ՍՏՈՐԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԴՈՅԹԸ՝ ԸՍՏ ԱԼՖՐԷՏ ԱՏԼԷՐԻ

Ալֆրէտ Ատլէր յայտնի հոգեբան մըն է, որ ստորակայութեան, անարժէքութեան զգացումը կը դիտարկէ՝ որպէս անձի զարգացման մէջ հիմնաքարային դերակատար։ Ան կը պնդէ, թէ մարդ կը ձգտի կատարելութեան, քանի որ մարդիկ միշտ կը ձգտին հասնիլ անձնական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող նպատակներու։ Ատլէրի կարծիքով՝ այդ կենսական նպատակները կ՚ընտրուին անհատականօրէն եւ հետեւաբար մարդիկ ի վիճակի են ծրագրել իրենց արարքները եւ ըստ այդմ որոշել սեփական ճակատագիրը։ 

Ատլէր մարդկային վարքը կը բացատրէ անարժէքութեան զգացումով (Ստորակայութեան եւ գերակայութեան բարդոյթները այս զգացումի տարբեր աստիճաններ են)։ Մարդիկ «ստորակայութեան զգացում» արտայայտութիւնը կ՚օգտագործեն ուրիշները արհամարհելու, արժեզրկելու, նուաստացնելու, հեգնելու կամ վիրաւորելու համար։ Երբ մէկը մեզի ըսէ, թէ մենք ստորակայութեան, անարժէքութեան զգացում ունինք, կը բարկանանք անոր։ Պատճառը այն է, որ մարդիկ անարժէքութեան զգացումը կը շփոթեն ստոակայութեան բարդոյթի հետ։ Փաստօրէն, անարժէքութեան զգացումը համընդհանուր է, իւրաքանչիւր անձ իր կեանքի ողջ տեւողութեան, ամէն ժամանակաշրջանին կը զգայ անբաւարարութիւն, հետեւաբար կ՚իյնայ ստորակայութեան բարդոյթի գիրկը։ 

Մարդ էակը միշտ կ՚ապրի գոյատեւելու եռանդով։ Ապրելու ցանկութիւնը շատ մը փիլիսոփաներու՝ յատկապէս Հոպսի եւ Սփինոզայի հիմնական փաստարկութիւններէն մին էր։ Այս զգացումը կ՚առաջնորդէ մեր յարաբերութիւնները ուրիշներու հետ, կեանքի դժուարութիւններուն դիմադրելու մեր ձեւը, մօտեցումները, կը խրախուսէ մեզ ըլլալ աւելի կատարեալ, ուժեղ, աւելի ատակ անձ մը…։

Երկու տարեկանէն վերջ մարդիկ, անպայման ամէն առիթով զիրենք կը համեմատեն ուրիշներու հետ. անոնք  իրենց շրջապատի մարդիկը՝ հայրը, մայրը կամ տան միւս մեծերը կը տեսնեն բոլոր առումներով իրենցմէ ուժեղ։ Անոնք կը փափաքին նուազեցնել այս տարբերութիւնը, որ կը զգան իրենց եւ ուրիշներու միջեւ, կը փորձեն նմանիլ անոնց եւ զարգացնել իրենց բոլոր «յատկութիւնները»։

Եթէ հարազատները երեխայի ինքնագնահատման եւ անձի ձեւաւորման այս ժամանակահատուածին հասկացողութեամբ վարուին անոր նկատմամբ, ապա անձնաւորութեան ձեւաւորումը սովորաբար, բնականօրէն տեղի կ՚ունենայ։ Բայց եթէ երեխայի հարազատները չափէն աւելի թոյլ վերաբերմունք ցուցաբերեն, երեխան չի կրնար անհրաժեշտ փորձառութիւն ունենալ։ Եթէ հարազատները երեխային վարուին վիրաւորական խօսքերով, արհամարհանքով, ապա երեխան կը սկսի զգալ ստորակայութեան բարդոյթի հետեւանքները։ Ամէն պարագայի, իր մօրը եւ հօրը կողմէ արհամարհուող երեխան կը հաւատայ, որ իր ծնողները չեն սիրեր զինք, այսուհետեւ, երեխան կը զգայ արժեզուրկ, անարժէք, աննշան։ Ան ինքզինք անկարեւոր կը համարէ, քանի որ մօրը կամ հօրը կողմէ որեւէ սիրոյ դրսեւորում չի տեսներ, կը հաւատայ, որ իր ծնողները կրնան ամէն ինչ տեսնել ամենալաւ ձեւով։ Ան կը կարծէ, որ անոնք չեն սխալիր, այս պատճառով ալ կ՚ատէ իր հօրը եւ մօրը աչքով տեսած «ինքնութիւն»ը՝ իր «ես»ը։ Աստիճանաբար ինքզինք կը զգայ որպէս անարժէք էակ, կը կարծէ, թէ այդպէս կը մնայ իր կեանքի ամբողջ ընթացքին։ Երեխան այսպէսով կ՚իյնայ ստորակայութեան բարդոյթի ճիրաններուն մէջ։

