ԶԱՀՐԱՏՆ ՈՒ ԿԻԿՈՆ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Պոլսահայ մեծանուն բանաստեղծ Զահրատի համբաւը վաղուց ելած է իր ծննդավայրէն, հասած հեռաւոր երկիրներ, իսկ Հայաստանի մէջ ալ միշտ ջերմութեամբ եւ ակնածանքով կը վերաբերին հայալեզու գրողին, որ հայերէնը առանձնակի մակարդակի մը հասցուցած է իր բանաստեղծութիւններուն մէջ՝ կերտելով մեր ժամանակներու լաւագոյն քերթողութիւններէն մէկը: Ահա այս նկատառումներով Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Զահրատին նուիրուած հերթական ձեռնարկը, որ ձօնուած էր անոր 100-ամեակին: Ցուցահանդէսը կը կրէ «Կիկոյի հետ առաջ ու յետ» խորագիրը եւ ինչպէս բացումի օրը, այնպէս ալ յետագայ օրերուն գրաւեց բազմաթիւ զահրատասէրներ, գիրի եւ գրականութեան մարդիկ, որոնք տարբեր Զահրատ մը տեսան՝ ցուցասրահի պատերուն:

Ցուցահանդէսը տակաւին կը շարունակուի եւ գծանկարիչ Լեւոն Կիւլխասեանի եւ ձեւաւորող Մկրտիչ Մատթէոսեանի համատեղ աշխատանքի շնորհիւ կազմաւորուած այս նորագոյն ցուցադրութիւնը տակաւին քննարկման նիւթ կը դառնայ Երեւանի մէջ:

Ցուցահանդէսի նախաձեռնողը հայրենի լրագրող, վաւերագրող Տիգրան Պասկեւիչեանն է, որ զայն կազմակերպած է Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ եւ ջանացած է իր գործընկերներուն հետ միասին Զահրատը ներկայացնել գրողի ստեղծած կերպարներէն մէկուն, անոր ապրած միջավայրի միջոցով: Ձեւաւորումները կատարուած են գրողի ձեռագիրներու ընդօրինակութիւններու, բանաստեղծութեան հերոսներու կերպարներով, նաեւ ներկայացուած են իր իսկ՝ Զահրատի ձեռքով կատարուած նկարազարդումներ, որոնք կատուներ կը պատկերեն: Յայտնի է, որ Զահրատ կատուներու մասին բանաստեղծութիւններ գրած է, ինչպէս իր նկարագրած կատուները զանազան անուններ ունին իր գործերուն մէջ, այնպէս ալ ինք զանազան կերպով նկարած է զանոնք:

Ընդհանրապէս, ցուցահանդէսը գրաւիչ ճամբորդութիւն մը դարձաւ զահրատեան աշխարհին մէջ. բանաստեղծութիւններու, արխիւային նիւթերու եւ պատկերազարդումներու կողքին ցուցադրուած էին նաեւ Զահրատի, կեանքէն յատկանշական ու մեծադիր լուսանկարներ:

Վերջին տարիներուն Զահրատի բանաստեղծութիւններու ուսումնասիրութեամբ Երեւանի մէջ կը զբաղի բանաստեղծուհի, արձակագիր, «Եղիշէ Չարենց» Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի գրական բաժնի աւագ գիտաշխատող Գոհար Գալստեան: Ան նուիրուածութեամբ եւ բծախնդրօրէն կեդրոնացած է Զահրատի արխիւի ուսումնասիրման վրայ, իսկ այդ արխիւը 2017-ին հայաստանեան այդ թանգարանին նուիրած է Զահրատի այրին՝ Անայիս Եալտըզճեան:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցի ընթացքին Գոհար Գալստեան ըսաւ, որ Զահրատը իր տեսակով շատ հոգեհարազատ է իրեն եւ ինք ամէն անգամ նոր բացայայտումներ կը կատարէ՝ մանաւանդ անոր նամակագրութենէն եւ բծախնդրօրէն հաւաքուած տարիներու մամուլէն: Այդ մամուլի մէջ իր ուրոյն տեղը ունի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը եւ Զահրատի 100-ամեակի ցուցահանդէսի բացումին ալ նշուեցաւ, որ Զարհատ իր առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Աստղ մը» խորագրով, տպագրած է նոյնինքն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ՝ 1943 թուականին:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Արա Գօչունեան ելոյթ ունենալով Զահրատին նուիրուած ցուցահանդէսի բացումին, ըսաւ, որ մինչեւ վերջ ալ Զահրատ խմբագրութեան հետ կապ կը պահէր, իր ամէն նոր հրատարակութիւնը կը փութար հասցնել խմբագրութիւն, աեեւ ուրիշ օրերու ալ, որ կ՚այցելէր՝ խմբագրութեան մթնոլորտը կը փոխուէր, իր հետ անմիջական զրոյցները այլ շունչ մը կը հաղորդէին ընդհանուր մթնոլորտին: Ներկաները տեղեկացան, որ ան մօտէն ծանօթ եղած է գրողին եւ իր խմբագրած թերթը այսօր ալ լայն տեղ կու տայ Զահրատ անունին:

Արա Գօչունեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց թէ՛ ցուցահանդէսի նախաձեռնողներուն, թէ՛ Երեւանի քաղաքապետարանին, միաժամանակ ցուցահանդէսի ներկաներուն տեղեկացնելով, որ այս տարեմուտին Պոլսոյ մէջ նոյնպէս նշուած է Զահրատի 100-ամեակը, որուն նախագահած է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գահակալը՝ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան: Բանախօսը, պոլսահայ իրականութեան լաւագոյն ձեռնարկներէն մին նկատեց այդ միջոցառումը, որ յաւուր պատշաճի կը ներկայացնէր Զահրատի յիշատակը: Անդրադառնալով Զահրատի առաջին՝ «Մեծ քաղաքը» գիրքի խորագրին, Արա Գօչունեան ըսաւ. «Ո՛չ միան մեր սփիւռքեան գրականութիւնը, այլեւ՝ մեր սփիւռքեան ամբողջ մշակոյթը, հայապահպանութեան բնաբանով ըսուած բոլոր նիւթերը, առանց բացառութեան, կը վերաբերին այդ մեծ քաղաքներու միջավայրերուն եւ մենք, որպէս հայեր, բազմամշակոյթ այդ մթնոլորտի մէջ բազմաթիւ մշակոյթներու ազդեցութեան տակ, միմեանց հետ փոխադարձ շփման միջավայրին մէջ կը փորձենք արտադրել եւ կը ջանանք մեր ինքնութիւնը պահել»:

Շարունակելով Զահրատի մասին իր խօսքը, Արա Գօչունեան ըսաւ, որ Զահրատի ժառանգութեան արժեւորման պարագային, հայաստանեան հրատարակչական աշխարհէն զատ, պէտք է նշել Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունը, որ Զահրատի ամբողջական երկերը հրատարակած է, նաեւ ըսաւ, որ պէտք է նշուի երկու անուն եւս՝ Արտաշէս Մարկոսեանը եւ Սեւան Տէյիրմենճեանը, որոնք Զահրատի ժառանգութիւնը յետ մահու արժեւորելու գործին մէջ իրենց անփոխարինելի նպաստը ունեցած են: «Զահրատը այն բանաստեղծն է, որ մեզի որոշ բանալիներ ցոյց կու տայ՝ ներկայ ժամանակներու համար, երբ որ մարդկութիւնը ահագնացող թափով կը հեռանայ գրաւոր մշակոյթէն: Այսօր մարդիկ չեն սիրեր բանաստեղծութեան հետ շփուիլ, միայն բանաստեղծութեան հետ չէ, մարդիկ արձակի՛ հետ ալ չեն ուզեր շփուիլ: Մենք այսօր այնպիսի ժամանակներուն կը բնակինք, որ աշխարհի բոլոր հասարակութիւններու համար մեր ընկալած հեղինակութիւններու կերպարները կը սկսին աստիճանաբար փուլ գալ: Մենք, մինչեւ մօտաւոր անցեալը, կարգ մը երկիրներու կամ մշակոյթներու պարագային անգիր կը կարողանայինք շարք մը մարդոց անունները թուարկել, իսկ այսօր շատ աւելի կը դժուարանանք այդ բոլոր առումներով եւ այս միջավայրին մէջ կարծես Զահրատը մեզի համար ունի նոր ժամանակներուն յարիր դերակատարութիւն մը: Զահրատը, ըստ երեւոյթին, այն բանաստեղծն է, որու յարգին համար մարդիկ կարող են բանաստեղծութեան հետ շփուիլ: Զահրատը ձգողականութիւն ունի, ներազդելու յատկութիւն ունի», ըսաւ Արա Գօչունեան, յոյս յայտնելով, որ յետագային նոյնպէս հնարաւոր կ՚ըլլայ այլ միջոցներով ներկայացնել Զահրատը, քանի որ, ինչպէս ինք բնորոշեց՝ ան բոլոր նորարար միջոցներու մէջ տեղաւորուող բանաստեղծ մըն է:

ԳՈՀԱՐ ԳԱԼՍՏԵԱՆ. «ԿԻԿՈՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻ ՀՈԳԻ ՈՒՆԻ»

ԺԱՄԱՆԱԿ ցուցահանդէսէն վերջ զրոյց մը ունեցաւ Գոհար Գալստեանին հետ՝ աւելի մանրամասն տեղեկանալու այն նկատառումներուն մասին, ինչ որ ան ունեցած է՝ Զահրատի արխիւը ուսումնասիրելէ առաջ, ինչպէս նաեւ՝ ի՛նչ բացայայտումներ կատարած է այդ ընթացքին: Գոհար Գալստեան յայտնեց, որ ինք, բանաստեղծ ըլլալով, շատ լաւ կը պատկերացնէ, թէ ի՛նչ է բանաստեղծի մը արխիւի հետ աշխատանքը, որ ամենայն նրբութիւն կը պահանջէ, ինչն ալ ինքը ջանացած է գործադրել՝ Զահրատի ձեռագիրները, նամակները եւ միւս վաւերագիրները ուսումնասիրելու ընթացքին: Ան այսօր Հայաստանի մէջ Զահրատի ուսումնասիրութեամբ զբաղող եզակի մտաւորականներէն է, որ միշտ հանդէս կու գայ ելոյթներով, յօդուածներով, առիթներու պարագային կը ներկայացնէ Զահրատի կեանքն ու գործը, նոր սերունդին կը ծանօթացնէ նորարար գրողը, անոր մտածումները, գործերը: Գոհար Գալստեան, բանաստեղծ եւ արձակագիր ըլլալով, հրատարակած է նաեւ իր սեփական ստեղծագործութիւններու տասը գիրք, կը գրէ նաեւ մանուկներու համար, Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ է, ստացած է գրական մրցանակներ: Ւնչ կը վերաբերի Զահրատին, ապա Գոհար Գալստեան ըսաւ. «Զահրատին անունը մեր մեծերու անուններու կարգին վաղուց իր առանձնայատուկ հնչեղութիւնը ունի, իսկ անոր բանաստեղծութիւնը՝ անշփոթ պարզութեամբ ու անմիջականութեամբ, մեզի մտերմիկ կը դարձնէ թէ՛ բանաստեղծի էութեան, թէ՛ արեւմտահայերէնին, որ մեր լեզուի եզակիօրէն հարուստ ըլլալու գրաւականներէն է՝ համազօր ու համընդհանուր, ինչպէս որ առաւել գործածական արեւելահայերէնը»։

Գոհար Գալստեան շատ կարեւոր նկատեց Հայաստանի մէջ Զահրատի յոբելեանի նշումը, ինչ որ վերստին հնարաւորութիւն կու տայ անդրադառնալու գրողին, անոր միջավայրին եւ անգամ մը եւս յիշելու, թէ ինչպէ՛ս ան մուտք գործեց հայաստանեան իրականութիւն, ինչպէս արժեւորուեցաւ եւ երրորդ՝ հնարաւորութիւն կու տայ անդրադառնալու, որ Զարհատը՝ աշխարհի բանաստեղծ է, ան անյայտ չէ աշխարհին մէջ: «Զահրատը շուրջ 22 լեզուով թարգմանուած, միջազգային ամենահեղինակաւոր շրջանակներու մէջ ներկայացուած ու գնահատուած հեղինակութիւն է, թէեւ աշխարհին պաշտօնապէս ներկայացուեր է այլ դրօշի տակ, միշտ հաւատարիմ մնացած է իր լեզուին՝ իր «Մեծասքանչ»ին, որու երախտաւորն է՝ բառը զգալու, բառի հետ թեթեւօրէն աշխատելու իր տաղանդով ու գիւտերով։ Շատ կարեւոր է, որ մե՛նք այսօր տէր կանգնինք, հանրահռչակենք, որովհետեւ Զահրատը մերն է», ըսաւ Գոհար Գալստեան:

Քանի որ ցուցահանդէսին շեշտուած էր Զահրատի ստեղծած գրական հերոսներէն Կիկոն, ապա Գոհար Գալստեան, այդ կերպարի մասին հետեւալը ըսաւ. «Կերպարներ ստեղծելու եւ այդ կերպարներու լիարիւն կեանքը պատկերելու՝ առաւելապէս արձակին բնորոշ յատկութեամբ, Զահրատի բանաստեղծութիւնը աւելի հետաքրքրական երանգներ կը ստանայ, իսկ անոր քերթողական պատկերասրահին մէջ առաջինն ու առանցքայինը Կիկոն է։ Կիկոյի մորթին մէջ անոր խորութեամբ զգալով, անոր հետ նոյնանալով՝ Զահրատ կը ստեղծէ իր երկուորեակը։ Կիկոն բանաստեղծի հոգի ունի եւ չափլինեան շրջմոլիկի միամիտ, բարի սիրտ։ Կիկոն դարձաւ Զահրատի ամենամեծ գիւտը, նկարչի իր փորձաքարն ու միաժամանակ թալիսմանը, որ ժողովածուէ ժողովածու քալեց անոր հետ։ Կիկոն զահրատեան շարժանկարի աստղն է: …Կիկոյի անժամանակ մահը, այնուամենայնիւ, չի նշանակեր, թէ ան յարութիւն պիտի չառնէ կամ պակաս ներկայ է բանաստեղծի միւս քերթուածներուն մէջ»։

Գոհար Գալստեան միաժամանակ անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ Հայաստանի մէջ զահրատեան նոր հրատարակումներու եւ այդ մասին կ՚ըսէ. «Զահրատի անունը վաղուց կը հնչէ մեր ամենամեծերու անուններու կողքին: Հայաստանեան ընթերցողին հիմնականը ծանօթ է խորհրդային եւ նորանկախ տարիներու քանի մը հրատարակութեան ընտրովի բանաստեղծութիւններէն եւ, այդուհանդերձ, ան իր բուն ժառանգութեամբ համեմատաբար չընթերցուած կը մնայ։ Ինչ խօսք, այս մէկը իր արդարացի ու անարդար պատճառներն ալ ունի, որ բացառելու համար, Զահրատի՝ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած առնուազն երկհատորեակի վերահրատարակութիւնը Հայաստանի մէջ միանգամայն անհրաժեշտ կը նկատեմ եւ որպէս Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի անոր հարուստ արխիւի գիտական մշակողը՝ նախանձախնդիր եմ, որ գրողի հարիւրերորդ Կաղանդի տարուայ մէջ մեր հրատարակիչները ատիկա, եւ գուցէ՝ աւելին, իրականութիւն դարձնեն»։

