ՔԻՉ ՄԸ ԿԸ ՊԱԿՍԻ

Կը պակսի ազնուութիւնը: Մարդիկ դադրած եմ իրարու հանդէպ ազնիւ ըլլալէ: Նախապատուութիւնը տուած են շողոքորթութեան ու քծնանքի: Մինչդեռ բոլորը կը շարունակեն խօսիլ անկեղծութենէ եւ դիմացինէն կը պահանջեն զայն:

Նորածինը մաքուր ճերմակ թուղթ մըն է, որու վրայ ամէն ոք չի կրնան գծել գեղեցիկ: Յաճախ կը խծբծեն: Արդիւնքէն ալ գոհ չեն մնար: Կը սրդողին Աստուծոյ, բնութեան, իբր թէ իրենք բնաւ արժանի չեն նման արդիւնքի: Վայրկեան մը չէ, ամբողջ ընթացքին վրձինը, գրիչը կամ մատիտը քու ձեռքդ էր, ինչո՞ւ բացի քեզմէ բոլորը կը մեղադրես...

Իւաքանչիւր երեխայ հայելի մըն է, իւր ընտանիքի արտացոլանքը: Շատեր առօրեայի մէջ չեն հետաքրքուիր իրենց զաւկի դաստիարակութեամբ, սակայն այցելութեան գացած ատեն երեխայէն կը պահանջեն անհնարին՝ ըլլալ ուշիմ ու քաղաքավար: Սա կը նմանի տուն հաւաքելու: Երբ կին մը շատ մաքրասէր ու կոկիկ չէ, ամբողջ օրը տունը տարտղնած կ՚ըլլայ, սակայն երբ հիւր մը պիտի գայ, շուտափոյթ կը ժողվրտէ, ինչ կայ չկայ պահարաններուն մէջ կը լեցնէ: Հիւրընկալութեան ընթացքին ալ անզգուշաբար պահարանը բացած ատեն ամէն բան կրկին կը թափի մէջտեղ:

Պետութեան, ազգի, ժողովուրդի կորիզը մարդն է. մեզմէ իւրաքանչիւրը: Հայ մարդը այսօր հեռացած է Աստուծմէ, նուիրական զգացումներէ, հայ ըլլալէ, իւր հայրենիքէն: Առհասարակ մարդիկ կորսնցուցած են լաւագոյնն ըլլալու զգացողութիւնը, կամքը: Իսկ ձգտողներն ալ դէպի իրենց նպատակ տանող ճշմարիտ ուղիի փոխարէն կը գերադասեն զարտուղի ճամբաներ: Մարդ կը ծնի ու կ՚ապրի աննպատակ, առօրեայ հոգերով:

Ո՞րկէ կու գայ սխալը: Ծնունդէն: Մեր ծննդեան առաջին իսկ օրէն: Մանուկը կը մկրտեն, առանց ընկալելու մկրտութեան իմաստը: Այնուհետեւ, լաւագոյն պարագային տարին քանի մը անգամ մոմ վառելու նպատակաւ պզտիկը կը տանին եկեղեցի: Այսինքն, երեխան կը մկրտուի, սակայն հոգեւոր սնունդ չի ստանար: Եթէ ծաղիկ մը տնկես հողի մէջ ու չջրես, պարզ է, որ պիտի չորնայ: Նոյնն ալ մկրտութիւնն է: Այսինքն, պէտք է չգոհանալ միայն մկրտութեամբ: Քանզի միայն մկրտուիլը չի բաւեր հաւատաւոր քրիստոնեայ մեծնալու համար: Հոգեւոր սնունդը օդ ու ջուրի պէս անհրաժեշտ է իւրաքանչիւրիս: Իսկ հոգեւոր սնունդ կարելի է ստանալ եկեղեցի այցելելով, ստանալով հաղորդութիւն, ապաշխարհելով, աղօթելով, Սուրբ Գրիք կարդալով... Ահաւասիկ հոգեւոր սնունդն է ազնուութեան մեծագոյն աղբիւրը, քանզի հաւատաւոր մարդը, Աստուծոյ հետ քայլող մէկը անկարելի է, որ չըլլայ ազնիւ:

Մեր դաստիարակութեան հիմերը խարխլած են: Մարդուն օրօրոցէն պէտք է սորվեցնել հայրենասիրութիւն, հոգատարութիւն ու հանդուրժողականութիւն: Աւա՜ղ, մենք դարձած ենք եսապաշտ, շահամոլ ու կը գերադասենք դիւրին ուղիները:

Եթէ կ՚ուզենք փոխել մեր ազգի ճակատագիրը, եթէ կ՚ուզենք յիրաւի անկախանալ ու հզօրանալ, վայելել մեր դրացիներու եւ օտարներու ուշադրութիւնն ու յարգանքը, արժանանալ համակրանքի, ծառայել օրինակ, ուրեմն պիտի սկսինք մեր ընտանիքներէն: Պէտք է սկսինք քայլել Աստուծոյ հետ: Ինչպէ՞ս: Շատ դիւրին: Խնդրէ՛, ցանկա՛, եւ Տէրը կու տայ: Հրաժարէ՛ դիմացինիդ հաւատքը չափելէ, նոյնիսկ հոգեւորականի մը: Թող քու հաւատքը մնայ անսասան ու անկոտրուն:

Այսօր մեր երկրի սահմանները փոքրացան: Եռաբլուրը մեծցաւ: Այսինքն Եռաբլուրը դարձաւ մեր երկրորդ տունը: Կապ չունի այնտեղ մեր ընտանիքի անդամը, մեր մերձաւորներէն մին կը հանգչի, պարզապէս մեր հայրենակից հերոսները կը հանգչին: Երեխաներու, նոր ու ապագայ սերունդի ձեռքէն, թաթիկէն բռնած պէտք է այցելենք մեր նահատակներուն: Անոնց մէջ հայրենասիրութիւն պէտք է սերմանենք՝ պատմելով մեր հայրենիքի մասին, հայրենասիրական երգեր երգելով ու լսելով, յաճախելով թանգարաններ, ճանապարհորդութիւններու միջոցով ծանօթացնելով, բացայայտելով մեր երկիրը: Անհայրենիք մարդը ոչինչ է:

Մեր երեխաները բացի թատրոն, շարժանկարի սրահներ, համերգներ ու զուարճանքի կեդրոններ այցելելէ, տարին մէկ-երկու անգամ պէտք է այցելեն նաեւ ծերերուն, ջղագարներուն ու որբերուն: Պէտք չէ մոռանալ մեր ազգի կարօտեալները: Որբանոց, ծերանոց ու յիմարանոց կատարուած այցելութիւններէն մեր երեխաները կ՚ինքնակրթուին, կը ձերբազատուին բազում արատներէ: Երեխայի կամքը, ցանկութիւնները հաշուի առնելով, սիրոյ ծովու մէջ ճիշդ լողալով մենք կ՚ունենանք քաղաքավար, սրտցաւ ու հայրենասէր քաղաքացիներ, հետեւաբար հաւատաւոր, ազնիւ ու արդար ժողովուրդ:

Պէտք չէ առաջնային երազել բարձրագոյն կրթութեան մասին, պէտք է կամենալ մարդ ըլլալ, պարզապէս՝ մարդ, ոչ թէ մարդկային կերպարանքով գազան կամ հրէշ:

Երբեք ուշ չէ՛ փոխուելու, ճշմարիտ ուղին բռնելու համար:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021