Երիտասարդներու Սիրոյ Բարեխօսը՝ Սուրբ Սարգիս Զօրավարը
Սուրբ Սարգիս նահատակուելէ առաջ աղօթած է. «Ո՜վ Տէր, Քրիստոս Աստուած իմ, անոնք, որոնք կը յիշեն իմ անունս իրենց նեղութեան մէջ եւ կը կատարեն իմ նահատակութեանս յիշատակը ուխտով եւ Պատարագով, ինչ որ ուզեն Քեզմէ, լսէ անոնց եւ շնորհէ անոնց խնդրանքը: Այն ատեն երկինքէն ձայն մը եկաւ, որ կ՚ըսէր. «Պիտի տամ քու խնդրածդ եւ պիտի կատարեմ աղաչանքդ. իսկ դուն եկուր վայելէ քեզի համար պատրաստուած բարիքները». (Մարզուանցի, էջ 123 Բ. սիւնակ):
Այս աղօթքով կը դրսեւորէ անանձնական սիրոյ մեծագոյն օրինակը, չխնդրելով Աստուծմէ իր անձին ազատագրումը չարչարանքներէն եւ դահիճէն, այլ՝ մտածելով միայն հաւատացեալներուն մասին, որոնք նեղութիւններու պիտի հանդիպին: Այս պատճառով հայ եկեղեցին իր յիշատակութիւնը աւանդապահօրէն տօնակատարած է որպէս սիրոյ տօն եւ զայն ընդունած է իբրեւ սիրոյ բարեխօս:
Հայկական մեր իրականութեան մէջ գրեթէ ամէնուրեք կը տարածուի եւ արհեստական փորձեր կը կատարուին Սուրբ Սարգիսի տօնին առընթեր տօնախմբել օտարամուտ, հայ եկեղեցւոյ կողմէ ոչ տօնելի սուրբ՝ Վալենթնիոսի յիշատակութիւնը, որ երրորդ դարու հռոմէացի սուրբ մըն է, եւ աշխարհի վրայ շուրջ հարիւր երկիր կը տօնէ իր յիշատակը Փետրուար 14-ին կապուած սիրոյ աւանդութեան հետ:
Այնուամենայնիւ, հայերս պատմական փորձառութեամբ կը հաւատանք, որ արագահաս Սուրբ Սարգիսը մեր խնդրանքները լսող, իր ներկայութեամբ օգնութեան հասնող եւ բարեխօս է Աստուծոյ քով՝ մեզի համար:
«Սասնայ Ծռեր» դիւցազներգութեան մէջ հետաքրքրականօրէն կը նկարագրուի Սասունցի Դաւիթին եւ սիրելի Սուրբ Սարգիսին հանդիպումը.
Դավիթ էդ տեղէն ետ դարձաւ ու գնաց, կայնաւ Խանդութ խանումի փանջարի առեչ, ըսեց.
-Խանդութ խանում, ես կ՚երթամ կռիւ:
Քշեց, գնաց, շատ, քիչ՝ Աստուած գինա, մէկ էլ տեսավ յառջեւանց թոզ ու դուման կիգա:
Էկաւ, տեսաւ օր սըփ Սարգիսն է:
Դավիթ գնաց, օր սըփ Սարգսին համբուրեր: Սըփ Սարգիս ըսեց.
-Հանէ քո Սըփ Նշան, ես համբուրեմ, նոր դու ընձի համբուրէ:
Հանեց Սըփ Նշան, համբուրեց սըփ Սարգիս, էն լէ սըփ Սարգսին համբուրեց:
-Դե գնա,- ըսեց,- Աստված խըտ քըզի էղնի: Ու քշեց ձին:
Քեռի Թորոսիկ մնաց աղոթք էնելու:
Ուսումնասիրողներու համաձայն, Սուրբ Սարգիսը Սասունցի Դաւիթը եւ Սասունի բոլոր հերոսները հովանաւորած է ոչ միայն պատերազմի դաշտին վրայ, այլ նաեւ՝ սիրոյ մէջ:
Համահայկական տարողութեամբ Սուրբ Սարգիսի տօնը կը յիշատակուի ո՛չ միայն եկեղեցական ծէսերով, այլ նաեւ՝ նուիրականացած աւանդութիւններով: Անոր բարեխօսութիւնը երիտասարդներու սիրոյ կեանքին մէջ ցայսօր հրաշագործ դեր կը կատարէ:
Ժողովրդային սովորութիւններէն է այն, որ Սուրբ Սարգիսի նախորդող գիշերը երիտասարդները կը ճաշակեն աղի բլիթ, որ բոլորաձեւ կարկանդակ մըն է, եւ այդ գիշեր երբեք ջուր չեն խմեր՝ սպասելով երազայայտնութեան մը՝ առընչուած փեսացուին կամ հարսնցուին: Յիշատակելի է նաեւ ամանով փոխինդը՝ ալիւրը դնել տան տանիքը կամ պատշգամը եւ սպասել Սուրբ Սարգիսի ձիու պայտի հետքին: Աւանդութեան համաձայն, Սուրբ Սարգիսը հրեշտակներու ընկերակցութեամբ կ՚անցնի, եւ որու որ փոխինդին վրայ յայտնուի անոր ճերմակ ձիու պայտին հետքը, այդ տարի կ՚իրականանայ երիտասարդին սիրոյ երազանքը:
Այս առիթով զիրար սիրողներ, իրենց սէրը իրարու հանդէպ կը յայտնեն յատուկ բացիկներ ուղարկելով եւ քաղցրաւենիք նուիրելով իրարու:
Հայոց Շարակնոցին մէջ Սուրբ Սարգիսին նուիրուած է ամբողջ կանոն մը, Օրհնութեան շարականի առաջին տունին մէջ արձանագրուած է (Գրաբարէ աշխարհաբարի վերածուած).
Ամենասուրբ Երրորդութեան ընտրեալ եւ հաւատարիմ ծառայ,
Յաղթող զինուոր եւ քաջ նահատակ.
Արագահաս Սուրբդ Սարգիս, շնորհքներու օթեւան.
Քրիստոսի բարեխօսէ բոլորիս համար:
Յայսմաւուրքները ընդարձակօրէն կ՚անդրադառնան անոր վարքին ու առաքելութեան: Համաձայն տեղեկութիւններու, Սուրբ Սարգիս ազգութեամբ հռոմէացի եղած է եւ իր զինուորական բարձրորակ ունակութիւններուն իբրեւ արդիւնք Ս. Կոստանդիանոս Մեծն կայսեր կողմէ «Իշխան եւ սպարապետ» կարգուած է Կապադովկիոյ, որ Հայաստանի մերձակայ երկիր մըն էր այդ ժամանակահատուածին, եւ որուն իր մայրաքաղաքն էր այսօրուան Կեսարիան: Ան ո՛չ միայն բացառիկ սպարապետ էր, այլ նաեւ քրիստոնէութեան ջատագով եւ քարոզիչ: Օգտուելով Կոստանդիանոս կայսեր քրիստոնէական հաւատքի հանդէպ ունեցած պաշտպանողական կեցուածքէն եւ յօժարակամութենէն՝ կը քանդէր հեթանոսական մեհեանները եւ եկեղեցիներ շինել կու տար, կը բազմացնէր քահանաներու թիւը, իր ունեցած նիւթականն ու ինչքերը կը բաշխէր աղքատներուն եւ զօրավիգ կը կանգնէր կարօտեալներուն: Երբ Յուլիանոս կայսերական գահը ժառանգեց (360-363), իր հելլէնական կրթութեան եւ նոր պղատոնական փիլիսոփայութեան համակիր ըլլալուն իբրեւ հետեւանք ուրացաւ քրիստոնէական հաւատքը եւ հալածեց քրիստոնեաները: Այս պատճառով համայն քրիստոնէութեան կողմէ Ուրացող մականունը ստացաւ: Ընթացքին, աստուածային յայտնութեամբ Սուրբ Սարգիսին թելադրուեցաւ փախչիլ հռոմէական կայսրութեան սահմաններէն դուրս: Ան ապաստանեցաւ Հայաստան՝ իր որդիին հետ: Սակայն Հայոց թագաւորը՝ Տիրան, որ Մեծն Տրդատի թոռն էր եւ Խոսրով արքային զաւակը, իր երկրի խաղաղութիւնը առաջնահերթ նկատի ունենալով եւ Յուլիանոս կայսեր հետ զգոյշ քաղաքականութիւն վարելու գիտակցութեամբ, կը թելադրէ Սուրբ Սարգիսին անցնիլ Պարսկաստան եւ ծառայել Շապուհ արքային (310-379): Սուրբը վերջինիս մօտ քաջ զօրավարի մեծ համբաւ շահեցաւ:
Շապուհ՝ իմանալով, որ Սուրբ Սարգիս իր զօրագունդերու զինուորները քրիստոնեայ կը դարձնէ, հրամայեց անոր կուռքերուն երկրպագել եւ զոհ մատուցել կրակին: Սուրբ Սարգիս կը պատասխանէ. «Կը հաւատամ եւ կ՚երկրպագեմ մէկ Աստուծոյ՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան, որ ստեղծած է երկինքն ու երկիրը: Իսկ կրակը եւ կուռքերը ի բնէ աստուածներ չեն, հողեղէն մարդը կրնայ փճացնել զանոնք»: Խօսքէն գործնականի անցնելով կը կործանէ կրակի բագինը եւ կը մարէ զայն: Մոգերն ու զայրացած հեթանոս հասարակութիւնը կը յարձակին Սուրբ Սարգիսին եւ անոր որդիին վրայ՝ քարով, փայտով, աքացիով եւ բռունցքով կը ծեծեն ու կը չարչարեն զանոնք: Այդ ժխորին մէջ Սուրբին զաւակը՝ Մարտիրոս, մարտիրոսական պսակը կ՚ընդունի: Թագաւորին հրամանով Սուրբ Սարգիսը կը բանտարկուի այն յոյսով, որ կրօնափոխ դառնալով կը շարունակէ իր զինուորական կարողութիւններով օգտակար ըլլալ: Սակայն հաստատ կը մնայ իր հաւատքին մէջ: Կը վճռուի գլխատումը: Վերոյիշեալ իր վերջին աղօթքէն ետք դահիճը կը կտրէ անոր գլուխը: Նահատակուելէն ետք, անոր մարմնին վրայ տեսանելի կը ծագի լոյս, զոր տեսնելով իր զօրականներէն տասնչորս հոգի, որոնք իրեն հաւատարիմ էին, կ՚ամրապնդուին իրենց հաւատքին մէջ: Վերջիններս կը պատեն մարմինը կտաւով եւ պատուական թաղում կը կատարեն Համիան կոչուած գիւղին մէջ: Ապագային անոնք եւս նոյն ճամբուն վրայ կը նահատակուին:
Մեր Յայսմաւուրքներուն մէջ կը գտնենք հետեւեալ յաւելուածական ծանօթագրութիւնը. «Նահատակուեցաւ Սուրբ Սարգիս Պարսկաստան… Հաւատացեալներ վերցնելով անոր մարմինը տարին ու պատուով դրին Համիան քաղաքը: Եւ յետոյ Մեսրոպ Մեծ Վարդապետը վերցուց Սուրբ Սարգիսի մարմինը եւ տարաւ Կարբի, եւ պատուով թաղեց ու այնտեղ շինեց հռչակաւոր վանք մը, եւ անոր ակռաներէն մէկը առնելով տարաւ Վրաստան… դրաւ խաչափայտի մէջ, օծեց զայն…»: Այս դէպքերը պատմուած են նաեւ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին յօրինած եւ Ս. Սարգիս զօրավարին նուիրած շարականներուն մէջ:
Արեւմուտքի մէջ Սուրբ Սարգիսի յիշատակը կը տօնեն Փետրուար 24-ին, յոյներ՝ Յունուար 30-ին, մեր Յայսմաւուրքները՝ Յունուար 31-ին կը նշեն: Իսկ այժմ կը տօնենք Առաջաւորաց պահքի յաջորդող Շաբաթ օրը: Այս պահքը նաեւ՝ Սուրբ Սարգիսի տօնի սիրելի ըլլալուն եւ պահքի օրերուն մերձակայութեանը ազդեցութեամբ սխալմամբ ժողովրդային անուանումով կը կոչուի «Սուրբ Սարգիսի պահք»: Իսկ եթէ Տեառնընդառաջը այդ օրուան զուգադիպի, Սուրբ Սարգիսի տօնը կը տեղափոխուի յաջորդող Երկուշաբթիին:
ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