ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԴՐՕ­ՇԱ­ԿԻ ՄԱՍ­ՆԱ­ԳԷ՞Տ (VEXILLOLOGIST)

Մեր ըմբռ­նու­մով, մաս­նա­գի­տու­թիւննե­րը կ­­՚ըլ­լան ար­հես­տա­վարժ աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ՝ ինչ­պի­սին են բժշկու­թիւ­նը, երկ­րա­չա­փու­թիւ­նը, ի­րա­ւա­բա­նու­թիւ­նը եւ այլն։ 21-րդ դա­րու ճար­տա­րա­րուես­տի ա­րագ թա­ւա­լու­մին մէջ սա­կայն, կար­ծես մաս­նա­գի­տու­թիւն­ներ կը բուս­նին քիչ մը ա­մէն տեղ։

Եւ ա­հա քե­զի դրօ­շա­կի մաս­նա­գէ­տը... Սա լսուած բան է՞ր, ոչ։  Բայց եւ այն­պէս՝ ոչ թէ միայն դրօ­շա­կի մաս­նա­գէտն­եր կան, այ­լեւ ա­նոնք հիմ­նած են ընկ­ե­րակ­ցութ­իւն մը, որ կը կոչ­ու­ի «Հիւս­ի­սա­յին Ա­մեր­ի­կա­յի Դրօ­շա­կի մաս­նա­գէտ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թիւն»:

Դժբախ­տա­բար այս խայ­տա­ռա­կու­թիւ­նը հոս չի վեր­ջա­նար, ո­րո­վհե­տե­ւ վե­րո­յի­շե­ալ ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը նոյ­նի­սկ հ­րա­տա­րա­կած է ու­ղե­ցո­յց մը՝ դրօ­շա­կի ծրագ­րու­մի մա­սի­ն, որ կը բաղ­կա­նայ հինգ կա­նո­ննե­րէ­։

­Հի­մա տես­նե­նք, թէ ի՞նչ են լաւ դրօ­շա­կի մը տուե­ալ­նե­րը­, ըստ ի­րե­նց։ Ա­նոնք կը խոր­հի­ն, թէ դրօ­շա­կը պէտք է ըլ­լայ՝

- պարզ,

- ի­մաս­տա­լի­ց,

- գու­նա­ւոր,

- յատ­կան­շա­կան,

- ա­ռանց բա­ռի։

Ո­ւրե­մն ըստ դրօ­շա­կի մաս­նա­գէտ Ռո­մը­ն Մար­սի­, ծո­վա­հէն­նե­րու դրօ­շա­կը լա­ւա­գոյն օ­րի­նակ­նե­րէ­ն մէկն է, որ գրե­թէ կ՚ամ­բո­ղջաց­նէ վե­րո­յի­շեալ տուե­ալ­նե­րը­։ Ա­ռա­ւե՛լ, ան­ցեա­լին՝ եւ ըստ ի­րե­նց, այդ դրօ­շա­կը ծա­ռա­յած է մարդ­կանց այն­քան վախց­նե­լու, որ ա­նոնք հրա­ժա­րած են կռիւ ը­նե­լէ­։ Իսկ հեգ­նա­կա­նօ­րէ­ն այդ դրօ­շա­կը կո­չուած է «Jolly Ro­ger», այ­սինքն՝ «Ու­րախ Ռո­ճը­ր»:

Հե­տաքրք­րա­կան է գիտ­նալ նաեւ, որ դրօ­շա­կի մաս­նա­գէտ Ռո­մը­ն Մարս ան­ցեալ տա­րի դա­սա­խօ­սու­թի­ւն մը տուած է­, ո­րուն նիւ­թը ե­ղած է «Ինչ­պէ՞ս ծրագ­րե­լ քա­ղա­քի մը դրօ­շա­կը»:

Ան­հա­ւա­տա­լի­, բայց ի­րա՛ւ…

ԲՆԱ­ԿԱ­ՐԱՆ՝ ԾԱ­ՌԻ ՎՐԱՅ (TREE HOUSE)

