլ» անունով բնօրինակը:

Յատկանշական է, որ մշակման համար գաղափարը մասնագէտները որոշած են առնել հին մագաղաթներէն:

Ինչպէս պարզուած է, յաջորդ սերունդի սարքերը քանի մը հետաքրքրական կարելիութիւններ կը ստանան: Օրինակ, սարքը համաշխարհային կը դառնայ՝ փոխարինելով թէ՛ հեռաձայնը եւ թէ պլանշեթը:

Բացի ատկէ, սարքը կ՚ունենայ ճկուն սենսըրային պաստառ, որ կարելի է ծալել կամ դնել յատուկ շարժական հարթակի վրայ: Նոր սմարթֆոնը գլանաձեւ է եւ փաթթուած մագաղաթ կը յիշեցնէ:

«ՄաճիքՍքրոլ» սմարթֆոնը գործածողը կրնայ բանալ սարքը կամ պահել փաթթուած վիճակով՝ որպէս հեռաձայնի լսափող:

ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՆԵՐԸ՝ ՀՐՇԷՋ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Եւրոպական հետազօտական նախագիծի ծիրին մէջ մշակուած մարդամեքենայի գլխաւոր խնդիրը, որ պէտք է աջակցի փրկարարներուն, դժուար տեսանելիութեան պայմաններուն մէջ վտանգի գնահատումն է:

Գերմանիոյ Տորթմունտ քաղաքի հրշէջները կը համագործակցին գիտնականներու, արհեստական բանականութեան եւ ճարտարագիտական ասպարէզի մասնագէտներու խումբի հետ:

Անոնք հրշէջներ պատրաստելու կեդրոնին ստուգումի համար տրամադրած են մարդամեքենայի նախատիպ մը, որ օժտուած է քանի մը հաղորդիչներով:

Մինչեւ հիմա ոչ մէկ մարդամեքենայ կրցած է աշխատիլ խիտ ծուխի կամ փոշիի պայմաններուն մէջ: Այս նախատիպին նպատակն է ոչ միայն տեսնելը, այլեւ՝ զգալը:

Մարդամեքենան կը կառավարուի հեռուէն՝ Ուայ-Ֆայի միջոցով: Նման արտակարգ պայմաններու մէջ սովորական սարքերը, օրինակ՝ տեսախցիկները, անարդիւնաւէտ կը դառնան: Ուրեմն նոր համակարգը հիմնուած է զանազան տեղեկութիւններու հաւաքման վրայ, որ ապա մշակելով՝ իրադրութեան պատկերացում կը ստանայ, հակառակ տեսանելիութեան բացակայութեան:

Համակարգը ունի նաեւ սահմանափակումներ, յատկապէս՝ միջամտութեան արագութեան առումով: Այս պատճառով արդէն նախատեսուած է վերջնական մշակումը եւ այլ գործառոյթներու յաւելումը:

Առաջին փորձերէն ետք հրշէջները նշած են, որ այս մարդամեքենան օգտակար կ՚ըլլայ փապուղիներու մէջ հրդեհը մարելու ատեն կամ արդիւնաբերական վայրերու մէջ արկածներու ժամանակ, ուր վտանգներու հաւանականութիւնը շատ բարձր է:

Իսկական պայմաններու մէջ աշխատանքին մարդամեքենան դեռ պատրաստ չէ: Սակայն յառաջիկայ տարիներուն, իր սենսըրային յատկութիւններու շնորհիւ, անկասկած, հրշէջներու արժէքաւոր օգնականը պիտի դառնայ:

«ՍՈՅՈՒԶ-5» ՀՐԹԻՌԸ ՏԻԵԶԵՐԱԳՆԱՑՆԵՐԸ ՈՒՂԵԾԻՐ ԿԸ ՏԵՂԱՓՈԽԷ 2023 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ

Ռուսական «Սոյուզ-5» միջին դասակարգի նոր հրթիռի առաջին գործարկումը տիեզերանաւու եւ անձնակազմի հետ նախատեսուած է իրականացնել 2023 թուականին:

Այս մասին շաբաթասկիզբին յայտարարեց «Էներկոմաշ» գիտա-արտադրական միաւորման գլխաւոր հրահանգիչ Փիոթր Լեւոչքին:

«Ճամբորդատար առաջին թռիչքը տեղի պիտի ունենայ 2023 թուականին», ըսաւ ան՝ խօսք առնելով գիտական համաժողովին մէջ:

Հրթիռի առաջին արձակումը, ինչպէս նախապէս հաղորդուած է, տեղի պիտի ունենայ 2021 թուականին:

«ԵԿՈՒՐ՝ ԽԱՂԱՆՔ». ԱՆՏԱՌԸ

Համացանցի մէջ խաղերու սիրահարները յաճախ ոտքի տակ կ՚առնեն ամբողջ համացանցը՝ հետաքրքրական խաղեր գտնելու համար: Ճիշդ է՝ խաղերը շատ են, բայց քանակը չի կրնար փոխարինել որակը:

«Անտառը»(The Forest) բաց աշխարհով խաղը հրապարակուած է 2018 թուականի 30 ապրիլին:

Գործողութիւնները տեղի կ՚ունենան անմարդաբնակ կղզիի մը մէջ (թէեւ այդքան ալ անմարդաբնակ չէ), ուր խաղային կերպարը իր տղուն հետ կը յայտնուի օդանաւային արկածի մը պատճառով: Սակայն կարմիր մարդ մը տղան կը տանի: Հօր փնտռտուքները կը զարգանան բաւական հետաքրքրական եւ լարուած բեմագրութեամբ եւ դիպաշարով:

Կղզիին մէջ ողջ մնալու համար կը գործածուին բնական միջոցները:

Խաղացողը կը զբաղի որսորդութեամբ, կը ստեղծէ ապրելու համար պայմաններ, կարճ խօսքով՝ ձեր կերպարին բարեկեցութիւնը կախուած է ձեզմէ:

Սակայն ամէն բան այդքան ալ պարզ չէ: Անմարդաբնակ կղզիին մէջ գործած է տարրալուծարան, ուր արարածներ ստեղծուած են: Եւ հաւանական են յարձակումներ անոնց կողմէ:

Ուրեմն կը հասկնաք, որ կացինը, բացի ծառ կտրելէ, նաեւ գործ պիտի կատարէ:

Խաղը կարելի է նաեւ խաղալ ընկերներու հետ: Միասին անցնիլ փորձութիւններու մէջէն, հասկնալ, թէ ի՛նչ կը կատարուի եւ ինչպէ՛ս գոյատեւման պայքար պէտք է մղել:

Ատիկա կրնայ ապահովել ուրախ եւ հետաքրքրական ժամանց:

«Անտառ»ը կը ստանայ բաւական լաւ արձագանգներ՝ խաղացողներու կողմէ:

Սթիմ-ի մէջ անոնց կատարած արձանագրութիւններէն կարելի է եզրակացնել, որ խաղը ուղղակի աննկարագրելի զգացումներ կու տայ:

Պատումի զարգացումէն պարզ կը դառնայ, թէ արդեօք հայրը կը գտնէ՞ իր տղան, թէ՞ ոչ:

Եթէ պատասխանը գիտէք, ուրիշին մի՛ ըսէք: Թող խաղան, թող ներգրաւուին խաղային այդ աշխարհին մէջ եւ կը ստանան բոլոր հարցումներուն պատասխանները: Անխօս, «Անտառը» (The Forest) իր տեսակին մէջ ամենէն լաւերէն մէկն է:

«ԷՓԸԼ» ԽՈՍՏՈՎԱՆԵՑԱՒ «ԱՅՖՈՆ 8»Ի ԹԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Էփըլ» ընկերութիւնը յայտնեց «ԱյՖոն 8» սմարթֆոններու թերութեան բացայայտման մասին՝ նշելով, որ ատոնց մէջ վնասուած է մայր պահպանակը:

Ընկերութեան կայքին մէջ կը նշուի, որ արտադրական թերութիւնը ազդած է սեպտեմբեր 2017-էն մինչեւ 2018 թուականի մարտ ամիսներուն Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Ճաբոնի, Նոր Զելանտայի եւ այլ երկիրներու մէջ սարքերու փոքր մասի մը վրայ:

Գործարանային թերութեան պատճառով հեռաձայնները կրնան յանկարծակի վերբեռնուիլ, կախուիլ եւ նոյնիսկ չմիանալ:

Այդպիսի սմարթֆոնները «Էփըլ» խոստացաւ անվճար վերանորոգել: Նաեւ կը նշուի, որ «ԱյՖոն 8 փլաս»ը եւ ընկերութեան միւս մոտելները այս խնդիրը չունին:

«ՀՈՆՏԱ»Ն ԷՍ 660-Ը ՎԵՐԱԾԱԾ Է ՌԵԹՐՕ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԻ

Ճաբոնական Հոնտա Էս 660-ը սեղմ ռոտսթըրը արտաքին փոփոխութիւններու ենթարկուած է՝ նմանելով 1960-ականներու մարզական բնօրինակներու:

Ինքնաշարժին նոր վահանակները պատրաստուած են կերպընկալէ, ապակիէ մանրաթելէ: Նման կառոյցով պիտի փոխարինուին ինքնաշարժին բոլոր արտաքին տարրերը՝ բացի տանիքէն եւ դռներէն:

Ինքնաշարժին համար նոյնիսկ նախատեսուած է յատուկ լուսային սարք, որ ընդգրկուած է փոփոխութիւններու ամբողջական ծրագիրին մէջ:

Ինքնաշարժը կ՚արժէ 11.667 ամերիկեան տոլար: Առաջին հարիւր օրինակները պիտի օժտուին մետաղական ցուցանշանով՝ անհատական թիւով:

Փոփոխութիւնները պիտի կատարուին Ճաբոնի մէջ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան


Օգ­տա­տոր­ծուած աղ­բիւր­ներ՝
«ՄՈ­ԹՈՐ», «ՌԻԱ ՆՈ­ՎՈՍ­ԹԻ», 
«ԵՒ­ՐՕ ՆԻՈՒԶ» «ԿԱ­ԶԵ­ԹԱ.ՌՈՒ»

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2018