Ամիրտովլաթ Ամասիացի (1420-1496). Հայկական Բժշկագիտութեան Ճառագայթող Դէմքը

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­մա­հա­նուն ար­ժէք­նե­րու պան­թէո­նին մէջ իր կա­րե­ւոր տե­ղը ու­նի բնա­գէտ ու բժիշկ, մա­տե­նա­գիր եւ բա­ռա­րա­նա­գիր Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցին, ո­րուն վախ­ճան­ման 519-րդ տա­րե­լի­ցը կ­­՚ո­գե­կո­չենք 8 Դեկ­տեմ­բե­րին։

Յատ­կա­պէս բժշկա­գի­տու­թեան մէջ իր ժա­մա­նա­կի մե­ծա­նուն հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ 1420-ա­կան­նե­րուն Ա­մա­սիա ծնած Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցի, որ ոչ միայն իր ա­նու­նով, այ­լեւ գի­տա­կան վաս­տա­կով կը նկա­տո­ւի ա­մենէն ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քե­րէն մէ­կը միջ­նա­դա­րեան՝ Ա­րա­բա­կան տի­րա­պե­տու­թեան դա­րաշր­ջա­նին։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին, Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցի հռչա­կա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն է հայ բժշկա­գի­տա­կան մտքի ճա­ռա­գայ­թող լոյ­սին։ Ա­մա­սիա­ցի ինք­նավստահ ու հա­մար­ձակ նե­տո­ւե­ցաւ իր դա­րու տի­րա­կան մշա­կոյթ­նե­րու ան­դաս­տա­նին մէջ, քայլ պա­հեց թէ՛ բիւ­զան­դա­կան, թէ՛ ա­րա­բա­կան ու թէ՛ պարս­կա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեանց ա­տե­նի նո­րա­րար ո­րո­նում­նե­րուն հետ, տար­բեր ա­ծու­նե­րէ քա­ղեց ըն­տիրն ու մնա­յու­նը եւ ստեղ­ծեց հա­յոց փոքր ա­ծո­ւին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը հաս­տա­տագ­րող բարձ­րո­րակ աշ­խա­տու­թիւն­ներ։

Միջ­նա­դա­րեան քա­ղա­քակր­թա­կան խա­ւա­րը յաղ­թա­հա­րե­լու ընդ­հա­նուր զար­թօն­քին մէջ, Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցի ինք­նու­րոյն վկա­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ու­նե­ցած մեծ ներդ­րու­մին։

Հան­րա­գի­տա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ժլատ են Ա­մա­սիա­ցիի կեն­սագ­րու­թեան մա­սին։ Ան շրջած է Ա­րե­ւել­քի տար­բեր եր­կիր­ներն ու մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րը, ծա­նօ­թա­ցած ու հմտա­ցած է իր ժա­մա­նա­կի գի­տա­կան-մտա­ւո­րա­կան յա­ռա­ջա­պահ շար­ժում­նե­րուն հետ եւ տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րած իր ու­սում­նա­սի­րու­թեանց ու յայտ­նա­գոր­ծում­նե­րուն ար­գա­սի­քը գրի ա­ռած ու հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն ժա­ռանգ կտա­կած է։

Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցի բժշկու­թիւ­նը սոր­ված է Մի­ջա­գետ­քի մէջ։ Տի­րա­պե­տած է յու­նա­րէ­նի, լա­տի­նե­րէ­նի, պարս­կե­րէ­նի, թր­քե­րէ­նի եւ ա­րա­բե­րէ­նի։ Յա­տուկ կեդ­րո­նա­ցու­մով ու­սում­նա­սի­րած է հին եւ միջ­նա­դա­րեան բժշկու­թիւ­նը, ո­րուն զար­գաց­ման նո­ւի­րեց գի­տա­կան իր պատ­րաս­տու­թիւնն ու տա­ղան­դը։

Իր կեան­քին մե­ծա­գոյն մա­սը Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցի ան­ցուց Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մէջ, ուր եւ գրեց իր կա­րե­ւո­րա­գոյն աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը։

