ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻՆ ԿՈՂՄԷ ՆՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ
Պատրիարքական Աթոռը ներկայիս լոյս ընծայած է «Մեծ պահոց կիրակիներու ոսկի շղթան» խորագրեալ գիրքը, որու հեղինակն է Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան։ Հրատարակչութեան բաժնի հաղորդումներով, հատորի խմբագիրը եղած է Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, որ գրի առած է նաեւ յառաջաբան մը։ Գլուխ առ գլուխ գիրքին մէջ բացատրուած են պահքը, Մեծ պահքը, Ս. Գրքի մէջ ծանօթ պահեցողները, պահքի նպատակը, այսօրուան պահքը եւայլն։ Բաց աստի, մանրամասնօրէն անդրադարձ կատարուած է Մեծ պահոց շրջանի իւրաքանչիւր Կիրակիին, համապատասխան սուրբ գրական հատուածին եւ շարականին։
Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ մեր ազգայիններէն Ազմի Էօղէրի, իսկ կողքի ձեւաւորումը կատարուած է Գրիգոր Սահակօղլուի կողմէ։