Ո՞Վ ԿՆՔԱՀԱՅՐ ԿՐՆԱՅ ԴԱՌՆԱԼ

«Ի՞նչ կը խնդրէ երեխան»,- կը հարցնէ տէր հայրը։

«Հաւատք, յոյս, սէր եւ մկրտութիւն»,- կը պատասխանէ կնքահայրը։

Աւելի քան եօթանասուն տարի գտնուելով Խորհրդային սոցիալիստական հանրապետութիւններու միութեան կազմին մէջ՝ Հայաստան աշխարհն ու հայ ժողովուրդը հեռու մնացած էր եկեղեցիէն։ Հոգեւոր դաստիարակութիւն չէ ստացած։

Թէպէտ եկեղեցիներու դռները գոց էին, սակայն մարդիկ չէին կորսնցուցած իրենց հաւատքն առ Աստուած։ Անոնք ներքուստ կը հաւատային Բարձրեալի զօրութեանն ու գոյութեանը։

Իմ ընտանիքը նոյնպէս բացառաթիւն մը չէ. թէպէտ եկեղեցիի ճամբան չէին գիտեր, սակայն ամէն վայրկեան կ՚ապրէին հաւատքով։ Մայրս կ՚ըսէ. «Աստուած այստեղ է՝ իմ հոգւոյն մէջ։ Ան կը պահէ ու կը պահպանէ զիս, ես կը հաւատամ անոր զօրութեան։ Իւրաքանչիւր մարդ ունի իր Աստուածը…»։

Զարմանալի չէ, որ ընտանիքիս անդամներէն ոչ մէկ մկրտուած է։

Որպէս յետխորհրդային տարիներու ծնունդ՝ եղբայրս մկրտուեցաւ 18 տարեկանին։ Երկամեայ զինուորական ծառայութեան ընթացքին բոլոր չմկրտուած զինուորները հաւաքեցին ու Գանձասարի վանքին մէջ կնքեցին։

Իսկ ես մկրտուեցայ ինքնակամ։

Յիրաւի ընտանիքս հաւատաւոր էր։ Մեր տան մէջ միշտ կը հնչէր Աստուծոյ անունը։ Նեղութեան պահերուն մերոնք Տիրոջմէ կ՚աղերսէին օգնութիւն, իսկ երջանկութեան ու յաջողութեան վայրկեաններուն կ՚ըլլային շնորհապարտ։ Պզտիկութենէ ի վեր մայրս մեզ կը յորդորէր ըլլալ բարի ու ներողամիտ. «Աստուած ամէն բան կը տեսնէ ու կը լսէ։ Ան կ՚ապրի քու հոգւոյն մէջ ու կ՚իմանայ քու միտքը։ Քեզ վատութիւն ընողին անգամ դուն բարի գործով մը պատասխանէ։ Երբեք մի՛ դատեր, որպէսզի չդատուիս…»։

Իմ պատանեկութեան տարիներուն ես զգացի հոգեւոր դաստիարակութեան պակաս։ Վստահ էի, թէ եկեղեցի յաճախելը կը լրացնէ այդ բացը ու սխալեցայ։

Աստուծան ճանչնալէ վերջ որոշեցի մկրտուիլ։ Երկար ժամանակ ինքզինքիս կը փնտռէի կնքահայր ու կնքամայր, աւա՜ղ չկրցայ գտնել: Զիս կնքող քահանայի առաջարկով՝ Արցախի գիւղերէն մէկու եկեղեցւոյ սարկաւագը դարձաւ իմ կնքահայրը, որու անունն անգամ այսօր չեմ յիշեր, մի միայն դէմքով կը ճանչնամ։

Այժմ ժամանակները փոխուեցան։ Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր մանուկ այլեւս կը մկրտուի, գիտէ Աստուծոյ տան ճամբան։ Ծնողները կը գերադասեն իրենց մանուկները կնքել քառասունքին կամ անկէ ետք՝ մինչեւ մէկ տարեկան։

Ինծի պէս, իւրաքանչիւր մկրտուած քրիստոնեայ ունի կնքահայր, սակայն միշտ չէ, որ սա յոյժ կարեւոր ու նրբին հարցին մէջ մենք կը կայացնենք ճիշդ որոշում։

Սիրելի ընթերցող, կ՚ուզեմ ձեզի հետ կիսուիլ շատ հետաքրքրական յօդուած մը, ուր մանրամասն պատասխաններ կը տրուին մկրտութեան ու կնքահօր առաքելութեան եւ ընտրութեան վերաբերեալ բոլոր հարցերուն։

