ԿՈՄԻՏԱՍ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ. ԾՆՆԴԵԱՆ 155-ԱՄԵԱԿ
Այս տարի յոբելենական է հայ երգահան, կատարող, երաժիշտ-ազգագրագէտ, երաժշտագէտ, խմբավար, բանահաւաք, ազգագրագէտ, բանաստեղծ, մանկավարժ, դասախօս եւ երաժշտական առաջին միջազգային ընկերութեան հիմնադիր անդամներէն մեկուն՝ Կոմիտասի համար. կը լրանայ անոր 155-ամեակը: Ինչպէս յայտնի է՝ հայ երաժշտագիտութեան երախտաւորը շրջան մը բնակած է Պոլիս: Հակառակ որ Կոմիտասի Պոլսոյ շրջանին անդրադարձներ շատ եղած են, բայց եւ այնպէս, միշտ ի յայտ կու գան նոր մանրամասնութիւններ:
Հայագէտ, արեւելագէտ, գրող, գրականագէտ, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ Յակոբ Սիրունի (Ճոլոլեան) 1965-1969 թուականներուն «Էջմիածին» հանդէսին մէջ, շարունակաբար կը ստորագրէ «Կոմիտասին հետ» խորագրով յօդուածաշարքը: Սիրունի, որ ծնած էր Ատափազար, 1901-ին ընտանիքին հետ Պոլիս կը տեղափոխուի, կը յաճախէ Պոլսոյ Էսայեան վարժարանը, կը շարունակէ ուսումը ու շրջանաւարտ կը դառնայ յաջորդաբար Կեդրոնական վարժարանէն՝ 1909-ին եւ Պոլսոյ համալսարանի իրաւագիտական բաժնէն՝ 1913-ին։ Ան նշանակալից գործունէութիւն ծաւալած էր Պոլսոյ մէջ եւ քաջածանօթ էր հայկական կեանքի մանրամասնութիւններուն:
1922 թուականին, քաղաքական պատճառներով, կը լքէ Պոլիսը ու կը հաստատուի Ռումանիա, ուր նոյնպէս յատկանշական գործունէութիւն կ՚ունենայ: Պոլսոյ մասին հրատարակած է «Պոլիս եւ իր դերը» հինգհատորեայ աշխատութիւնը: Նոյնպէս 1960-ականներուն «Էջմիածին» ամսագրին մէջ լոյս կը տեսնեն իր ուսումնասիրութիւնները՝ Եղիշէ Արք. Դուրեանի, Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի, Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի եւ ուրիշներու մասին։ Ժամանակին հրատարակած էինք «Կոմիտասին հետ» շարքի մէկ մասը: Կոմիտասի 155-ամեակի առթիւ կու տանք մէկ մաս եւս.։
ԲԱՆԿԱԼԹԻԻ ՕՃԱԽԸ
ՅԱԿՈԲ ՍԻՐՈՒՆԻ
Հայ մտաւորականութիւնը Պոլսոյ մէջ կ՚ապրէր տարտղնած: Նախ խորթ էին իրարու մեր մտաւորականները: Կուսակցական կիրքերու ամենէն բռնկած տարիներն էին ու հոգեպէս իրարմէ ուծացած կ՚ապրէին մեր գրողներն ու արուեստագէտները:
Յետոյ սկիզբէն ի վեր մտաւորականութիւնը զուրկ եղած էր սեփական օճախէ մը, ուր հաւաքուեր, ըսեր ու լսեր, թարմանար:
Մատենադարան՝ Պոլիս երբեք ունեցած չէր, այդ բառին նոր օրերու իմաստովը: Թաղերու մէջ կազմուած զանազան ընթերցարանները խամրած էին Համիտի օրով, իսկ ապա կուսակցական հաւաքատեղիներու վերածուած էր զանոնք:
Ազգային մատենադարան շողշողուն անունին տակ գիրքերու համեստ կոյտ մը ունէր միայն Պոլիսը: Յակոբ Արշակի օրով հիմնուած 1880-ական թուականներուն՝ Համիտի ամբողջ շրջանին կղպուած կը մնար Ղալաթիոյ խորհրդարանի դարակներուն մէջ՝ Բաբգէն Վարդապետի հսկողութեան տակ, Սահմանադրութենէն յետոյ փոխադրուելու համար Բերա, միշտ դարակներու մէջ կղպուած, այս անգամ Արամ Անտոնեանը, յետոյ ալ Գէորգ Մեսրոպը ունենալով իբրեւ պահակ: Բոլոր փորձերը զայն մեր օրերուն պատշաճեցնելու եւ անոր շուրջ կեանք ստեղծելու՝ անպտուղ անցան եւ ան շարունակեց դիակ մը մնալ մինչեւ որ հայ արուեստի տունը հոն հաստատեց իր կեդրոնը 1921-ին, վաղանցուկ ոգեւորութիւն մը ստեղծելու համար հոն: Այնպէս որ Պոլսոյ հայ մտաւորականութիւնը քով քովի գալու հնարաւորութենէն զրկուած էր ի սպառ: Հաւաքավայր մը չունէր, եթէ ունենար ալ հաւաքուելու փափաքը չկար մարդոց մէջ: Միակ ժամադրավայրը, որ կրնային հայ գրողներն ու արուեստագէտները զիրար տեսնել՝ թերթերու խմբագրատուներն էին, ինչպէս եղեր էր երբեմն Համիտի շրջանին ալ: Բայց կիրքով այնքան բռնկած էր Պոլիսը այն տարիներուն, որ ամէն խմբագրատուն իր ուրոյն այցելուն ունէր ու իր սեփական համակիրները, որոնք դուրսը իրարու բարեւ ալ չէին տար: Հայ գրողները կը խրտչէին իրարմէ: Գրական լուրջ թերթ մը չկար, որ համախմբէր բոլոր ուժերը հաւաքական ճիգի մը շուրջ: Եղածներն ալ աջէն ու ձախէն մուրացուած յօդուածներու անարիւն փունջեր էին լոկ, որոնք ազատուած էին շարժում մը ստեղծելու, գոնէ հոգեկան կապ մը դառնալու հայ գրչի եւ արուեստի մարդոց միջեւ: Մրրիկ մը զատեր էր մեզ բոլորս ու ամէն օր աւելի եւս կը զատէր: Հայ հրատարակչական ընկերութիւն մը կազմելու գաղափարն անգամ, որ պահ մը ոգեւորեց Պոլիսը 1910-ին, երկու ճակատի վերածեց հայ մտաւորականութիւնը՝ երկու տարբեր հրատարակչականներու միջեւ բաժնելով զանոնք, մէկ կողմին տալով Գրիգոր Զօհրապը, Եղիշէ Դուրեանը, Ռուբէն Զարդարեանը, Երուխանը, Մելքոն Կիւրճեանը, Զապէլ Եսայեանը եւ միւսին՝ Տիգրան Կամսարականը, Չիֆթէ Սարաֆը, Երուանդ Օտեանը ու արդիւնքը այն եղաւ, որ վերջիններուն փորձը չծնած չորցաւ, մինչ առաջինները այնքան աղմուկէ յետոյ միակ գիրք մը լոյս ընծայեցին ու ցրուեցան անոնք ալ ի սպառ:
Ու ահա Կոմիտաս արդէն մեր մէջն է: Բնակարանը, զոր ան ունեցաւ Բանկալթիի հայ գերեզմանոցին ճիշդ դէմը՝ հայ մտաւորականութեան համար հոգեկան ապաստան մը եղաւ առաջին օրէն: Ան կարծես եղբայրացուց մեզ բոլորս: Հոն իրարու սկսան հանդիպիլ հայ մտաւորականութեան տարբեր հատուածները՝ այլեւս իրարմէ առանց խրտչելու: Այն օրերու մեր բարքերուն մէջ հրաշք մըն էր աս, զոր մինչեւ այսօր ալ մարդ չի կրնար առանց յուզումի յիշել:
Կոմիտասի բնակարանը հայ մտաւորականութեան համար տեսակ մը օճախ դարձաւ այսպէս: Քաջալերուած այն սրտաբաց վերաբերմունքէն զորս Կոմիտաս ցոյց կու տար բոլորին հանդէպ՝ շատերը այցի կու գային անոր, օրուան որեւէ ժամուն: Ու հոն զիրար կը գտնէին մարդիկ, որոնք դուրսը իրարու կը զլանային իրենց բարեւը: Հաղորդական այն հոգին, որ Կոմիտասինն էր, սիրտէ սիրտ կը փոխանցէր իր ջերմութիւնը:
Ու դիպուածը Կոմիտասի բնակակից ըրած էր ուրիշ մեծ արուեստագէտ մը, որ նկարիչ Թերլեմեզեանն էր: Արուեստի երկու մեծ դէմքեր միեւնոյն կտուրին տակ եղբայրաբար կ՚ապրէին այսպէս, իրենց հասարակաց հմայքով ուխտավայրի մը վերածելով Կէօչէօղլիներուն պատկանող այս շէնքը Բանկալթիի պողոտայի վրայ, հայոց երբեմնի գերեզմանատան ճիշդ դէմը՝ հայաշատ ամբողջ թաղ մը ունենալով կռնակը:
Ողջամիտ, որքան շատ քիչերուն տրուած է ըլլալ մեր արուեստագէտներէն, խրոխտ՝ իր արուեստագէտի եսին մէջ, յանձնապաստան սեպուելու աստիճան, անկեղծ իր դատաստաններուն եւ արտայայտութեանց մէջ, ինչ որ կոպտութեան պիտի վերագրէիր, եթէ տեղին չըլլային անոնք, Փանոս Թերլեմեզեան ուրոյն տիպար մըն էր արուեստագէտի: Սահմանափակ էր անշուշտ իր տեսական պաշարը եւ համեստ՝ արտայայտուելու իր ձիրքը: Բայց փոխարէն որքան ողջախոհ էր ան իր մտածումներուն ու իր արուեստին մէջ: Ան, եթէ յարգանք կը պարտադրէր դիմացինին՝ իր տաղանդի ուժովը, զայն իրեն կը կապէր միեւնոյն ատեն՝ իր խօսքին պարզութեամբն ու անկեղծութեամբը:
Կոմիտասի բնակարանը այլապէս ալ արուեստի բոյն մը կը դառնայ շաբթուան գրեթէ բոլոր օրերուն: Թերլեմեզեան եւս իր ամենօրեայ այցելուները ունէր եւ իր աշակերտուհիները՝ որոնք շէնքը կը լեցնէին տարբեր եռուզեռով մը, ու երկիւղածութեամբ կը տոգորէին սովորական այցելուն, որ շուարած կը մնար պահ մը: Սենեակէ մը դաշնամուրին ձայնը կու գար կամ քրքիջներու հեղեղը, ուրիշ սրահի մէջ ներկերը կը խաղային պաստառին վրայ, երբեմն խառնուելով վարպետի քրթմնջիւններուն, որոնք կը բխէին վանեցիի անբուժելի հագագէն: Ի՞նչ հարկ ուրիշ քոնսերվաթուարի. անոր մանրանկարը կար արդէն եւ ան առայժմ բաւ էր մեզի:
Ու, երեւակայեցէք, ի՛նչ կ՚ըլլար եռուզեռի այս բոյնը, եթէ Շահմուրատեանն ալ գար բնակակից դառնալու երկու մեծ վարպետներուն: Արդարեւ, նոյն այս շէնքի մէջ կ՚ապրէր Մշոյ սոխակը եւս ամէն անգամ, որ Պոլիս ըլլար: Արմենակ Շահմուրատեան նոր ոգեւորութիւն կը բերէր հետը ու նոր եռուզեռ, ու բնական է՝ նոր այցելուներ: Երեք կը դառնային հիմա աղմկարարները, որոնք մրցումի կ՚ելլէին իրենց կատակներով ու հեգնութիւններով ճաշի պահերուն, երբ մանաւանդ դուրսէն հիւր մը մասնակից ունենային իրենց հասարակաց սեղանին:
Վաղուց է կար հոգեկան կապը հայ երգի երկու վարպետներուն միջեւ՝ վարպետի եւ աշակերտի կապ: Տարիներ յետոյ, երբ Կոմիտաս աչքերը ընդմիշտ կը փակէ, կը գրէր Շահմուրատեան.
