ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԻՆԵՐՈՒ ՕՐ ԵՒ ՀԱՅԱԶԳԻ ՈՎԿԻԱՆՈՍԱԳԷՏԸ

Այսօր ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան տակ կը նշուի որպէս Գիտութեան մէջ կիներու եւ աղջիկներու միջազգային օրը: Օրը տօնի կը վերածեն՝ մեծարելով գիտութեան նուիրուած կիներն ու աղջիկները:

Գիտութիւնը ամբողջական նուիրում կը պահանջէ եւ այնպիսի կարծիք մը կայ, թէ կիները, ընտանիքի հոգերով եւ կենցաղով զբաղած ըլլալուն պատճառով, ունակ չեն ամբողջութեամբ գիտութեան նուիրուելու: Մինչդեռ, ապացոյցներ կան, որ կիներուն գիտութեան նուիրումը իսկական է՝ ջերմ, խնամքով, հոգատար եւ բծախնդիր, այնպէս ինչպէս կիները սովորաբար կը գործեն կեանքի միւս բնագաւառներներէն ներս: Ի վերջոյ, մարդկութեան յայտնի են կին գիտնականներ, որոնց կատարած աշխատանքը յեղաշրջում եղած է այս կամ այն ոլորտին համար:

Այս օրուան հիմնադրումը նախապատմութիւն ունի. 20 դեկտեմբեր 2013 թուականին ՄԱԿ-ի գլխաւոր ծերակոյտը ընդունեց «Գիտութիւնը, գիտարուեստն ու նորագործութիւնը զարգացման նպատակներով» բանաձեւը, որուն մէջ կը ճանչնար որեւէ տարիքի կիներու եւ աղջիկներու հաւասար ու լիարժէք գիտութեան հասանելիութիւնը, գիտարուեստի եւ նորագործութիւններու ձեռքբերումներուն ու զարգացման՝ որպէս տուեալ ոլորտի մէջ սեռային հաւասարութեան գրաւական։ Իսկ ատկէ երկու տարի անց գլխաւոր ծերակոյտը, հերթական գումարման նիստին ընթացքին, ընդունեց փետրուարի 11-ը Գիտութեան մէջ կիներու եւ աղջիկներու միջազգային օր հռչակելու բանաձեւը:

Այս օրը կը նշուի 2016 թուականէն ի վեր: Ամէն տարի փետրուարի 11-ին անգամ մը եւս ուշադրութեան կը հրաւիրուի գիտութեան ոլորտէն ներս կիներու ներգրաւման եւ գիտութեամբ զբաղելու համար անոնց հաւասար իրաւունքներ եւ հնարաւորութիւններ ապահովելու անհրաժեշտութեան վրայ:

ՄԱԿ-ի տուեալներով՝ աշխարհի վրայ գիտահետազօտական աշխատանքով զբաղողներուն մէջ կիներուն մասնաբաժինը երեսուն տոկոսէն պակաս է, որ շատ երկիրներու մէջ սեռային խտրականութեան, կիներու եւ աղջիկներու՝ կրթութիւն ստանալու եւ գիտութեամբ զբաղելու հնարաւորութիւն չունենալուն հետեւանքն է: Սեռով պայմանաւորուած կարծրատիպերը, տեսանելի օրինակներու պակասը եւ չխրախուսող կամ նոյնիսկ ճնշող քաղաքականութիւններն ու միջավայրերը կրնան ետ պահել կիները գիտութեան մէջ յաջողութիւն եւ փառք կերտելէ:

ՄԱԿ-ը ամէն տարի այս օրը կը յայտարարէ, որ աշխարհը չի կրնար զրկուած ըլլալ մեր բնակչութեան կէսին ներդրումէն:

Հայաստանի մէջ այդ առումով պատկերը համեմատաբար աւելի լաւ է: 2019 թուականի յունուարի տուեալներով՝ Հայաստանի գիտական եւ գիտարուեստական գործունէութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններու աշխատակիցներուն ընդհանուր քանակին աւելի քան 52 տոկոսը կիներ են: Անոնք կը զբաղեցնեն նաեւ գիտութեան ոլորտի ղեկավար պաշտօններուն շուրջ քառորդը: Հայաստանի գիտութեան գրեթէ բոլոր ճիւղերուն մէջ կիները կը գերակշռեն. կին հետազօտողները մեծամասնութիւն կը կազմեն գիւղատնտեսական (66 առ հարիւր), բժշկական գիտութիւններու (66 առ հարիւր), տնտեսագիտութեան (65 առ հարիւր), մանկավարժութեան մէջ (92 առ հարիւր), նոյնիսկ քաղաքական գիտութիւններուն մէջ (60 առ հարիւր): Շատ է նաեւ Հայաստանէն դուրս գիտութեամբ զբաղող հայ կիներուն թիւը: Անոնք ներգրաւուած են զանազան երկիրներու գիտութիւններու զարգացման գործին մէջ եւ երբեմն անոնցմէ ոմանք կը փորձեն իրենց նպաստը բերել հայրենիքին:

ՄԱԿ-ի սահմանած այս օրուան առթիւ կը ներկայացնենք ինքնատիպ հայ գիտնականի մը՝ Անիթա Քոնթիի մասին (Քարաքոչեան): Այս հայուհիին մասին կարդացողները միշտ կը շուարին, թէ ինչպէ՛ս դէպի ովկիանոս ելք չունեցող հայերը աշխարհին տուած են առաջին կին ովկիանոսագէտը: Բայց Անիթա Քարաքոչեան ազգութեամբ հայ ֆրանսացի մըն է, որ փոքր տարիքէն ովկիանոսներու հանդէպ սէր ու հետաքրքրութիւն ունէր:

ՈՎԿԻԱՆՈՍԻ ՏԻՐՈՒՀԻՆ

1899 թուականին ծնած գիտնականը ապրած է բաւական երկար եւ կեանքէն հեռացած է 98 տարեկանին՝ 1997 թուականին: Ան ծնած է Ֆրանսայի Էրմոն քաղաքը, դուստրն է պոլսեցի մանկաբարձ Լեւոն Քարաքոչեանի եւ Ալիս Լըպոնի: Անիթան փոքր տարիքէն յաճախ ընտանիքին հետ նաւով ճամբորդած է եւ մանկութենէն անոր մէջ ձեւաւորուած է սէրը ոչ միայն ծովու, այլեւ՝ գիրքերու եւ լուսանկարչութեան հանդէպ։

«Իմ ծնողքս բանիմաց էր ու ընթերցասէր: Անոնց սեւեռուն գաղափարը, պաշարուածութիւնը ճամբորդելն էր։ Ես եւ եղբայրս՝ Ստեփանը, մեծցած ենք շրջապատուած գիրքերով եւ ճամբորդելով աշխարհի երկիրներն ու ծովերը: Եւ պատահական չէ, որ ծովերու ու ովկիանոսներու լազուր ջուրերուն հմայքը, անոնց փոթորկուն ուժը զիս մանկութենէն գերած է ու գրաւած... կ՚ըսեն, որ ես նախքան քալել սորվիլս լողալ սորված եմ», իր յուշերուն մէջ գրած է Անիթան:

Ընտանիքը յաճախ կ՚այցելէր նաեւ Պոլիս բնակող իր բարեկամներուն: Հօրեղբայրը՝ Սարգիս Քարաքոչեան, Թուրքիոյ մէջ բարձրաստիճան պաշտօնեայ էր, Վոսփորի ափին շքեղ ամարանոց մը ունէր: Անիթան իր յուշերուն մէջ կը յիշէ, որ տասներկու տարեկան էր, երբ ծնողքին հետ այցելեց հօրեղբօր՝ պալատի նմանող ամարանոցը: Այդ ժամանակ Վոսփորը առանձնակի գոյներով կը դրոշմուի աղջկան մտապատկերին մէջ:

Ըստ համայնագիտարանի մէջ անոր մասին յօդուածի, 1914 թուականին՝ պատերազմին սկիզբը, Անիթային ընտանիքը ապաստան կը գտնէ Ֆրանսայի Օլերոն կղզիին մէջ, ուր երիտասարդ աղջիկը ինքզինք վերջնականապէս կը նուիրէ նաւերուն, ընթերցանութեան եւ լուսանկարչութեան:

1917 թուականին կը կատարէ իր առաջին լուսանկարները՝ Ատլանտեան ովկիանոսի ֆրանսական ափին։ Պատերազմէն ետք, Անիթա Քարաքոչեանի ընտանիքը բնակութիւն կը հաստատէ Փարիզ եւ չափահաս դառնալուն պէս ան արդէն կայացուցած էր իր վերջնական որոշումը՝ զբաղիլ ովկիանոսագիտութեամբ: Շատեր կը փորձեն համոզել ետ կանգնիլ այդ որոշումէն՝ նշելով դարերու ակունքներէն եկած այն նախապաշարումը, որ իբր թէ կինը նաւուն վրայ դժբախտութեան նշան է, սակայն, ինչպէս կը նշեն Անիթա Քոնթիի կեանքը ուսումնասիրողները, անոր ընտրած մասնագիտութիւնը ոչ միայն դժբախտութիւն չբերաւ, այլեւ օգնեց մարդկութեան՝ հասկնալ ովկիանոսին խորհրդաւոր գաղտնիքները:

1927 թուականին Անիթան կ՚ամուսնանայ Վիեննայի դեսպանատան աշխատակից, դիւանագէտ, ծագումով իտալացի Մարսէլ Քոնթիին հետ, որ բարձր գնահատելով իր կողակիցին գիտելիքները, ամբողջ կեանքին ընթացքին, նեցուկ կը կանգնի անոր՝ հաւատալով Անիթայի եզակի ու դժուար առաքելութեան:

Անիթա Քոնթի կը ճանապարհորդէ ամբողջ աշխարհը՝ հետազօտելով ծովը եւ այն հարցերը, որոնց կը բախին ձկնորսները: Ան շատ ժամանակ կ՚անցընէ ձկնորսական նաւերուն վրայ, շատ կ՚ընթերցէ՝ ծովուն բուսական եւ կենդանական աշխարհին աւելի լաւ ծանօթանալու համար: Երկու համաշխարհային պատերազմներուն միջեւ ինկած ժամանակահատուածին Անիթա Քոնթին մշակեց ձկնորսութեան գիտական մեթոտաբանութիւնը՝ կիրառելով տեղորոշող քարտեր։

Հրատարակած է բազմաթիւ գիտական յօդուածներ եւ տեղեկութիւններ՝ արդիւնաբերական ձկնորսութեան բացասական հետեւանքներուն եւ ձկնորսութեան հետ կապուած զանազան հարցերուն մասին։

1935 թուականին, գիտական նաւարկութեան կը պատրաստուէր ժամանակի արհեստագիտութեան վերջին նուաճումներով զինուած «Թէոտոր Թիսիէ» նաւը, որուն զուտ տղամարդոցմէ բաղկացած անձնակազմին մէջ աշխատելու հրաւիրուեցաւ 36-ամեայ տաղանդաշատ ու խոստմնալից, աշխարհի առաջին կին ովկիանոսագէտը՝ Անիթա Քոնթի-Քարաքոչեան: Այս իրադարձութիւնը լուսաբանող լրագրողները, ապշելով նաւուն վրայ կնոջ ներկայութեամբ, այդ իրողութիւնը որակեցին իբրեւ «դարուն ամենէն անհաւանական ու ցնցող երեւոյթը»:

1936-1938 թուականներուն արդէն հռչակաւոր դարձած հայազգի ովկիանոսագէտը հետազօտութիւններ կը կատարէ Խաղաղական, Հնդկական եւ Հիւսիսային Սառուցեալ ովկիանոսներուն մէջ:

1939 թուականին երեք ամիսով «Վիքինկ» ձկնորսանաւով ձողաձուկ որսալու համար կ՚ուղեւորուի Արքթիք: Հոն կը հասնի այն եզրակացութեան, որ ձկնորսութեան չարաշահումը կրնայ չափազանց ծանր հետեւանքներու յանգեցնել:

1941-1945 թուականներուն գրեթէ ամբողջ աշխարհը ներքաշուած էր Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին մէջ։ Ֆրանսական կառավարութեան համար կար դժուար մարտահրաւէր մը՝ ականազերծել Փա տը Քալէ նեղուցին եւ Պարենցի ծովուն մէջ գերմանացիներուն կողմէ ականապատուած ֆրանսական նաւերը: Այս դժուար գործին կազմակերպումն ու ղեկավարումը կը վստահուի Անիթա Քոնթի-Քարաքոչեանին:

Պատերազմի տարիներուն Անիթա Քոնթի անգամ մը եւս կը զբաղի կարեւոր գործունէութեամբ՝ ան անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններ կատարելով, կը գտնէ ձուկերու մեծաքանակ վտառներու հարուստ պաշարներ ու սննդառատ ձկնատեսակներով կ՚ապահովէ մարտնչող զօրքն ու խաղաղ բնակչութիւնը. բան մը, որ ուտելիքի ծայրայեղ սղութեան պայմաններուն մէջ պարզապէս անփոխարինելի էր:

1941-1943 թուականներուն, Ֆրանսական ծովակալութեան յանձնարարութեամբ, ձկնորսանաւով կ՚երթեւեկէ Ափրիկէի մէջ եւ կը կատարելագործէ ձկնորսութեան մեթոտները, կը կազմէ քարտէսներ, կը նկարագրէ նոր ձկնատեսակներ: Ուսումնասիրութեան հիմնական նպատակը բնակչութեան եւ ֆրանսական բանակին ձկնատեսակներով մատակարարելն էր:

Ան կը սորվեցնէ ձկնորսներուն եւ կ՚առաջարկէ տեղական ձկնորսական գիտարուեստի բարելաւում, կը սահմանէ ձուկերը հաւաքելու եւ պահելու մեթոտները: Փորձարարական արդիւնահանութիւն ստեղծել կը փորձէ շանաձուկերու համար, որոնց լեարդին մէջ զգալի քանակութեամբ Ա. կենսանիւթ կը գտնուի:

1943 թուականին Ալճերիոյ կառավարութիւնը Անիթա Քոնթիին պատուիրեց ուսումնասիրել Հարաւային Ափրիկէի ձկնային աղբիւրները: Սենեկալի, Կուինիայի եւ Փղոսկրի հանրապետութեան առափնեայ ծանծաղուտի հետազօտութիւնը Անիթա Քոնթիէն խլեց մօտաւորապէս տասն տարի: Անիթա Քոնթի ուսումնասիրեց ջուրին յատակը, ձկնային աղբիւրները եւ այլն: Բացի այդ, ան ուսումնասիրեց տեղական աւանդական ձկնորսութեան մեթոտները, որոնք կը կիրարկէին ձկնորսական արդիւնաբերութեան մէջ:

«Ծովու տիկին» բնորոշումը ստացած առաջին կին ովկիանոսագէտը ուսումնասիրած է երկրագունդի բոլոր ովկիանոսները: Ան Սեն-Ժաք նաւահանգիստէն ոչ հեռու, իր միջոցներով, նաւաստիներու դպրոց մը հիմնադրած է:

1947 թուականին Անիթա Քոնթի կը ծանօթանայ հռչակաւոր ծովագնաց, ճանապարհորդ, ֆրանսացի մեծ գիտնական Ժաք Քուսթոյին, որ յետագային կը դառնայ անոր լաւ բարեկամն ու գործընկերը: Ֆրանսացի մեծ գիտնականին խօսքով՝ առանց Անիթա Քոնթիի ջանքերուն կարելի չէր ստեղծել նաեւ Մոնաքոյի մէջ յայտնի ովկիանասագիտական թանգարանը:

Կեանքին մնացած տարիները Անիթա Քոնթի բազմաթիւ համագումարներու, համաժողովներու եւ ֆորումներու մասնակցութեամբ հանդէս եկած է ծովային աշխարհի պահպանման օգտին բազմաթիւ ելոյթներով: Խիզախ եւ խելացի գիտնականը պարգեւատրուած է Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ շքանշանով: Ան ընտրուած է տասնեակ ովկիանոսագիտական ակադեմիաներու պատուաւոր անդամ, անոր մասին բազմաթիւ յօդուածներ տպագրուած են ֆրանսական «Լը Մոնտ»ի եւ «Լը Ֆիկարօ»ի մէջ, բազմաթիւ այլ պարբերականներ ու գրողներ հիացական տողեր ձօնած են մինչեւ իսկ ութսուն տարեկանին ծով դուրս եկած գիտնականին, փիլիսոփային, մեծ բնախոյզին ու լուսանկարիչին՝ նշելով, որ այս բազմատաղանդ կինը նաեւ շարք մը բանաստեղծութիւններու հեղինակ է:

Անոր տրուած են զանազան բնորոշումներ՝ «ովկիանոսի տիրուհի», «շրջազգեստով Մաճելլան», «ովկիանոսի առեղծուածային տիկին»:

Ֆրանսայի մէջ անոր պատուին գրադարան եւ դպրոցներ բացուած են, ուր երեխաներուն կը ծանօթացնեն ովկիանոսագիտութեան, ձկնորսութեան եւ բուսական աշխարհին: Հայազգի Անիթա Քոնթի-Քարաքոչեանի անունով Ֆրանսայի մէջ նաեւ փողոց մը եւ զբօսայգի մը կոչած են:

Մեծ հետազօտողն ու գիտնականը շուրջ մէկ դարու բեղմնաւոր կեանք ունեցած է: Անոր աճիւնափոշին, իր կտակին համաձայն, սփռած են Միջերկրական ծովուն մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021