ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԱՐՄԱՏՆԵՐ
Անգլիա այցելութեան ժամանակ առիթն ունեցանք տեսնելու բրիտանացի աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Շէյքսփիրի տուն-թանգարանը՝ Սթրաթֆորտ Էյվըն քաղաքին մէջ, որ Լոնտոնէն 150 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ է, բայց գնացքներն ու ճեպընթացները հեզասահ կը հասնին երկրի որեւէ անկիւն՝ անցնելով պատմական Անգլիոյ հրաշագեղ վայրերէն: Էյվըն գետի ափին գտնուող Սթրաթֆորտ քաղաքը, յիրաւի այն գլխաւոր վայրերէն մին է, որ զբօսաշրջիկ մը կը փութայ տեսնելու՝ Լոնտոնէն եւ Օքսֆորտէն վերջ: Ժամանակին գաւառական քաղաք համարուած Սթրաթֆորտը այժմ Անգլիոյ գլխաւոր քաղաքներէն է, երկրի հպարտութիւններէն մին:
Իր ծննդավայր Սթրաթֆորտ Էյվընի մէջ հսկայ ժառանգութիւն ձգած է բոլոր ժամանակներու ամենէն յայտնի բրիտանացի գրողը, իսկ քաղաքը բծախնդրօրէն պահպանած է զայն՝ վերածելով թանգարաններու, թատրոններու, մշակութային կեդրոններու, որոնք Շէյքսփիրի մահէն յետոյ, 400 տարիէ ի վեր, «կը պահեն» Սթրաթֆորտ Էյվընը: Քաղաքը հարուստ է, բարեկեցիկ եւ գրաւիչ, գրեթէ՝ այս կեդրոններուն շնորհիւ:
Այս մշակութային շունչով ապրող քաղաքի կարեւոր վայրերէն մէկուն տնօրէնը հայ է՝ Անայիս Սեւաճեան-Քուփըր: Ան Շեյքսփիրի դուստրերէն մէկուն՝ Սիւզաննայի, ամուսնական տան տնօրէնն է: Այդ կառոյցը կը կոչուի Հոլս Քրոֆթ, ուր Շէյքսփիրի դուստրը ապրած է իր բժիշկ ամուսինին հետ: Մեր այցելութեան օրը, գիտնալով, որ Հայաստանէն ենք, ուղեկցողներ ըսին, որ իրենք ալ հայ մը ունին իրենց թանգարաններուն մէջ աշխատող, բայց ան՝ Անայիս անունով հայուհին, այդ օրը աշխատանքի չէր, ուստի չկրցանք նոյն օրը տեսնել զինք: Կապ հաստատեցինք, որ օր մը, թերեւս հանդիպինք, գուցէ եւ ինչու ոչ՝ Հայաստանի մէջ, ուր Անայիս երբեք չէր եղած:
Եւ, ահաւասիկ, այս տարուան Սեպտեմբերի աւարտին Անայիս Սեւաճեան-Քուփըր եւ իր երկու քոյրերը Հայաստան շրջապտոյտի եկան: Երկու շաբթուան համար եկած են, խումբով մը, որու մէջ հայեր կան՝ աշխարհի բոլոր կողմերէն: Կը շտապենք տեսնելու մեր ծանօթը, որուն հետ հեռակայ կարգով հարազատացած ենք: Անայիսին հետ է նաեւ իր անգլիացի ամուսինը՝ Մարթին Քուփըր, որ հիւանդութեան մը պատճառով սայլակով կը տեղաշարժի, եւ այդ ձեւով, խումբին հետ հասած է ամէնուր՝ Արցախ, Գանձասար, Ամարաս, Դիլիջան, Նորավանք եւ բոլոր այն վայրերը, ուր այցելած է հայերու այս խումբը: Բարեկիրթ ժպիտով անգլիացին շատ հաւնած է Հայաստանը, մանաւանդ՝ Երեւանը, հակառակ անոր որ բաւական չարչարանքներ կրեց իր սալեակը ոչ-յարմարեցուած ու խճողուած մայթերէն անցընելու ատեն, բայց գոց սորված էր քաղաքի բոլոր այն անկիւնները, ուր սայլակը կրնար դիւրին քշուիլ:
Անայիս Սեւաճեան-Քուփըր նաեւ պզտիկ դուստրն է եթովպական Հայլէ Սելասիէ Ա. կայսրի պալատի ոսկեգործին՝ Պետրոս Սեւաճեանին, որուն կեանքին եւ գործունէութեան վերջերս առիթ ունեցած ենք անդրադառնալու, երբ Պետրոս Սեւաճեանի պատրաստած ափսէն՝ նուիրուած Էլիզապէթ Բ. թագուհիին, ցուցադրուեցաւ Լոնտոնի թագաւորական ընտանիքի նըս-տավայրին՝ Պաքինկհըմ պալատին մէջ:
Անայիս Սեւաճեան հպարտ է իր նշանաւոր հօրմով եւ իր հայկական արմատներով, որոնք վերագտաւ Հայաստանի մէջ եւ արցունքն աչքերուն դարձաւ Անգլիա՝ յառաջիկայ Սեպտեմբերին կրկին վերադառնալու յոյսով: Ծիծաղը դէմքին, դրական յոյզերով ապրող եւ իր շուրջը դրական տրամադրութիւն սփռող հայուհի մըն է Անայիսը, որ առաջին իսկ վայրկեանէն կը վարակէ դիմացինը իր լաւատեսութեամբ եւ վառվռուն շարժուձեւով:
Իր Անգլիա վերադարձէն առաջ, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մօտ, վերջին անգամ հանդիպեցանք, ուր Անայիս, Մաշտոցի եւ Կորիւնի արձաններուն քով արտասանեց Ուիլիըմ Շէքսփիրի «Համլէթ»ի նշանաւոր «Ըլլա՞լ, թէ՞ չըլլալ» մենախօսութիւնը՝ արեւմտահայերէնով: Մենախօսութիւնը մասնաւոր Անայիսին համար արեւմտահայերէնով պատրաստած էր լիբանանահայ հայագէտ՝ Արմենակ Եղիայեան:
Այդ արտասանութիւնը, որ տեսագրուեցաւ նաեւ, տեղ պիտի գտնէ Շէյքսփիրի Ծննդավայրի հիմնադրամի (Shakespeare Birthplace Trust- www.shakespeare.org.uk) կայքէջին վրայ, ուր բազմաթիւ լեզուներով կայ այդ մենախօսութեան արտասանութիւնը, ահաւասիկ արեւմտահայերէն տարբերակն ալ կը թողարկուի այդ շարքին մէջ:
Անայիս Սեւաճեան Երեւանի մէջ սիրով հարցազրոյց մը տուաւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին: Ան պատմեց իր մանկութեան, Անգլիա տեղափոխուելուն եւ իր հետաքրքրական աշխատանքին մասին, որ ուղղակի Շէյքսփիրի ժառանգութեան պահպանման կ՚առընչուի: Պատմեց նաեւ իր փափաքին մասին, որ կրկին Շէյքսփիրին կ՚առընչուի՝ ան կ՚ուզէ կամուրջ մը ստեղծել հայ արուեստասէր հանրութեան եւ Շէյքսփիրի Ծննդավայրի հիմնադրամին հետ:
1960-ականներուն, երբ Եթովպիոյ հայկական գաղութը ծաղկում կ՚ապրէր, համայնքի յայտնի ընտանիքներէն էին Սեւաճեանները: Անայիս Սեւաճեան ծնած է Եթովպիա, մայրաքաղաք Ատիս Ապեպայի մէջ, յաճախած է հայկական դպրոց, տասը տարեկանին ձգած է դպրոցը, 1975 թուականին ղրկուած է Անգլիա՝ գիշերօթիկ դպրոցի մը մէջ ուսումը շարունակելու: Այդ ընթացքին Եթովպիոյ մէջ մահացած է իր հայրը, իշխանութեան եկած է նոր կառավարութիւն: Ընտանիքը՝ մայրը, երկու քոյրերը եւ եղբայրը յետագային դուրս ելած են Եթովպիայէն եւ մայրն ու քոյրերը Անգլիա, իսկ եղբայրը՝ Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած են:
-Անայիս, ի՞նչ կը պատմէք Ձեր մանկութենէն՝ Եթովպիայէն ինչպէ՞ս հասաք Անգլիա:
-Իմ ծնողքիս ընտանիքները Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթած էին Սուտան եւ Եթովպիա, բայց 1915 թուականի դէպքերէն շատ աւելի առաջ՝ 1894-1896 թուականներուն: Անոնք հայկական միջավայր ստեղծած էին մեր տան մէջ, ահա թէ ինչու մենք հայասէր եւ հայախօս մեծցանք, եւ անոնց մահէն ալ տարիներ ետք ես Հայաստան եկայ փնտռելու հայկականութեան այն գաղտնիքը, որ միշտ եղած է իմ հետս եւ հանգիստ չէ ձգած զիս: Ես իմ կեանքիս ընթացքին միշտ լաւ հայերու հանդիպած եմ, ինչպէս այն ընտանիքը, որ Անգլիոյ մէջ, իմ գիշերօթիկի ուսմանս տարիներուն ինծի սորվեցուց գորգ նորոգել, եւ այդ գործն ալ բարեյաջող կերպով ըրի ուսմանս առընթեր: Անոնք Լիբանանէն եկած էին Անգլիա, արհեստաւոր էին եւ հայերէն կը խօսէին. այդպէսով, անոնց միջոցաւ, շարունակեցի հայերէնի, հայութեան հետ կապը: Այդ ընթացքին մտերիմներս տեսնելու համար կ՚երթայի Եթովպիա, բայց կը վերադառնայի, որովհետեւ կ՚ապրէի Անգլիոյ մէջ: Անգլիան դարձաւ իմ տունս, ուր ամուսնացայ, երեխաներ ունեցայ եւ ահաւասիկ քառասուն տարիէ ի վեր՝ Անգլիոյ մէջ եմ: Անշուշտ, երբ 1991 թուականին ամուսնացայ, ստիպուած եղայ Ուորիք տեղափոխուելու, ուր հայկական միջավայր չկայ, բայց քոյրերուս եւ հայ բարեկամներուս հետ հայերէն կը խօսիմ, պահած եմ լեզուս:
-Ինչպէ՞ս աշխատանքի անցաք Հոլս Քրոֆթի մէջ, իբրեւ տնօրէն:
-Ես իմ աշխատանքիս սկսայ տասնմէկուկէս տարի առաջ՝ Շէյքսփրիրի Ծննդավայրի հիմնադրամին մէջ, որու Հոգաբարձուներու խորհուրդին նախագահը արքայազն Չարլզն է, եւ վերջին երեք տարին է, որ Հոլս Քրոֆթ տան տնօրէնն եմ: Այս տունը Շէյքսփիրի հիմնադրամի Ժառանգութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն է, որ քանի մը դարու պատմութիւն ունի եւ աշխարհի մէջ մէկ հատիկ է: Այստեղ ապրած է Շէյքսփիրի դուստրը իր ամուսինին հետ եւ տան մէջ ամէն ինչ՝ կահ-կարասին, իրերը, նկարները կը պատմեն անոնց կեանքին մասին:
-Գրականութիւնը, մանաւանդ անգլիական գրականութիւնը, պըզ-տիկ տարիքէ՞ն սիրած էք, թէ՞ պատահական եղաւ կապը անգլիական գրականութեան ամենէն նշանաւոր գրողի ժառանգութեան հետ:
-Պատահական եղաւ: Ես անգլիական դպրոց գացած էի, հոն անշուշտ, կը սորվեցնեն Շէյքսփիր, բայց երբ դպրոցին մէջ ես, միտքդ անոր վրայ չ՚ըլլար. վերջն էր, երբ սկսայ պատմութիւն ուսումնասիրել, այդ կարգին եւ՝ Շէյքսփիրի կեանքն ու գործերը: Հասկցայ, որ Շէյքսփիր իր ստեղծագործութիւնները գրած է պատմական դէպքերու հիման վրայ: Եւ այդպէս, պատմութեան միջոցաւ է, որ ուսումնասիրեցի Շէյքսփիր, խորացայ եւ սկսայ աշխատիլ:
-Ի՞նչ բնոյթ կը կրէ Ձեր աշխատանքը թանգարանին մէջ:
-Ուրեմն, 17-րդ դարուն շինուած այդ հաստատութեան կառավարիչն եմ, քսանմէկ հոգի աշխատող ունիմ, եւ տարին հարիւր հազար մարդ կ՚այցելէ մեզի, ամէն օր այցելու ունինք: Այցելուները ընդունիլը, անոնց անվտանգութեան հարցերը, տան մէջ ազատ տեղաշարժ ապահովելը իմ պատասխանատուութեանս ներքեւ է, ինչ որ աշխատողներուս հետ պատշաճ կերպով կ՚իրականացնենք, միշտ հաւատալով, որ մարդիկ սիրով եւ հետաքրքրութեամբ է, որ հազարաւոր մղոններ հեռուէն եկած են եւ մենք պարտաւոր ենք այնպէս ընել, որ գոհ մնան, ամէն ինչ տեսնեն, տեղեկանան հարստութեան մասին, որ դարերէ ի վէր պահուած է այդ տան մէջ:
-Ո՞րն է այն գաղտնիքը, որ Շէյքսփիր իր անունով եւ իր ստեղծածով, իր մահէն տարիներ ետք «կը պահէ» իր ծննդավայրը:
-Գաղտնիքը Շէյքսփիրն է: Երբ Շէյքսփիր իր թատրերգութիւնները գրեց, այն ժամանակներուն համար արդիական էին անոնք, բայց երբ կը կարդաս, այսօրուան համար նոյնպէս հնչեղ են: Կրնայ ըլլալ, որ լեզուն քիչ մը դժուար է, բայց այսօր անոր գործերուն եւ անոնց հիման վրայ ստեղծուած բեմադրութիւններուն մէջ կը տեսնենք յաւերժական հարցեր՝ կեանք, մահ, ծնունդ, պատերազմներ, սէր, բարեկամութիւն, ամուսնութիւն… Ամէն ինչ, որ կեանքի հիմքը կը կազմէ, եւ այն բոլոր հարցերը, որոնք մարդը կը յուզեն, Շէյքսփիրի գործերուն մէջ են: Այս է գաղտնիքը, որ ան աշխարհի ամենէն շատ մէջբերուած գրողն է, թերեւս նաեւ՝ ամենայայտնին:
-Որքան տեղեակ եմ, ջանքեր կը գործադրէք՝ կապ ստեղծելու հայերու եւ Շէյքսփիրի տուն-թանգարաններուն հետ, ի՞նչ յաջողած էք ընել:
-Միշտ ուզած եմ այդ մէկը ընել, կապ ստեղծել Հայաստանի հետ, որ Շէյքսփիրի Ծննդավայրի հիմնադրամը իր հետաքըրքրութիւններուն ծիրէն ներս նաեւ հայերը-ներգրաւէ: Ի վերջոյ Շէյքսփիրի գործերուն առաջին թարգմանութիւններուն մէջ հայերէնն ալ եղած է, Շէյքսփիրի գործերը միշտ բեմադրուած են հայկական թատրոններուն մէջ: Գրողին գործերը, տակաւին հնագոյն հայկական մամուլի էջերուն մէջ յիշատակուած են: Կրնամ ըսել, որ մենք շատ հայ այցելուներ չենք ունեցած, բայց կամաց-կամաց կու գան, կ՚աւելնայ անոնց թիւը: Եւ անոնք, որոնք կու գան, շատ կը սիրեն Շէյքսփիրը, ատոր համար կ՚ուզեմ գործածել այդ մէկը եւ վերջապէս փորձել կամուրջ մը հաստատել Հայաստանի եւ հիմնադրամին միջեւ:
Շէյքսփիրի Ծննդավայրի հիմնադրամը ցանցային մատեան մը սկսած է թողարկել, ուր զանազան երկիրներ կը ներգրաւուին, բայց նոր սկսանք հայերուն համար ալ հոն բան մը ընել, հայերէնին առընչուող նիւթեր տեղադրել, Շէյքսփիրի հայերէն թարգ-մանութիւններուն մասին խօսիլ: Հիմնադրամին մէջ մենք հսկայ գրադարան մը ունինք, ուր աշխարհի բոլոր լեզուներով թարգմանուած Շէյքսփիրի գործերը կան, հայերէնները շատ չեն, բայց ունինք, մօտ քսան գիրք կայ, պէտք է աւելցնել այդ շարքը, քանի որ շատ են հայերէն թարգմանուած գիրքերը, կան նաեւ՝ արեւմտահայերէնով թարգմանուածներ:
-Դուք Շէյքսփիրի Ծննդավայրի հիմնադրամին մէջ աշխատող միա՞կ հայն էք:
-Այո, եւ միշտ կը հպարտանամ իմ հայութեամբս, միշտ կը շեշտեմ: Երբեք չեմ հանդիպած անգլիացիի մը, որ նախապաշարում ունենայ իմ հայ ըլլալուս հանդէպ:
-Իսկ քաղաքին մէջ, ո՞ւր կը բնակիք, այլ հայ ընտանիքներ կա՞ն:
-Անմիջապէս իմ շրջանիս մէջ չկայ, բայց իմ ապրած տեղիս՝ Ուորիքի կեդրոնը՝ Լեմինկթըն Սփայի մէջ իննսունհինգ տարեկան հայուհի մը կայ՝ Տիկին Արսինէն, որ Եգիպտոսէն եկած է, կրցածիս չափ կապ կը պահեմ անոր հետ:
-Առաջին անգամ այցելելով՝ Հայաստանը ինչպէ՞ս տեսաք:
-Երբ օդակայան մտայ եւ սկսայ կարդալ հայերէն, լսել հայերէն, զգացի, որ եկայ տեղ մը, ուր իմ արմատներս կան: Հարազատութիւնը առաջին պահէն զգացի: Հեռու շրջաններ ալ գացինք, անշուշտ, արագ անցանք, բայց ես նկատեցի բան մը՝ որ հայերը շատ ազնիւ, մարդամօտ, հիւրընկալ ժողովուրդ են: Որու հետ որ խօսեցանք, շատ-շատ հաճոյք ստացայ: Կ՚ուզէի քիչ մը աւելի մնալ Երեւանի մէջ, բայց պատմական վայրերէն ալ, Արցախէն ալ շատ հաճոյք ստացայ եւ համոզուեցայ, որ ի՜նչ հարուստ պատմութիւն ունի հայ ժողովուրդը: Նորավանքը շատ սիրեցի՝ անոր քարերուն գոյնը, պատմութիւնը շատ գրաւիչ են, նմանապէս գրաւիչ է Տաթեւի պատմութիւնը: Շատ հետաքրքրութեամբ լսեցինք, որ այդ վայրերուն մէջ համալսարաններ եղած են, հայ գիտնականներ աշխատած են: Միակ բանը, որ կը տանիմ հետս, երկրին գեղեցկութիւնն է, մարդոց պատրաստակամութիւնը, որ կ՚ուզեն քեզմէ սորվիլ, թէ ինչ բերած ես հետդ, եւ կ՚ուզեն իրենց գիտցածն ալ քեզի պատմել:
Երբ Անգլիոյ մէջ ինծի կը հարցնէին, թէ ո՞ր ազգին կը պատկասնիս, կ՚ըսէի՝ հայ եմ: Կը հարցնէին Հայաստանէ՞ն ես: Ո՛չ, Եթովպիայէն եմ, կ՚ըսէի: Հիմա կրնամ ըսել, որ Հայաստան գացած եմ, գիտեմ Հայաստանը, դուք ալ պէտք է երթաք:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