ԱՄԱՆՈՐԻ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Կա­թո­ղի­կէ աշ­խար­հի գլխա­ւոր տօ­նե­րէն մէ­կուն՝ Սուրբ Ծննդեա­ն նա­խոր­դող օ­րեր են: Եւ­րո­պա­յի մէջ, ուր ա­ւան­դա­բար շու­քով եւ մեծ ցնծու­թիւն­նե­րով կը նշուի Սուրբ Ծնուն­դը, մար­դոց տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը այս օ­րե­րուս քիչ մը ան­կու­մա­յին են: Փա­րի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած խո­շոր ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը եւ եւ­րո­պա­կան այլ եր­կիր­նե­րու մէջ տեղ առ տեղ պա­տա­հած դէպ­քե­րը լա­րու­մի, վա­խի եւ յու­սա­հա­տու­թեան տրա­մադ­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծած են մար­դոց մօտ: Մար­դիկ առ­հա­սա­րակ կը խու­սա­փին հա­սա­րա­կա­կան վայ­րե­րու մէջ ի­րա­կա­նա­ցուող տօ­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րէ, կը վա­րա­նին լիար­ժէք զգա­լու տօ­նը: Մա­նա­ւանդ այդ տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի սրուած են, երբ Հռո­մի Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը յայ­տա­րա­րած է, թէ այս տա­րի Սուրբ Ծնուն­դը նոյն­քան ան­կեղծ պի­տի չըլ­լայ, ինչ­պէս՝ նա­խորդ տա­րի­նե­րուն, քա­նի որ աշ­խար­հը ի­րա­րան­ցու­մի մէջ է:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի, Սուրբ Ծնունդն ու Ա­մա­նո­րը սպա­սուած տօ­ներ են եւ ա­ռա­ւե­լ եւս մաք­րուե­լու, բա­րու­թեան եւ խնդու­թեան սահ­մա­նին մօ­տե­նա­լու ա­ռիթ­ներ են, ո­րոնք ա­մէն մարդ կը ջա­նայ ի նպաստ իր ու շրջա­պա­տի բա­րե­կե­ցու­թեան մաղ­թանք­նե­րով դի­մա­ւո­րել զա­նոնք, եւ ինչ­քան ալ խա­ռն ըլ­լայ աշ­խար­հի վի­ճա­կը, հին տա­րին ճամ­բե­լու եւ նո­րը ու­րա­խու­թեամբ եւ միաս­նու­թեամբ դի­մա­ւո­րե­լու ա­ւան­դոյ­թը միշտ կը մնայ:

Եւ­րո­պա­կան մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու մէջ աս­տի­ճա­նա­բար, թէեւ քիչ մը վա­րա­նու­մով, սկսած են վա­ռուիլ Սուրբ Ծննդեան ծա­ռե­րուն լոյ­սե­րը:

Նոյն եւ­րո­պա­կան մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու մէջ դա­րա­ւոր ա­ւան­դոյթ մը կայ: Ար­դէն ե­րեք հա­րիւր տա­րի ամ­րագ­րուած է Սուրբ Ծննդեան եւ Ա­մա­նո­րի տօ­նա­վա­ճա­ռի գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դոյ­թը, երբ տօ­նե­րէն ա­ռաջ շու­կա­ներ կը ձե­ւա­ւո­րուին քա­ղաք­նե­րուն մէջ եւ մար­դիկ կը փու­թան ի­րենց տօ­նա­կան ա­ռեւ­տու­րը կա­տա­րել, կամ պար­զա­պէս վա­յե­լել գոյ­նե­րու եւ լոյ­սե­րու ա­ռա­տու­թեամբ փայ­լող այդ շու­կա­նե­րը:

