ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ-ՍԷՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԸՍՏ ՍԱՐԹՐԻ

«Մտքի ազատութենէն զուրկ ըլլալը՝ խորհածը չկարողանալ ըսելը չէ, այլ ընդհանրապէս չկարողանալ մտածելն է»:

ԺԱՆ-ՓՈԼ ՍԱՐԹՐ

Սէրը համաշխարհային մշակոյթի եւ արուեստի հիմնարար նիւթերէն մին է։ Սիրոյ մասին մտորումները, անոր վերլուծութիւնը արտացոլած է՝ նոյնիսկ հնագոյն փիլիսոփայական համակարգերուն եւ գեղարուեստական յուշարձաններուն վրայ։

Սէրը կը դիտարկուի նաեւ որպէս փիլիսոփայական նիւթ՝ կամայ թէ ակամայ, ընտրովի կամ կամքէ անկախ զգացումի տեսքով։ Սէրը միեւնոյն ժամանակ կը համարուի երջանկութեան կարեւորագոյն ցուցիչը։ Սիրոյ բարդութիւնն ու բազմաշերտ բնոյթը յանգեցուցած է տարբեր լեզուներու, մշակոյթներու մէջ բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու։ Սիրոյ մասին խորհելով տակաւին մարդոց մտքին կու գան բազմաթիւ հարցումներ եւ ան կը մնայ առեղծուած՝ ինչպէս մարդու ուղեղը։

Ազատ մարդը կրնա՞յ սիրահարուիլ: Սիրահարուած մարդը կրնա՞յ ազատ մնալ։ Ի՞նչ է այն բանը, որ մենք կ՚անուանենք ազատութիւն: Երկուքէն ո՞րն է անփոխարինելի: Այս բոլորը, անշուշտ, հարցեր են, որոնք կը յուզեն շատերու միտքը: Արդեօք սիրահարուած մարդը կրնա՞յ ազատ մնալ: Իսկ ի՞նչ կ՚ըլլայ, եթէ մարդ խաբէութեան մէջ է եւ այս վիճակին հաւատարիմ…

Եկէ՛ք, փորձենք քննարկել ազատութեան եւ սիրոյ յարաբերութիւնները Ժան-Փոլ Սարթրի տեսանկիւնէն: Ըստ Սարթրի՝ ազատութիւնը ամէն ինչ է։ Սիրահարուածը կ՚ուզէ, որ զինք սիրեն, բայց ոչ թէ ան՝ որ սիրոյ ումպը խմած է, այլ ան՝ որ կը սիրէ իր կամքով։ Ժամանակաւոր զգացումները պարզ են եւ մշտական չեն: Երբ անոր ազդեցութիւնը կը մաշի, կը նուազի, անձը կ՚ուզէ փախչիլ: Բայց ան՝ որ սիրահարուած է իր ազատ կամքով, քաջութիւն կ՚ունենայ դիմակայելու բոլոր դժուարութիւնները: Ոչ ոք կրնայ զինք շեղել իր ճանապարհէն։

Այլ բաներու նկատմամբ մեր ունեցած սեփականութեան զգացումը բոլորովին տարբեր բնոյթ մը կը ստանայ, թէեւ մէկը կրնանք սիրենք, սակայն ան մերը տէրը չի կրնար դառնալ։ Մարդը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն մարդով: «Մարդը դատապարտուած է ազատութեան», կ՚ըսէ Սարթր: Սէրը, ըստ Սարթրի, ազատութիւններու միաւորումով երջանիկ, փոխադարձ յարգանք մը չէ։ Սա շատ տարբեր է: Սէրը հակամարտութիւն է:

Սիրահարուածը կ՚ուզէ բացայայտել դիմացինին սէրը, բայց պէտք է զգոյշ ըլլայ, որովհետեւ ենթակայէն առարկայի, սիրածի աչքերու արտացոլանքի վերածուելու վտանգը կայ: Այսինքն՝ այս փուլին մարդ կը կորսնցնէ իր անհատականութիւնը։ Հնարաւոր չ՚ըլլար ազատութիւն գտնել այնտեղ, ուր չկայ անհատականութիւն եւ սա հետզհետէ աւելի կը վատթարացնէ իրավիճակը: Սիրահարուած մարդը չի փափաքիր, որ իր սիրելին վերջ տայ իրեն նկատմամբ զգացած սիրոյն կամ սէր գտնէ ուրիշի մը մօտ։ Բայց եւ այնպէս, սա դէմ է «ազատութիւն» սահմանման, որովհետեւ ազատութիւնը սա չի կրնար երաշխաւորել: Արդարեւ, ազատութիւնը ուրիշը սիրելու եւ միտքը փոխելու հնարաւորութիւն է։ Ազատութիւնը այն եզրն է, որ անձը կարողութիւնը կ՚ունենայ սիրելէ դադրելու։ Որեւէ իրավիճակ, ուր ներգրաւուած են զգացումները, որոշ չէ, նոյնիսկ հնարաւոր չէ: Մարդիկ անընդհատ կը փոխուին։ Թերեւս միակ բանը որ չի փոխուիր՝ ազատ ըլլալու փափաքն է։

Սարթրի համաձայն՝ սէրը վտանգաւոր է։ Սիրոյ պարագային սաստկաբարոյութիւնը կը վերածուի այն բանի, թէ սիրահարուածը սաստիկ կը փափաքի սիրելին եւ կը կորսնցնէ սեփական ազատութիւնը: Միւս կողմէ, սեռային այլասերումը սիրահարը որպէս առարկայ ըմբռնելն է, անոր որպէս այդպիսին վերաբերիլը: Երկու իրավիճակներն ալ վտանգաւոր են ազատութեան համար։ Արդիւնքին, ըստ Սարթրի, սէրը կը վերածուի ցաւոտ պայքարի։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2024