ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ. «ԱՊՐԵԼՈՒ ՅՈՅՍԸ, ՈՐ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԲՈԼՈՐԻՆ»

Գրող, մտաւորական, հայ լեզուի ու մտքի հանրածանօթ մշակ, հայկական դպրոցի երկարամեայ տնօրէն եւ վաստակաշատ դաստիարակ Գէորգ Պետիկեան այսօր սփիւռքահայ մամուլի երէց աշխատակիցներէն է: Ան իր միտքերը, խոհերը, մտահոգութիւնները, վերլուծումները կանոնաւոր կը յանձնէ հայ մամուլին՝ գրողի անկիւնէն դիտելով բոլոր երեւոյթները: Այդ նիւթերը թէ՛ սփիւռքը, թէ՛ մանաւանդ Հայաստանի հայութիւնը յուզող ներկայի հարցերուն կը վերաբերին, կը շօշափեն հայ ընտանիքի, հայ երիտասարդի առջեւ կեցած այսօրուան մարտահրաւէրները, առհասարակ՝ ժամանակակից մարդու կեանքն է, որ տեղ կը գտնէ անոր գրութիւններուն մէջ: Իր տիկնոջ՝ Լիզա Պայրեամեան-Պետիկեանին հետ պարբերաբար այցելելով Հայաստան՝ Գէորգ Պետիկեան նաեւ մօտէն կ՚առընչուի Հայաստանի իրականութեան եւ ամէն այցէն ետք հայաստանեան պատկերները անպայման տեղ կը գտնեն իր գրութիւններուն, ստեղծագործութիւններուն մէջ: Այս անգամ անոնց այցը Հայաստան, զուգադիպեցաւ սեպտեմբերեան իրադարձութիւններուն. Արցախի դաժան պատերազմը, անտանելի հայաթափումը, արցախահայութեան պարտադրուած գաղթը, հայ մարդու անօգնական վիճակը ծանր շունչով պատած են հայոց երկինքը եւ այդ շունչը զգալի է մանաւանդ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:

Այս մթնոլորտին մէջ յետաձգուեցաւ Գէորգ Պետիկեանի 80-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը, որ նախատեսուած էր Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» համալսարանին մէջ: Այդ հանդիսութեան պիտի ներկայացուէր նաեւ գրողին վերջին հատորը՝ այս տարի լոյս տեսած «Քերթուածներու հաւաքածոյ»ն, որ հրատարակուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Քասլ» հրատարակչատան մէջ:

Գէորգ Պետիկեանի Երեւանի մէջ կեցութեան օրերէն օգտուելով կատարեցինք հարցազրոյց մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մտաւորականին հետ մեր մտերմիկ զրոյցը։

*

-Հայաստան ձեր այցի օրերը զուգադիպեցան հայութեան նորօրեայ մէկ ծանր վշտին: Ինչպէ՞ս կը տանիք այս ամէնը՝ մօտէն տեսնելով ափսոսալի պատկերներ:

-Այո՛, շատ վշտալի, ցաւալի իրավիճակ է… Առաջին օրն իսկ Գորիսի նկարները տեսնելով, այդ օրերու լուրերը մտիկ ընելով արդէն իսկ տաժանելի էր: Մենք եկած էինք հանգիստ ընելու, եւ ականատես եղանք այս ամէն ինչին: Ողբերգութիւն է: Ազգային ողբերգութիւն է, որ ամէն հայ իր մորթին վրայ կը զգայ: Անակնկալ էր եղածը, հակառակ որ մինչ այդ շրջափակման պատճառով արդէն իսկ Արցախը ծանր վիճակի մէջ էր: Ատոր ալ ամէն օր կը հետեւէինք, բայց մեր ձեռքէն բան մը չէր գար…

-Ի՞նչ կը կարծէք, ինչպէ՞ս կրնայ յաղթահարել հայութիւնը այս ծանր վիճակը:

-Միաբանութեամբ: Կը յաղթահարենք, եթէ ազգային ջիղ ունեցող ղեկավարութիւն ունենանք, որպէսզի միաւորէ ժողովուրդը եւ ամենակարեւորը՝ ծրագրէ: Բագրատունեաց հարստութիւն է կարծես՝ ամէն տեղ թագաւորութիւն կայ, կաթողիկոս կայ… Ճիշդ բան չէ: սփիւռքն ալ պէտք է միաւորուի:

-Իսկ սփիւռքի դերը այս ծանր օրերուն ո՞րն է:

-Ի պատիւ սփիւռքին, անմիջապէս անդրադարձաւ եւ ինքզինք զօրակոչի ենթարկեց: Հիմա ամէն կողմէ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն սկսալ, մինչեւ կուսակցութիւնները, մինչեւ ՀՕՄ-ը, ոտքի ելան եւ կը նուիրաբերեն: Ամէն մարդ իր նուիրաբերութիւնը կը ջանայ բերել, անոնց կարգին նաեւ՝ մեր մէկ որդին, որ հիմնադրամի մը միջոցով իր աջակցութիւնը կատարեց եւ նախորդ պատերազմին ալ նոյնը ըրաւ:

Ես կը հաւատամ, որ սփիւռքը արթուն է տակաւին… Ամէն ինչը կը տեսնենք. կը տեսնենք նաեւ, որ հակառակորդը շատ լաւ կազմակերպուած է, շատ լաւ ուսումնասիրած է եւ լա՛ւ գիտէ, թէ հարուածը ե՛րբ եւ ո՛ւր պիտի տայ, որուն մենք չէինք անդրադառնար… Մենք միշտ կը թերագնահատենք անոր կարողութիւնները եւ այդ ալ մեր անմիաբանութենէն կու գայ: Ամէն տեղէ ձայն մը կը լսես, ձայները հաւաքող, միաւորող չկայ:

-Կը կարծէ՞ք, որ ձեր ըսած միաբանութիւնը պիտի ըլլայ:

-Ես կը հաւատամ: Չեմ հաւատար միջազգային ուժերու խոստումներուն, միայն մեր միաբանութիւնը կը տեսնեմ որպէս ելք այս վիճակէն: Երբեք հաւատ չունիմ միջազգային կազմակերպութիւններու յորդորներուն, խրատներուն, շոքոլա-շաքար բաժնելուն: Ժամանակին ամերիկեան բանակը տեղ մը հասնէր՝ ինչպէս մուրացկաններուն կը բաժնեն, այդպէս շոքոլա, ծամոն կը բաժնէր: Իրենց խօսքերը մեզի համար նոյն ծամոնն են, շոքոլան են, ուրիշ բան չեն… Ես չեմ կարծեր, որ ոեւէ ֆրանսացի, ամերիկացի զինուոր պիտի գայ եւ հայուն հողերը պիտի պաշտպանէ: Նոյնիսկ ռուսը չըրաւ: Հայ զինուորի՛ն պէտք է վստահիլ, բայց նորէն՝ լաւ կազմակերպուած, մտածուած համակարգ պիտի ըլլայ: Եւ երկխօսութիւն պիտի ըլլայ: Երկխօսութիւնը անպայման տեղ մը կը հասցնէ: Երկխօսութիւնը բոլոր պարագաներու ճիշդ է, բռնութիւնը մերժելի է:

Ես միշտ ուրիշ ժողովուրդներու օրինակը կը բերեմ. ի՞նչ ըրին պաղեստինցիները՝ այդչափ զոհ տալով: Միակ յաջողողը եղան ալճերիացիները, ընդդէմ ֆրանսացիներու, մէկ միլիոն զոհ տուին եւ իրենց անկախութեան տիրացան: Ալճերիան օրինակ է ինծի համար: Բայց Պաղեստինը մեծ խաղի արդիւնք է, որու զոհն են պաղեստինցները:

-Այս բոլոր մտահոգութիւնները տեղ կը գտնեն ձեր յօդուածներուն մէջ: Այդ առումով, ինչպէ՞ս կը գնահատէք մտաւորականութեան ձայնը:

-Լսելի չէ: Միջավայր ալ չկայ, ես չեմ տեսած միջավայր, ուր մտաւորականութիւնը քով քովի կու գայ… Նախանձով կը կարդամ, կը հետեւիմ, կը յիշեմ, որ ժամանակին քով քովի եկած էին. օրինակ՝ Պոլիս, միասին էին: Խօսքը արժեզրկուած է, ինչպէս կ՚ըսուի՝ խօսքը ձրի է… Մինչդեռ՝ երբ ծառին վրայ պտուղներ կան, պէտք է ցնցել, որ նեխածը, աղտոտը իյնայ, նորոգուի, չի նորոգուիր, դժբախտաբար: Մեր մօտ՝ Ամերիկա ալ անանկ է՝ կը միանանք, քով քովի կու գանք, կ՚ողջունենք զիրար. «Բարեւ», «Աստծու բարին», անկէ անդին բան չկայ:

Ես շատ կ՚ուզեմ, որ քով քովի գանք՝ կարեւոր հարցերու համար, գիտնամ՝ դո՛ւն ինչ կը մտածես, միւսը ի՛նչ կը մտածէ, ի՛նչ ձեւով կրնանք գործը յաջողցնել, օգտակար դառնալ: Մղումը չկայ:

-Այսքան մտահոգութիւններով հանդերձ, ինչպէ՞ս ձեր մէջը կը ծնի բանաստեղծութիւնը եւ նոր հատորն ալ այս տարի տպած էք, տակաւին թարմ են բանաստեղծական պատկերները:

-Ես միշտ կ՚ըսեմ, որ ստեղծագործելու համար իմ կնոջս կը պարտիմ: Ան է, որ ինծի ժամանակ կու տայ, առանձին մնալու առիթներ կը ստեղծէ: Ես գրելու ժամանակ առանձին պիտի մնամ, ինչպէս կ՚ըսեն՝ ճանճ նոյնիսկ պիտի չշարժի: Եւ կինս է, որ միշտ կու տայ այդ առիթները, հակառակ որ շատ զբաղած ենք՝ թոռները, տղաքը կու գան, կ՚երթան, շուկայ պէտք է երթալ, տարիքի բերումով՝ բժիշկի կ՚երթանք, այդ բոլորով հանդերձ ես ունիմ թուղթին առջեւ առանձին մնալու իմ ժամանակս:

-Իսկ քնարական զգացողութիւնները ինչպէ՞ս կը ծնին, ի՞նչը կը ներշնչէ:

-Ես կը հաւատամ մուսային: Նիւթ մը, լուր մը, պատահար մը կրնան ներշնչել: Եւ չեմ ուզեր մտահոգութիւններէ կտրուիլ, ատոնք ալ իրենց տեղը կը գտնեն, ուղղութիւն կու տան:

-Կը կարօտնա՞ք ուսուցչութեան ասպարէզը, որուն մէջ երկար տարիներ գործած էք:

-Այո՛, ես մինչեւ հիմա կը սիրեմ ուսուցիչ ըլլալ, քանի կը կարծեմ, որ շատ բաներ ունիմ փոխանցելիք եկող սերունդին: 55 եւ աւելի տարիներ ուսուցչութիւն ըրած եմ, Հալէպ, Դամասկոս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Ուսանող եղած ժամանակս նոյնիսկ ուսուցիչ էի, սկիզբը արաբերէն կու տայի, բայց երբ Դամասկոսի համալսարանէն քիմիագիտութեան վկայականս առի, Հալէպ վերադարձայ, դիմեցի իմ դպրոցս՝ ճեմարան, հոգաբարձութեան գանձապահը նայեցաւ տետրակին մէջ, տեսաւ քիմիագիտութեան տեղ չկայ, մէկ հատ բաց տեղ մը կար՝ 8-րդ դասարանի հայերէնը, ըսաւ՝ կու տա՞ս: Եւ այդ օրուընէ սկսեալ մտած եմ այդ ասպարէզ, շարունակելով Պէյրութ, ուր նաեւ «Ազդակ»ի խմբագիր եղած եմ արաբերէն բաժնին մէջ (երբ «Ազդակ»ը արաբերէն էջեր ունէր): Յետոյ Տիթրոյիթ գացինք, ամենօրեայ վարժարան հիմնուած էր, տասնհինգ-տասնեօթ աշակերտ հազիւ կար: Ժողովուրդը լսեց, որ Պէյրութէն ուսուցիչ եկած է, հարիւրվաթսունի հասաւ, վարժարանը յաջողութիւն ունեցաւ: Հինգ տարի գործեց այդ դպրոցը, հիմա չկայ:

-Հիմա ինչպէ՞ս կը տեսնէք ընդհանրապէս հայկական դպրոցներու վիճակը Ամերիկայի Միացեալ Նահագներու մէջ:

-Կը ճգնին: Ուսուցիչները շատ կը ճգնին՝ տեղ մը հասցնելու: Իսկ արեւմտահայերէնը պահելու ալ զատ ճիգ մը կը թափուի կեդրոններէն, դպրոցներէն ներս կուսակցութիւնները, կազմակերպութիւնները ամէն ինչ կ՚ընեն, բայց հոսանքը մեծ է, անգլերէնը դժբախտաբար, տիրապետող է: Ծնողքը կ՚ուզէ, որ իր զաւակը բլբլուլի նման անգլերէն խօսի՝ «ի՞նչ պիտի ընէ» հայերէնը ըսելով: Հայաստանէն կու գան, երկու ամիս վերջ արդէն հայերէն չեն խօսիր, կոտրուած անգլերէնով կը խօսին: Ցաւալի է այս մէկը, քանի որ լեզուն նախ տունին մէջ պիտի պահուի: Մենք մեր թոռնիկներուն հետ ամէն առիթ կը փնտռենք՝ հայերէն խօսելու, հայերէնը սիրցնելու, հայերէնով գրութիւններ կը փոխանակենք:

-Հայաստանի մէջ ուրիշ ի՞նչ զբաղումներ ունիք:

-Գրողներու միութիւն պիտի երթայի, քիչ մը յուսահատ եմ իրավիճակէն, քիչ մըն ալ՝ իրենցմէ հիասթափուած: Իրենց կողմէ ալ անտարբերութիւն կայ կարծես: Օրինակ, իմ որեւէ գրական յօդուած ես Գրողներու միութիւն՝ «Գրական թերթ»ին ալ կը ղրկեմ, կը սպասեմ, կը սպասեմ, չեն տպեր, երկու տող կը գրեմ, կ՚ըսեն՝ կարգդ պիտի սպասես, բայց այդ կարգն ալ չի գար, տարուայ մէջ մէկ կամ երկու անգամ եղած է…

-Այդ առումով սփիւռքի մամուլը հրապարակախօսի մը համար լա՞ւ հանգրուան կը նկատէք:

-Այո՛, մանաւանդ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, ամէն առիթով կ՚արժեւորէ, կը գնահատէ: Եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողները յաճախ ինծի երկտող ալ կը գրեն, ԱՄՆ այդպէս բան չկայ, մէկ-երկու հոգի կան հազիւ, կը հեռաձայնեն, կ՚ըսեն՝ կարդացինք եւ միայն այդ է: «Մարմարա»ի աշխատակցուհի Նաիրայէն երբեմն արձագանգ կը ստանամ: Ես տարբերութիւն չեմ դներ, բաժանումներ չեմ դներ թերթերու մէջ, բոլորին ալ կը ղրկեմ, իրենք է, որ երբեմն կը նային, կը կշռեն՝ որո՞ւ տուած եմ նիւթս, որո՞ւ չեմ տուած… Ես բնաւ չեմ սիրեր պառակտութիւն: Հակառակ որ ես կուսակցութեան կը պատկանիմ, բայց մոլեռանդ չեմ եւ միշտ կ՚ըսեմ, որ նախ մարդ եմ, յետոյ՝ հայ եմ, վերջն է, որ կուսակցական եմ:

-Հայաստանեան ներկայ իրականութիւնը ինչպէ՞ս տեղ պիտի գտնէ ձեր յառաջիկայ յօդուածներուն մէջ:

-Յառաջիկայ յօդուածներս տակաւին այս տեսածս պատկերներն ու հոս ապրածս զգացողութիւնները պիտի ըլլան: Երբ տեսայ Գորիսի տեսարանները, ուղղակի հասկցայ, որ Գորիսը 21-րդ դարու գաղթակայանի խորհրդանիշն է: Անմիջապէ միտքս Հալէպը եկաւ, որ ժամանակին նման կեդրոն եղած է հայութեան համար, քալելով, կառքերով կամ այլ միջոցներով կը հասնէին Հալէպ, յետոյ կ՚երթային եւ կը ցրուէին՝ միշտ պահելով յոյսը: Իմ յօդուածներուս մէջ այդ յոյսը պիտի ըլլայ: Նախ՝ ապրելու յոյսը, որովհետեւ բոլորին առայժմ ա՛յդ է անհրաժեշտ:

*

Գէորգ Պետիկեան ծնած է 1943 թուականին՝ Հալէպ, Սուրիա: Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանէն ներս, իսկ երկրորդականը՝ Հալէպի Ազգային «Քարէն Եփփէ» ճեմարանը, ուր նաեւ պաշտօնավարած է՝ ընթացաւարտ ըլլալէ ետք:

1970-ին հաստատուելով Լիբանան, աւարտած է Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ ֆրանսական համալսարանի հայագիտական բաժինը:

Դամասկոսի, Հալէպի, Պէյրութի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ աւելի քան յիսուն տարիներու ուսուցչական ասպարէզին կողքին ունեցած է ազգային, հանրային եւ հասարակական բեղուն գործունէութիւն: 1975-1980 թուականներուն միջեւ եղած է Տիթրոյիթի Ամենօրեայ վարժարանի հայերէն լեզուի ուսուցիչ եւ պատասխանատու՝ Տիթրոյիթի ՀՕՄ-ի Ամենօրեայ վարժարանէն ներս:

1980-2018 թուականներու միջեւ իբրեւ տնօրէն եւ հայերէն լեզուի ուսուցիչ պաշտօնավարած է նախ ՀՕՄ-ի Փասատինայի «Սօսէ», ապա Լա Քրեսենթա Հովիտի «Թալին» մասնաճիւղերու շաբաթօրեայ վարժարաններէն ներս: Գէորգ Պետիկեան, պատրաստած է նաեւ միօրեայ (ուրբաթօրեայ շաբաթօրեայ) վարժարաններու աշակերտութեան յատուկ հայերէն լեզուի, քերականութեան եւ հայոց պատմութեան դասագիրքեր:

Բացի հրատարակուած գիրքերէն՝ հեղինակ է դպրոցական թատերախաղերու եւ ոտանաւորներու:

Մտաւորականը ուսուցչական ասպարէզի կողքին միշտ զբաղած է գրականութեամբ: Հրատարակած է աւելի քան տասն հատորներ՝ «Մայթերու անցորդը» (1999), «Անգոյն տերեւներ» (2001), «Գրադարանս» (2004), «Բարեւ, Հալէպ» (2007), «Դիմատետրս» (2011), «Պապիկը կարդալ չի գիտեր» (2015), «Սա մեր բոլորին Հալէպն է» (2017), «Ես տեսայ Անին» (2019), «Տարին, որ անցաւ» (2021), «Սփիւռքը…» (2022), «Քերթուածներու հաւաքածոյ» (2023):

Ան նաեւ հեղինակ է երկու թատրերգութիւններու՝ «Փոթորիկ գաւաթ մը ջուրին մէջ» (2003) եւ «Հարսանիքէն առաջ» (2010), որոնք բեմականացուած եւ մեծ յաջողութիւն ու ընդունելութիւն գտած են:

Ունի անտիպ երկեր եւ վէպ մը, ինչպէս նաեւ անտիպ թատերախաղերու շարք մը: 2015 թուականէն ի վեր անդամ է Հայաստանի Գրողներու միութեան: 2015 թուականին Լոս Անճելըսի մէջ հանդիսաւոր կերպով պարգեւատրուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենի Դեսպան» շքանշանով։ Արժանացած է նաեւ այլ գնահատականներու եւ շնորհակալագիրերու:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2023