Եւ­րո­պա­կան Սուրբ Ծննդեան տօ­նա­վա­ճառ­նե­րու մշա­կոյ­թը ներ­կա­յաց­նող www.xmas-markets.org կայ­քը Ե­րե­ւա­նը այս տա­րի ընդգր­կած է եւ­րո­պա­կան այն քսա­նե­րեք մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու մէջ, ուր Սուրբ Ծննդեան տօ­նի եւ Նոր տարուան առ­թիւ տե­ղի կ՚ու­նե­նան եւ­րո­պա­կան չա­փա­նիշ­նե­րով տօ­նա­վա­ճառ­ներ:

Եւ­րո­պա­կան տօ­նա­կան մշա­կոյ­թի մէջ հա­րիւ­րա­ւոր տա­րի­ներ ամ­րագ­րուած Ա­մա­նո­րի եւ Սուրբ Ծննդեան տօ­նա­վա­ճա­ռի գա­ղա­փա­րը չորս տա­րի ա­ռաջ Հա­յաս­տան բե­րած են սփիւռ­քա­հայ Փիէռ եւ Տի­րան Պաղ­տա­տեան եղ­բայր­նե­րը: 2012 թուա­կա­նէն սկսեա­լա­մէն տա­րի Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յին մէջ կազ­մա­կեր­պուող տօ­նա­վա­ճա­ռը աշ­խու­ժու­թիւն կը ներ­մու­ծէ մայ­րա­քա­ղա­քի տօ­նա­կան կեան­քէն ներս:

Սո­վո­րա­բար տօ­նա­վա­ճա­ռը կը բա­ցուի 5 Դեկ­տեմ­բե­րին եւ կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ 6 Յու­նուար՝ ա­մէն օր նոր ա­նակն­կալ մա­տու­ցե­լով Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յի այ­ցե­լու­նե­րուն:

Այս տա­րի նոյն­պէս հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ բա­ցուե­ցաւ տօ­նա­վա­ճա­ռը, ո­րու բա­ցու­մը կա­տա­րեց «Եւ­րո­տե­սի­լ» ման­կա­կան եր­գի մրցոյ­թի ժա­մա­նակ Հա­յաս­տա­նին երկ­րորդ հո­րի­զո­նա­կա­նը ա­պա­հո­ված պա­տա­նի եր­գիչ Մի­քան, ներ­կայ էին հիւ­րեր, ե­րի­տա­սարդ­ներ, զբօ­սաշր­ջիկ­ներ:

Նա­խա­ձեռ­նու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րէն Փիէռ Պաղ­տա­տեան, երբ ա­ռա­ջին ան­գամ Կա­ղան­դին Հա­յաս­տան ե­կած է, շատ միա­պա­ղաղ եւ տխուր զգա­ցած է երկ­րի տօ­նա­կան մի­ջա­վայ­րը: Պաղ­տա­տեան­նե­րը ո­րո­շած են տօ­նա­վա­ճա­ռի գա­ղա­փա­րը ի­րա­կա­նաց­նել եւ ա­ռա­ջի­ն ան­գամ փոր­ձած են Աշ­տա­րակ քա­ղա­քին մէջ, ուր հաս-­տա­տուած է ա­նոնց բազ­ման­դամ ըն­տա­նի­քը: Այ­նու­հե­տեւ դի­մած են Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­ն, ո­ր նա­խա­տօ­նա­կան եւ տօ­նա­կան օ­րե­րուն Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յին վրայ ար­տօ­նած է նման գա­ղա­փա­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մը: Ար­դէն եր­րորդ տա­րին է, որ Հի­ւի­սա­յին պո­ղո­տան ա­նոնց տրա­մադ­րու­թեան տակ է: Այս­տեղ կը հա­մախմ­բուին տե­ղա­կան ճանչ­ցուած ըն­կե­րու­թիւն­ներ, տօ­նա­կան ձե­ւա­ւո­րում կ­­ու տան ի­րենց ար­տադ­րան­քին եւ յար­մար գի­նե­րով կ­­՚ա­ռա­ջար­կեն սպա­ռո­ղին: Այս մէկ ամ­սուան ըն­թաց­քին Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յին վրայ զե­տե­ղուած փայ­տեայ տնակ-տա­ղա­ւա­նե­րէն ներս տօ­նա­կան մթնո­լորտ կը տի­րէ, հա­կա­ռակ դուր­սի պա­ղին:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ այ­ցե­լեց Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յի Սուրբ Ծննդեան եւ Ա­մա­նո­րի տօ­նա­վա­ճառ եւ հար­ցազ­րոյց ու­նե­ցաւ նա­խա­ձեռ­նու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րէն Փիէռ Պաղ­տա­տեա­նին հետ:

-Փիէռ, ին­չո՞վ կը տար­բե­րի այս տա­ր-ւան տօ­նա­վա­ճա­ռը՝ նա­խորդ տա­րի­նե­րու տօ­նա­վա­ճառ­նե­րէն:

-Նախ այս տա­րի, հա­կա­ռակ փո­ղո­ցը ըն­թա­ցող բո­ղո­քի հա­ւաք­նե­րուն, քա­ղա­քա­կան եր­թե­րուն, մենք բա­ցինք տօ­նա­վա­ճա­ռը եւ ա­ւե­լին՝ նա­խորդ տա­րի­նե­րու հա­մե­մատ ա՛լ ա­ւե­լի մեծ­ցու­ցինք: Շատ­ցած են տա­ղա­ւար­նե­րուն քա­նա­կը, մօտ տա­սը տա­ղա­ւար ա­ւե­լի է, ին­չ որ կը նշա­նա­կէ, թէ նոր ըն­կե­րու­թիւն­ներ միա­ցած են մե­զի եւ ի­րենց տօ­նա­կան ար­տադ­րան­քը կ­­՚ա­ռա­ջար­կեն մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն: Հա­կա­ռակ ձմրան ա­միս­նե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ տի­րող պա­ղին, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, կան ձմե­ռնա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան սի­րա­հար­ներ, ո­րոնք կ՚այ­ցե­լեն եւ այս օ­րե­րուն մաս­նա­կից կ­­՚ըլ­լան մեր ձեռ­նարկ­նե­րուն: Նոր ապ­րանք­ներ կը ցու­ցադ­րուին ա­մէն տա­րի՝ ու­տե­լիք­ներ, յու­շա­նուէր­ներ, տօ­նա­կան սե­ղա­նի զար­դա­րանք­ներ, տու­նի ապ­րանք­ներ, քաղց­րե­ղէն, չի­րեր, մեղր, խմո­րե­ղէն, ձե­ռա­գործ ի­րեր:

Ա­մէն ե­րե­կոյ Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յի եր­կայն­քով դրուած շար­ժա­կան բե­մին վրայ հա­մեր­գա­յին ծրա­գիր կ­­՚ըն­թա­նայ, իսկ մօ­տե­ցող տօ­նա­կան օ­րե­րուն ա՛լ ա­ւե­լի աշ­խոյժ պի­տի ըլ­լան երգն ու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը:

Տօ­նա­վա­ճա­ռը քա­նի մը օր է, որ կը գոր­ծէ, տա­կա­ւին մար­դոց հոս­քը սպա­սուա­ծին չափ չէ, քա­նի որ Հա­յաս­տա­նի մէջ սո­վո­րու­թիւն կայ Կա­ղան­դին պատ­րաս­տուիլ տօ­նէն մէկ շա­բաթ ա­ռաջ, եւ աշ­խու­ժու­թիւ­նը փո­ղոց­նե­րուն, շու­կա­նե­րուն մէջ այդ օ­րե­րուն ա­ռա­ւել շատ կ­­՚ըլ­լայ:

Մենք կը սպա­սենք, որ մեր հա­մա­քա­ղա­քա­ցի­նե­րը հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րեն այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան հան­դէպ, ի վեր­ջոյ ար­դէն քա­նի տա­րիէ ի վեր՝ մենք ի­րենց հա­մար կը պատ­րաս­տենք, կ­­՚ու­զենք գոյ­ներ ա­ւել­նան մեր քա­ղա­քի մէջ, մար­դոց դէմ­քին ու­րա­խու­թիւն եւ ժպիտ յայտ­նուի, տօ­նը լիար­ժէք դառ­նայ, մար­դիկ քիչ մը մոռ­նան ի­րենց ա­ռօ­րեայ հոգ­ե­րը եւ լաւ ու գե­ղե­ցիկ օ­րե­րու սպա­սու­մով լե­ցուին:

