ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՅՐԵՐԸ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՈՒՆԴԻ ՄԱՍԻՆ

- Սուրբ Աթանաս կ՚ըսէ. «Մարիամի արգանդէն կատարեալ մարդկութիւն առաւ եւ միացաւ մարդկային պատկերին, ու մարդացաւ: Արդարեւ, կրնայ ըսուիլ որ Ան ցաւեցաւ մարդու նման, սակայն առանց ցաւի եւ առանց փոփոխութեան մնաց որպէս Աստուած»:

- Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացին կ՚ըսէ. «Ադամը նախ եւ առաջ իր միտքով (ուղեղով) ինկաւ, այդ պատճառով Յիսուս պէտք էր որ մարդկային միտք առնէր, որպէսզի սրբէր մարդկային միտքը»:

- Սուրբ Գրիգոր Նիւսացին կ՚ըսէ. «Բանը (Քրիստոս), մարմնաւորուելով, խառնուեցաւ մարդուն եւ իր մէջ առաւ ամբողջ մեր բնութիւնը, որպէսզի այդ խառնուրդով մարդկայինը յաւերժանայ Աստուծոյ հետ։ Մեր բնութեան խմորը ամբողջապէս սրբացաւ Քրիստոսով՝ ստեղծագործութեան երախայրիքով»:

- Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կ՚ըսէ. «Աստուածութիւնն ու մարդկութիւնը միացան իրարու՝ կատարեալ միութեամբ, այնքան որ կրնաս այդ մարդուն համար ըսել, թէ Ինք Աստուածն է»:

«Մարմինով ծնաւ. որպէսզի դուն երկրորդ անգամ ծնիս հոգիով։ Կինէ մը ծնաւ. որպէսզի դուն Աստուծոյ որդի ըլլաս»:

- Սուրբ Եղիշէ Վարդապետ կ՚ըսէ. «Սուրբ եւ անա՛խտ ծնունդ, որ իմանալի է [միայն] Քո Աստուածութեանդ եւ հասանելի չէ մարդոց: Տղայական կերպարանքով ամենասուրբ Կոյսի գիրկին մէջ բազմեցար եւ կուսական կաթող սնուեցար»:

- Գէորգ Զ. Չէօրեքճեան Կաթողիկոսը կ՚ըսէ. «Այո՛, մարդիկ չափազանց տարուած են մեծ ձգտումով ըմբռնելու ամբողջ տիեզերքը. երկրի սիրտը կը պեղեն, ծովուն խորքը կը զննեն, երկինքի հեռաւոր վայրերը հեռադիտակներով կը թափանցեն, խոշորացոյցներով գաղտնի տեղերէ երեւան կը հանեն ամենէն մանր գոյակները, սակայն աշխարհի մեծագոյնն ու գեղեցկագոյնը չեն ճանչնար, որն է Յիսուս՝ Իր պարզ ու վեհ պատկերով եւ լուսաւոր դէմքով։ Մարդիկ զարմանալի աշխուժութեամբ անթիւ-անհամար դեղնոտած գիրքեր, փոշոտած մագաղաթներ կը պրպտեն, զարմանալի սրամտութեամբ մոռցուած լեզուներով գրուած եւ եղծուած արձանագրութիւններով կը կարդան եւ կը լուծեն, երկրի կուրծքէն՝ փլատակներու տակէն կործանուած քաղաքներ պեղելով դուրս կը հանեն, ներկայ սերունդը ամենէն հեռաւոր անցեալի պատմութեան իրազեկ դարձնելու նպատակով։ Բայց դէպի Ան՝ դէպի Նազարէթի Յիսուսը, որ մարդկային կեանքի ամբողջ պատմութիւնն է եւ անոր նոր ուղղութիւն տուած է, մարդիկ կը կամենան անփոյթ ըլլալ, Անոր քովէն անցնիլ եւ երթալ։

«Քրիստոսի սէրը բարձր է ամէն գիտութենէ»։ Այո՛, բայց ասոր նպատակը գիտութեան նուաստացումը չէ, այլ՝ շեշտել, թէ լաւագոյն ու կարեւորագոյնը մարդուն համար Յիսուսի կեանքն ու քարոզը գիտնալն ու կատարելն է։

Փորձենք մէկ անգամ ճիշդ հասկնալ այդ պարզ եւ անպաճոյճ Մարդը. փորձենք տեսնել Անոր աղքատիկ հագուստին տակ թաքնուած հոգիի մեծութիւնն ու հարստութիւնը. փորձենք Անոր ապրած երեք կարճ տարիներու հրաշքը հասկնալ, որ անցած է աղքատութեան եւ խեղճութեան ծոցին մէջ եւ մարած է տանջանքներու ու սարսափներու մէջ՝ աշխարհին համար հանդիսանալով անփոխարինելի օրհնութիւն, միայն ա՛յն ժամանակ կը համոզուինք ու պարտաւոր կը զգանք յիրաւի Յիսուսը աւելի սիրելի, քան ամէն ինչ եւ ամէն գիտութիւն։