Մաս­նա­գէտ­նե­րու վկա­յու­թեամբ՝ Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցի հայ բժշկա­կան գրա­կա­նու­թիւ­նը հարս­տա­ցուց ար­ժէ­քա­ւոր եր­կե­րով, ո­րոնք կ­­՚ընդգր­կեն միջ­նա­դա­րեան բժշկա­գի­տու­թեան եւ դե­ղա­գի­տու­թեան գրե­թէ բո­լոր ճիւ­ղե­րը։

Իր­մէ հա­սած ա­ռա­ջին աշ­խա­տու­թիւ­նը՝ «Ու­սումն բժշկու­թեան», նո­ւի­րո­ւած է մար­դու մարմ­նա­բա­նու­թեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, ախ­տա­բա­նու­թեան եւ դե­ղա­գի­տու­թեան հար­ցե­րուն։ Գիր­քը ու­նի եր­կու մաս. ա­ռա­ջի­նը՝ մար­դա­կազ­մու­թիւն, երկ­րոր­դը՝ ախ­տա­բա­նու­թիւն, ուր ման­րա­մասն նկա­րագ­րո­ւած են հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռա­գի­տու­թիւ­նը, դար­ման­ման կա­րի­քը շեշ­տող ախ­տա­նիշ­նե­րը, հի­ւան­դի բու­ժու­մը եւ խնամ­քը։

Հո­գե­բու­ժու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս մնա­յուն ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նեն Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցիի մշա­կած տե­ղե­կու­թիւն­ներն ու տե­սու­թիւն­նե­րը մո­լու­թեան, ցնո­րամ­տու­թեան, մե­լա­մաղ­ձու­թեան, ընկ­ճո­ւա­ծու­թեան եւ անք­նու­թեան պէս ախ­տա­նիշ­նե­րու եւ հի­ւան­դու­թեանց վե­րա­բե­րեալ։

Կա­նա­ցի հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը եւս ար­ժա­նա­ցած են Ա­մա­սիա­ցիի ու­շադ­րու­թեան։ Ման­րա­մասն նկա­րագ­րած եւ քննած է դաշ­տա­նի շրջա­նա­ռու­թեան խան­գա­րում­նե­րը եւ սե­ռա­կան օր­կան­նե­րու խո­ցերն ու ու­ռուցք­նե­րը, չծննդաբերելու կամ ամ­լու­թեան պատ­ճառ­նե­րը, ման­կա­բար­ձու­թեան աս­պա­րէ­զէն ներս՝ ար­գան­դի կա­ռու­ցո­ւած­քը, դերն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը յղու­թեան եւ ծննդա­բե­րու­թեան ըն­թաց­քին։

Իսկ աչ­քի հի­ւան­դու­թիւն­նե­րուն Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցի նո­ւի­րած է 20 գլուխ, քիթ-կո­կորդ-ա­կան­ջա­բա­նու­թեան՝ 15 գլուխ։ Ման­րա­մասն նկա­րագ­րած է ա­կան­ջա­բոր­բե­րը, քի­թի փո­լիփ­նե­րը եւ ան­կի­նա­նե­րը։

Ա­մա­սիա­ցիի միւս կա­րե­ւոր գոր­ծը՝ «Ախ­տա­պա­տին» աշ­խա­տու­թիւ­նը բաղ­կա­ցած է եր­կու մա­սե­րէ. դե­ղա­գոր­ծու­թիւն եւ դե­ղա­գի­տու­թիւն։ Ա­ռա­ջին մա­սին մէջ զե­տե­ղո­ւած են դե­ղա­տոմ­սեր. ման­րա­մասն նկա­րագ­րո­ւած են դե­ղա­նիւ­թե­րը, ա­նոնց բա­ղադ­րու­թիւ­նը, օգ­տա­գործ­ման քա­նա­կը եւ պահ­պան­ման մի­ջոց­նե­րը։ Երկ­րորդ մա­սով տրո­ւած են դե­ղե­րու ա­նուն­նե­րը, ա­նոնց ազ­դե­ցու­թիւ­նը մար­մին­նե­րու վրայ եւ ցուց­մունք­ներ՝ ա­նոնց օգ­տա­գործ­ման մա­սին։

Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցիին ծա­նօթ ե­ղած են բու­սա­կան, կեն­դա­նա­կան եւ հան­քա­յին ծա­գում ու­նե­ցող դե­ղե­րը, ինչ­պէս նաեւ ա­նոնց բա­ղադ­րիչ նիւ­թե­րը։ Ան օգ­տա­գոր­ծո­ւող բու­սա­նիւ­թե­րը բաժ­նած է ըն­տա­նի եւ վայ­րի տե­սակ­նե­րու՝ յա­ճախ նա­խա­պա­տո­ւու­թիւն տա­լով վեր­ջի­նին։

Իբ­րեւ օգ­տա­ւէտ դե­ղա­մի­ջոց ա­ռա­ջար­կած է գոր­ծա­ծել կեն­դա­նի­նե­րու օր­կան­նե­րը։ Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցին թո­ղած է ա­ւե­լի քան 100 դե­ղա­տոմս՝ գրո­ւած պարզ լե­զո­ւով, զերծ ծած­կագ­րե­րէ եւ յստա­կօ­րէն նշե­լով դե­ղա­տոմ­սե­րու մէջ ընդգր­կո­ւած դե­ղե­րու բա­ղադ­րիչ նիւ­թե­րուն կշռա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Մարդ­կա­յին մարմ­նա­բա­նու­թեան եւ բնա­կազ­մու­թեան գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան նո­ւի­րո­ւած է Ա. Ա­մա­սիա­ցիի մե­ծահռ­չակ «Օ­գուտ բժշկու­թեան» աշ­խա­տու­թիւ­նը։ Բժշ­­կա­գի­տա­կան այս կա­րե­ւոր եր­կին հիմ­քը կը հան­դի­սա­նայ մարդ­կա­յին օր­կա­նիզ­մի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րը, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ մար­դու մարմ­նի բո­լոր օր­կան­ներն ու հիւ­սո­ւածք­նե­րը, ա­նոնց ձե­ւը, կա­ռու­ցո­ւած­քը եւ միւս ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը կը նպաս­տեն ամ­բողջ օր­կա­նիզ­մի բնա­կա­նոն գոր­ծու­նէու­թեան։ Ա. Ա­մա­սիա­ցի նկա­րագ­րած է սրտի, թո­քե­րու, ե­րի­կամ­նե­րու, լեար­դի, փայ­ծա­ղի, ստա­մոք­սի, ա­ղիք­նե­րու, մի­զա­սե­ռա­կան օր­կան­նե­րու ձե­ւը, կա­ռու­ցո­ւած­քը, դա­սա­ւո­րու­մը, դերն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Ան նաեւ նկա­րագ­րած է աչ­քի թա­ղանթ­նե­րու կա­ռու­ցո­ւածքն ու դե­րը, տե­սո­ղա­կան ջի­ղի ու­ղին։ Իսկ ախ­տան­շա­նա­կու­թեան, մաս­նա­ւոր ախ­տա­բա­նու­թեան եւ ախ­տա­դար­ման­ման աս­պա­րէ­զին վե­րա­բե­րեալ Ա­մա­սիա­ցի շեշ­տած է կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը սրտի զար­կե­րա­կի ռիթ­մին եւ յա­ճա­խա­կա­նու­թեան, մէ­զի բա­ղադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն ցու­ցա­նիշ տո­ւեալ­նե­րու ու­սում­նա­սիր­ման՝ տար­բեր հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ։

Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցի գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան նիւթ դար­ձու­ցած է նաեւ աստ­ղա­բաշ­խու­թեան առն­չո­ւած հար­ցե­րը։

Հայ մեծ գիտ­նա­կա­նը ապ­րե­ցաւ շուրջ 76 տա­րի եւ վախ­ճա­նե­ցաւ 8 Դեկ­տեմ­բեր 1496-ին, Պուր­սա։

Ի­րեն կը պատ­կա­նի ա­ւե­լի քան 519 տա­րի­ներ ա­ռաջ յայտ­նա­գոր­ծո­ւած բժշկա­գի­տա­կան այն ախ­տո­րո­շու­մը, թէ «­Վա­խը, տրտմու­թիւ­նը եւ բար­կու­թիւ­նը մա­հա­բեր հի­ւան­դու­թեանց պատ­ճառ են»:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015