ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԵՏ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆՔ
Ինչպէս տեղեկացուցած էինք, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը օգոստոս ամսուն լոյս ընծայած է հատոր մը, որ կ՚ընդգրկէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ 1951-2019 թուականներու տարեգրութիւնը եւ կենսամատենագիտութիւնը։ Երկու բաժիններէ կազմուած այս աշխատութիւնը հրատարակութեան պատրաստած են Մայր Աթոռի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի տնօրէն Տ․ Արարատ Քահանայ Պօղոսեան, Հայաստանի Ազգային գրադարանի աշխատակիցներ՝ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Մայա Գրիգորեանն ու մատենագէտ Գոհար Սարգսեանը։ Թերթիս 4 սեպտեմբեր 2020, հինգշաբթիի թիւով այս սիւնակներուն մէջ զրուցած էինք Մայր Աթոռի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի տնօրէն Տ․ Արարատ Քահանայ Պօղոսեանին հետ, իսկ այս նիւթով կը ներկայացնենք Մայա Գրիգորեանին հետ զրոյցը, իսկ մատենագէտ Գոհար Սարգսեանի խօսքը՝ կցեալ սիւնակով:
Մայա Գրիգորեան Հայաստանի Ազգային գրադարանի Մատենագիտութեան եւ գրադարանագիտութեան բաժնի վարիչն է: Ան կատարուած աշխատանքին մասին խօսելով նշեց, թէ գրադարանը հատորը պատրաստելու պատուէրը ստացած է Մայր Աթոռի Հրատարակչական բաժինէն 2018 թուականի աշնան, պայմանով, որ 2019 թուականի նոյեմբերին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ձեռնադրութեան 20-ամեակին, պատրաստ ըլլայ, բայց աշխատանքին շատ ծաւալուն ըլլալուն պատճառով հատորը աւելի ուշ լոյս տեսաւ:
-Սիրելի՛ Մայա, աշխատանքին ընթացքին ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպեցաք:
-Դժուարութիւնները հիմնականօրէն կ՚առընչուին մամուլի հետ աշխատանքին: Երբ նայեցանք մամուլի քարտարաններուն՝ հասկցանք, որ պարտաւոր ենք հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլի բոլոր անուններուն նայիլ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին գործունէութիւնը կ՚ընդգրկէ զանազան բնագաւառներ: Ան ո՛ւր որ գացած էր, ո՛ր մէկ երկիրը այցելած էր, այդ երկրին հայկական մամուլը, բնականաբար, արձագանգած էր, բացի այցերէն նաեւ իր գործունէութեանն անդրադարձած էին՝ եկեղեցւոյ օծում եւ այլն: Մենք սկսանք նայիլ 1999-էն մինչեւ 2020 թուականը տպագրուած հայաստանեան եւ սփիւռքահայ մամուլի բոլոր անուններուն: Այս մէկը բաւական դժուարացուց մեր աշխատանքը, եւ քանի որ ժամանակի հարց ունէինք, հասկցանք, որ պէտք է քիչ մը ընտրողաբար մօտենանք, այսինքն, զատենք բոլոր այն յօդուածները, որոնք ամբողջական ձեւով կը ներկայացնեն Վեհափառ Հայրապետին գործունէութեան այս կամ այն բնագաւառը:
Թերթերուն մէջ կային բազմաթիւ նիւթեր, որոնք փոքր եւ տեղեկատուական բնոյթ ունէին, այդ պատճառով նմանատիպ զուտ տեղեկատուական նիւթերը շրջանցեցինք, որպէսզի աւելի բովանդակային նիւթերու տեղ մնայ: Եթէ մենք բոլոր նմանատիպ գրառումները քաղէինք, կը նշանակէր, որ կ՚ունենայինք երեք այսպիսի հատոր: Ընտրողաբար մօտեցած ենք նաեւ դեղին մամուլի հրապարակումներուն. օրինակ՝ 2018-ին Վեհափառին դէմ ցոյցեր կը կազմակերպուէին, անոնց մասին լրատուութիւնը, բնականաբար, ընդգրկեցինք՝ անաչառ ըլլալու համար, բայց ատոր վերաբերեալ զանազան անձերու մեկնաբանութիւններ, որոնց խօսքերուն մէջ արհամարհանք եւ վիրաւորանք կար, անտեսեցինք:
Դժուարութիւնները, ուրեմն, եղած են ամբողջ մամուլի էջերը թերթելը, էջ առ էջ նայիլը բոլոր նիւթերուն, քանի որ շատ պարագաներու անդրադարձները կ՚ըլլան նիւթերու բովանդակութեան մէջ, երբեմն նիւթը Կաթողիկոսին նուիրուած չ՚ըլլար, բայց անոր մէկ հատուածին մէջ անդրադարձ կ՚ըլլայ կամ անոր խօսքէն մէջբերում մը. ուրեմն բոլոր նիւթերը ամբողջութամբ պէտք էր ուսումնասիրել:
-Ո՞ր մամուլի անուններն են, որ ամենաշատը անդրադարձած են եւ տեղ գրաւած են այս աշխատութեան մէջ:
-Հայաստանեան մամուլին մէջ ամենաշատը վերցուցած ենք «Էջմիածին» ամսագիրէն, օրաթերթերէն «Հայաստանի Հանրապետութիւն» թերթը, որ շատ անդրադարձած է, «Ազգ» թերթը, «Կրթութիւն»ը, «Առաւօտ»ը, այս անունները իրենց գրեթէ իւրաքանչիւր երկրորդ թիւին մէջ անդրադարձ են Կաթողիկոսին գործունէութեան:
Արտասահմանեան մամուլէն Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթը գրեթէ բոլոր թիւերուն մէջ անդրադարձ ունի. հոս ալ քիչ մը տարբերակում մտցուցինք եւ վերցուցինք ամբողջական եւ կարեւոր նիւթերը, քանի որ, ինչպէս ըսի, շատ են: Ուրեմն, հայաստանեան եւ արտասահմանեան օրաթերթերէն ամենաշատը ԺԱՄԱՆԱԿ-ը անդրադարձած է Գարեգին Բ.-ի գործունէութեան: Վերջին քսան տարիներուն մանաւանդ շատ լաւ կ՚ երեւէր ԺԱՄԱՆԱԿ թերթին էջմիածնական ուղղուածութիւնը: Եղած են թիւեր, ուր նոյնիսկ երկու եւ աւելի նիւթեր տպուած են, իսկ եթէ որեւէ յոբելեան կամ յիշարժան տարեթիւեր եղած են, ապա ամբողջական թիւեր նուիրուած էր Մայր Աթոռին ու Կաթողիկոսին:
Սփիւռքահայ թերթերուն մէջ որոշեցինք կանգ առնել այն անուններուն վրայ, որոնք աւելի յաճախ անդրադարձած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին գործունէութեան: Ենթադրենք՝ Իրանի մէջ տպագրուած է քսան թերթ, կանգ առած ենք ամենայաճախ անդրադարձած թերթերուն վրայ: Այս սկզբունքը որդեգրեցինք, մտածելով, որ եթէ յետագային, ենթադրենք տասը տարի ետք, վերահրատարակելու կամ տասը տարի եւս աւելցնելու կարիք ըլլայ, արդէն ամբողջական կ՚ընդգրկուին բոլոր հրապարակումները:
-Իսկ 1999-էն առաջ, մինչկաթողիկոսական շրջանին անդրադարձ եղա՞ծ է:
-Այո, անդրադարձած ենք: Մանաւանդ «Էջմիածին» ամսագրէն քաղելով անդրադարձած ենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի 1970 եւ 1980 թուականներու գործունէութեան, երբ ինք տակաւին վարդապետ էր, անդրադարձած ենք նաեւ Վեհափառ Հայրապետին արքեպիսկոպոս եւ առաջնորդ եղած տարիներուն, պարզապէս մինչկաթողիկոսական շրջանը քիչ մը աւելի ամփոփ կերպով ներգրաւած ենք, որովհետեւ աւելի քիչ էր:
-Գիրքը կրնա՞յ նախադէպ ըլլալ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ մեծերուն կամ ուրիշ կաթողիկոսներուն մատենագիտութիւնը կազմելու առումով:
-Այսպիսի մեծածաւալ ձեռնարկ մը առաջին անգամ կը տպուի, կազմուած են ուրիշ կաթողիկոսներուն առընչուող մատենագիտական ցանկեր, հրատարակուած են նիւթեր, բայց նման տարողութեամբ եւ նման ձեւաչափով ոեւէ կաթողիկոսի մատենագիտութիւն չէ կազմուած: Այո՛, ասիկա լաւ նախադէպ է, որ մենք անդրադառնանք նաեւ հայոց միւս կաթողիկոսներուն գործունէութեան:
-Ինչպէ՞ս կը ներկայացնէք գիրքին պատմական արժէքը:
-Այս գիրքը այնքան կարեւոր է, որ կ՚արտացոլացնէ հայ ժողովուրդի շուրջ քսան տարուան պատմութիւնը, այսինքն, Կաթողիկոսը իր գործունէութեամբ կ՚ամփոփէ հայ ժողովուրդին ժամանակաշրջանի մը հաւաքական կեանքը՝ կրթական, մշակութային ոլորտներէ մինչեւ տնտեսական, շինարարական: Այսինքն երբ կը խօսինք Վեհափառին այս կամ այն գործունէութեան մասին, կամայ թէ ակամայ կ՚անդրադառնանք նաեւ մնացած բոլոր հարցերուն: Եթէ ոեւէ մէկը այս գիրքը իր ձեռքը առնէ յիսուն տարի ետք եւ փորձէ ժամանակաշրջանը վերլուծելու համար զայն իբրեւ աղբիւր դիտարկել, վստահ եմ, որ գիրքը լիովին կը ծառայէ այդ նպատակին: Մեր ժողովուրդի այդ ժամանակահատուածին բոլոր կարեւոր իրադարձութիւններուն մէջ Վեհափառ Հայրապետը ունի իր կայուն տեղը:
Կաթողիկոսին մասին զանազան կարծիքներ կը հնչեն՝ լաւ կամ վատ, այդ մէկը որեւէ կապ չունի, ան Ամենայն Հայոց Վեհափառն է, այդքանով արդէն իսկ պատմական կերպար: Ինքը պատմութեան մէջ կը մնայ որպէս կաթողիկոս, այսինքն կ՚ անցնի յիսուն կամ հարիւր տարի, երբ անդրադաձներ ըլլան, բոլոր ուսումնասիրողներուն համար այս ձեռնարկը լաւագոյն աղբիւրը կ՚ըլլայ:
-Մայա, ինչպիսի՞ արձագանգներ եղան այս աշխատանքին շուրջ:
-Նախ ըսեմ, որ բոլոր կայքերը, հարթակները, գիրքին մասին հաղորդագրութիւնը իբրեւ լրատուութիւն տպագրեցին. «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնը հաղորդում մը պատրաստած է, ԺԱՄԱՆԱԿ-ն ալ հարցազրոյցով մը անդրադարձած է: Ընկերային ցանցին վրայ մէկ-երկու ոչ պատեհ կարծիքներ յայտնուեցան, որոնք առանձնապէս կարեւորութիւն չունէին, իսկ «Հրապարակ» կայքը, անցեալ շաբաթ, տպագրեց քննադատական յօդուած մը, որուն մասին ըսեմ, որ յօդուածին մէջ գրուած ոչ մէկ բառ իրականութեան կը համապատասխանէ: Անիկա ծայրէ ծայր զրպարտանք է, ամբաստանութիւն եւ կեղծիք: Կենսամատենագիտութիւնը տքնաջան աշխատանքի արդիւնք է եւ յերիւրանքներով ու սուտերով ներկայացնել կատարուած աշխատանքը՝ իրապէս դատապարտելի է: Խօսիլ գիրքին «թերութիւններու»ն մասին այն պարագային, երբ գիրքը նոյնիսկ ընթերցողին չէ հասած, արդէն իսկ ապացոյց է յօդուածագրին կանխակալ վերաբերմունքին, ոչ մասնագիտական կարողութիւններուն եւ հմտութեան մասին:
Կեղծ ստորագրութեամբ, այսինքն անստորագիր յօդուածին հեղինակը հեգնանքով նկատած էր, որ Գարեգին Բ.-ի կենսամատենագիտութեան Բ. հատորին կարիքը կայ: Կը փափաքիմ վստահեցնել, որ իրապէս Վեհափառ Հայրապետին բազմարդիւն գործունէութեան նախընթացը մեզի կը յուշէ, որ ապագային որեւէ յոբելեանի առիթով, կարելի է որ երկրորդ հատորը հրատարակուի:
-Կ՚ուզեմ խօսինք նաեւ մատենագէտին անխոնջ աշխատանքին մասին. կարծես թէ քիչ մը ստուերի մէջ մնացած մասնագիտութիւն է, բայց խորքին մէջ տքնաջան եւ մնայուն աշխատանք կը կատարէ մատենագէտը: Դուք, իբրեւ մեր լաւագոյն մատենագէտներէն մին, ի՞նչ կ՚ըսէք այդ աշխատանքին մասին:
-Ես կը խորհիմ, որ մատենագէտին կատարած աշխատանքը հետազօտական աշխատանք է, հակառակ որ շատեր կը նկատեն զայն մեքենական, մեքենագիտական աշխատանք: Ամէն պարագայի, կարդալն ու վերլուծելը հետազօտել, ուսումնասիրել կ՚ենթադրէ: Միայն այսօր չէ, երկար տարիներ է, որ մատենագէտները չեն ճանչցուիր իբրեւ անջատ մասնագիտութեան տէր անձեր, բայց ասիկա, վստահաբար անջատ մասնագիտութիւն է. բանասէրին, պատմաբանին, հնագէտին, ազգագրագէտին, աղբիւրագէտին համադրումն է մէկ անձի մէջ: Երբ մատենագէտը կ՚ուսումնասիրէ նիւթ մը, իրեն՝ իբրեւ անձ զարգացած ըլլալուն մակարդակէն ու չափէն շատ բան կախեալ է՝ ինչպէ՞ս նիւթը կը մեկնաբանէ, ո՞ր տեսանկիւնէն կը մօտենայ, այս պատճառով ալ կարեւոր է: Կը կարծեմ, որ մատենագիտութիւնը յաւերժական մասնագիտութիւն է, հին դարերէն եկած եւ տակաւին երկար գոյատեւող: Մատենագէտին աշխատանքը օրուան որեւէ ժամուն չ՚աւարտիր, ան մշտապէս արթուն է իր գործին վրայ:
Այս հատորին վրայ աշխատելու ժամանակ մենք աշխատած ենք թէ՛ գրադարանին մէջ, ուր լուսանկարած ենք յօդուածները, թէ՛ տան մէջ, ուր կատարած ենք մատենագիտական նկարագրութիւնները, թէ՛ աշխատանքային ժամերուն՝ մեր հիմնական պարտաւորութիւններուն զուգահեռ եւ թէ՛ ազատ օրերուն ու արձակուրդի ժամանակ: Եթէ բան մը պիտի հասցնենք, այսպէս կը գործենք, հակառակ պարագային աշխատանքը չէինք կրնար կատարել ժամանակին: Միայն այս գիրքին մէջ ներ-գըրաւուած ցանկերը ամբողջացնելու համար պահանջուած է երեք ամիս:
Առիթը օգտագործելով, կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ազգային գրադարանի Անձեռնմխելի գրականութեան եւ գլխաւոր գրապահոցի բաժնի վարիչներուն՝ տիկին Ալիսա Ադամեանին եւ տիկին Յասմիկ Գրիգորեանին, ինչպէս նաեւ այս բաժիններու բոլոր աշխատակիցներուն՝ անտրտունջ եւ պատրաստակամօրէն աշխատանքին աջակցելու եւ համապատասխան գրականութիւնը տրամադրելու համար: Այս մատենագիտութիւնը համատեղ աշխատանքի արդիւնք է:
-Հիմա ի՞նչ մատենագիտական գործի վրայ կ՚աշխատիք:
-Հիմա ամենագլխաւոր գործը, որուն վրայ կ՚աշխատինք, «Հայ թարգմանական գրականութիւն» գիրքն է, որ կը պատրաստենք տպագրութեան: Զուգահեռ Չարենցի մատենագիտութեան վրայ կ՚աշխատինք, 2022-ին անիկա պիտի տպագրուի եւ Յովհաննէս Թումանեանի կենսամատենագիտութիւնն է, որ կ՚ուզենք այս տարի տպագրել: Թումանեանի մինչեւ 2000 թուականը կենսամատենագիտութիւնը կազմուած է, բայց 2001-2020 թուականները չկար եւ արդէն պատրաստած ենք, ինչպէս նաեւ Կոմիտասի կենսամատենագիտութեան վրայ կ՚աշխատենք, բայց այդ մէկը աւելի ուշ կ՚աւարտի:
ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ
Մատենագէտ Գոհար Սարգսեան, որ Հայաստանի Ազգային գրադարանի աշխատակիցներէն է, այս հրատարակութեան կապակցութեամբ մեզի յայտնեց հետեւեալը.-
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մատենագիտութիւնը առաջին ծաւալուն աշխատանքս էր, որուն կատարման ընթացքին բացայայտեցի աշխատանքին մատենագիտական առանձնայատկութիւնները՝ իր դժուարութիւններով եւ հետաքրքրական կողմերով: Նորովի բացայայտեցի վերջին քսան տարուան ընթացքին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Վեհափառ Հայրապետին գործունէութեան կարեւորագոյն դրուագները: Ինծի համար հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէին մանաւանդ կրթական ոլորտէն ներս կատարուած աշխատանքները:
Այս ընթացքին վերարժեւորեցի Վեհափառ Հայրապետին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կարեւորագոյն դերը ազգային կեանքի զանազան ասպարէզներէն ներս: Միաժամանակ այս մատենագիտութեան շնորհիւ ամբողջական պատկերացում կազմեցի հայ իրականութեան վերջին երկու տասնամեակի իրադարձութիւններուն մասին, եւ այս բոլորը, այս կամ այն չափով, կ՚առընչուէին Վեհափառ Հայրապետին անձին կամ գործունէութեան:
Ուշագրաւ եղած են մանաւանդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին պաշտօնական ընդունելութիւններն ու հայրապետական այցելութիւնները: Վեհափառ Հայրապետի կաթողիկոսութեան այս ընթացքին Մայր Աթոռ այցելած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ արտերկրի ղեկավարներ, Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ ու միջազգային զանազան կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գիտամշակութային ու հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններու, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, պետական, հասարակական գործիչներ եւ այլք: Բացառիկ իրադարձութիւններ էին Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Ֆրանսիսքոս Ա. պապերուն Հայաստան կատարած պատմական այցելութիւնները: Նոյնքան ուշագրաւ են նաեւ Վեհափառ Հայրապետին փոխադարձ այցելութիւնները:
Ինծի համար առանձնակի նշանակութիւն եւ իմաստ ունեցող ուխտագնացութիւններէն նշեմ Երուսաղէմ (2000, 2005), Տէր Զօր (2001) եւ 2007-ին Վեհափառ Հայրապետին Պոլիս այցելութիւնները, որոնց անդրադարձած է հայաստանեան եւ այդ երկիրներու հայկական մամուլը:
Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ բոլոր այն նիւթերը, որոնք կ՚առընչուին Օրհնութեան կարգերուն:
1999-2019 թուականներուն միջեւ Վեհափառ Հայրապետին կարգադրութեամբ սահմանուած են յատուկ օրհնութեան կարգեր եւ օրեր. Կաղանդի գիշերը՝ Նռնօրհնէքը, Տեառնընդառաջին՝ Նորապսակներու օրհնութիւնը, Ս. Սարգիսի տօնին՝ Երիտասարդներու օրհնութիւնը, Ծաղկազարդին՝ Մանուկներու օրհնութիւնը, Աւետման տօնին՝ Մայրերու օրհնութիւնը, մայիսի վերջին շաբաթը՝ Շրջանաւարտներու օրհնութիւնը, Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի տօնին՝ Ս. Գեղարդի ուխտի օրը, ապրիլ 6-ը՝ Բռնադատուած հոգեւորականներու յիշատակի օրը: Մեր կազմած մատենագիտութեան մէջ ասոնց մասին բաւական նիւթեր կան:
Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան տարիներուն կարգ մը եկեղեցական տօներ ընդգրկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան պետական տօներու եւ յիշատակութիւններու ցանկին մէջ: Վարդանանց տօնը՝ Բարի գործի եւ ազգային տուրքի օր, ապրիլ 7-ը՝ Մայրութեան, գեղեցկութեան եւ սիրոյ տօն, Սուրբ Էջմիածնի եւ Սրբոց Թարգմանչաց տօները: Այս մասին մամուլի անդրադարձները նոյնպէս տեղ գտած են հատորին մէջ:
Նշանակալից է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին գործունէութիւնը եկեղեցական կեանքի եւ հոգեւոր կրթական հաստատութիւններու արդիւնաւէտ կազմակերպման ուղղութեամբ: Անոր գահակալութեան օրօք, մանաւանդ առաջընթաց ապրած են Հայոց Եկեղեցւոյ հոգեւոր-կրթական հաստատութիւնները՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր կրթարանները` Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը, Կիւմրիի ընծայարանը, Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցը, Հառիճավանքի Թրբանճեան ընծայարանը, որ ունի աւագ դպրոցի կարգավիճակ:
Հոգեւոր կրթարաններու առաջընթացը կապուած էր բարձրակարգ դասախօսներու ընտրութեան եւ նոր ուսումնական ծրագրերու մշակման հետ, որոնք կատարուած են Գարեգին Բ. Հայրապետի անմիջական մասնակցութեամբ ու ղեկավարութեամբ:
Վեհափառ Հայրապետը Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի ուսուցչապետն է: Ներկայիս Նորին Սրբութիւնը ճեմարանէն ներս կը դասաւանդէ «Քարոզխօսութիւն» նիւթը:
Հոգեւոր կրթական հաստատութիւններուն հետ սերտ կապ ունին Հայորդեաց տուները: Նոյն մամուլի հրապարակումներէն կը տեղեկանանք, որ հմուտ ուսուցիչներու եւ մանկավարժներու ջանքերով կը զարգանան Հայորդեաց տուներ յաճախող երեխաներուն ու պատանիներուն ստեղծագործական ունակութիւնները, միաժամանակ անոնք կը ստանան քրիստոնէական դաստիարակութիւն:
Գահակալութեան առաջին իսկ տարուան մէջ Վեհափառ Հայրապետը հիմնադրած է Գարեգին Ա.-ի անուան Աստուածաբանական-հայագիտական կեդրոնը, որուն հարուստ գրադարանը մեծապէս կը նպաստէ Մայր Աթոռի միաբաններու գիտական եւ աստուածաբանական միտքի զօրացման։ Կեդրոնին մէջ աշխատելու եւ գրականութեան հարուստ հաւաքածոյէն օգտուելու առիթ տրուած է նաեւ հայ եւ օտար մտաւորականութեան։
Մամուլի հրապարակումներուն մէջ կը տեսնենք, որ կրթա-դաստիարակչական ասպարէզը զարգացնելու համար Վեհափառ Հայրապետը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ Մայր Աթոռի գրադարանային գործունէութեան: Անոր գահակալութեան տարիէն սկսեալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին մէջ սկիզբ դրուած է գրադարանային գործի կազմակերպման գործընթացին: 2012 թուականին ստեղծուած է Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանը: Մատենադարանէն ներս կը պահուի հայագիտական եւ աստուածաբանական 80 հազար միաւոր գրականութիւն, որուն մէջ կան Աստուածաշունչի գրեթէ բոլոր հնարաւոր հրատարակութիւնները: Մատենադարանին մէջ կը պահուին նաեւ հայ մշակոյթի կարգ մը երախտաւորներու անձնական հաւաքածոները:
Այս մատենագիտութիւնը կազմելու դժուարութիւնը թերեւս նիւթին ծաւալն էր՝ Վեհափառ Հայրապետին լայնածաւալ գործունէութիւնը լուսաբանած թերթերուն, ամսագրերուն բազմազանութիւնը եւ մեզի տրուած ժամանակը, որուն ընթացքին անհրաժեշտ էր կարելի եղածին չափ ներառնել նիւթը, որպէսզի բան մը պակաս չի մնար: Հակառակ մեր ջանքերուն, այնուամենայնիւ գիրքին ծաւալն ու սահմանափակ ժամանակը չարտօնեցին ներառնել ողջ նիւթը: Այդ պատճառով ալ ստիպուած էինք ընտրողաբար կատարել աշխատանքը՝ նախապատուութիւնը տալով իրադարձութիւնները արտացոլող նիւթերուն:
Յոյսով եմ, որ գիրքը կ՚արժանանայ գնահատանքի, քանի որ անիկա մէջտեղ եկած է տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան