ՎՐԱՅ ՀԱՍԱՒ…

Ձմրան վերջին ամիսն էր:

Այլեւս կը զգացուէր գարնան շունչը: Առաջին ծաղիկը՝ ձիւնծաղիկը ճեղքելով հողի պաղ շերտը՝ գլուխը վեր էր հաներ ու կը ժպտար արեւուն: Տեղ-տեղ լսելի էր թռչուններու ճռուողիւնը: Այլեւս բնութիւնը կ՚արթննար ցրտաշունչ ձմրան քունէն:

Կիրակի առաւօտեան արեգակի ջերմ շողերու ներքեւ Արեգ պապը կ՚աշխատէր իր տան պարտէզին մէջ: Կը յօտէր՝ կ՚էտէր խաղողի վազերու՝ որթերու պպիներն ու ծառերու աւելորդ ճիւղերն ու ոստերը, մարգեր կը փորէր: Արեգ պապը իսկական պարոն էր, կեցուածքով ազնուական: Եօթանասունն անց տղամարդը երկար տարիներ կը զբաղեցնէր պետական բարձր պաշտօններ: Իր ենթականերն ու գործընկերները իրեն կը դիմէին՝ պարոն Աբրահամեան: Նոյնիսկ ունէր անձնական շարժավար մը, որ ամէն օր յարգարժան պարոնը կը տանէր աշխատանքի ու կը բերէր:

Սակայն անհոգ ու ապահով կեանքը, զբաղեցուցած բարձր դիրքը ի զօրու չէին փարատելու պարոն Աբրահամեանի ծանր վիշտը: Աւելի քան տասն տարի առաջ կեանքէն անժամանակ ու յանկարծակի  հեռացաւ անոր մինուճար որդին, խոր վշտի մէջ թողլով բոլոր ընտանիքը: Այդ չարաբաստիկ օրուընէ ի վեր պարոն Աբրահամեան կորսնցուց իր երբեմնի կենսուրախութիւնն ու լիաթոք ժպիտը: Որդեկորոյս մօր զգեստապահարանը մռայլեցաւ. այնտեղ սեւ գոյնէն զատ պարզապէս անկարելի է գտնել ուրիշ գոյնի հագուստ մը: Իսկ այրիացած երիտասարդ հարսը երկրորդ անգամ չամուսնացաւ, նախընտրեց ապրիլ ամուսնի ընտանիքի հետ ու միասին մեծցնել իրենց միակ ժառանգը:

Ընտանիքի միակ ուրախութիւնը մինուճար զաւկէն մնացած որդին էր՝ փոքրիկ Արեգը: Ամէն մարդ կ՚աշխատէր ու կ՚արարէր յանուն սա փոքրիկի անհոգ մանկութեան ու պայծառ ապագայի: Փոքրիկն Արեգ այսօր դեռատի պատանի մըն է՝ խելացի ու բարեկիրթ: Ան ուսման մէջ բաւական յաջողակ է, գերազանցութեամբ կ՚անցնի դասարանէ դասարան: Ի դէպ՝ խելացութիւնն ու ուսման մէջ յառաջդիմութեան ձիրքը այս ընտանիքի մէջ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի ժառանգաբար:

Չնայած զբաղեցուցած բարձր դիրքին, պարոն Աբրահամեան պարզ ու հասարակ մարդ մըն էր: Կը սիրէր զբաղիլ հողագործութեամբ, ձեռք մեկնել կարիքաւորներուն: Հող մշակելը, ծառ ու ծաղիկ տնկելը անոր սիրելի զբաղումներէն մին էր: Ինչպէս ինք կը հաւաստիացնէր՝ հողի հետ շփումը մարդը կը մօտեցնէ բնութեան. «Հողը կենդանի օրկանիզմ մըն է: Ան կը զգայ քու բոլոր յոյզերը», կ՚ըսէր ան:

Այդ օրը նոյնպէս, առտուն կանուխ արթննալով որոշած էր զբաղիլ իր սիրելի գործով: Ծառի մը ճիւղերը կ՚էտէր, երբ յանկարծ ինքնազգացողութիւնը վատացաւ: Անմիջապէս օգնութեան կանչեց իր կողակիցը: Կինը տեսնելով ամուսնին տժգունած դէմքը, խորհուրդ տուաւ անմիջապէս դիմել բժիշկի: Դժուարութեամբ կը շնչէր: Անմիջապէս հեռաձայնեցին իրենց մօտակայքին բնակող ազգականին ու խնդրեցին, որպէսզի շտապ հասնին ու Արեգ պապը տեղափոխեն հիւանդանոց:

Ճանապարհին ինքնազգացողութիւնը կարծես թէ կամաց-կամաց բարելաւելու սկսաւ:

-Այլեւս ինքզինքս լաւ կը զգամ, հիւանդանոց երթալու կարիք չկայ:

-Արեգ մէյ մը երթանք, թող բժիշկը քննէ,- ըսաւ կինը:

Բժիշկը սիրտը լսելէ վերջ՝ հիւանդը անմիջապէս պատգարակի մը վրայ առաւ ու զայն փոխադրեց ընդհանուր ստուգման սենեակ: Արեգ պապը քանի մը ժամ այդ սենեակէն դուրս չելաւ: Կինն ալ սպասասրահի մէջ հանգիստ կը սպասէր ամուսինին:

Երկու ժամ անց յայտնուեցաւ բժշկուհին.

-Մեծ մայրիկ, ձեր հիւանդը մահացաւ:

-Ինչպէ՞ս թէ մահացաւ,- ապշահար հարցուց կինը:

-Այո, մահացաւ, ըսաւ բժիշկը ու հեռացաւ:

Երիտասարդ ու տգէտ բժշկուհին մահուան բօթն յայտնեց այնքան մեծ հանգստութեամբ ու անտարբերութեամբ, կարծես արտառոց ոչինչ տեղի ունեցած ըլլար: Լիովին առողջ մարդու մը յանկարծամահ ըլլալը սովորական երեւոյթ մըն է ու հանգիստ կերպով այդ մասին կարելի է յայտնել մահացողի մերձաւորներուն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2020