*

Ո՞Վ ԿՐՆԱՅ ԴԱՌՆԱԼ ԿՆՔԱՀԱՅՐ

Մկրտուողի մը հոգեւոր ծնողն ու դաստիարակն է կնքահայրը, որու կը վստահուի երեխայի հոգեւոր կեանքի աճն ու զարգացումը: Ժողովրդական լեզուի մէջ տարածուած է նաեւ «քաւոր» բառը, որով կը դիմեն կնքահօր:

Ե՞ՐԲ ՅԱՌԱՋԱՑԱՒ «ԿՆՔԱՀԱՅՐ» ԿԱՄ «ՔԱՒՈՐ» ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

«Կնքահայր» կամ «քաւոր» հասկացողութիւնը եկած է առաջին դարերէն: Այն ատեն անոնք կը կոչուէին վկայող: Վկայողը այն անձն էր, որ նորադարձ հաւատացեալը կը բերէր քրիստոնէական համայնք։ Կը վկայէր, որ ան կրնայ անդամագրուել տուեալ համայնքին ու արժանի է մկրտութեան: Դարերու հոլովոյթին այդ մարդը դարձած է կնքահայր (քաւոր), սակայն ըստ խորհուրդի բուն էութեան նոյն վկայողն է: Կնքահօր հիմնական պարտականութիւնը հոգեւոր ու քրիստոնէական դաստիարակութեամբ զբաղիլն է:

Հայկական ընտանիքներու ու կենցաղի մէջ կնքահայրը կամ քաւորը յատուկ տեղ ու դեր ունի: Առանց անոր ներկայութեան ոչ մէկ ընտանեկան իրադարձութիւն կը կազմակերպուի։ Իսկ աւանդական երկրորդ կամ երրորդ կենցաղը հաստատ կը հնչէ ի պատիւ կնքահօր։ Սակայն մինչեւ կնքահայր ընտրելը՝ ընտանիքի առջեւ կը  գոյանար շարք մը հարցեր։

ՈՎՔԵ՞Ր ԿՐՆԱՆ ԸԼԼԱԼ ԿՆՔԱՀԱՅՐ

Բացի մկրտուողի հարազատ եղբօրմէ, հօրմէ կամ մեծ հօրմէ՝ ոեւէ անձ: Կնքահայրը պէտք է ըլլայ մկրտուած, չափահաս տղամարդ: Եկեղեցւոյ աւանդոյթի համաձայն, նախընտրելի է, որ կնքահայրը ըլլայ կամ հեռու ազգական կամ ընդհանրապէս արենակցական կապ մը չունենայ։ Քանզի կնքահօր անձի ընտրութեան նպատակն է. մկրտուողի կոքին աւելնայ անոր մասին հոգացող ու հաւատաւոր անձ մը եւս: Կնքահայր մը ընտրած ատեն կարեւոր է նկատի ունենալ, որ վերջինս ըլլայ բարեպաշտ քրիստոնեայ եւ ունենայ օրինակելի ընտանիք մը: Որպէս կնքահայր կրնայ հանդէս գալ նաեւ հոգեւորական մը:

Ո՞ՎՔԵՐ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ ԿՆՔԱՀԱՅՐ

Կնքահայր չեն կրնար ըլլալ կանայք, անչափահասները, անհաւատները, այլակրօնները, այլադաւանները, մկրտուողի հայրը, եղբայրը կամ մեծ հայրը:

ՊԱՅՄԱ՞Ն Է, ՈՐ ԿՆՔԱՀԱՅՐՆ ՈՒ ԿՆՔԱՄԱՅՐԸ ԸԼԼԱՆ ԱՄՈՒՍԻՆՆԵՐ

Մեր եկեղեցին չունի «կնքամայր» հասկացողութիւնը։ Պայման չէ, որ կնքահայրը ըլլայ ամուսնացած:

Հայ Եկեղեցւոյ կանոնական որոշումներու համաձայն՝ միայն տղամարդը կրնայ ըլլալ կնքահայր: Մկրտուողի կնքամայրը կը հանդիսանայ այն եկեղեցին, որու մէջ անձը կը մկրտուի, քանզի եկեղեցւոյ արգանդէն՝ Մկրտութեան աւազանէն կը ծնի քրիստոնեան։

Կնքահայրը իր սանիկի ընտանիքի հետ կը դառնայ հոգեւոր ազգական: Եկեղեցական կանոններու համաձայն՝ կնքահայրը չի կրնար խնամիական կապ մը ունենալ իր սանիկի հետ:

ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒՄ ՈՒՆԻ ԿՆՔԱՀՕՐ ԿԻՆԸ. ԱՐԴԵՕՔ ԱՆ ԿՆՔԱՄԱ՞ՅՐ Է

Կնքամայրութիւնը ձեւական պաշտօն մըն է։ Կինը կրնայ ըլլալ կնքամայր այնքանով, որքանով իր ամուսինը կնքահայր է։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակութիւնը յաջորդիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2020