ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ (1851- 1908)

Եղիա Տէմիրճիպաշեան, արեւմտահայ գրող, բանաստեղծ եւ փիլիսոփայ: Ծնած է 8 մայիս 1851-ին, Խասագիւղի մէջ, Պոլիս:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Օհաննէս Պատուելիի դպրոցէն ներս, ապա Խասագիւղի «Ներսէսեան» վարժարանէն ներս: Այստեղ աշակերտած է Թովմաս Թէրզեանին եւ Մատաթիա Գարագաշեանին: Իր դասընկերներէն եղած են Մինաս Չերազն ու Ռեթէոս Պէրպէրեանը:

1866-ին փոխադրուած է Նուպար փաշայի հիմնած «Նուպար-Շահնազարեան» վարժարանը: Ուսանելու կողքին, կրտսեր դասարաններուն դաս տուած է:

1870-ին Բարձր Դռան տպագրութեան դիւանին անդամ եղած է:

Տէմիրճիպաշեանի մօտ վաղ տարիքէն յայտնի եղած են մելամաղձոտութիւնն ու յոռետեսութիւնը, ինչ բանը միշտ մտահոգութեան պատճառ եղած է իր մօր եւ ազգականներուն: Անոնք, 1874-ին զգալով, թէ ան կը մտածէ անձնասպանութեան մասին, զինք ղրկած են Ֆրանսա, Մարսէյլ, որպէսզի հոն ուսանի Առեւտրական բարձրագոյն վարժարանէն ներս: Ուսանելու փոխարէն սակայն, ան մի քանի համարներ հրատարակած է «Le Moniteur Litteraire et Financier de Marseille» շաբաթաթերէն, նպատակ ունենալով հայութիւնը ներկայացնել Արեւմուտքին:

Ֆրանսա եղած ժամանակ խորապէս ուսումնասիրած է դրապաշտ (positivist) փիլիսոփաներուն երկերը: Ծանօթացած է Ֆրանսայի նշանաւոր գործիչներուն, ինչպէս նաեւ այցելած է Վիքթոր Հիւկոյին:

1876-ին վերադարձած է Պոլիս: Անդամակցած է Կրթական նախարարութեան թարգմանութեանց դիւանին: Այս շրջանին հրատարակած է շարք մը գիրքեր. ինչպէս՝ «Դամբարան»ը, 1879-ին, «Փիլիսոփայական բառարան» փոքր հատոր մը՝ դարձեալ 1879-ին, որ խորհրդածական բնոյթ կրող ամփոփ գրութիւններու, աւելի ճիշդ բառերու բացատրութիւններու հաւաքածոյ մըն է:

1880-ին կանոնաւորապէս աշխատակցած է Կարապետ Իւթիւճեանի հրատարակած «Մասիս»ին:

Որոշ ժամանակ մը զբաղած է ուսուցչութեամբ: Կարճ ժամանակով մը եղած է նաեւ տնօրէն: Մոլի ընթերցասէր մը եղած է:

1880-1895 երկարող ժամանակաշրջանը համարուած է Եղիա Տէմիրճիպաշեանի գրական-ստեղծագործական ամենէն բեղուն շրջանը:

Յունուար 1883-էն մինչեւ 1889-ը, հրատարակած է «Գրական եւ իմաստասիրական շարժում» թերթը:

1884-ին, Գրիգոր Զօհրապի խորհուրդով Տէմիրճիպաշեանին յանձնուած է Ասիական ընկերութեան «Երկրագունդ» գրական եւ գիտական պարբերականը:

1886-1887 տարիներու ընթացքին մի քանի ամիս խմբագրած է Արեւելեան տնտեսագիտական միութեան «Տնտես» պարբերականը: Իսկ 1889-ին, մէկ թիւով լոյս տեսած է անոր կազմած ու խմբագրած «Դար» հանդէսը: Խմբագրած է նաեւ «Շարժում» պարբերականը:

Տէմիրճիպաշեան իր արձակ գրութիւններուն եւ հրապարակախօսութիւններուն կողքին գրած է նաեւ քերթուածներ:

Տէմիրճիպաշեան հեղինակած է նաեւ ֆրանսերէն-հայերէն բառարան մը, որ լոյս տեսած է մի քանի անգամ՝ 1886, 1894, 1896 եւ 1930-ին:

1890-էն ետք ընտանեկան դժբախտութիւններ մէկը միւսին ետեւէն կու գան խախտելու Եղիայի ներաշխարհը եւ իր մտերիմները հազիւ կը կարենան փրկել զինք անձնասպանութեան փորձէ մը: 31 յուլիս 1890-ին կը կորսնցնէ իր մայրը եւ առանձին կը մնայ:

Մինչեւ 1893 թուականը Տէմիրճիպաշեան դասաւանդած է փիլիսոփայութիւն, փիլիսոփայութեան պատմութիւն, պատութեան փիլիսոփայութիւն, հին եւ նոր գրականութիւններու պատմութիւն, մանկավարժութիւն, գեղագիտութիւն եւ հոգեբանութիւն:

1895-ին կը կապուի օտար կնոջ մը հետ՝ հունգարացի Էլէն Նիսըն, որ կը դառնայ իր կեանքին ուղեկիցը եւ որու շնորհիւ Եւրոպա կը ճամբորդէ, նախ Ժընեւ եւ ապա Վիեննա: Սակայն, Պոլսոյ կարօտը զինք դարձեալ տուն կը բերէ:

Պոլիս վերադարձէն ետք, Տէմիրճիպաշեանի արդէն իսկ վատ առողջութիւնը ա՛լ աւելի կը քայքայուի (1901) եւ մօտ մէկ տարի հիւանդանոց կը մնայ:

Հիւանդանոցէն դուրս գալէ ետք Էլէնը հոգատարութեամբ կը խնամէ զինք: 19 յուլիս 1908-ին, Էլէնի կարճատեւ բացակայութեան մը ընթացքին, իր ուժերը լարելով անձնասպան կ՚ըլլայ:

Կը թաղուի Պոլսոյ մէջ:

 

Եղիա Տէմիրճիպաշեանը ձգած է հարուստ ժառանգութիւն մը, այսպէս.

- Նոր կեանք, Պոլիս, 1879:

- Գրական եւ իմաստասիրական շարժում, Կ. Պոլիս, 1882:

- Գրպանի բառարան հայերէնէն գաղղիերէն, Կ. Պոլիս, 1894, 412 էջ:

- Բառարան ֆրանսերէնէ-հայերէն, Կ. Պոլիս, 1896, 936 էջ:

- Ազգագրութիւն Տէմիրճիպաշեանց, Վիեննա, 1900:

- Պետական վերանորոգութիւնն ու հողային հարցը, Կ. Պոլիս, 1910, 68 էջ:

- Սիրային նամակները (1886-1889), Կ. Պոլիս, 1910, 100 էջ:

- Սիրային նամակները (1886-1889), Կ. Պոլիս, 1911, 100 էջ:

- Գրպանի բառարան հայերէնէն գաղղիերէն, Կ. Պոլիս, 1925, 376 էջ:

- Բառարան ֆրանսերէնէ հայերէն, Կ. Պոլիս, 1930, 1197 էջ:

- Արձակ էջեր: Նամակներ: Քերթուածներ, Փարիզ, 1955, 464 էջ:

- Երկեր, Երեւան, 1986, 536 էջ:

- Հրայրք մութին, Իսթանպուլ, 2008, 328 էջ:

- Անգեղն երգ (բանաստեղծութիւններ), Երեւան, 2015, 448 էջ:

***

Յովհաննէս Աւագեան իր «Գրական դէմքեր. Տպաւորութիւններ եւ նշմարներ» աշխատասիրութեան մէջ, կը գրէ.

* Հայ գրողներու մէջ դժուար թէ կարելի ըլլայ գտնել մէկը, որ ա՛յնքան ինքնատիպ եղած ըլլայ, այնքան օրիժինալ, որքան՝ Տէմիրճիպաշեան: Սովորական նիւթերու, սովորական ձեւերու, սովորական բացատրութիւններու վարժուած հին կամ իրեն ժամանակակից գրողներու աչքին արտակեդրոն դէմք մըն էր Տէմիրճիպաշեան, որ Աւետարանի պատգամը լայն գիծերու մէջ գործնականացնելու համար, Զատկի առաւօտով մուրիկի մը կերպարանքը կ՚առնէր ու իրենք իրենց մէջ ամփոփուած հարուստներու խղճէն ծանր քար մը, Աւագ ուրբաթի խաչ մը կը կախէր:

Տէմիրճիպաշեան հազիւ կարեւորութիւն կ՚ընծայէր ժամանակի, միջավայրի ու պատշաճութեան ըմբըռ-նումներուն, որոնք առ հասարակ կը կառավարեն առօրեայ նիւթերով զբաղող գրիչները: Ինք քմահաճոյքներու մարդն էր յաւէտ եւ առաւելապէս անոնք էին, որ կը վարէին զինքը:

Գրական ամէն սեռերն ալ փորձած է Տէմիրճիպաշեան: Գրած է արձակ եւ ոտանաւոր քերթուածներ, վէպիկներ, ճառախօութիւններ, դամբանականներ, օրագրական էջեր, քննադատականներ, նամակներ եւ այլն, եւ այլն: Ասոնց ամենուն մէջ, սակայն, հաւասար տաղանդ ցոյց տուած չէ: Իր վէպիկները արժէքէ զուրկ են. անոնց մէջ նկատողութեան արժանի տիպեր, վերլուծութիւններ, պատկերացում չկան: Իր քննադատութիւնները զուրկ են լրջութենէ, խոհականութենէ, եզրակացութիւններու յանգելու համար անհրաժեշտ եղող աշխատութեան ու պրպտումի դրոշմէ: Իր ճառախօսութիւններու մէջ երբեմն թռիչ կ՚առնէ մտածումը եւ սակայն անոնք յաճախ այնքան ծանրաբեռնուած են արտակարգ քոմփլիմաններով, որ պատահական թռիչն իսկ՝ հարկադրեալ՝ կը բանտարկուի անձուկ սահմաններու մէջ: Զինքը աւելի կը գտնենք իր օրագրական էջերուն, իր նամակներուն եւ որոշ չափով ալ իր դամբանականներուն մէջ, զոր կարդալ անհրաժեշտ է, Տէմիրճիպաշեանը վերլուծել ջանալէ առաջ: Իսկ Տէմիրճիպաշեանի իսկական տաղանդին հանդիսատես ըլլալու ու անոր գրչին գերազանց հմայքը վայելելու համար պէտք է դիմել իր չափածոյ, այլ մանաւանդ արձակ քերթուածներուն, որոնց հաւասարը դժուար է գտնել մեր դպրութեան մէջ:

Տէմիրճիպաշեան եղած է արտակարգօրէն յոռետես գրող մը: Անհարկի վախ մը պզտիկուց բռնակալած էր զինքը եւ վերջէն, Շոփենհաուրէն ու Լիգոէէն ըրած ընթերցումները իր մէջ ծնցուցին իմաստասիրական կասկածը, որուն չկրցաւ դիմանալ իր զաղփաղփուն կազ-մըւածքը: Եւ ինք, որ իր նախորդներէն ու ժամանակակիցներէն տարբեր ուղղութեամբ մը ընթանալու համար ճամբայ ելած էր, ատեն եղաւ, որ անիծեց բանաստեղծութեան իր շուրթներուն մատուցած օշարակը ու նզովքներու ամենէն դառնը կարդաց այն իմաստասիրութեան հասցէին, որ իր իսկ համոզումովը, դահիճն էր հանդիսացեր իր «հոգւոյ թռիչներուն եւ առ Աստուած սլացումներուն» եւ անուշահոտութեանց ու ներդաշնակութեանց մէջ փթթած իր կեանքը դառնացուցած եւ ատելի կացուցած էր: Այս գիտակցութիւնն իսկ, լաւատեսութեան չմղեց զինքը ու Տէմիրճիպաշեան եղաւ միշտ դժգոհ կեանքէն: Երերուն, դեղեւկոտ, դանդաջոտ գնացք մը եղաւ իրենը՝ որուն ոտներուն տակ գետինը կը շարժէր եւ որուն գանկին մէջ զգացումները գոյն ու ձեւ կը փոխէին յարաժամ:

Գեղընտիր արձակագիր մըն է Տէմիրճիպաշեանը, որ նրբացած ճաշակն ունի բառերու խնամոտ ընտրութեան եւ քաջ գիտէ ներդաշնակութեան, հնչականութեան օրէնքը գործնականացնելու եղանակը: Անիկա ոչ միայն ամբարած ունի ճոխ ու ընտրեալ բառամը-թերք մը, այլ եւ ի հարկին կը բառաստեղծէ: Ոճի երաժշտականութիւնը շեշտող այլազան երանգներու անհրաժեշտութիւնը տուն կու տայ իրեն այնպիսի բառերու, որոնք բառարանի էջերէն եւ կամ իր իսկ գանկի խորերէն ինքնաբերաբար կու գան, կը հոսին թուղթին վրայ: Նուագաւոր ոճի վարպետն է Տէմիրճիպաշեան, որուն արձակ քերթուածները ինքնին գլուխ գործոցներ են թէ՛ խնամեալ ձեւի եւ թէ միանգամայն խորքի, իմաստի, բովանդակութեան:

Տէմիրճիպաշեան ներկայանալի է ոչ միայն որպէս կարող գրագէտ մը, այլ եւ մաքրակենցաղ դէմք մը՝ որ իր բազում գրամարտերու մէջն իսկ, մնացած է չափաւորութեան ու վեհանձնութեան սահմաններուն մէջ: Անիկա, առանց մասնաւոր հով տալու ինքզինքին, գիտէր շատ վերէն նայիլ նախանձոտներու ու չարակամներու ճղճիմութիւններուն վրայ եւ աղերսել.- «Տէ՛ր, թող դոցա զի ոչ գիտեն զինչ գործեն»:

Տէմիրճիպաշեանի մշակած ելեւէջող գրականութեան մէջ բան մը կայ, դժուարասահմանելի, անանուն ինչ մը՝ որով կը թովուի մարդ եւ կը զգայ, թէ սովորական տաղանդ մը, հասարակ դէմք մը չէր անիկա: Տարակոյս չիկայ, թէ Եղիայի գրականութիւնը՝ հակառակ իր ծայրայեղօրէն անձնական հանգամանքին ու մռայլօրէն յուսահատ թախծութեան, երկար ատեն պիտի դիմանայ ժամանակի անողոք հարուածներուն: Ա՛յդքան ինքնաբուխ, ա՛յդքան հաղորդական, ա՛յդքան նուագաւոր գրականութիւն մը չի կրնար մեռնիլ ցորչափ Օգտակար գերադասող մարդերու կարգին կը գտնը-ւին նաեւ Գեղեցիկը որոնող ու անով հրճուող հոգիներ («Գրական դէմքեր. Տպաւորութիւններ եւ նշմարներ», Նիւ Եորք, 1925, էջ 10-12, 14):

***

Գրիգոր Զօհրապ, որ մօտ եղած է Եղիա Տէմիրճիպաշեանին, առիթով մը այսպէս կը գրէ անոր մասին.

* Տարի մը կայ որ Եղիա Տէմիրճիպաշեան սրդողած էր ամենուս հետ, մարդոց ու Աստուծոյ դէմ. իր շուրջը եռացող գրական գործունէութիւնը՝ այս զարտուղութեան ոգին անգործունէութեան, իր բառով, գործատեացութեան տարած էր. այս դադարը՝  dolce far nieneի հաշտութեան համար չէր. կը կարծեմ որ իր հանգիստը ուրիշներու վաստակէն շատ աւելի տաժանելի էր։

Գացինք գտանք զինքը, գտանք իր մոլորուած ակնարկը, իր սեւեռած միտքը, իր ժխտական իմաստասիրութիւնը զոր Եղիան չճանչցողները միայն՝ մառախուղի մէջ ծրարուած կը կարծեն։

Խօսեցանք, վիճեցինք ու կռուեցանք ինչպէս կը պատահի երկուստեք յամառ մարդերու մէջ. այդ օրէն միտքս դրի վրէժ լուծել իրմէ, իր իմաստասիրութենէն, իր խուսափող, պահուըտող, սրդողող մարդու քմահաճոյքներէն…:

 

Իսկ ուրիշ տեղ մը, Զօհրապ դարձեալ կը գրէ.