Այս առումով պէտք է նշել, որ Զահրատի 100-ամեակի առթիւ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի եւ Պոլսոյ Պատրիարքարանի հետ միասին հրատարակուած է «Զահրատ-100. հատընտիր»ը, որու հրատարակման մէջ մեծ ներդրում ունի նաեւ Գոհար Գալստեան:

Զահրատի 100-ամեակի ցուցահանդէսին նշուեցաւ նաեւ, որ Զահրատ առաջին անգամ Հայաստանի մէջ տպագրուած է 1968-ին՝ «Գարուն» ամսագրին մէջ եւ զայն առաջին ներկայացնողը եղած է գրականագէտ Ալեքսանտր Թոփչեանը: Ե՛ւ խորհրդային տարիներուն ե՛ւ անկախութիւնը հռչակուելէն ետք Զահրատ Հայաստանի մէջ ունեցած է քանի մը հրատարակումներ, որոնցմէ մին «Մեծ քաղաքը» ժողովածուի հրատարակութիւնն էր՝ տակաւին 1978-ին:

Յետագային արդէն անկախացած Հայաստան բազմաթիւ այցելութիւններ ունենալով՝ Զահրատ աւելի կապուած է հայրենիքին, հայրենի ընթերցողին:

ԼԵՒՈՆ ԿԻՒԼԽԱՍԵԱՆ. «ԳՐԱՒԻՉ ԸՆԹԱՑՔ ՄԸՆ ԷՐ»

Զահրատի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ կազմուած ցուցահանդէսի նկարազարդումները կատարած է հայազգի գծանկարիչ, ամերիկաբնակ արուեստագէտ Լեւոն Կիւլխասեան: Զրոյց մը ունեցայ Լեւոն Կիւլխասեանի հետ, որ իր մտածումները փոխանցեց Զահրատի մասին: Ան ըսաւ, որ ցուցահանդէսի գծանկարները ստեղծելէ առաջ իր ընկերներուն՝ Տիգրան Պասկեւիչեանին ու Մկրտիչ Մատթէոսեանին հետ կսրդացած-քննարկած են Զահրատի գործերը, ապա ստեղծուած է այն հիմնական միտքը, որ պէտք է դառնայ նկար: Նկարիչը ըսաւ, որ զահրատեան գծանկարներ ստեղծելը իրեն համար ամենեւին ալ դժուար չէ եղած, հետաքրքրական եւ գրաւիչ ընթացք մըն էր, որուն ինք տրուած է հաճոյքով:

«Ես ջանացած եմ ցոյց տալ բանաստեղծութեան իմաստը, չկեդրոնանալով միայն Պոլսոյ միջավայրը վերարտադրելով: Իբր այդ, ես նկարած եմ Զահրատ-Կիկոյի կերպարը՝ կարեւորելով դէմքը», ըսաւ Լեւոն Կիւլխասեան:

Ինչ կը վերաբերի Կիկոյին, ան ըսաւ, որ իր պատկերացումներով Կիկոն Զահրատի alter-egoն է` «ուրիշ ես»ը: Գծանկարիչը կը պատրաստուի աւելի լաւ ուսումնասիրել Զահրատի գործերը, մանաւանդ՝ Կիկոյի կերպարը, որ շատ գրաւած է զինք եւ ինք կ՚ուզէ Զահրատը ճանչցած մարդոցմէ հարցնել եւ հասկնալ, թէ Զահրատ ինչպէ՛ս ընկալած է Կիկոն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024