ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԱՐԱՐՔԻԴ ՀԱՇԻՒԸ ՊԻՏԻ ՏԱՍ
Կեանքը հիւրանոց մըն է եւ մարդ այդ հիւրանոցին մէջ երկար ատեն որպէս հիւր կ՚ապրի, տնեցի կը դառնայ, ժամանակի ընթացքին կ՚ընտելանայ տան անդամներուն հետ, ապա օրէնքները կը սկսին սովորութենականանալ իրեն համար։ Այլեւս այդ հիւրանոց-տան մէկ անդամը դառնալով՝ իր սէրը կը կիսէ իր կողակիցին հետ, նոր սերմեր կ՚աճին, կը ճիւղաւորուին եւ կը միանան այդ ընտանիքին. ահա ա՛յդ ժամանակ յանձնառութիւններն ու պատասխանատուութիւնները կ՚եռապատկուին եւ քեզ պարտաւորեալ ու անել իրավիճակի մէջ կը ձգեն։ Այսպէ՛ս է կեանքը. ծնիլ, հասակ առնել, ուսանիլ, գլխագիր ու գլխադիր մա՛րդ դառնալ, գործի ասպարէզ մտնել, տքնիլ, զաւակներ դաստիարակել, անոնցմով հպարտանալ եւ ապա թողուլ այս երկրաւոր կեանքը՝ երթալ միանալու երկնաւոր Հօր Աստուծոյ։
Մարդ հնազանդելով աստուածադիր «հող էիր հող դառնաս» օրէնքին, «վերջակէտ» կը դնէ իր երկրաւոր կեանքին։ Սակայն «վերջակէտ» իմաստը լաւագոյն կերպով կրնանք ըմբռնել, երբ զայն նկատի կ՚առնենք ոչ թէ որպէս վերջնակայան ու կենսահանգիստ վայր մը կամ կնքիչ վերջաբան մը, այլ ընդհակառակը՝ որպէս հին կեանքէ դէպի նոր կեանքի անցք մը, ելքի ճանապարհ եւ շարունակուող էջ մը։ Բայց գիտե՞ս, որ նոր կեանքդ հին կեանքէդ, ապրելաոճէդ եւ արարքներէդ կախեալ է։ Քեզի հարց պիտի տրուի. «Ինչպիսի՞ մարդ էիր։ Կեանքդ ինչպէ՞ս ապրեցար։ Որո՞ւ օգտակար դարձար։ Քեզի տրուած հարստութեամբ ոեւէ մէկուն օգտակար դարձա՞ր կամ ոեւէ աղքատի տաք ապուր մը տուի՞ր։ Կեանքդ ինչպէ՞ս արժեւորեցիր…»։ Հարցումներու շարանը շատ երկար է…
Բոլորս ալ որպէս մարդ ծնած ենք, բայց որպէս մարդ մնացա՞ծ ենք։ Որպէս «մարդ» ապրիլ, շնչել, աշխատիլ, սովորական երեւոյթներ են, բայց «մարդ» մնալու հանգամանքը, մարդավայել եւ մարդաբար ապրիլը շա՜տ դժուարացած են։ 21-րդ դարուն մէջ «զարգացած» մարդու արժեհամակարգը, աշխարհընկալումն ու նպատակը դժբախտաբար ամբողջապէս փոփոխութեան ենթարկուած են։ Երիտասարդներ թմրամոլութեան, սեռամոլութեան եւ տեսակաւոր հոգեքանդ մոլութեանց մէջ ընկղմած են եւ ժամանակաւոր հաճոյքներու մէջ կը փնտռեն ամէն լուծում եւ մխիթարութիւն։ Երբ անյագուրդ հաճոյքին գերին դարձած ես՝ կը նշանակէ բարոյականութեան ուղիղ ճամբէն կամաց-կամաց սկսած ես շեղիլ։ Ներսիդիդ դրուած բարոյական արժէքները՝ վեհանձնութիւնը, ազնուութիւնը, արդարամտութիւնը, անկեղծութիւնը, իրերօգնութեան զգացումը, տեսիլքը եւ աշխատելու եռանդը հաճոյակատարութեանդ պատճառաւ կը չքանան եւ քեզ «մարդ» ըլլալու կոչումէն ամբողջովին կը պարպեն։