-Իսկ քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ինչ­պէ՞ս կը վե­րա­բե­րին Ձեր նա­խա­ձեռ­նու­թեա­ն:

-Բնա­կա­նա­բար՝ միայն դրա­կան: Այն, որ ա­ռանց նա­խա­պայ­մա­նի հա­մա­ձայ­նած են մեր գա­ղա­փա­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լուն, ար­դէն մեծ բան մըն է մե­զի հա­մար: Մենք քա­ղա­քին հա­մար է, որ կ՚ը­նենք, Ե­րե­ւա­նը ա­ւե­լի լա­ւը դարձ­նե­լու, նմա­նցնե­լու եւ­րո­պա­կան մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն: Այս տա­րի մեր տօ­նա­վա­ճա­ռի մա­սին գրեց եւ­րո­պա­կան Սուրբ Ծննդեան տօ­նա­վա­ճառ­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան կայ­քը, Ե­րե­ւա­նը նկա­տեց այս մշա­կոյ­թը կրող մայ­րա­քա­ղաք: Քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­ներն ալ հնա­րա­ւո­րինս կ՚ա­ջակ­ցին: Այս մէ­կը մաս­նա­ւոր ձեռ­նե­րէ­ցի եւ քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան օ­րի­նակ է, որ դրա­կան ար­դիւնք տուած է:

-Դուք Հա­յաս­տա­նի մէջ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ներդ­րում­ներ կա­տա­րած սփիւռ­քա­հա­յե­րէն մին էք: Ինչ­պէ՞ս կը տես­նեք եւ կը գնա­հա­տէք ներդ­րու­մա­յին մի­ջա­վայ­րը: Սո­վո­րա­բար սփիւռ­քա­հա­յե­րը կը խու­սա­փին ներդ­րում­ներ կա­տա­րե­լէ, ինչ-ինչ պատ­ճառ­նե­րով:

-Մենք, ար­դէն եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր, այս դաշ­տին մէջ ենք, կը տես­նենք թէ՛ դժուա­րու­թիւն­նե­րը, թէ՛ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը, բայց մեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը յա­ռաջ տա­նե­լու ժա­մա­նակ կը վստա­հինք միայն ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ գի­տենք, որ դժուա­րու­թիւն­ներ ա­մէն երկ­րի մէջ ալ կան, եւ Հա­յաս­տանն ալ, իբ­րեւ եր­կիր, բա­ցա­ռու­թիւն չէ: Ես բո­լոր ներդ­րող­նե­րուն խոր­հուրդ կու տամ ներդ­րում­ներ կա­տա­րե­լէ ա­ռաջ ու­սում­նա­սի­րել, սեր­տել, ա­պա ձեռ­նար­կել նոր քայ­լի մը: Եր­բեք պէտք չէ ը­սել՝ շու­կան պզտիկ է, բնակ­չու­թեան թի­ւը քիչ է ե­ւայլն: Հե­տե­ւո­ղա­կան ըլ­լա­լու պա­րա­գա­յին ան­պայ­ման կը յա­ջո­ղին: Ես ա­մէն վայր­կեան կրնամ եր­թալ եւ դուր­սը աշ­խա­տիլ, դուր­սէն ե­կած եմ, եւ­րո­պա­կան ա­մե­նէն լաւ մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու մէջ աշ­խա­տած եմ, բայց նա­խընտ­րած եմ Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տուիլ եւ հոս հիմ­նել իմ գործս: Իմ բո­լոր ըն­կեր­նե­րուս միշտ նոյ­ն խոր­հուր­դը կու տամ:

-Այս տօ­նա­վա­ճա­ռին կը մաս­նակ­ցի նաեւ Ձեր հիմ­նած ըն­կե­րու­թիւ­նը, ի՞նչ կը ներ­կա­յաց­նէք:

-Մենք Աշ­տա­րա­կի մէջ հիմ­նած ենք «Փաս­քալ եւ Տիո­տա­թօ 1652 թ­.» ա­նուա­նու­մով սրճա­րա­նը, որ եւ­րո­պա­կան մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու մէջ հա­յե­րու հիմ­նած ա­ռա­ջին սրճա­րա­նի նա­խա­տիպն է, նոյն ա­նուա­նու­մով: Սրճա­րա­նը տա­ղա­ւար ու­նի այս տօ­նա­վա­ճա­ռին մէջ, որ ու­տեստ­ներ կ՚ա­ռա­ջար­կէ, մեր­ձա­րե­ւա­դար­ձա­յին, հայ­կա­կան, եւ­րո­պա­կան, որ կը պատ­րաս­տուին տեղ­ւոյն վրայ, եւ այ­ցե­լու­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նին տաք-տաք ճա­շա­կե­լու, ինչ­պէս նաեւ մեր միւս ըն­կե­րու­թիւ­նը՝ «Կուր­մէ-տուր­մէ» յու­շա­նուէ­րա­յին տուր­մի խա­նու­թը նոյն­պէս իր ար­տադ­րան­քը ներ­կա­յա­ցու­ցած է Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յի այս տա­ղա­ւար­նե­րու կար­գին:

-Հա­յաս­տա­նը նշա­նա­ւոր է իր տուր­մով, ինչ­պէ՞ս Ձե­զի յա­ջո­ղած է ա­նուն ձեռք բե­րել ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ա­ւան­դա­կան շու­կա­յի մէջ եւ դառ­նալ նշա­նա­ւոր:

-Ինչ­պէս գի­տէք, մեր տուր­մը յու­շա­նուէ­րա­յին է, այդ ա­ռու­մով մենք մրցա­կից չու­նինք: Մենք զան­գուա­ծա­յին ար­տադ­րու­թեան շու­կա­յին մէջ չենք, այլ միայն տօ­նա­կան եւ յու­շա­նուէ­րա­յին տուրմ կ­­՚ար­տադ­րենք: Միւս կող­մէ ալ նո­րու­թիւն է մեր գոր­ծը այն ա­ռու­մով, որ մենք եւ­րո­պա­կան տուրմ կը ներ­մու­ծենք, իսկ Հա­յաս­տա­նի մէջ չկար ա­տի­կա: Միշտ կ­­ու գա­յինք-կ­­՚եր­թա­յինք, կը տես­նէինք, որ եւ­րո­պա­կան տուրմ չկայ Հա­յաս­տա­նի մէջ, ո­րո­շե­ցինք այդ մէկն ալ մենք ը­նել: Գոր­ծա­րա­նը կը գոր­ծէ Աշ­տա­րա­կի մէջ, խա­նու­թը՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ներ­կա­յա­ցուած ենք նաեւ օ­դա­կա­յա­նը, ա­ռեւտ­ու­րի կեդ­րոն­նե­րը, միշտ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու կը մաս­նակ­ցինք: Հայ­կա­կան ծրա­րա­ւո­րում ու­նի մեր պատ­րաս­տած տուր­մը, կը կար­ծեմ, որ իւ­րա­յա­տուկ է: Ատ­կէ զատ, աշ­խա­տա­տե­ղի­նե­րով ա­պա­հո­ված ենք շուրջ եր­կու տաս­նեակ ըն­տա­նիք­նե­ր: Այդ մէկն ալ մեր մաս­նակ­ցու­թիւնն է Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան զար­գաց­մա­ն: Մենք եղ­բայր­նե­րով ո­րո­շե­ցինք ապ­րիլ Հա­յաս­տան, մեր զա­ւակ­նե­րը թող մեծ­նան հոս, մնան հայ, ապ­րին հա­յե­ցի ու լիար­ժէք հայ զգան:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015