Երբ այս վե­րնա­գի­րը կար­դա­ցի, ան­միջա­պէ­ս մ­տա­բե­րե­ցի փայ­տէ այն փո­քրի­կ տու­նե­րը­՝ ո­րո­նք կը կազ­մուի­ն բ­նա­կարա­նի մը պար­­տէ­զի­ն մէջ, որ­պէ­ս ե­րախա­նե­րու զբօ­սա­վայր։

Սա­կայն այդ են­թադ­րու­թի­ւնս բո­լո­րո­վին սխալ էր, հի­մա թոյլ տուէ­ք բացատ­րե­մ, թէ ին­չո՛ւ։

Ու­րե­մն 65 տա­րե­կան մե­ծ մայր մը՝ Շա­ունի Չէ­սը­ր ա­նու­նո­վ, 1992 թուա­կա­նէն ի վեր կը բնա­կի տան պար­տէ­զի­ն մէջ գտնուո­ղ ծա­ռի մը վրայ։ Այդ տու­նը կը գտնուի Ֆլո­րի­տա նա­հան­գի Մա­յա­մի քա­ղա­քի հիւ­սի­սա­յին մա­սի­ն մէջ, իսկ ծա­ռը կը բաղ­կա­նայ ե­րկու յար­կե­րէ­։­

Ա­ռա­ջի­ն յար­կի­ն վ­րայ կը գտնուի նստա­սե­նե­ակ մը եւ խո­հա­նոց մը, որ օժ­տուած է փու­ռո­վ մը եւ ծո­րա­նո­ցո­վ (sink) մը։ Նստա­սե­նե­ա­կին մէջ կայ բազ­մո­ց մը, որ կը ծա­ռա­յէ որ­պէ­ս ան­կո­ղի­ն՝ իր ըն­տա­նի կեն­դա­նի ջրար­ջին (raccoon), ո­րու տա­րի­քը եր­կու ամ­սա­կան է­:

Իսկ երկ­րո­րդ յար­կը­՝ որ սան­դուխ­ներով կը բարձ­րա­ցուի­, կը ծա­ռա­յէ որ­պէ­ս նն­ջա­սե­նեակ։

Մի­նչե­ւ հոս ոչ մէկ ան­պա­տե­հու­թի­ւն, սա­կայն ե­կուր տես որ քա­ղա­քի պատ­կան մար­մին­նե­րը կը ստի­պե­ն, որ ան դադ­րի հոն բնա­կե­լէ­, քա­նի ա­պա­հո­վ չէ։ Եւ ա­նոնք մին­չե­ւ իսկ սպառ­նա­ցած են քան­դե­լու ծա­ռա­յին այդ բնա­կա­րա­նը­, ե­թէ մեր մեծ մայ­րի­կը տե­ղի չտայ…

Հոս պէտք է ա­ւելց­նե­լ, որ ան ցարդ 3 հազար տո­լա­րի տու­գանք մը վճա­րած է­, ո­րուն վրայ կրնայ ա­ւել­նալ 7 հազար տո­լար ե­ւս՝ ե­թէ մեր յա­մառ մե­ծ մայ­րի­կը յա­մե­նայ մնալ հոն։

Առ ի պա­տաս­խան այդ սպառ­նա­լի­քին, Շա­ունի Չէ­սը­ր դի­տե­լ տուած է­, թէ ան ե­րբեք հա­մա­միտ չէ ծա­ռա­յին իր բնա­կա­րա­նէ­ն հե­ռա­նա­լու եւ ա­ւել­ցու­ցած է ը­սե­լո­վ, թէ ան պատ­րաստ է մին­չե­ւ իսկ ինք­զի­նք շղ­թա­յո­վ կա­պե­լու՝ ծա­ռի­ն։

Դժ­բախ­տա­բար տե­ղե­ակ չե­մ, թէ այդ առ­ճա­կա­տու­մը­՝ 7 մի­լի­առ պի­ւտճէ հա­շուո­ղ քա­ղա­քա­յի­ն իշ­խա­նու­թե­ան ե­ւ հա­մե­ստ ապ­րե­լա­կերպ ու­նե­ցո­ղ մեծ մայ­րի­կի­ն՝ որ բոհ­րած (popcorn) ծա­խե­լո­վ կը հո­գայ ի­ր ապ­րուս­տը­, ո՞ւր հա­սաւ:

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016