Ա­ՐԱԳ ԽՈ­ՀԵՐ

Մու­սա­ներս մա­նու­կի նման կ՚ող­բան, չու­զե­լով յանձ­նուիլ աշ­խար­հի ա­նար­դա­րու­թեան...:

Եր­կինք նա­յե­ցայ՝ կա­պոյտ ու ճեր­մակ էր.

պա­տու­հա­նէս դի­տե­ցի՝ գոյնզ­գոյն ա­շուն.

հա­յե­լիին նա­յե­լով, տե­սայ սուտ բայց քաջ ժպիտ մը գծագ­րուած.

մէյ մըն ալ նե­րաշ­խարհս շօ­շա­փե­ցի՝ հա­զա­րա­գոյն կայ­ծակ­նե­րով լե­ցուն, բայց գե­րիշ­խո­ղը

ա­նար­դա­րու­թեան գոյնն էր.

ո՞վ ը­սած է որ յոյ­սը աղ­քա­տին հացն է. յոյ­սը գի­տակ­ցու­թեան ոս­կե­գոյն զարդն է:

Ան­չափ կա­րօտս գրկած, ող­ջա­գու­րած՝ ե­լայ ճամ­բայ.

ա­կան­ջիս մէջ տուն շի­նած էր «Օ­տար ա­մա­յի ճամ­բէ­քի վրա­յ» ե­րաժշ­տու­թիւ­նը.

ա­մէն յոգ­նե­լուս, ա­մէն մէկ գլուխս քա­րին դնե­լուս, ոս­կե­գոյն յոյսս դրդեց զիս.

Ոտ­քի կա՛ց, այս մարդ կեր­տե­լու դժուա­րա­կիր ճա­նա­պարհն է, ի վեր­ջոյ պի­տի հմտա­նաս:

ԾՈ­ՎԻԿ ԿԱ­ՐԱ­ՊԵ­ՏԵԱՆ

ՏԻԿԻՆ ՄԱՐԻ

«Մեղք է Տի­կին Մա­րին, խեղճ կի­նը ա­ռանձ­նու­թե­նէն ցնդած է»­՝ ար­տա­յայ­տուե­ցան եր­կու տի­կին­ներ:

Տի­կին Մա­րին հա­մեստ ու պարզ տի­կին մըն է, շա­տե­րու հա­մար՝ միա­միտ, ա­մէն Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ ե­կե­ղե­ցի կ՚եր­թայ, կը նստի աջ կող­մի երկ­րորդ շար­քը. միշտ ալ քա­րո­զը ու­շի ու­շով մտիկ կ՚ը­նէ, բայց կէ­սէն ա­ւե­լին չի հասկ­նար, քա­հա­նա­յին գոր­ծա­ծած եր­կար ու բարդ նա­խա­դա­սու­թիւ­նե­րուն պատ­ճա­ռով:

Այս Կի­րա­կի Տի­կին Մա­րին երբ դուրս կ՚ել­լէր ե­կե­ղե­ցիէն, ձախ կող­մը նստող տի­կին մը գլու­խը ա­ռած ձեռ­քե­րուն մէջ, հե­կե­կա­լով կու լար: Տի­կին Մա­րին անզ­գա­լա­բար մօ­տե­ցաւ տիկ­նոջ, փաթ­թեց զինք ու ա­կան­ջին փսփսա­լով ը­սաւ. «Հոգ մի՛ ըներ, ա­մէն ինչ կ՚անց­նի, Տէ­րը քո հետ է»:

Տի­կի­նը թաց աչ­քե­րով նա­յե­ցաւ Տի­կին Մա­րիին, եր­կար շունչ մը քա­շեց, կար­ծես Քրիս­տո­սի մխի­թա­րու­թիւնն էր վրան ի­ջած:

Տի­կին Մա­րին նա­խակր­թա­րան չէր ա­ւար­տած, գիր­քեր ալ չէր կար­դա­ցած, բայց ա­մե­նայն ազ­նուու­թեամբ գի­տէր մար­դոց ցա­ւե­րը ա­մո­քել, ինք գի­տէր գաղտ­նի­քը սի­րե­լու:

ԾՈ­ՎԻԿ ԿԱ­ՐԱ­ՊԵ­ՏԵԱՆ

Տեն-Հաակ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015