ՀԱԴՐՈՒԹԻ ԳՈՀԱՐԸ…

Ատրպէյճանը կը շարունակէ յայտարարել, թէ իր վերահսկողութեան տակ անցած միջնադարեան ու վաղ քրիստոնէական կառոյցները աղուանական ծագում ունին: Մատնացոյց ըրած են գիրքեր, թուղթեր, հրապարակումներ, որոնք ատրպէյճանցի գիտնականները տպագրած են հայկական եկեղեցիներու, յուշարձաններու մասին նախորդ տասնամեակներուն եւ կեղծ փաստերով ջանացած են ապացուցել անոնց աղուանական ըլլալը: Ատրպէյճանցիները, կեղծ տեսութեան մը համաձայն, իբրեւ աղուանցիներու հետեւորդներ են եւ իրենց հարստութիւնը կը սեպեն այդ եկեղեցիներն ու կոթողները: Այս հանգամանքը մէկ կողմէն դժբախտութիւն է ժառանգութիւն կորսնցուցած հայ ժողովուրդին համար, միւս կողմէն՝ մխիթարութիւն, որ գոնէ աղուանական անունին տակ անոնք կը պահեն մեր վանքերը, եկեղեցիները, յուշարձանները եւ չեն ոչնչացներ:

Հայ յուշարձանագէտները, պատմաբանները եւ միւս մասնագէտները յոյս ունին, որ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հայկական հոգեւոր-մշակութային յուշարձանները կարելի պիտի ըլլայ պահպանել ուրիշ տարբերակով, եթէ միջազգային փորձագէտներէ կազմուած խումբերը պարբերաբար դիտարկումներ կատարեն այդ տարածքներուն մէջ: Անոնք նամակներ յղած են յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանման միջազգային խորհուրդ, ԻՒՆԷՍՔՕ եւ Եւրոպայի խորհուրդ, խնդրելով կազմել յանձնախումբեր, որոնք հետեւին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հայկական կոթողներուն: Որոշ կազմակերպութիւններ, երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու ղեկավարներ արդէն յայտարարած են, թէ պատերազմի հետեւանքով հայկական հսկողութենէ դուրս մնացած քրիստոնէական ժառանգութեան ճակատագրին իրենք կը հետեւին:

Սահմանէն անդին մնացած հրաշագեղ ու նուիրական կառոյցներուն կարգին է Գտչավանք վանական համալիրը, որ կը գտնուի գրաւեալ Հադրութի շրջանի Տող գիւղէն 1.8 քիլօմեթր հիւսիս-արեւմուտք, Տողասարի կամ Ճգնաւորի լերան հիւսիս-արեւմտեան լանջի գոգաւորութեան վրայ: Գտչավանքը, պատմական ժամանակներուն, եղած է Մեծ Հայքի Արցախ նահանգի Միւս Հաբանդ գաւառի տարածքին։ Գտչավանքը Արցախի գրչութեան կեդրոններէն եղած է՝ Գանձասարի, Խադավանքի, Դադիվանքի, Ամարասի կողքին. անոնք բոլորն ալ ունեցած են իրենց դպրատուները, մատենադարաններն ու ձեռագրերու հարուստ հավաքածոները:

Ըստ 7-րդ դարու պատմիչ Մովսէս Կաղանկատուացիի, Պարտաւի եկեղեցական ժողովին մասնակցած է նաեւ Գտչավանքի ներկայացուցիչը:

Որպէս եպիսկոպոսանիստ կը յիշատակուի վաղ միջնադարէն։ Նախապէս վանքը գտնուած է Առանշահիկ իշխանութեան, իսկ 8-րդ դարուն անցած՝ Դիզակի ճիւղին հովանաւորութեան տակ։

Վանքին անունով Գտիչ կոչուած է անոր վերեւը կառուցուած ամրոցը, որ 9-րդ դարուն կը հանդիսանար Հարաւային Արցախի իշխան Եսայի Ապու-Մուսէի նստավայրը։ 10-րդ դարուն այդ ամրոցը Դիզակի մէջ հիմնուած նոր թագաւորութեան թագաւորանիստ կեդրոնն էր։

13-րդ դարու կէսերուն Գտչավանքը կ՚ընդարձակուի, կ՚աւելնան նոր շինութիւններ։ Մելիք-Աւանեանի՝ իշխանական տոհմի տոհմապետ Մելիք Աւանի (Եգանի), իշխանութեան ժամանակ Գտչավանքը կը հասնէր իր զարգացման գագաթնակէտին՝ դառնալով այդ ժամանակաշրջանի նշանաւոր վանական համալիրներէն մէկը, ահա ինչու վանքը կը թուագրուի 13-րդ դարուն:

Տեղւոյն վրայ պահպանուած իրեղէն նիւթերը, ըստ մասնագիտական հաստատումներու, ապացոյց են, որ վանքը աւերուած է արաբական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին։