Մենք կը տեսնենք սիրտ մը, որ լեցուած է ազնիւի, բարիի եւ վեհի զգացմունքներով. միտք մը, որ ճշմարտութեան երկրպագու է. կամք մը, որ միայն կը ձգտի ի կատար ածել բարին ու ճշմարիտը. կատարեալ մարդ մը, որ մարմնացեալ սէր է եւ անձնուիրութիւն։ Ահա՛ թէ ով է Ան, զոր պէտք է ճանչնալ, ըմբռնել ու սիրել։ Հիմա ըսէք խնդրեմ, միթէ՞ աշխարհի մէջ աւելի արժէքաւոր բան կայ գիտնալու, քան այս։ Ինչպէ՞ս հասկնալ այս հրաշքը. ո՞վ է Նազարէթի խեղճուկ մարգարէն մեծ դարձնողը։ Աստուած, որուն Ան կը կրէ իր սիրտին մէջ, որուն կամքը իւրացուցած է եւ ամբողջապէս անձնատուր ըլլալով Անոր՝ իրաւունք ստացած է «Ես եւ Հայրս մէկ ենք» ըսելու եւ Աստուծոյ Որդի կոչուելու։ Ակա՛նջ դրէք Անոր եւ Ան կը պատմէ ձեզի Հօր մասին. նայեցէ՛ք Անոր եւ կը տեսնէք, թէ Ան ինչպէ՜ս լուսաւորուած ու ներշնչուած է Աստուծոյ հոգիով եւ շունչով։ Աշակերտեցէ՛ք Անոր եւ յանձնուեցէ՛ք Անոր, եւ Ան ձեզի կ՚առաջնորդէ դէպի Աստուած։ Եւ այն ատեն ձեր աչքերուն կապիչները կ՚իյնան եւ կը բացուին ձեր աչքերը, եւ դուք կը տեսնէք, որ աշխարհին տիրող ուժը սէրն է, անհուն եւ անըմբռնելի սէրը։ Դուք կ՚ըմբռնէք, որ փոթորիկի ու շանթի, կայծակի ու կարկուտի, համաճարակի ու ժանտախտի մէջ անփոփոխ սիրոյ կամքի արտայայտութիւն կայ։ Դուք կը գիտնաք, որ մաքառումներու եւ հոգերու, ցաւերու եւ վիշտերու վրայ նայող սիրոյ աչք եւ պահապան բարի աջ կայ։ Դուք կը համոզուիք, որ ի վերջոյ դարձեալ պիտի հնչէ աշխարհի մէջ Պօղոսի ձայնը, թէ՝ «ալ ո՛չ հրեայ եւ հեթանոսի խտրութիւն կայ, ո՛չ ստրուկի եւ ազատ մարդու, ոչ ալ արուի եւ էգի, որովհետեւ Քրիստոսի միանալով՝ բոլորդ ալ մէկ եղաք» (Գղ 3.28)։ Ձայն, որ դարձեալ պիտի յայտարարէ, թէ երկրի վրայ սկիզբ դրուած է թագաւորութեան մը, ուր մարդիկ իրարու եղբայրներ պիտի ըլլան, ուր պիտի իշխէ ազատութիւնն ու ճշմարտութիւնը, սէրն ու խաղաղութիւնը, որու համար իրապէս արժէ ապրիլ, աշխատիլ, կռուիլ եւ մեռնիլ։

Ըսէ՛ք, խնդրեմ, միթէ՞ ճիշդ չէ, որ Քրիստոսի սէրը բարձր է քան ամէն գիտութիւն։ Քով-քովի կանգնեցուցէք նշանաւոր փիլիսոփայ մը, որուն գլուխը լեցուն է ամէն տեսակի գիտութեամբ, որը սակայն աստուածային ճշմարտութիւնը չէ ըմբռնած՝ սիրոյ հոգին չէ իւրացուցած, եւ՝ պարզահոգի գիւղացի մը՝ հաւատքով ապրող, աստուածային սէրն ու բարութիւնը իր սիրտին մէջ։ Առէք նշանաւոր պետական գործիչ մը՝ նախարար մը, որուն աշխատանքի ամբողջ նպատակը իր անունին փառքը կը կազմէ, եւ պարզ սպասուհի մը, որ հաւատարմութեամբ իր պարտքը կը կատարէ, որովհետեւ իր սիրտին մէջ եւ իր աչքին առջեւ ունի զԱստուած ու իր հացը չ՚ուզեր մեղանչելով ուտել։ Ի՞նչ կը կարծէք, անոնցմէ ո՞վ է աւելի բարձր, անոնցմէ ո՞վ աւելի երջանիկ է եւ որո՞ւն սիրտը իր կուրծքին տակ գոհ կը բաբախէ։ Կասկած չունիմ, որ բոլորիդ պատասխանը մէկ է, որ բոլորիդ համակրութիւնը գիւղացիին եւ սպասուհիին կողմն է։ Հետեւաբար, զուր տեղ չէ որ Պօղոսը ըսած է, թէ «ճանչնաք Քրիստոսի սէրը, որ որեւէ միտքի հասողութենէն (գիտութենէ) վեր կը մնայ» (Եփ 3.19)։