Անտարբերութիւն կոչուած «ժանտախտ»ն է այս բոլորին պատճառը, որ մարդու մտայնութեան եւ հոգւոյն մէջ մտնելով՝ զինք անպատասխանատու, անգիտակից եւ աննպատակ դարձուցած է։ Մարդ անտարբեր է Աստուծոյ նկատմամբ, բայց նիւթականը իրեն համար մեծագոյն «աստուած»ն է։ Հարազատութիւնը, ազնուութիւնը ու անկեղծութիւնը մէկդի թողած, մարդ կոչուած արարածը եսասիրութեան, անձնամոլութեան մոլուցքին փարած է եւ դժուար թէ անկէ հեշտութեամբ հրաժարի։ Կեանքի նպատակը մոռացութեան գիրկը նետած բանաւոր այս նոյն մարդը, հաճոյապաշտութեան եւ հաճոյամոլութեան գերին է դարձած։ Ժան Ժագ Ռուսօ կ՚ըսէ. «Անաշխատ, անօգուտ եւ ծոյլ մարդիկը բարոյական գողեր են»։ Երբ հաճոյքներու յորձանուտին մէջ իյնաս, ո՛չ միայն բարոյական արժէքներէ կը դադրիս, այլեւ աշխատասիրութիւնդ, ստեղծելու եւ պայքարելու ոգիդ կը խամրի։ Մի՛ նմանիր այն մակաբոյծին կամ կենդանիին, որ իր կեանքը կ՚ապրի կենդանիի մը, բոյսի մը վրայ եւ անոր հիւթովը կը սնանի։ Մակաբոյծը ձրիակեր պնակալէզ մըն է, որ չունի նպատակակէտ, «ողնաշար» եւ կեցուածք։ Ուղղաձիգ «ողնաշար» ունենալու համար հոգիդ պէտք է բիւրեղ մնայ, միտքդ՝ պայծառ, նպատակներդ կեանքի կոչելու հաւատքդ՝ աներեր, իսկ կամքդ՝ անկոտրում։
Երիտասարդ ես, ներքին ուժ մը, եռք մը կայ քու ներսիդիդ, որ շարունակ քեզ «կը հրահրէ» ու յառաջ կը մղէ։ Կ՚ուզես դուն քեզ փաստել, շատերուն սիրելի դառնալ, երազանքներդ իրագործել, ամէն տեղ հասնիլ, կեանքը վայելել, շարունակ վազել, կեանքդ տարբեր ձեւերով լեցնել…։ Սակայն երբեք դուն քեզի հարց տուած ես, թէ այս կեանքէն ի՞նչ ակնկալիքներ ունիս կամ որո՞ւ համար կ՚ապրիս։ Ի՞նչ է կեանքիդ նպատակը. ուսանի՞լ, հարստանա՞լ, բարեկեցիկ կեա՞նք մը ապրիլ, անուն եւ հռչա՞կ ստանալ, ղեկավարի դի՞րք ունենալ, բոլորին կողմէ գովեստի խօսքե՞ր լսել…։ Այս բոլորն ալ կեանքիդ մէջ իրագործելի «նպատակ»ներ են։ Աստուած քեզի տուած է միտք, հնարամտութիւն, կամք, կարողութիւն եւ շնորհք՝ ծրագրելու, ելքեր գտնելու եւ դուն քեզ դրսեւորելու։ Բայց այս նպատակներու իրագործման ընթացքին մարդ ըլլալու կոչումդ երբեք մի՛ կորսնցներ, կարողութիւններդ երբեմն ընկերութեանդ, շրջապատիդ, աղքատին համար օգտագործէ եւ պիտի տեսնես ներքին խաղաղութիւն մը եւ գոհունակութիւն մը պիտի պատէ քեզ։
Պահ մը շրջապատիդ մէջ կատարուող երեւոյթներուն նայէ եւ դուն քեզի հարց տուր։ Բարձրաշէն ու գեղակերտ շէնքերու մէջ կ՚ապրինք, սակայն իբրեւ մարդ կ՚ապրի՞նք, կամ պարզապէս կը գոյատեւե՞նք։ Աննպատակ դրամ կը մսխենք, բայց իսկական ուրախութիւնը կ՚ըմբոշխնե՞նք։ Բազմապիսի նախադրեալներ ու պարտաւորութիւններ ունինք, բայց «ժամանակ» չունինք։ Պատճա՞ռը. որովհետեւ «գերզբաղ» ենք։ Աշխարհ «նուաճած» ենք, մէկական «բանգէտ»ներ ենք, բայց ճիշդ որոշում կայացնելու եւ մեր կեանքի նպատակը հասկնալու ատակ չենք։ Ինչո՞ւ. որովհետեւ չարապատիր մտածումներով տոգորուած են մեր ողջ կերտուածքը եւ էութիւնը։ Ի վիճակի ենք նիւթապէս ամէն բան կատարելու, բայց արժանիքներ չունինք, որովհետեւ աշխարհապատկան հրապարակներու վրայ մնայուն կերպով կը դեգերինք եւ մեղքի, սանձարձակութեան աւազուտ յորձանուտներու մէջ կը գլորինք։ Ամէն առիթի կը շաղակրատենք, կը բամբասենք եւ մեր նմանակիցին աչքերուն նայելով՝ կ՚ատենք զինք, որովհետեւ մեր աչքին գերանը արգելք կը հանդիսանայ մեր մեղքերը բացայայտօրէն տեսնելու։ Մեր դէմքերը բժշկական գեղագիտական դարմանումներու կ՚ենթարկենք, բայց հոգեպէս ցեխոտուած ու մրոտուած ենք։ Արտաքնապէս գեղատեսիլ տուներու, բայց ներքնապէս քանդուած տուներու ժամանակաշրջանի մէջ է որ կ՚ապրինք, որովհետեւ «Սուրբ» ընտանիք հասկացողութիւնը վաղուց դադրած է կարգ մը «զարգացած» անձնաւորութեանց համար։ Յաճախ կը պատրուակենք ըսելով, թէ մերօրեայ դարը, մարդկային չափանիշներն ու օրինաչափութիւնները ամբողջապէս փոխուած են։ Աշխարհը չէ՛ փոխուած, այլ մարդը ինքզի՛նք պէտք է փոխէ։
Երբ մակերեսային այս երեւոյթներուն հոսանքին մէջ ինկած ես, չի կարծես որ անոնց համար հաշիւ պիտի չտաս։ Իւրաքանչիւր արարքիդ համար հաշուետու ես Երկնաւոր Հօր Աստուծոյ։ Շատեր կրնան պատրուակել՝ ըսելով. «Աստուած որ սիրոյ եւ արդարութեան Աստուած է, ինչո՞ւ անհաւասար բաշխած է Իր շնորհքը։ Ինչո՞ւ իմ ընկերս աւելի հարուստ է կամ այլ կարողութիւններով օժտուած է։ Եթէ ես ալ անոր յարմարութիւնները ունենայի, կեանքս աւելի ճիշդ հունի մէջ կը դնէի եւ առանց խղճի խայթի բնականոն կեանքս կ՚ապրէի»։ Սիրելի՛ բարեկամ, դուն քեզ երբեք պէտք չէ բաղդատես քու նմանակիցիդ հետ։ Բոլո՛ր արարածներն ալ հաւասար են Աստուծոյ աչքին։ Եթէ բոլոր արարածները նոյն կարողութիւնները եւ շնորհքները ունենային, անկարելի պիտի ըլլար մարդկային կեանքը իբրեւ հաւաքականութիւն ըմբռնել ու ապրիլ, եւ կեանք կոչուող առեղծուածը յառաջընթաց մը պիտի չարձանագրէր ու տեղատուութեան մէջ պիտի ծփար։ Կարողութիւններու այլազանութեան եւ ներդաշնակութեան ընդմէջէն կրնաս ըմբռնել կեանքի նպատակդ եւ իւրայատկութիւնդ։ Մեր Եկեղեցւոյ հայրերէն մին խօսելով մարդ արարածիս կարողութիւններուն մասին՝ կ՚ըսէ. «Կարողութիւններու այլազանութեան շնորհիւ կարելի կը դառնայ մարդկային կեանքին մէջ իրարու ծառայելու սկզբունքը, որ մարդու կոչումին մաս կը կազմէ։ Աստուծոյ ծառայել կը նշանակէ նախ՝ նմանին ծառայել, ճիշդ այնպէս ինչպէս զԱստուած սիրել կը նշանակէ նախ նմանը սիրել։ Առհասարակ մարդիկ Աստուծոյ ծառայելը կ՚ըմբռնեն այս վերջին իմաստին մէջ։ Պատճառը պարզ է, որովհետեւ այստեղ մարդը դուրս կու գայ անձէն եւ Աստուծոյ սէրը կ՚արտայայտէ այնպիսի ձեւով մը, որ աւելի դրապէս կամ արդիւնաւորապէս կը նպաստէ Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատումին»։
Քրիստոսի կողմէ պատկերուած «Իմաստուն տնտեսի» առակը հաշուեյարդարի եւ հաշուետուութեան օրինակը կը պարզէ մեր մտահորիզոնին առջեւ (Տե՛ս Ղկ 16.1-9)։ Տնտեսը մէկու մը քով պաշտօնի ու ծառայութեան մտած մարդն է, որուն կը յանձնուին որոշ ինչքեր կամ հարստութիւն, որպէսզի զանոնք մատակարարէ եւ օգտագործէ լաւագոյն ձեւով։ Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ տնտեսը այն մարդն է, որ Անոր ծառայութեան մէջ կը մտնէ ու կը գործէ։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Թող մարդիկ այնպէս սեպեն թէ մենք Քրիստոսի սպասաւորներն ենք եւ Աստուծոյ խորհուրդներուն տնտեսները։ Եւ տնտեսներէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլան» (Ա.Կր 4.1-2)։ Ինչպէս աշխարհային որեւէ կառոյցի, գործի կամ հարստութեան վերակացու կարգուած մարդ պարտաւոր է հաշիւ տալու իր մատակարարութեան համար, նոյնպէս ալ Աստուծոյ գործին վերակացուն եւ Անոր հարստութեան կարգուած տնտեսը պէտք է ունենայ հաշուեյարդարի հեռանկարը։
Երբ որեւէ մէկ հաստատութեան մէջ կ՚աշխատիս, ամսական եւ կամ տարեկան դրութեամբ գործունէութեանդ հաշուետուութիւնը ղեկավարութեանդ կամ տնօրէնութեանդ կը ներկայացնես։ Նոյնն է Աստուծոյ պարագան։ Վերջին դատաստանի օրը Ան քեզմէ հաշի՛ւ պիտի պահանջէ։ Միշտ յիշէ՛, որ Աստուած քեզ այս աշխարհին վրայ տնտես կարգած է՝ Իր հարստութիւնը լաւապէս դրսեւորելու եւ ի գործ ածելու համար։ Աստուծոյ հարստութիւնը քու շնորհքներդ են, նմանակիցիդ հանդէպ քու սէրդ, ներողամտութեան եւ եղբայրասիրական մօտեցումդ…։ Լաւ գիտցի՛ր, թէ աշխարհի վաղանցուկ հարստութիւններդ բաշխելով՝ կը ցրուես, կը կոտորակես ու կը սպառես զանոնք, բայց մինչդեռ Աստուծոյ կողմէ քեզի տրուած հարստութիւնդ բաշխելով՝ կը տարածես, կ՚աճեցնես ու կը բազմապատկես զայն։ Այլ խօսքով՝ անցողակի նիւթական հարստութիւնը սպառելով՝ կը կորսնցնես զայն, մինչդեռ Աստուծոյ հարստութիւնը սպառելով՝ աւելին կը գանձես ու կը դիզես ո՛չ միայն երկրի վրայ, այլեւ երկնքի մէջ, որոնց վարձատրութիւնը անդենականին մէջ է որ պիտի ստանաս։