1717 թուակաինին Գտչավանքի գլխաւոր եկեղեցւոյ գմբէթը նորոգած է Տողի գիւղացի մը՝ Սայունը: 1723 թուականին Մելիք Եգանը Մեսրոպ Եպիսկոպոսը նշանակել տուած է Գտչավանքի վանահայր: 19-րդ դարուն Գտչավանքի վանահայրն էր Առաքել Վարդապետ Կոստանդեանց, որ գրած է Արցախի մելիքներուն նուիրուած աշխատութիւն: Այդ աշխատասիրութենէն օգտուած է Րաֆֆին իր՝ «Խամսայի մելիքութիւնները» երկը գրելու ժամանակ:

Այս վանքին մէջ հաւաքուած էին նշանաւոր բազմաթիւ գրչագրեր, որոնք ստեղծուած էին այստեղի գրչատան մէջ: 19-րդ դարուն Գտչավանքի վանահայր՝ Առաքել Վարդապետ Կոստանդեանց տասնութ տարի շարունակ գրած է պատմագիտական եւ ազգագրական ձեռագիր աշխատութիւն մը, որմէ փոքր հատոր մը՝ «Դիզակի մելիքութիւնը» խորագրով, լոյս տեսած է Վաղարշապատ՝ 1913 թուականին: Ձեռագիրը ամբողջութեամբ կը պահուի Մատենադարանէն ներս:

1868 թուականին երկրաշարժէն աւերուած է միանաւ եկեղեցին, վնասուած է գմբէթաւոր եկեղեցին, որմէ ետք Գտչավանքը լքուած եւ ամայացած է: Վանքին արեւմտեան մասը պահպանուած են բնակելի սենեակներուն եւ պաշտպանական պատերուն փլատակները: 2007 թուականին վանքին մէջ սկսած են վերականգնողական աշխատանքները, որոնք սակայն շուտով դադրած են:

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Վանքին շէնքի պատերուն վրայ պահպանուած են 13-14-րդ դարերու արժէքաւոր արձանագրութիւններ, որոնք կը պարունակեն գաւառի տուեալ ժամանակահատուածին վերաբերեալ կարեւոր պատմական տեղեկատուութիւններ։

Վանքի եկեղեցւոյ հիւսիսային պատի արձանագրութեան համաձայն՝ վանքին գլխաւոր եկեղեցին կառուցած են Ամարաս վանքէն այստեղ փոխադրուած Տէր Սարգիս եւ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս եղբայրները։ Շինարարութիւնը սկսած է 1241 թուականին, տեւած է եօթ տարի եւ աւարտած 1248 թուականին։ Այս արձանագրութիւնները կը հաստատեն այն դէպքերուն իրողութիւնը, որ Մելիք Եգանը, Գտչավանքի վանահայր Ղուկաս Վարդապետը, Մելիք Եսային նորոգած են վանքին կաթուղիկէն, բարեկարգած են մելիքանիստ Տող գիւղը, վերանորոգած են Սուրբ Ստեփանոս, Սուրբ Յովհաննէս եւ Թեժ եկեղեցիները։ Այս երկու եպիսկոպոսները հոս կը հաւաքեն թաթար-մոնղոլներու արշաւներէն կործանած Ամարաս վանքի ողջ մնացած միաբանները:

Այդ արձանագրութեան մէջ կը նշուի ոչ միայն վանքի շինարարութեան առընչուող տուեալներ, այլ նաեւ որոշակիութեամբ վկայակոչուած են վանքապատկան տարածութիւնները, զորս վանքին նուիրած են Դիզակի Գագիկ թագաւորի ժառանգորդներն ու այլ նուիրատուներ:

ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ

Գտչավանքի յուշարձանը իր արուեստով, բարձր ճարտարապետական առանձնայատկութիւններով հայ բազմադարեան ճարտարապետութեան նշանաւոր կոթողներէն մէկն է: Արցախ աշխարհի քարագործ վարպետները չեն պարփակուած իրենց ճարտարապետական միջավայրին մէջ: Անոնք հայկական միւս նահանգներէն վերցուցած են աւելի նորն ու գեղեցիկը: Շքեղ բնութեան հետ ունեցած ներդաշնակութեամբ, համալիրներու զանազան մասերու համամասնութիւններու համաչափութիւններով, ճակատային պատերու յարդարանքի զուսպ ձեւերով ինքնատիպ է Գտչավանքը:

Լէոյի՝ «Իմ յիշատակարանը» աշխատութեան մէջ (տպուած Շուշի, 1885թ.) կը կարդանք. «Առհասարակ, ներքին եւ արտաքին կողմերէ Գտչավանքի ճարտարապետութիւնը կը կրէ Բագրատունեաց ոճի կնիք»:

ԳԼԽԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Գտչավանքի վանական համալիրի զարդն է գլխաւոր եկեղեցին: Եկեղեցւոյ ճարտարապետութիւնը դուրսէն եւ ներսէն պարզ է, ծանրաբեռնուած չէ ձեւաւոր զարդաքանդակներով:

Եկեղեցին միջին մեծութեամբ կառոյց մըն է: Արտաքուստ ուղղանկիւն, ներսէն՝ խաչաձեւ յատակագծով, ուղղանկիւն խաչ-թեւերով: Ունի այդ ժամանակաշրջանին յատուկ գմբէթաւոր դահլիճի յօրինուածք, զոյգ մը որմնամոյթերով եւ երկյարկ աւանդատուներով, որոնք կը գտնուին բեմին կիսաշրջանաձեւ սնարի երկու կողմերուն վրայ: Վերնայարկի խորաններուն դռները կը բացուին սնարին մէջ, ուրկէ կը բարձրանան քարէ սանդուխքով:

Եկեղեցին ամբողջութեամբ կառուցուած է դեղնագոյն, սրբատաշ, մեծ քարերով: Եկեղեցւոյ որմնամոյթերը կը միանան աղեղնաձեւ կամարներով, որոնք իրենց վրայ կը կրեն գմբէթը, որ բարձր է ու ոչ-սրածայր վեղարով: Ունի գլանաձեւ թմբուկ եւ հովահարաձեւ ծածկ, կառուցուած է երկթեք ելուններ ունեցող սալերով: Կաթուղիկէի ճակատները մշակուած են եռանկիւնաձեւ զոյգ խորշերով: Լուսամուտերուն երեսակալները ներառուած են ուղղանկիւնաձեւ, զարդանախշ խոնչաներու մէջ:

Եկեղեցւոյ ճակատային յարդարանքին մէջ աչքի կ՚իյնան լուսամուտերուն կամարները, եռանկիւնի խորշերուն պսակները: Միաժամանակ նկատելի են հնաւանդ եւ նորարարական ձեւաւորման միջոցներու զուգակցման լուծումներ: Յարդարանքին որոշ յօրինանիւթերը իրենց նմանակներն ունին Ամարասի Սուրբ Գրիգորիսի դամբարանի զարդաքանդակներուն եւ Գանձասարի եկեղեցւոյ խորշերու կամարային պսակներուն հետ:

ԳԱՒԻԹԸ

Գտչավանքի վանական համալիրին գաւիթը զգալի չափով լայն է եւ յատկանշական է հիւսիսային մասին վրայ կեցած սիւնի առկայութեամբ, որ կ՚ընդլայնէ ներսի տարածութիւնը: Կիսամշակ պազալտով ու կրաքարերով կառուցուած թաղածածկ գաւիթ-ժամատունը, բազմութեան համար հաւաքատեղի ըլլալէ զատ, ծառայած է նաեւ որպէս իշխանական դամբարան: Գաւիթին յատակի տապանաքարերը մշակ-ւած են գեղեցիկ եւ նուրբ ժանեակներով, բոլորագիր տապանագիրերով:

ՄԻԱՆԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Գլխաւոր եկեղեցւոյ եւ գաւիթի հիւսիսային պատի կողմէն կից է միանաւ, թաղածածկ, ուղղանկիւն բեմով երկրորդ եկեղեցին, որուն ծածկը փլած է, խաթարուած են կողապատերուն վերնամասերը: Նկատելի են 17-րդ դարու վերանորոգումներուն հետքերը: Հարաւային մուտքով կապուած է գաւիթին, այսինքն վանքի երկու եկեղեցիներն ալ կապուած են գաւիթին: Պատերուն մէջ դրուած են քանդակազարդ եւ արձանագրութիւններով հարուստ խաչքարեր, որոնցմէ մէկուն վրայ նշուած է 1000 թուականը: Ասիկա, ըստ մասնագէտներուն, ապացոյցն է, որ այժմեան եկեղեցւոյ տեղը հին ժամանակ եղած է ուրիշ քարաշէն եկեղեցի մը:

ԽԱՉՔԱՐԵՐԸ

Գտչավանքի տարածքին բազմաթիւ են բարձրարուեստ խաչքարերը, որոնցմէ ամենահինը կը թուագրուի 9-րդ դար, իսկ ամենանորը՝ 19-րդ դար: Իրենց չափերով, զարդանախշերու ոսկերչական նրբութեամբ, ճարտարապետական-գեղարուեստական կատարելութեամբ կ՚առանձնանան երկու խոշոր խաչքարեր, որոնք ագուցուած էին գլխաւոր եկեղեցւոյ մուտքի երկու կողմերուն: Խաչքարերէն հիւսիսայինը տեղափոխուած է եւ ներկայիս կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հին վեհարանը:

ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ԱՅԼ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ

Գտչավանքի արեւմտեան կողմը տակաւին պահպանուած են բնակելի շինութիւններու եւ պարիսպի աւերակներ: Գերեզմանոցը կը տարածուի վանքին շուրջը, բայց գերեզմանոցին մեծ մասը աւերուած է: Շատ քիչ թիւով տապանաքարեր թաղուած են գետնին մէջ, իսկ մեծ մասը պատուած է հողով, խաչքարերը գետին ինկած են:

Իր ճարտարապետական արժէքով Գտչավանքը չի զիջիր Դադիվանքին եւ յատկանշական է, որ երկու վանական համալիրներն ալ այսօր նոյն ճակատագրին արժանացած են: Այսօր արդէն ձիւն կը տեղայ անոնց գմբէթներուն, պատերուն եւ բակերուն… Վանքերը առանձին մնացած են պատերազմի ձայներէն լռած հողերուն վրայ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2020