* Ամենուս համար՝ Տէմիրճիպաշեան, իբրեւ արձակագիր, մէկ հատիկ է հիմակուան հայ դպրութեան մէջ. իր հատուածներու ձեւը՝ շատ անգամ երկարաձիգ, բառերու ընտրութիւնը՝ շատ անգամ ծայրայեղ խնամքով ու հոգածութեամբ ի յայտ եղած, գոյներու խայտաճամուկ երանգները, իր եզական տաղանդին յատկանիշները պիտի մնան։

Իր գրուածոց ճոխութիւնը՝ դեռաբուսիկ հարուստի մը աղմկալից ճոխութիւնը չէ, այլ վաղնջական ազնը-ւականի մը գեղեցկագիտական ոճն ու տարազը։

Կարմիրը, կանանչը, դեղինը չեն տիրապետեր իր պատկերներուն մէջ. վրձինը միշտ գովելի զգուշութեամբ մը՝ կը խուսափի այդ պոռացող գոյներու սաստկութենէն. գրագէտին բոլոր նկարագիրը ճերմակին ու սեւին մէջ կը տարուբերի, մէկէն միւսը կը շրջի շարունակ. այս նկարիչը՝ սթոմբ մը ունի իր մատիտին քով եւ այսչափ միայն։

Եւ ի՞նչ պահեմ. այս կէս-ստուերը կը պատշաճի իր գունաթափ ճակտին ու վայելչապէս կ՚ընդգրկէ անոր մռայլամած սիրահարի դէմքը։

Սիրահարի՞։

Տէմիրճիպաշեան ալ սիրոյ արկածեա՞լ մըն է արդեօք. ո՞վ գիտէ։ Ոչ ոք կեանքի ունայնութիւնը, պատրանքին թողած դառնութիւնը իրեն չափ հզօր կերպով զգացած է. եւ կը սպասեմ որ վաղը ելլէ այն անկեղծութեամբ, որ իր գրական նշանաբանն է, խոստովանի իր յոռետես վարդապետութեանց՝ ռամիկ, սովորական եւ արդէն իսկ կէս մը գուշակած սկզբնապատճառը։

***

Յակոբ Օշական իր «Համայնապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» չորրորդ հատորին մէջ, այսպէս կը նկարագրէ Եղիա Տէմիրճիպաշեանը.

* Այս անունին տակ արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւնը թերեւս կը գտնէ այն տարօրինակ պատմութիւնը, որով ամբողջ երկու սերունդի իմացական, հոգեկան բոլոր մասնայատկութիւնները կը ներկայանան արտակարգ վստահութեամբ մը կերպարան-ւած։ Ստոյգ է որ այդ երկու սերունդները (Զարթօնք, Ռոմանթիքներ) չեն նուաճելի իրենց ամենէն միակը-տուրը ու պայծառ փառքերուն մէջէն իսկ։ Կատաղի գիտապաշտ մը՝ Ն. Ռուսինեան, շքեղ բանաստեղծ մը՝ Պետրոս Դուրեան, ծփուն, իմացական խոր հետաքրքրութիւններով առլցուն, վրիպած բանաստեղծ մը՝ Գ. Օտեան,  liberal գաղափարներու սպասարկու հաւատաւոր խմբագիր մը՝ Մ. Մամուրեան, տաղանդ ունեցող վարժապետ մը՝ Ռ. Պէրպէրեան, միտքը բաց՝ բայց խելքը քիչ կանխահաս տղայ մը, որ պիտի մնայ այդ տղան մինչեւ խոր ծերութիւն, չարժանանալով հասուննալու բախտին՝ Մինաս Չերազ- բոլոր այս անունները այդ սերունդին մէջէն ըսի, թէ կերպարանքներ են: Բայց ահա աւելին։ Եղիան ասոնք ամէնն է մէկ մարմնի եւ մէկ գանկի տակ։ Կրցա՞յ, թելադրել տիպարին տարօրինակ ընդարձակութիւնը: Ու ինչպէս որ օրէնքն է աշխարհի կարգերուն, այսքան բաներ մէկ անգամէն ըլլալու անկարելիութիւնը առանձին-առանձին ինքզինքը արձանագրած է յիշուած անուններէն մեզի ձգուած գործերու ճակատին, Եղիային համար ալ գրականութեան պատմութիւնը հարկին տակը կը մնայ դժուարութեանց դիմաւորումին։

***

Ինտրա, խօսելով Տէմիրճիպաշեանի ոճի մասին, կը գրէ.

* Բարեխառն եւ ծաղկեալ ոճ մըն է իրը՝ բոլորովին ինքնատիպ, հարուստ, քմահաճ ու գրաւիչ՝ եթէ արտասովոր չըլլար, եթէ աւելի միութիւն ու պարզութիւն ունենար: Լայն ու սաստիկ զգայնութիւն, կանխահաս, ամենիմաց միտք մը, երեւակայութիւն մը ազատ եւ անկաշկանդ, մերթ անբանաւոր ձեւի, գոյնի, ձայնի ճաշակ մը՝ յոյժ փափկացած, անսովոր հմտութիւն մը ամէն կարգի իրերու: Գերազանց ազնուութիւն մը եւ հեզհոգի խոնարհութիւն մը՝ սնափառ եսականութեան մէջ: Ճշմարիտ անկեղծութեան մը մէջ՝ տրամադրութիւն մը պչրանքի, մելամաղձոտութիւնը գիտնական տարակոյսներու եւ բանաստեղծական կարօտներուն, դրական խորհողի ժխտողութեան՝ հաւատացեալ մարդու, քերթողի, տեսանողի պաշտողութիւն, նիւթապաշտութիւն մը, որ զոհողութեան կը նմանի, տեսլապաշտութիւն մը, հոգեկանութիւն մը՝ ու յուսահատութեան ձեւ մը, մխիթարելու կերպ մըն է, ամէն վայրկեան հաղորդակցութեան մտքով մեծագոյն մարդոց եւ անոնց գործերուն հետ, յիշողութիւն, երազանք, խռովք, ահա այն բաները, որ պատճառ են իր ոճի ճոխութեան, քմայքներուն, հակասականութեանց եւ հրապոյրին:

***

Միքայէլ Կիւրճեանը այսպէս գրած է անոր մասին.

* Ինքնութիւն ունեցող արուեստագէտի գեղագրութիւն մ'է իրենը, այդ ինքնութիւնն իսկ արտայայտող, ձեւակերտող: Այդ գիրին տիրական յատկանիշն է՝ ներդաշնակ, դիւրին եւ վէտ ի վէտ ծաւալում մը, աղուոր բղխում մը կարծես յականէ (source). անճիգ, անաշխատ կերպով յորդող վայելչութիւն մը, կշռոյթ մը: Եւ բոլոր այս բաները գոյութիւն ունին Տէմիրճիպաշեանի արուեստին մէջ. ասոնք են, եթէ չեմ սխալիր, իր բանաստեղծութեան - մանաւանդ արձակին - գլխաւոր յատկութիւնները: Չեմ կարծեր որ մեր մէջ գրագէտ մը գրած ըլլայ այնքան ներշնչմամբ, այնքան միացայտ աւիւնով, ինքնաբուղխ յորդութեամբ որքան Եղիան: Ասիկա կը բացատրէ իր արուեստին գեղեցկութիւններն ինչպէս եւ անկատարութիւնները:

***

Աւարտելէ առաջ, Տէմիրճիպաշեանէն փունջ մը մտածումներ ներկայացնենք ընթերցողներուն:

- Միշտ իմ ցաւս հայ ազգին յետադիմութիւնն է. միշտ իմ իղձս հայ ազգին յառաջադիմութիւնն է:

- Մեր ազգը կ՚արտասուէ, եւ պիտի արտասուէ, մինչեւ բուն արծիւի փոխուի վերստին:

- Աւաղ, հայութիւն չկայ այլեւս, հայ որբեր կան միայն: Շատերու դաւանանքն է՝ ջնջել մինչեւ վերջին հայն, որպէսզի փրկուի հայութիւնն… Յուսահատ եմ:

- Գիտունին գործն է ճանաչել տիեզերքն, անոր ամէն մէկ մասերն առանձին-առանձին քննելով, իսկ գրագէտին գործն է նկարագրել գեղեցիկ բացատրութեամբ ինչ որ կը տեսնէ գեղեցիկ կամ տգեղ՝ տիեզերաց մէջ:

- Բանաստեղծը տարօրինակ տենչեր ունի, զորս չը հասկնար ռամիկը, ռամիկ միտքը: Իր քնարին սուրբ շեշտերը սուր՝ կը ծակեն պղծախօս լեզուն, կը մկրտեն, կը մաքրեն չարանախանձ հոգին: Ու կը շարունակէ բանաստեղծն երգել Գեղեցիկն, ընդերեւցնել Տեսլականը:

- Ամէն բան շուրջս զիս կը յորդորէր գրող ըլլալ (…) Գրող եղայ, այո՛, այսինքն՝ տառապող:

- Գրագէտն՝ ընդհանուր անուամբ այդպէս կը կոչուի բարքերն ու օրէնքներն ուղղելու կոչումն ունեցող մարդն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

31 դեկտեմբեր 2024, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 11, 2025