ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ «ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ» ԵՐԱԺՇՏԱԽԱՂԸ

«Երջանկութիւն» մանկական երաժշտական շոու հէքեաթի հիմքին կան երջանկութեան, սիրոյ եւ ընկերութեան նիւթերը, որոնք երգերու եւ երաժշտութեան լեզուով կը փոխանցուին հանդիսատեսին: Երաժշտախաղին մէջ համադրուած են կախարդական հէքեաթը եւ աշխարհի տարբեր ազգերու երաժշտական-մշակութային աւանդոյթները:

Երաժշտախաղի Երեւանի առաջնախաղը տեղի կ՚ունենայ Նոյեմբերի 12-ին, Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:

Շոու հէքեաթի մասին երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին խօսեցան միջոցառման կազմակերպիչ եւ գլխաւոր բեմադրիչ Մերինէ Մելիքեան եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան Ժամանակակից արուեստի վարչութեան պետի տեղակալ Լիլիա Նիկոյեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Լիլիա Նիկոյեան ըսաւ. «Երաժշտախաղին մէջ ներգրաւուած են Իսրայէլի, Ռուսաստանի, Հայաստանի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Վրաստանի ներկայացուցիչներ: Գլխաւոր դերակատարներն են Ռուսաստանի հանրայայտ «Պատանի արուեստագէտ» մրցոյթի դափնեկիր Ալեքսէյ Կոման, «Ունիվեր» շարքի աստղ Ալեքսանդր Լեմար, միջազգային շարք մը մրցոյթներու դափնեկիր Կարինա Մելիքեան: Ընդգրկուած են նաեւ Մոսկուայի Բեմադրիչներու կեդրոնի սաներ, «Երջանկութիւն» միջազգային ստեղծագործական առաջին փառատօնի դափնեկիրներ, ինչպէս նաեւ Երեւանի Պարարուեստի պետական գոլէճի սաներ»: Նիկոյեանի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ այս ծրագրի իրականացման վերաբերեալ բանակցութիւնները սկսած են գարնան, երբ Մոսկուայի մէջ կայացած է «Երջանկութիւն» խորագրեալ երաժշտական միջազգային փառատօնը, որուն մասնակցութեան յայտ ներկայացուցած են երեխաներ քսանէ աւելի երկիրներէ, սակայն անցած են եօթ երկիրներու ներկայացուցիչներ միայն: Փառատօնի կալա-համերգը տեղի ունեցած է Քրեմլինի համերգասրահին մէջ:

«Կալա-համերգը երկու փուլէ բաղկացած էր: Առաջին բաժնին մէջ տարբեր երկիրներու արդէն մրցանակակիր մասնակիցները հանդէս եկան երաժշտական համարներով, իսկ երկրորդ մասին մէջ ցուցադրուեցաւ «Երջանկութիւն» երաժշտախաղը: Հայաստան պատիւ ունեցաւ մասնակցիլ այդ երաժշտախաղին եւ ներկայացնել մեր աւանդական երաժշտութիւնը», ըսաւ Նիկոյեան:

Ան շեշտեց, որ հնարաւոր է, որ «Պատանի արուեստագէտ» բեմադրիչներու կեդրոնի մասնաճիւղ բացուի նաեւ Հայաստանի մէջ։

«Փառատօնը միջազգային է եւ մասնակցութեան յայտ կրնան ներկայացնել բոլոր երկիրները: Յաջորդ տարուան Յունուարի 15-ին կ՚ընդունուին երկրորդ փառատօնին մասնակցութեան յայտերը: Երաժշտական ձեւերու սահմանափակումներ չկան: Կայ ազգային ընտրութիւն, երբ տուեալ երկրին մէջ տեղի կ՚ունենան ընտրութիւններ: Ընտրուած տասը պատանիները հանդէս կու գան Մոսկուայի մէջ եւ փառատօնի գեղարուեստական դատակազմը կ՚ընտրէ երեք լաւագոյնները, որոնք կը մասնակցին կալա-համերգին: Վերջինս տեղի ունեցած է Յունիսի 1-ին Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան ընթացքին», ընդգծեց իր խօսքի վերջաւորութեան Մերինէ Մելիքեան։

Միջոցառման կազմակերպիչ եւ գլխաւոր բեմադրիչն է Մերինէ Մելիքեան, երաժշտութեան հեղինակը՝ Իլիա Պրիլի, իսկ բեմադրող բեմադրիչը՝ «Բարի հէքեաթ» թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Վեաչեսլաւ Նաումենկօ:

Երաժշտախաղի Մոսկուայի առաջնախաղը կայացած է 2017 թուականի Մայիսի 30-ին, Քրեմլինի պետական պալատին մէջ՝ մանկապատանեկան ստեղծագործութեան առաջին միջազգային «Երջանկութիւն» փառատօնի շրջանակէն ներս։

Բեմադրութիւնը իրականացուած է Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2017