ԳԵՂԱՍԱՀՔԻ ԱՍՏՂԵՐԸ
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ գեղասահքի աննախընթաց ձեռնարկ մը։ «Սառոյցի թագաւորները» խորագրեալ մեծ շոու մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին հանդէս եկան ողիմպիական ախոյեաններ, աշխարհի կամ Եւրոպայի առաջնութիւններու դափնեկիրներ։ Այս նախագիծը համախմբած էր զանազան ուղղութիւններով ամենաբարձրակարգ արհեստավարժ գեղասահորդները, որոնք կը վայելեն համաշխարհային հռչակ։ Անոնց միջեւ գլխաւորն էր Եւկենի Փլուշենքօ, որ ձեռնարկի մասնակիցները հրապուրեց իր բարձր մակարդակի ելոյթով։
«Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Սառոյցի թագաւորներ»ուն տողանցքը, որու ընթացքին հռչակաւոր գեղասահորդներուն միացան նաեւ երաժշտական աստղեր։ Հանդիսութեան ներկայ էր Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան։ Անկարելի թուացեալ, ինքնատիպ հնարքներով գեղասահորդները մագնիսացուցին հանդիսատեսներուն ուշադրութիւնը։
Մինչ այդ, կազմակերպիչները այս ձեռնարկին առթիւ Եւկենի Փլուշենքոյին յանձնեցին վկայական մը, որով կը հաստատուէր, թէ «Կարիճ» համաստեղութեան մէջ գեղասահորդին անունով աստղ մը անուանակոչուած է։