ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՓՐԷՕՄԻԷՐ
Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան հովանիին տակ գործող «Լէյլա Կենճէր» օփերայի եւ մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Մեր երաժշտական աշխարհի արժէքաւոր արուեստագիտուհիներէն Նաթալի Պօղոսեանի կողմէ ստեղծագործուած «Տորէթայի ոսկէ երազը» խորագրեալ գործին համաշխարհային փրէօմիէրը արժանացաւ երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Այս գործը դասական երաժշտութեան հեղինակաւոր անուններու զանազան գործերուն հիման վրայ ձեւաւորուած համադրութիւն մըն էր, որու կատարման շրջագծով նուագներով հանդէս եկան նաեւ Արտա Արտաշէս Ակօշեան։ Այս վերջնոյն ինքնաբուխ նուագները եւ ընդհանրապէս գործին հետաքրքրական բնոյթը, երկու արարներէ բաղկացեալ այս փաստիշ օփերայի ներկայացումը եզակի հաճոյքի մը վերածեցին հանդիսատեսներուն տեսակէտէ։
Ընդարձակ դահլիճը լեցուցած երա-ժըշտասէրները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Նաթալի Պօղոսեանը եւ ծրագրին մասնակից միւս արուեստագէտները։