Պայծառ առաւօտեան, մարդ մը իր զաւկին հետ բացօթեայ վայր մը զբօսնելու կ՚երթայ։ Ճամբու ընթացքին պատանեակին ոտքը քարի մը անցնելով՝ կ՚իյնայ։ Խեղճ վիրաւոր տղան «ա՜խ» ըսելով կը պոռայ։ Անկթարթ մը ետք հեռուն գտնուող լանջէն միեւնոյն «ա՜խ»ը կը լսուի եւ տղան կը շփոթի եւ ձայնին ուրկէ՛ գալը կ՚ուզէ գիտնալ։ Նոյն կողմը դառնալով՝ դարձեալ կը պոռայ. «Ո՞վ ես դուն»։ Միեւնոյն «Ո՞վ ես դուն» ձայնը կը լսէ։ Տղան զայրանալով՝ «Դուն վախկոտ ես» կը գոչէ։ Լերան լանջէն նոյն ձայնը վերստին կը լսուի՝ «դուն վախկոտ ես»։ Տղան հօրը դառնալով՝ կը հարցնէ. «Հայրի՛կ, ի՞նչ է պատահածը»։ «Տղա՛ս,- կը պատասխանէ հայրը,- մտիկ ըրէ եւ սորվէ՛»։
Դէպի լանջ դառնալով՝ «Քեզ կը պաշտեմ, ո՜վ Աստուած» կը պոռայ։ Իր տղուն կատարածին պէս նոյն պատասխանը կը լսէ։ Հայրը կը բացագանչէ՝ «Դուն հոյակապ ես» եւ նոյն բառերը դարձեալ կը լսուին։ Զաւակը անցուդարձը չ՚ընկալեր։ Հայրը կը բացատրէ. «Մարդիկ այս պատահածը «արձագանգ» կը կոչեն, սակայն իսկութեան մէջ վերոյիշեալ օրինակը որքա՜ն կը համընկնի եւ կը նոյնանայ մեր կեանքին հետ, որ տեւական քու տուածներդ ետ կը վերադարձնէ քեզի։ Կեանքը մեր արաքներուն հայելին է։ Եթէ աւելի շատ սիրուիլ կ՚ուզես՝ աւելի շատ սէր ցոյց տուր։ Եթէ աւելի շատ հոգատարութիւն կ՚ուզես, աւելի հոգատար եղիր։ Եթէ յարգուիլ կ՚ուզես՝ աւելի շատ դուն յարգէ։ Մարդոց համբերատար ըլլալը եթէ կ՚ուզես՝ դուն ալ համբերել սորվէ»։
Սիրելի՛ ընթերցող, դուն քեզ կը ճանչնա՞ս։ Կրնա՞ս իւրաքանչիւր արարքիդ արդարացի պատասխան մը տալ։ Կը կասկածիմ։ Հիմա ժամանակն է ներհայեցողութեամբ եւ ինքնաքննութեամբ տկարութիւններդ ու անկատարութիւններդ գիտակցելու եւ դուն քեզ սրբագրելու։ Առանձնացիր, առօրեայէդ կտրուէ եւ կեդրոնացիր քու ներքին հայելիիդ վրայ։ Երբեմն արտաքին եւ ընկերային կեանքդ պատճառ կը դառնայ, որ ներքին աշխարհիդ վրայ ուշադրութիւն չդարձնես։ Երբ ըսի-ըսաւներէն, կեանքի հեւքոտ վազքէն պահ մը հեռացած ես, ահա այդ ժամանակ ամբողջ կեանքդ, արարքներդ եւ ապրելաոճդ կրնաս վերատեսութեան ենթարկել։ Մենակութեանդ մէջ պիտի տեսնես սխալականութիւնդ, անկատարութիւնդ եւ մեղանչած վիճակդ։ Հաշուեյարդարը ամենէն շինիչ եւ պատեհ առիթն է քեզի համար, ուր առիթը կ՚ունենաս խորասուզութեամբ Աստուծոյ աչքին ներքեւ ինքզինքդ տեսնելու, ըմբռնելու եւ ճանչնալու։
Երբեք չմոռնաս, որ դուն երկրի վրայ Աստուծոյ կողմէ կարգուած տնտեսն ես եւ պարտաւոր ես քեզի տրուածը լաւապէս հսկելու եւ իմաստութեամբ յանձանձելու, գործածելու եւ բաշխելու՝ զանոնք կենդանի գանձի եւ աճող հարստութեան վերածելով։ Օր պիտի գայ տնտեսութեանդ համար հաշուետուութեան պիտի ենթարկուիս Աստուծոյ դատաստանին դիմաց։ Պատրա՞ստ ես հաշուետուութեան նստիլ Աստուծոյ հետ, թէ՞ ոչ տակաւին կը կարծես ժամանակ ունիս։ Աստուծոյ դատաստանը մօտեցած է…
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