Ստորակայութեան բարդոյթը անբաւարարութեան, անկատարելութեան գիտակցութենէ բխած գոյատեւելու պարտաւորութիւն է՝ չգոյութեան վախը։ 

Մարդիկ կան, որոնք իրենց վաղ տարիքին իրենք զիրենք անբաւ եւ անարժէք զգացած են, որու հետեւանքով ալ կը մատնուին «գերակայ» ըլլալու փափաքին։ Անոնք մեծ ջանքեր կը գործադրեն այս փափաքը որեւէ ճանապարհով կեանքի կոչելու համար։ 

Գերակայութեան զգացումը բոլոր մարդոց մօտ գոյութիւն ունի այնպէս, ինչպէս անարժէքութեան զգացումը։ Գերակայութեան զգացումը վտանգաւոր կ՚ըլլալ, երբ կը կորսնցնէ բնականոն ձեւը եւ ստանայ ախտաբանական (pathological) բնոյթ։ Այս պարագային մարդ ինքզինք կ՚ուզէ տեսնել որպէս ամենագերակայ էակը եւ կը փափաքի նաեւ, որ  ուրիշներ ալ զինք տեսնեն այնպէս, ինչպէս որ ան կը տեսնէ ինքզինք։ Ուրիշները կը դատապարտէ թշնամանքով, կը կարծէ, որ անոնք չեն կրնար ընդունիլ անոր գերակայութիւնը եւ այդպէս կը վարուին։ Այս պատճառով առողջ յարաբերութիւններ չի կրնար հաստատել իր շուրջիններուն հետ։ Ինչպէս կ՚երեւի՝ գերակայութեան զգացումը կը յառաջանայ անարժէքութեան զգացումէն, քանի որ մարդ ինքզինք անբաւարար կը զգայ եւ կ՚ուզէ գերակայ ըլլալ։ Մարդ արարած մըն է, որ կը կարօտի «մեծութեան» այնքան, որքան կ՚արհամարհէ ինքն իրեն։ Գերակայութեան բարդոյթը զգացող մարդոց մօտ նաեւ կ՚երեւի ստորակայութեան բարդոյթը։ Անոնք չեն սիրեր ուրիշները, միայն իրենց մտածելակերպը ճիշդ է անոնց համար… 

Ըստ Ատլէրի՝ մարդ ըլլալ կը նշանակէ անարժէքութեան զգացում ունենալ, քանի որ մարդիկ անզօր են բնութեան առջեւ եւ միտք ունին այս մէկը ըմբռնելու համար։ Ատլէր համաձայն է Քանթի հոգեկան խանգարման մասին ուսումնասիրութեան եւ կ՚ընդունի Քանթի այն յայտարարութիւնը, թէ բոլոր հոգեկան խանգարումներու հասարակաց կէտն է ողջախոհութեան կորուստը։ Ողջախոհութիւնը կարելի է ըսել կը նշանակէ ըլլալ տրամաբանական։ Առողջ դատողութիւնը, տրամաբանական ըլլալը կը պահանջէ, որ մարդ՝ որպէս ընկերային էակ, ըմբռնէ հասարակութեան հետ ներդաշնակ ապրելու անհրաժեշտութիւնը։  

Եթէ կեանքի մէջ կայ գործ մը, որմէ ոչ ոք կրնայ խուսափիլ, այդ ալ՝ անոր բազմաթիւ հարցեր լուծելն է։ Օրինակ՝ ուրիշներու նկատմամբ վերաբերմունքի, աշխատանքային, սիրային հարցեր, որոնց պարագային հիմնականը այն է, թէ այդ հարցերու վերաբերեալ անձի մը արձագանգը իր կեանքի պատասխանն է։ Կեանքը միշտ «կողմնորոշուած» է դէպի նուաճում, կատարելութիւն, յաջողութիւն. երբեք կարելի չէ մէկը կրթել պարտութեամբ կամ պայմանաւորել, որ ան պարտուի։

Ատլէր նաեւ կ՚ըսէ, թէ իր ուսումնասիրութիւններու սկիզբին ան մարդկութեան մէջ միասնութիւն գտած է։ Միասնութիւն ըսելով՝ ան մտքերու, զգացումներու, արարքներու, եւ իր անհատականութեան իւրաքանչիւր արտայայտութեան, գիտակցութեան եւ անգիտակից վիճակի միասնութիւնն է՝ անձնականութիւնը (ego):

Ատլէրի համաձայն՝ գիտակցութիւնը ենթագիտակցութեան արտացոլումն է։ Մարդ մը կատարելապէս ճանչնալու միակ ձեւը ոչ թէ իր ըրածներն են, այլ՝ անոր անգիտակից վարմունքներն ու խօսքերը, զգացողութիւնները։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2021