Տէր Յիսուս, թող որ Քու անունդ խոր դրոշմուի մեր սիրտերուն մէջ, թող մեր խօսքն ու գործը դառնան Քու Աւետարանի եւ կեանքի քարոզը. ա՛յդ է մեր երջանկութեան աղբիւրը, ա՛յդ է մեծագոյն ճշմարտութիւնը աշխարհի մէջ»:

«Տարիները կը գլորուին, եւ մենք Փրկիչին ծնունդը անտարբեր կերպով կը տօնենք, առանց հոգ տանելու, որ Ան իրապէս մեր հոգիին մէջ ծնի՝ հաւատք եւ սէր սերմանելով այնտեղ։

Մենք աւանդական կարգ մը կը պահենք միայն, մենք արտաքին ծէս մը կը կատարենք միայն. ծէս, որմէ մանաւանդ մտաւորականներս, իբրեւ թէ կը փորձենք խուսափիլ. ինչ ամօթ եւ նախատինք է մարդուն՝ աստուածային հոգիին պատկեր էակին համար։ Փրկիչը ինքնին հոգեւոր գոհար մըն է. սակայն ի՞նչ օգուտ այդ գոհարէն, երբ մեր հոգին չի զարդարեր, երբ այն մեր հոգիին սեփականութիւնը չի դառնար։

Հայ աշխարհը ամէն տարի Անոր ծնունդը կը տօնէ, սակայն ի՛նչ օգուտ, երբ Ան իբրեւ հաւատքի եւ սիրոյ մարմնացում մեր մէջ չի՛ ծնիր, չի՛ դառնար մեր հոգիին սեփականութիւնը»:

- Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեանը կ՚ըսէ. «Առանց Քրիստոսի չկայ յոյս. չկայ միւս կեանք. չկայ երկինք. չկայ Աստուած. այլ միայն փոշի՝ արցունքներով թրջուած։ Կը հաւատանք. որ Ան Աստուած է եւ՝ Աստուծոյ Որդի։ Կը հաւատանք. որ Ան մեր փրկութեան համար ձգեց Իր Հօր ծոցը. եւ երկինքի անհասանելի բարձրութենէն խոնարհեցաւ. երկիր եկաւ. Իր Աստ-ւածութեան հետ մեր մարդկութիւնը խառնեց. մեզի եղբայր եղաւ. որպէսզի օր մըն ալ. մեզ բարձրացնէ՝ Աստուծոյ որդի ընէ»:

- Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ՚ըսէ. «Քրիստոս աշխարհ եկաւ այն նպատակով, որ մարդոց ցոյց տայ խիղճի ներկայութիւնը հոգիներուն մէջ։ Ան մարդոց ցոյց տուաւ մեղքերէն ու սխալներէն մաքրուելու եւ ազատուելու միջոցը, եւ թէ՝ բարի գործն է փրկութեան ճամբան, թէ՝ շինարար ու ստեղծագործ աշխատանքն է Աստուծոյ արքայութիւնը, թէ՝ ճշմարիտին, բարիին եւ գեղեցիկին ապրումն է հոգիներուն մէջ, սիրոյ, խաղաղութեան աշխարհին մէջ։

Այս լոյսով առաջնորդուելով, այս ճանապարհով քալելով է, որ մարդ արժանի կ՚ըլլայ մեղքերու թողութեան, այսինքն՝ խիղճի հետ հաշտ եւ թեթեւ սիրտով, ներքին ինքնագոհութեան եւ երջանկութեան գերագոյն ապրումը կ՚ունենայ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Աստուծոյ արքայութեան յայտնութիւնը մարդկային հոգիին մէջ»:

- Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը կ՚ըսէ. «Քրիստոս սիրեց մարդը եւ անոր համար մա՛րդ եղաւ։ Ծառայեց մարդուն ի խնդիր անոր հոգեկան երջանկութեան, անոր փրկութեան»։

«Բեթղեհէմի մսուրին մէջ մանկացող Աստուածը խոնարհութեա՛ն, համեստութեա՛ն, պարզութեա՛ն գերագոյն դասը տուաւ մեզի»։

«Յիսուս ծնաւ մարդոց համար։ Մենք չենք կրնար վերածնիլ ու ապրիլ սոսկ մենք մեզի համար»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020