«Կը ճանչնամ Կոմիտաս Վարդապետը աշակերտութեանս շրջանէն, իրեն աշակերտած եմ Գէորգեան ճեմարանին մէջ: Ջղային էր ու բարկացոտ, իր նկարագրի այս գիծը երեւան կու գար մասնաւորաբար արբունքի շրջանէն վերջ: Եւ սակայն օժտուած էր կամքի ուժով մը, որով կը զսպէր իր պոռթկումները:
«…Շատ անգամներ միասին եղած ենք Կոմիտասի հետ, Պոլիս, Փարիզ, Ժընեւ, Լոզան, Անգլիա: Շէնշող էր, կատակաբան եւ շատ ընկերական: Գիտէր զսպել իր բարկութիւնը ինչ պատճառ ալ ունենար: Երբեք շահամոլ չէր, դրամին յարգը չէր գիտէր»:
Շահմուրատեան, հակառակ գոռոզութեան, զոր իր տաղանդը ներշնչեր էր իրեն, ինքզինք միշտ աշակերտ սեպեց Կոմիտասին: Անոր յարկին տակ միշտ առիթ ունէր, եթէ ոչ սորվելու, գոնէ թարմանալու: Ինչպէս չթարմանար արուեստագէտ մը այս մթնոլորտին մէջ:
Շահան Պէրպէրեան, որ մէկը եղաւ խանդավառութեան մեր օրերու ամէենէն ջերմ ոգեւորուողներէն եւ ոգեւորիչներէն, սապէս կը բնութագրէ մթնոլորտը, զոր Կոմիտաս իր շուրջը ստեղծեց Պոլսոյ մէջ:
«Կու գայ Պոլիս, ու այլեւս ժողովրդական խանդավառութեան ծովի մը մէջէն յաղթական ընթացք մըն է իրը: Այս այն շրջանն է, ուր վարդապետը կը բազմապատկէ կարծես ինքզինքը՝ հասնելու ամէնուր եւ ինչ բանի մէջ որ իր առաքելական կոչումը կը կանչէր զինքը՝ Պոլիս, Իզմիր, Եգիպտոս, դարձեալ Փարիզ ու դարձեալ Պոլիս իր համերգներն ու դասախօսութիւնները, իր անձը ինքնին կը տարածեն անպատմելիօրէն սրտազեղ մեծ ոգեւորութիւնը, որ ազգային կեանքի վերադարձած գարունի այդ շրջանին իր բուն դիմագիծը կը հագցնէ:
«Ֆրանսական ու ռուսական նորագոյն երաժշտութեան հետ իր շփումը նոր ու գերագոյն կատարելութիւն մը բերած է հիմա իր ստեղծագործութիւններուն: Ու Պոլսոյ իր բնակարանին մէջ, զոր կը բաժնէր նկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանին հետ, եւ որ պոլսահայ մտաւորականութեան հայ արուեստի օճախ մըն էր դարձած, համերգներու պատրաստութեան բոլոր յոգնութիւններէն յետոյ, անդադրում իր աշխատանքներէն հայ երաժշտագիտութիւնը կառուցանելու, հիմնելի հայ երաժշտանոցի մը իբր գաղափարական խարիսխ, իր աշակերտներուն հասնելու, հայ ֆոլքլորը եւ եկեղեցական երաժշտութիւնը նորագոյն եւ գեղեցկագոյն գործերով օժտելու: Կը սկսի նաեւ երաժշտութեան մէջ իր անձնական գործը բերելու աշխատանքներուն, «Անուշ»ին վրայ օփերայի մը պատրաստութեան»:
Կոմիտաս իր բնակարանը այցելութիւնը յաճախ կ՚ընդունէր նաեւ Պոլսոյ օտար երաժշտագէտներուն, որոնցմէ էին Ֆուրլանին, Սելվելին, Հէկէն, Լանկէն, Կոոպին, ինչպէս նաեւ հրապարակին վրայ ծանօթ երկու հայ արուեստագէտներուն՝ Յարութիւն Սինանեանի եւ Էտկար Մանասի:
Ու զարմանալի չէր ուրեմն, եթէ մթնոլորտը, որ Կոմիտասի տան մէջ կը տիրէր, հանգուցիչ բան մը ունենար հայ մտաւորականներու համար: Եւ առիթը կը փըտռէին բոլորը թարմանալու երթալ հոն: Հոն կը հանդիպէիր Վարուժանին ու Սիամանթոյին, Զարեանին ու Սեւակին, Շահան Պէրպէրեանին ու Չէօկուրեանին, Լեւոնեանին ու Նազարեանցին, վրձինի ու բեմի մարդոց եւ դեռ շատերու: Խօսքը չենք ըներ դեռ դուրսէն եւ մանաւանդ Կովկասէն եկողներուն, որոնք մեծ մասամբ իր մտերիմներն ալ էին. ինչպէս՝ Գարեգին Վրդ. Յովսէփեանը, Եղիշէ Թադէոսեանը, Աւետիք Իսահակեանը կամ Վրթանէս Փափազեանը եւ որոնց ժամադրավայրը նոյնպէս Կոմիտասի բնակարանն էր:
Կոմիտաս իր պատուհանէն միշտ կը դիտէր «Հոգեւոր Տէրը»: «Հոգեւոր Տէրը» Յակոբ Դ. Ջուղայեցի կաթողիկոսն էր, որ աչքերը փակած էր Պոլսոյ մէջ, երբ հոնկէ կ՚անցնէր հայ ժողովուրդի արցունքն ու դատը Արեւմուտք տանելու համար: 1680-էն ի վեր ուխտատեղի մը դարձեր էր իր գերեզմանը Պոլսոյ հայութեան համար, ու աւելի կը բորբոքէր զայրոյթն անոր մէջ ամէն անգամ, որ գերեզմանոցը կը փորձէին խլել իրմէ: Կոմիտասը քանի անգամ տեսած եմ ման եկած ատենը գերեզմանատունը ու անոր երկիւղածութեան պահերը՝ Հոգեւոր Տիրոջ շիրիմին առջեւ…
*
ԱՆՇՇՈՒԿ ՄՏԱՒ ՊՈԼԻՍ…
Կոմիտաս անշշուկ մտաւ Պոլիս։ Ոչ ոք լուր ունեցաւ իր ժամանումէն։ Անցած էր վաղուց գինովութեան մեր այն շրջանը, երբ Կովկասէն եկողները ծափով ու ծնծղայով կը դիմաւորէր Պոլիսը։ Ծիծաղելի այդ զոյգ տարիէն յետոյ, ի՜նչ դէմքեր աննշմար պիտի մտնէին այլեւս Պոլիս, ու պիտի չգիտնայինք երբեք, եթէ մեր թերթերը երկու տողով լուր տուած չըլլային անոնց մասին։
Այդպէս մեզի եկաւ Կոմիտաս։ Ոչ թերթերուն խմբագրատուները պտտեցաւ, ինչպէս իրմէ առաջ շատերն ըրին, ոչ ալ աղմուկ ստեղծել ուզեց շուրջը։ Միակ այցելութիւնը,- վտանգաւոր այց այն օրերուն,- ան տուաւ Օրմանեանին, որ իր դաստիարակն էր եղեր ճեմարանին մէջ եւ որ այդ պահուն կը ճգնէր Ըթըր փողոցի իր բնակարանը, ամբաստանութեանց բեռը ուսին։
Կոմիտաս իսկոյն վազեց, գնաց Քէօթահիա։ Տարիներ առաջ ան անգամ մը այցի եկեր էր իր հայրենիքը։
Կարօ Ուշագլեան, ակնարկելով Սողոմոն սարկաւագի 1892-ի այդ այցին, կը գրէ․
«Ըսին, որ կու գայ։ Կրօնաւորի տարազով, մեր դպրոցի սրահէն ներս մտաւ դեղին մօրուքով, սիրուն, աշխոյժ, ժպտադէմ երիտասարդ մը։ Մենք, փոքրիկ մանուկներ, տակաւին նոր կոխած դպրատան սեմը, իրար անցանք։ Երկու ընկերներ, կ՚երեւայ ամենէն երկչոտներս, պահուըտեցանք նստարանին տակը։ Տեսաւ եւ ծռելով ժպտեցաւ մեզի։ Օ՜, որքա՜ն ամչցանք։ Լաւ չեմ յիշեր ինչ ըրինք։ Ելա՞նք մեր թաքստոցէն, թէ՞ մնացինք հոն։ Շատ փոքր էի։
Եկեղեցւոյ մէջ, կրօնական արարողութիւններուն կը մասնակցէր։ Կ՚երգէր․ ի՜նչ անուշ ձայն։ Աւետարան կը կարդար…
Դուրսը, երբ զինք կը պատուասիրէին ընտանիքներուն մէջ, կ՚երգէր ազգային, կէս-կրօնական եւ այլ երգեր:
1966 թիւ. «Էջմիածին» հանդէսէն թուայնացուց՝ ԺԱՄԱՆԱԿ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