«ՄԻ՛ ԳՈՂ­ՆԱՐ»

Երբ զա­ւակ կը դաս­տիա­րա­կենք, մարդ­կա­յին ար­ժա­նիք­նե­րը կը ձե­ւա­ւո­րենք:

Յա­ճախ խօ­սած եմ գո­ղու­թե­նէ խու­սա­փե­լու մա­սին.

-Չըլ­լա՛յ թէ ու­րի­շին ի­րա­ւունք­նե­րուն ձեռք եր­կա­րէք... ին­չ որ ձե­զի չի պատ­կա­նիր՝ չմօ­տե­նա՛ք...

...մոռ­նա­լով, որ ամ­բողջ աշ­խարհ մը՝ մարդ­կու­թիւն մը գող է ար­դէն:

Նկա­տի առ­նե­լով ապ­րանք, ու­տե­լիք, դրամ... կը դա­տա­պար­տենք, մոռ­նա­լով այլ գո­ղու­թիւն­ներ:

Ի՞նչ ը­սենք մեզ­մէ գող­ցուած­նե­րուն՝ ժա­մա­նակ, զգա­ցում, ան­մեղ ժպիտ, բա­րե­կամ­ներ, յի­շա­տակ­ներ, խա­ղա­ղու­թիւն...:

Հա­պա մե՞ր գող­ցած­նե­րը՝ ա­մէն մէկ ա­րարք, զգա­ցում, շար­ժում... գոր­ծե­լէ ու ար­տա­յայ­տե­լէ ա­ռաջ՝ եր­կու ան­գամ մտա­ծենք, որ ու­րի­շին ի­րա­ւունք­նե­րուն ձեռք չեր­կա­րենք:

«Մի՛ Գող­նար»՝ ու­թե­րորդ պա­տուի­րան:

ԾՈ­ՎԻԿ ԿԱ­ՐԱ­ՊԵ­ՏԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016